Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոկիկեան» Հիմնադրամին Գլխաւոր Նպատակը Եղած Է Ու Կը Շարունակէ Մնալ Հայերը Պետական Սպասարկութեանց Մարզին Մէջ Աշխատանքի Մղելը «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սոհէյլա Հայեք

Յուլիս 2, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

DSC00008«Կոկիկեան» հիմնարկի առաքելութեան ու աշխատանքներուն ծանօթանալու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սոհէյլա Հայեքի հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ հիմնարկին հետապնդած նպատակներուն, ինչպէս նաեւ կրթանպաստ ստանալու դիմող համալսարանական ուսանողներու ընտրութեան համար որդեգրուած ձեւին ու նկատի առնուած արժեչափերուն: Հարցազրոյցը` ստորեւ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ե՞րբ  հիմնադրուած է «Կոկիկեան» հիմնադրամը եւ ի՞նչ է անոր նպատակը

ՍՈՀԷՅԼԱ  ՀԱՅԵՔ.- Հիմնադրամը հիմնուած է 2008-ին, եւ առաջին կրթաթոշակները սկսած են տրուիլ 2009-ին: Աշխուժօրէն սկսած ենք գործել 2010-ին: Գլխաւոր նպատակը սկիզբէն եղած է հայերը աշխատանքի մղել պետական սպասարկութեանց մարզին մէջ: Ատիկա ունի քանի մը պատճառներ, որոնցմէ առաջինը այն է, որ որեւէ երկրի պետական սպասարկութեան մարզը առօրեայ դրութեամբ կը ծառայէ քաղաքացիներուն, անոնց կեանքին առնչուող բոլոր անհրաժեշտութիւններուն` ջուր, ելեկտրականութիւն, կենսոլորտի ապականութիւն, աշխատանքային պայմաններ, անվտանգութիւն եւ այլն կը կատարեն պետական սպասարկութիւնները, ուրեմն ասոնք բոլորը կարեւոր են: Եթէ պետական սպասարկութիւններուն մէջ ժողովրդավարական ներկայացուածութիւն չկայ, Լիբանանի նման երկրի մը մէջ, որ ընդհանրապէս բազմարհեստավարժ է, ուրեմն սխալ մը կայ սպասարկութեան պայմաններուն մէջ: Որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, պետական մարզը հանրութեան կը բաժնէ պետութեան սահմանափակ ծառայութիւնները: Ոչ մէկ պետութիւն բաւարար միջոցները ունի բոլորին հասնելու: Ուրեմն ոչ ոք պէտք է ակնկալէ, որ պետական կառոյցներ գան, դուռը բախեն եւ չեք մը տան, այլ պէտք է պայքարիս ատոր համար: Եւ երբ դուն չունիս մէկը, որ կը ներկայացնէ քու համայնքդ Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, ուր բազմաթիւ համայնքներ կան, ուրեմն համակարգը կը ձախողի: Ասիկա մէկ երեւոյթն է, ժողովրդավարական երեւոյթը: Մեր համայնքին համար կարեւոր է, որ ներսը ձայն մը ունենանք: Եթէ խաղին մաս չես կազմեր, չես կրնար խաղը փոխել, ուրեմն անհրաժեշտ է ատոր մէկ մասը ըլլալ: Անշուշտ բոլոր համայնքներուն նման, մենք  ալ ունինք ընտրուած երեսփոխաններ եւ նախարարներ: Սակայն անոնք չեն գործեր մեր առօրեային համար անհրաժեշտ հարցերու ուղղութեամբ: Անոնք քաղաքականութեամբ կը զբաղին: Պետական մարզը ապաքաղաքական է եւ կ՛առնչուի հանրութեան, կ՛առնչուի մեր առօրեայ կեանքին եւ ծառայութեան: Ուրեմն այդ պատճառով մեր համայնքին համար կարեւոր է այդտեղ ներկայացուցիչներ ունենալը: Միւս երեւոյթը անշուշտ տնտեսական է: Մեր համայնքը այժմ կորսնցուցած է միջին դասակարգը, որ արտագաղթած է, մնացած են շատ հարուստները, եւ միւսները արհեստաւորներն են, որոնք պատերազմէն առաջ շատ լաւ եկամուտ ունէին,  սակայն այսօր ընկերութեան, ամէն բանի քայքայումէն ետք եւ արհեստագիտութեան յառաջդիմութեամբ, ինչպէս նաեւ յատկապէս Չինաստանէն աժան ապրանքներու ներածման իբրեւ հետեւանք, մանաւանդ Պուրճ Համուտի մէջ մեր արհեստաւորները այլեւս չեն կրնար բաւարար եկամուտ ունենալ եւ, որպէսզի հասնին վարձքի, կրթաթոշակի, ուտեստեղէնի վճարումներուն, կը սկսին դրամ փոխ առնել, եւ ասիկա մեր տնտեսութեան մէջ լուրջ խնդիրներ կը յառաջացնէ: Պուրճ Համուտի մէջ մենք լուրջ տագնապ ունինք, որովհետեւ բաւական դրամ չկայ: Սակայն եթէ պետական մարզին մէջ աշխատիմ եւ մնայուն աշխատավարձ ստանամ, այն ատեն կրնամ վարձքս վճարել, կրթաթոշակս փակել: Եթէ երեխաս հիւանդանայ, ես անոր համար դրամ կ՛ունենամ, եւ այսպէս այս մարդիկը ծախսելու դրամ կ՛ունենան: Միւս երեւոյթը առողջապահութեան հարցն է: Մենք չենք ապրիր երկրի մը մէջ, որ իր բոլոր քաղաքացիներուն առողջապահութեան ապահովագրութիւն կը հայթայթէ: Եթէ դուն տեղ մը պաշտօնեայ չես, դուն չունիս այդ ապահովագրութիւնը: Ուստի կան մարդիկ, որոնք ոչ միայն նիւթական դժուարութիւն ունին, այլ նաեւ` առողջապահութեան խնդիրներ, որովհետեւ նիւթապէս ի վիճակի չեն բժիշկի այցելելու: Եւ պետական մարզին միանալը, ոչ միայն շարունակական, մնայուն աշխատավարձ եւ եկամուտ կը հայթայթէ, այլեւ առողջապահութեան մնայուն ապահովագրութիւն կը տրամադրէ ոչ միայն աշխատաւորին, այլեւ` անոր մօր, հօր, եղբօր, քրոջ, մեծ հօր, մեծ մօր, վաղուան երեխաներուն, որոնց կրթաթոշակները եւս կը վճարէ:

Պետական մարզը լիուլի շահաբեր է տարբեր առումով:

Մենք ասոր նախաձեռնեցինք, որովհետեւ հիմնադրամի հիմնադիր Միշել Կոկիկեանը որդին է դեսպան Ժան Կոկիկեանի, որ միացած էր արտաքին գործոց նախարարութեան, ֆրանսական խնամատարութեան աւարտէն կարճ ժամանակ մը ետք: 1946-ին արտաքին գործոց նախարարութիւն մտաւ աշխատելու եւ պաշտօնի բարձրացումներ ունենալով, եղաւ առաջին` մինչեւ այսօր ասպարէզով միակ դիւանագէտը Լիբանանէն հայկական ծագումով: Ան դեսպան եղաւ, Լիբանանը ներկայացուց բազմաթիւ երկիրներու մէջ` լատինամերիկեան, եւրոպական, Չեխոսլովաքիա, Յունաստան, հիւպատոս եղաւ Իրանի մէջ, ան երկու նստաշրջանի համար Լիբանանը ներկայացուց ՄԱԿ-ի մէջ` իբրեւ տնտեսական խորհուրդի ղեկավար: Ան գիտակցեցաւ, որ իբրեւ այս երկրի քաղաքացիները` մենք պէտք է աշխուժօրէն ծառայենք անոր, եւ ոչ միայն գիտնանք, թէ քաղաքացիական իրաւունքներ ունինք, այլ լաւ արաբերէն գիտնալով` հասկնանք մեր իրաւունքներուն վերաբերող յօդուածները:  Մենք նախ պատասխանատուութիւն ունինք եւ պէտք է աշխատինք այս երկրին համար: Ասիկա մեր երկիրն է, մենք պէտք է ծառայենք ատոր, նաեւ մեր համայնքին ծառայենք` աշխատելով պետական մարզին մէջ: Ուրեմն այդ պատճառով է, որ Միշել Կոկիկեանն ու ես, երբ Լիբանան եկանք,  այս հիմնադրամը ստեղծեցինք, մենք հինէն բարեկամներ էինք, ան ինձմէ խնդրեց մասնակից ըլլալ այս նախաձեռնութեան:

«Ա.».- Հիմնադրամը գործունէութիւն կը ծաւալէ միայն Լիբանանի՞, թէ՞ այլ երկիրներու մէջ ալ:

Ս. Հ.- «Կոկիկեան» հիմնադրամը ունի ամերիկեան մասնաճիւղ մը, ուր կրթաթոշակներ կը յատկացուին «Տիուք» համալսարանին մէջ օտար ուսանողներու, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսումը շատ սուղ է եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն համար կան բազմաթիւ օժանդակող ծրագիրներ, կրթաթոշակի, վարկերու դրութիւններ, որոնք օտար ուսանողներուն տրամադրելի չեն: Ուրեմն այդ օտար ուսանողներուն համար միայն հաստատուած է կրթաթոշակ, մինչ Լիբանանի մէջ հիմնադրամը կրթաթոշակ կը յատկացնէ` նպատակ ունենալով պետական մարզին մասնակցութիւնը:

«Ա.».- Կրթութեան յառաջդիմութեան կողքին,  Լիբանանի մէջ գետնի վրայ ալ ներդրումներ կ՛ընէ՞ք:

Ս. Հ.- Լիբանանի մէջ միայն կրթութեան եւ պետական մարզն է: Այս երկուքին մենք կը նուիրուինք:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք ձեր ուսանողները, որո՞նք են  չափանիշները, պայմանները:

Ս. Հ.- Կրթաթոշակը, ինչպէս ըսի, միայն միջոց մըն է` նպատակ մը իր աւարտին հասցնելու: Հիմնադրամին դիմելու համար առցանց դիմումնագիր կայ: Դիմումնագիրը, որ մեզի կու գայ, software ծրագիրի կը մտնէ: Մենք ունինք յատուկ պատրաստուած ծրագիր մը, որ նկատի կ՛առնէ դպրոցական արդիւնքները, արաբերէնի մակարդակը, ընտանիքին նիւթական վիճակը եւ գրութեամբ կամ հարցումներով ծառայելու կոչումը, ունակութիւնը, աշխատելու երկրին համար: Եթէ աշակերտը անցնի software ընտրութեան բաժինը, այսինքն երբ ստանայ որոշ տոկոս մը, մենք կը սերտենք պարագան եւ հարցազրոյցի կը հրաւիրենք զայն:

Մենք ունինք ընտրութիւն կատարող յանձնախումբ մը` պետական մարզէն, համալսարանէն, հիմնադրամէն: Յանձնախումբի անդամներն են` դոկտոր Պերճ Հաճեան, ան կենսոլորտի նախարարութեան ընդհ. տնօրէնն է, Հայկազեան համալսարանի նախագահ  Փոլ Հայտոսթեան, դոկտոր Սիւզի Սեմերճեան, Զիատ Հայեք, դոկտոր Ֆատի Եարա: Այնպէս որ, մենք տարբեր անկիւններէ պատկերացում կ՛ունենանք, բայց յատկապէս մենք կը փնտռենք անձ մը, որ իսկապէս հետաքրքրուած է երկրին եւ իր համայնքին ծառայելով: Որովհետեւ այս կրթաթոշակները թէեւ կը յատկացուին անհատներու, սակայն անհատներու համար չեն, այլ` համայնքին, երկրին:

«Ա.».- Ուսանողներուն համար վարժանքի ծրագիրներ կ՛իրագործէ՞ք:

Ս. Հ.- Ուսանողները երբ մեզի հետ են, կարողութիւններու ուսուցման վարժանքներ կ՛ընենք: Այսինքն կանոնաւոր,  հետեւողական հիմքերով վարժութիւններ կ՛ընեն` ժամանակի դասաւորման, բանակցութիւններու, տագնապներու լուծման, ծրագիրի մշակման: Իբրեւ ծրագիրի մշակման վարժութիւն` 2013-ին անոնք պատրաստեցին եւ գործադրեցին Պուրճ Համուտի համար վերամշակման ծրագիր մը, որուն ծիրին մէջ հաւաքեցինք թուղթեր, մետաղներ եւ այլն, եւ միաժամանակ մեր ուսանողները իրազեկման, ծանօթացման գիտելիքներ տուին չափահասներու եւ երեխաներու: Ամբողջ այդ տարուան ընթացքին եւ անցեալ տարուան գարնան մենք կազմակերպեցինք արուեստի արտասովոր ցուցահանդէս մը, ուր մենք հրաւիրեցինք լիբանանցի 40 արուեստագէտներ` արձանագործ, գեղանկարիչ, լուսանկարիչ, շարժապատկերի բեմադրիչ, ձեւագէտ: Ամէն ինչ պատրաստուած էր վերամշակելի նիւթերէ: Մեր համայնքէն մասնակցողներու շարքին էին` Րաֆֆի Ետալեան, Կիւլեն, Միրէյ Կոկիկեան եւ այլն: Արուեստի այս գործերուն նկարները կը գտնուին համացանցին մէջ: Շատ յաջող ցուցահանդէս մըն էր: Տասը օր ամէն գիշեր կեդրոնը բաց էր մինչեւ գիշեր, որովհետեւ մարդիկ կը շարունակէին այցելել: Եւ ասոնց մասին ուսանողները գրեցին` իբրեւ իրենց կարողութիւններու ուսուցման վարժանքին մէկ մասը` ինչպէս մշակել ծրագիր մը, ինչպէս կազմակերպել, կառավարել ծրագիր մը:

Ապա մենք նախ ունեցանք քաղաքացիական ծառայութեան քննութեան աշխատանքի պատրաստութիւն, որովհետեւ քաղաքացիական ծառայութիւնը զինեալ ուժեր չէ, այլ պարզապէս` քաղաքացիական ծառայութիւն: Պաշտօնեաները կ՛ընդունի Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդը, բաւական ծանր մուտքի քննութիւններով: Ատոր լաւ կողմը այն է, որ անոնք կը յայտարարեն քննութեան նիւթերը, ուրեմն կարելի է պատրաստուիլ: Այս տարի մենք նաեւ վարժութիւններու համար հրաւիրեցինք չորս անձեր, որոնք հիմնադրամին մաս չեն կազմեր, եւ որոնց անունները մենք գտանք երկրորդ հանգրուանի քննութիւններուն յաջողածներու ցանկին մէջ եւ զանոնք երրորդ հանգրուանին պատրաստելու համար երեք շաբաթ ժամանակ ունէինք: Անոնք եկան, հետեւեցան վարժութիւններուն, եւ յոյսով ենք, որ անոնք ալ կը յաջողին: Այնպէս որ, մենք հիմա շատ երջանիկ ենք: Ասիկա կը նշանակէ, որ առաջին անգամ ըլլալով, այս ծրագիրը սկսելէն ի վեր, մենք սկսած ենք գործել երկար ճամբով: Փոխանակ ընտրելու անձեր, որոնք պատրաստ են պետական մարզին մէջ աշխատելու, մենք սկսանք յատկացնելով կրթաթոշակներ եւ միաժամանակ խօսելով, անոնց բացատրելու կրթաթոշակին նպատակները, եւ մարդիկ սկսան ընդունիլ պետական սպասարկութեան մարզ երթալու գաղափարը, որովհետեւ ատիկա նախապէս շատ լաւ դիմագիծ չունէր: Տխուր կողմը այն է, որ մենք միայն մէկ պետական մարզ ունինք եւ բազմաթիւ առումներով  անիկա կը ձախողի, սակայն կան նաեւ յաջողութիւններ, որոնց մասին գրեթէ չի խօսուիր, որովհետեւ, առաջին` մենք չենք անդրադառնար, որ մեր պետական մարզին մէջ ի՛նչ գանձ ունինք. երկրորդ` մենք չենք կրնար այդ մարզով հրապուրել որակեալ, լաւ մարդիկ,  այնքան ատեն որ այդ համակարգը ձախող կ՛անուանենք: Ոչ ոք կ՛ուզէ ձախող խումբի մը մաս կազմել: Բայց իսկապէս ձախող խումբ չէ: Իսկապէս փայլուն աստղեր կան, ինչպէս` դոկտոր Պերճ Հաճեանը, Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանը, Մարիա Նալպանտեանը: Ասոնք մեր համայնքէն են, գիտենք: Անոնք աստղեր են պետական մարզին մէջ: Անոնց նման բազմաթիւ ուրիշներ կան, բայց ոչ ոք կը խօսի անոնց մասին: Մարդոց համար աւելի հաճելի դարձած է խօսիլ թերութիւններու մասին: Անշուշտ կան թերութիւններ, կարգ մը նախարարութիւններու մէջ` փտածութիւն: Եթէ նոյնիսկ ըսենք, որ 50 առ հարիւրով ձախող է, թէեւ այդպէս չէ, պէտք է նաեւ խօսինք այն 50 առ հարիւրին մասին, որ իսկապէս կը յաջողի: Անոնք իսկապէս հիանալի աշխատանք կը կատարեն: Նոյնիսկ ելեկտրականութիւնը եւ ջուրը, որոնց մասին բոլորը կը դժգոհին, հրաշքի համազօր են: Պետական մարզը մեծ աշխատանք կը  կատարէ, եւ համակարգը կարիք ունի նոր արեան: Այդ պատճառով մենք պէտք է քարոզչութիւն ընենք, թէ որքա՛ն լաւ է ատիկա, որպէսզի կարենանք լաւ արիւն ներարկել ատոր:

«Ա.».- Ի՞նչ են հիմնադրամին ապագայի ծրագիրները:

Ս. Հ.- Մեր ծրագիրն է կարելի եղածին չափ հաղորդակցիլ,  կապի մէջ ըլլալ համայնքին հետ, որպէսզի գիտնանք, թէ ի՛նչ կը մտածեն, իրենց բացատրենք, թէ ի՛նչ է պետական մարզը, որուն մէջ միշտ աշխատանք կայ, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ ճիւղ ուսանած ես, ի՞նչ է մասնագիտութիւնդ: Ուրեմն մեր ծրագիրն է միջոցներ գտնել` պետական մարզը աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնելու համայնքին: Ինչպէս ըսի, մենք ունէինք դեսպան մը, դեսպան Կոկիկեանը, որ համայնքին փայլող աստղերէն էր, եւ որ պետական մարզին մէջն էր, եւ մենք ունինք օրինակները, որոնք տուի, ուրեմն մարդիկ կրնան վստահութիւն ունենալ պետական մարզին հանդէպ, եւ ատիկա շատ մեծ տարբերութիւն կ՛ընէ, եթէ նիւթական դժուարութիւն ունիս: Աշխատանքի ժամերը առաւօտեան 8-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2-ն են: Ասիկա շատ նպաստաւոր է տարբեր աշխատանքներ եւ ընտանեկան պայմաններ ունեցողներուն համար: Յառաջ ընթանալով` ես կ՛ուզեմ բաց զրոյց ունենալ պետական մարզին վերաբերեալ եւ այն փաստին մասին, որ ասիկա մեր երկիրն է: Մենք պէտք է պահպանենք, զօրացնենք մեր արմատները: Պէտք է միասնաբար մնանք` գիտնալով, որ ասիկա մեր երկիրն է, եւ որքան ստացած ենք անկէ, պէտք է վերադարձնենք անոր: Իսկ եթէ չենք ստացած, պէտք է գտնենք միջոցները ստանալու: Կան բազմաթիւ բաներ, որոնց մասին տեղեակ չենք, գիտէ՞ք, որ եթէ հիւանդ էք եւ ապահովագրութիւն չունիք, դրամ չունիք, ինչի ալ կարիք ունենաք, կրնանք դիմել առողջապահութեան նախարարութիւն եւ առանց վճարումի բուժում կրնաք ստանալ: Ուրեմն պէտք է դիմէք նախարարութիւն, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է, որ արաբերէն գիտնաք, խօսիք, կարդաք: Ասիկա կարեւոր է: Արաբերէնը կարեւոր լեզու մըն է: Այս երկրի բոլոր օրէնքներուն լեզուն է:  Մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար պէտք է գիտնանք լեզուն եւ սորվեցնենք մեր զաւակներուն, միաժամանակ բնաւ պէտք չէ մոռնանք մեր արմատները, մեր լեզուն, մեր սովորութիւնները: Երկրի նախարարները մեր նախարարներն են, խորհրդարանը մերն է, ասոնք մեր փողոցներն են, ոչ միայն Պուրճ Համուտի պարագային, այլ` բոլոր շրջաններու մէջ: Ասիկա մեր երկիրն է, պէտք է զգանք եւ ուրիշներուն զգացնենք ատիկա:

Ուրեմն մինչեւ յառաջիկայ քանի մը ամիսները կ՛ուզեմ, որ աշխատանք  փնտռողները ներկայանան ինծի եւ ըսեն. «Ասոնք են իմ փաստաթուղթերս, այս է իմ ուսումս, ինծի համար աշխատանք մը կա՞յ. կրնանք պետական մարզի կայքին մէջ փնտռել եւ անմիջապէս կրնանք գտնել` ըստ վկայականներու, երթալ,  վարժութիւններ ընել, քննութիւն տալ եւ ընդունուիլ աշխատանքի: Եւ որեւէ ատեն կրնանք ձգել գործը, հանրային սպասարկութեան մէջ աշխատիլը չի նշանակեր, որ այլ աշխատանք չես կրնար ունենալ: Աշխատանք գտէք պետական մարզին մէջ, ձեր աշխատավարձը ապահովեցէք, ձեր ամբողջ ընտանիքը ապահովագրեցէք, ձեր զաւակներուն կրթաթոշակները ապահովեցէք: Ապա եթէ մէկը ձեզի աւելի լաւ աշխատանք տայ, ներկայացուցէք ձեր հրաժարականը եւ գացէք այդ աշխատանքին: Բայց մինչ այդ անօթի մի՛ մնաք, հանրախանութի մէջ վաճառող մի՛ ըլլաք, եթէ տնտեսագիտութեան վկայական ունիք: Ձեր վկայականին համեմատ աշխատանք մը կրնաք գտնել եւ ապահովուիլ: Այս է պատգամը, զոր ես կ՛ուզեմ հասցնել ժողովուրդին, որ` մենք հանրային սպասարկութեան մարզին մէջ աշխատանք գտնելու աղբիւր ենք եւ մենք ունինք միջոցները եւ նպատակը` վարժեցնելու եւ պատրաստելու: Շատ մը պարագաներու մինչեւ 44 տարիքը, կարգ մը պարագաներու մինչեւ 35 տարեկան մարդիկ կրնան պետական մարզին մէջ աշխատանք գտնել, եւ մենք պատրաստ ենք օգնելու:

Անգլերէնէ թարգմանեց`
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Նախորդը

Փոխան Գրախօսականի. Կէս Դար Առաջ Լոյս Տեսած Հակասիոնական Այժմէական Գիրքը

Յաջորդը

Շատ Ուրիշ Ապրիլ Կամ Մտքի Յեղափոխութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?