Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշակութային Յեղափոխութիւնը` Գործի Շարժառիթ

Յուլիս 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ազատութի՞ւն, թէ՞ բանտարկութիւն:

Կարելի՞ է տիեզերքի վրայ սահմանագծել ազատութիւնը եւ բանտարկութիւնը միեւնոյն ժամանակաշրջանին մէջ: Կը հանդիպի՞ն կամ պիտի հանդիպի՞ն անոնք, թէ՞ արդէն իսկ մասամբ համընկնած` պիտի կազմեն մէկ ամբողջութիւն մը:

Կ՛ընդլայնե՞ն իրենց սահմանները տիեզերքին հետ, թէ՞ «փակուած» են համաշխարհային օրէնքներու սահմաններով…

Եթէ պատկերացնենք մարդը անոր ենթադրեալ սահմանին վրայ, ո՞ր սահմանէն կ՛ընտրէ անցնիլ:

Ազատութեան թռի՞չք, թէ՞ շղթայակապում…

Տեսականօրէն կարելի՞ է արդեօք թուել մարդ անհատի մը ազատութեան եւ բանտի դռները:

Տիեզերահռչակ Մովսէս Խորենացիի անփոխարինելի պատասխանը լսելի է հոս` «Ինչպիսին մարդն ու իր գործն է, այդպիսին էլ նրա վերաբերող պատմութիւնն է»: Մինչ ազատութեան երգիչ Նալպանտեանի թո՛ւնդ յեղափոխական մտքերու ամպրոպը գրչամարտ մըն է ամէն վայրկեան.

«Թոթով լեզուիս մինչ կապերը
Արձակուեցան, բացուեցան,
Մինչ ծնողքս իմ ձայնից
Խնդացին ու բերկրեցան,
Նախկին խօսքն որ ասացի, չէր հայր, կամ մայր, կամ` այլ ինչ,
Ազատութի՛ւն, դուրս թռաւ
Իմ մանկական բերանից»:

Նոյն ուժգնութեամբ կը հնչեն Եղիշէներու, Րաֆֆիներու ու Սիամանթոներու յեղափոխաշունչ գրիչները, որոնք ստրկութիւնը թօթափելէ աւելի, հարթեցին մշակութային յեղափոխութեան դաշտը` հանդիսանալով յաջորդող սերունդներու ազգային ազատագրական պայքարի նախաքայլերէն:

Այսօր ազատութեան ո՞ր ճամբան կը գծէ հայոց լեզուի ու հայոց պատմութեան դասապահերու զեղչումն ու զիջումը, օտար ամուսնութիւնը, հայ զաւակներ օտար վարժարաններ ուղարկելը, հայ ազգային արժէքներու ուրացումն ու ոտնակոխումը, գաղափարական ստրկացումը… Երեւոյթներ, որ ո՛չ մէկ մեղեդի հնչեցնելով, ապառաժեայ այս արուեստական լռութեան մէջ, առաւել սարսափազդո՛ւ կը դարձնեն հայ կնոջ ճիչը` Սիամանթոյի անմահացուցած «Խեղդամահ»-ին մէջ.

«Փրկութի՞ւն էր մեզի համար: Ստրուկները կը փրկուի՞ն: Այսպէ՞ս պէտք է փրկուիլ…»:
«…Սա՛ ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կը տեսնէ՞ք սա ձեռքերս:
Ես էի, որ ասոնցմով, նկուղին մէջ, իմ նորածինս խեղդեցի…
Հաւատացէ՛ք, ես էի, որ զայն խեղդեցի, ի՜նչ  անարդար մարդեր էք,
Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են.
Ես էի, որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ուժովս խեղդեցի…
Սիրտ չունի՞ք դուք,
Խեղդեցէ՛ք զիս, իմ ձեռքերս ա՛լ ուժ չունին…»:

Նոյնքան փշաքաղող չէ՞ լսել «ես հայերէն չեմ առներ», «ես հայերէն գրել չեմ գիտեր» պատանեկան արտայայտութիւնները… Նոյնքան զարհուրելի չէ՞ տեսնել մայր մը, որ իր զաւակը օտար վարժարանին կը յանձնէ, եւ կամ` հանդիսատես ըլլալ հրապարակային ձեռնարկներու, որոնց մէջ օտար մշակոյթը կը գերիշխէ հայ մշակոյթին վրայ… Այլազան են ընդվզեցնող օրինակները, եւ «իրապաշտ մօտեցման» շինծու պատրուակով շատ յաճախ ազատութիւնը կը խեղդեն նո՛յն ձեռքերը, որոնք կարողականութիւնը ունին մշակութային յեղափոխութեան ռումբով համախմբել ժողովուրդը եւ արմատացնել ազգային արժէքները անոր գիտակցութեան մէջ` զայն ժողովրդականացնելու նպատակով:

Անկարելի է չտեսնել Ցեղասպանութեան պատճառած անվերականգնելի վնասներուն հետքերը իւրաքանչիւր հայու աչքերուն մէջ: Այո՛, իւրաքանչիւր հայ մշակութային յեղափոխութեան մը ծնունդն է եւ իւրաքանչիւր հայու արմատները անով տոգորուած են: Այսօր, եւ ամէն օր, հարկ է դուրս հանել այս արմատները փակ վանդակներէն, երիտասարդացնել զայն ու մշակութային յեղափոխութիւնը դարձնել իւրաքանչիւր գործի շարժառիթը` թէ՛ որպէս ինքնապաշտպանութեան կռուան, թէ՛ ալ վերանորոգ պայքարի որպէս մարտահրաւէր:

Թող բացուի՛ն «մանկական շրթներ»-ը ազատութի՜ւն գոռալով:

Ազատութիւնը թող շարժէ Գո՛րծը: Իսկ գործը, բարելաւման իր սո՛ւրբ սկզբունքով թող ստեղծէ նոր նախաքայլեր` սահմանագծուած միայն պատասխանատուութեան գիտակցումով:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Տեղի Ունեցած Է 100 Տարի Առաջ Թել Ապիատի Մէջ

Յաջորդը

1-2 Յուլիս 1913. Թրքական Զօրքը Արիւնահեղ «Ազգային Մաքրագործման» Ենթարկեց Ռոտոսթոյի Հայերն Ու Յոյները…

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?