ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Տողերուս հեղինակը հինգշաբթի, 9 յուլիսի «Հնարամիտ եւ ապիկար ժխտողականներ» խորագիրով իր յօդուածին մէջ բաղդատական մը կատարած էր երկու ժխտողականներու` Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուսիչի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ: Առաջինը շաբաթ, 11 յուլիսին այցելեց Սրեպրենիցա` մասնակցելու համար Պոսնիոյ սերպերուն կողմէ նշեալ քաղաքին մէջ իսլամներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան 20-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան, իսկ Էրտողան մերժեց ընդառաջել Հայաստանի նախագահի հրաւէրին եւ նախընտրեց Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակը նշել 24 ապրիլին: Յօդուածին մէջ այն կարծիքը յայտնեցի, որ Էրտողան ապիկար ժխտողական մըն է, որովհետեւ եթէ Վուսիչի մարտավարութիւնը ընտրած ըլլար, իր վրայ պիտի հրաւիրէր լուսարձակները եւ այդպիսով իրագործէր Երեւանի մէջ արարողութիւնը շուքի մատնելու իր նպատակը:
Սերպիոյ վարչապետը Սրեպրենիցայի ցեղասպանութեան զոհերուն յուշակոթողին ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք իսլամներուն կողմէ քարկոծուեցաւ, որուն պատճառով ալ Պոսնիան ստիպուեցաւ ոչ միայն դատապարտել արարքը, այլ նաեւ ներում հայցեց արարողութեան ներկայ գտնուած «բոլոր օտար պատուիրակութիւններէն», իմա` նաեւ Սերպիոյ վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութենէն: «Կը ցաւիմ, որ կարգ մը մարդիկ չկրցան հասկնալ սերպերուն եւ պոսնիացիներու միջեւ բարեկամութիւն կառուցելու իմ անկեղծ փափաքս», ըսաւ Վուսիչ` աւելցնելով. «Ձեռքս կը շարունակեմ երկարել պոսնիացի ժողովուրդին»: Սերպիան դէպքը իր վարչապետին դէմ մահափորձ մը, ինչպէս նաեւ «ամբողջ Սերպիոյ եւ անոր խաղաղութեան եւ շրջանային համագործակցութեան քաղաքականութեան դէմ յարձակում մը» նկատեց:
Պահ մը երեւակայեցէք, եթէ Էրտողան ընդառաջած ըլլար նախագահ Սարգսեանի հրաւէրին, այս դէպքը պատահած ըլլար Ծիծեռնակաբերդի մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստիպուէր ներում հայցել արարողութեան մասնակից բոլոր պատուիրակութիւններէն, իմա` նաեւ «1915-ի իրադարձութիւններու» զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար Երեւան այցելած Էրտողանէն: Նախ եւ առաջ Էրտողանի ապիկարութիւնն է, որ մեզ փրկեց: Ան Սրեպրենիցայի դէպքին մասին լսելով որքա՞ն ինքզինք այպանեց եւ որքա՞ն նախանձեցաւ Վուսիչի, որ շնորհիւ կարգ մը «տաք գլուխներու» մատուցած ձրի ծառայութեան Սրեպրենիցայէն առաւելագոյն քաղաքական ու քարոզչական կէտերով վերադարձաւ Պելկրատ: Անհրաժեշտ է սակայն նշել, որ այս դէպքը դժուար թէ պատահէր Ծիծեռնակաբերդի մէջ, որ հանրութեան առջեւ բացուեցաւ միայն ապրիլ 24-ի պաշտօնական արարողութեան աւարտէն ետք: Պէտք է նշել նաեւ, որ 2008¬ին Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի Երեւան այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ¬ի կողմէ տեղի ունեցաւ այդ այցելութեան դէմ բողոքի խաղաղ ցոյց մը, որ ազատ կարծիքի արտայայտման իրաւունքի ծիրին մէջ էր, ուստի Հայաստան «աղէտեալ» Պոսնիոյ նման ներում հայցելու հարկադրանքին տակ չգտնուեցաւ: Պոսնիացի իսլամներն ալ կրնային ՀՅԴ¬ի նման մարդկային իրաւանց միջազգային նոյն իրաւունքէն օգտուիլ, սակայն… Հայկականին պարագային եթէ ցեղասպանութիւնը ժխտողն էր ապիկար, պոսնիականին պարագային ճիշդ հակառակն էր` ցեղասպանութեան զոհերուն ժառանգորդներն էին ապիկար: Վուսիչ Սրեպրենիցա այցելելով առաւելագոյն յաջողութիւնը արձանագրեց, իսկ Էրտողան Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակի թուականը 24 ապրիլին փոխադրելով շուքի մատնեց այդ ձեռնարկը` ինքզինք մատնելով կատարեալ ձախողութեան:
Հասկնալով Տեսակէտին միտքը՝ կարելի չէ որեւէ պարագայի ընդունիլ այս նախադասութեան վերջին երեք բառերը «Նախ եւ առաջ Էրտողանի ապիկարութիւնն է, որ մեզ փրկեց:»
Յարութ Չէքիճեան