Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի Սէրը» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս` Մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա» Աշուղական Համոյթի Մենակատարներ Սարգիս Խաչատրեանի Եւ Արթուր Մնացականեանի

Յուլիս 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

11222697_10205886148064678_1305390686204000762_n

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 28 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի սէրը» ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթի մենակատարներ Սարգիս Խաչատրեանի եւ Արթուր Մնացականեանի:

Րաֆֆի Տեմիրճեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան
Սեպուհ Այնթապլեան
Սեպուհ Այնթապլեան

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան շեշտեց Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի սէրը» ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսին իւրայատկութիւնը, որովհետեւ անիկա լոկ սկաւառակի շնորհահանդէս չէ, այլ սոյն սկաւառակով Քարմեն Աճեմեան սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ կու գայ վերակենդանացնելու եւ տարածելու աշուղական երգը: Ըստ անոր, Քարմեն Աճեմեան իր անձնական զոհողութիւններով  սկսած էր իր աշխատանքները լիբանանահայ գաղութին մէջ` միշտ փորձելով երիտասարդներուն մէջ սերմանել սէրը աշուղական երգին հանդէպ: Տեմիրճեան աւելցուց, որ մեր բոլորին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ զայն գնահատելն ու քաջալերելը: Ան իր խօսքը փակեց` մաղթելով, որ այս շնորհահանդէսը  սկիզբ հանդիսանայ այլ գործակցութիւններու, որոնք նպաստ պիտի բերեն աշուղական երգի տարածման եւ պահպանման:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթապլեան այս առիթով իր փոխանցած սրտին խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց հայ երգը, որ երաշխիքն է սփիւռքի մէջ հայու գոյութեան, եւ առանց որուն` անկարելի է պատկերացնել հայեցի ինքնուրոյն կեանքը հայրենիքէն դուրս: «Մեր ձայնասփիւռի թէ հեռատեսիլի կայանները բծախնդրութեամբ կ՛ընտրէին իրենց սփռած երգերը, մեր ժողովուրդը գիտէր որակաւորը անորակէն զանազանել, հայկականը օտարամուտ ոճերէն զատորոշել», ըսաւ Այնթապլեան: Ան անդրադարձաւ Քարմեն Աճեմեանի ստացած հայեցի դաստիարակութեան,  դիտել տալով, որ անիկա գլխաւոր խթանիչն է հայ երգի նկատմամբ անոր ունեցած սիրոյն: Խօսքը եզրափակելէ առաջ ան յիշեցուց, որ Ք. Աճեմեան արդէն իսկ հրապարակած է անդրանիկ ձայնասկաւառակը` «Ուխտ եմ արել»-ը, որմէ ետք ան արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը եւ երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուց իր երկրորդը` «Աշուղի սէր»-ը,  որ կ՛ընդգրկէ հանրածանօթ մեծ աշուղներ Սայաթ Նովայի, Հաւասիի, Աշոտի, Շահէնի կողքին նոր անուններ` Երազի եւ Մանուէլի երգերէն: «Քարմեն Աճեմեան ո՛չ միայն կ՛երգէ, այլեւ ճիգ ու ջանք չի խնայեր իր գիտելիքներն ու ճաշակը փոխանցելու նորահաս սերունդին: Երեւոյթ մը, որ մեծապէս գնահատելի է եւ անհրաժեշտ է յաւելեալ  խրախուսանքի», եզրափակեց ան:

Ապա Քարմեն Աճեմեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին սոյն աշխատանքը իրականացնելու համար: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, որ հովանաւորած էր շնորհահանդէսը, ապա Թովմաս Պօղոսեանի ղեկավարած Աշուղ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցին, որ լուրջ աշխատանքներ կը տանի նորահասակ սերունդին` ժառանգելու աշուղական գոհարները: Ինչպէս նաեւ յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնեց իր ամուսնոյն` Հրայր Աճեմեանին, որ միշտ քաջալերած է զինք: «Իմ այսօրուայ ձայնասկաւառակս կը պարտիմ «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթի մենակատարներուն` Սարգիս Խաչատրեանին, որ յատուկ դասընթացքներով ինծի ուղղութիւն տուաւ, եւ Արթուր Մնացականեանին որ օժանդակեց իմ խտասալիկիս մէջ զետեղուած երգերու ընտրութեան մէջ», ըսաւ Ք. Աճեմեան` բեմ հրաւիրելով զանոնք:

Արթուր Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր դասընկերուհիին` Քարմեն Աճեմեանին` իր հրաւէրին համար, որ առիթը ընծայեց ներկայ գտնուելու Լիբանանի հայահոծ գաղութին մէջ, որ նոյնքան ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը պատճառէ իրեն: Մնացականեան նաեւ շնորհաւորելէ ետք Ք. Աճեմեանը` Համազգայինին նուիրեց  «Գանձարան հայ աշուղական երգերու»  գիրքը, որ անդրանիկ հրատարակութիւնն է Սայաթ Նովայի բոլոր երգերը ամփոփող: Սարգիս Խաչատրեան եւս շնորհաւորեց Ք. Աճեմեանը` յուսալով, որ աշուղական երգը կը վերակենդանանայ:

Տեսերիզի միջոցով Աշուղ Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցի վաստակաւոր ղեկավարը` Թովմաս Պօղոսեան, ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց Ք. Աճեմեանը իր ձայնասկաւառակին համար: Ան ըսաւ, որ աշուղական երգը մեր ազգի երգերէն ամէնէն հարուստ գանձերէն մէկն է, որ ունի բազմաթիւ ճիւղաւորումներ: «Թող քու համեստ արուեստը նետի նման  հասնի ամենահեռաւոր ափերը»:

Մնացականեան եւ Խաչատրեան Թովմաս Պօղոսեանի կողմէն Քարմեն Աճեմեանը պարգեւատրեցին պատուոյ գիրով մը, որմէ ետք յաջորդաբար երեքը երաժշտասէր հանրութեան հրամցուցին «Աննման տարազով», «Սարի սիրուն աղջիկ», «Պլպուլի հիտ» եւ «Չի յագենալու»,  ինչպէս նաեւ «Քանի վուր ճան իմ», «Աշուղ եմ», «Աղբիւր», «Տաղ յայտնութիւն» (յատուկ Գրիգոր Առոյեանի մեկնաբանութեամբ), «Լիզպոնի երգը» եւ «Եարէն էրուած եմ»:

Քարմեն Աճեմեան իր սաներուն` Կարինէ Ներսէսեանին, Պեթի Սուլեանին եւ Սէրլի Նեմշէհիրեանին հետ ալ մեկնաբանեց «Սարւորի երգ»-ը:

Շնորհահանդէսը փակուեցաւ խմբերգով` «Վերցուր,  տղէք, հրացան» երգով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ձայնասկաւառակի մակագրութիւն:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

RelatedPosts

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In