Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոք` Հայկական Յուշարձաններուն Մէջ Գանձ Որոնողին Դէմ

Յուլիս 15, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԷՐՄԷՆԻՀԱՊԷՐ. ԱՄ»

7-15-15_azizՍասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի եւ Պոլսոյ հայերու ընկերային օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը կրկին ահազանգած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ քիչ թէ շատ պահպանուած հայկական յուշարձանները կը քանդուին գանձ որոնողներու գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Թրքական լրատու գործակալութեան մը համաձայն, Տաղճը նշած է, որ գանձ որոնողներուն պատճառով հայկական եկեղեցիներն ու գերեզմանները վերածուած են խլուրդի բոյներու, յայտնելով, որ Էֆրիմ Պաղ անունով գանձախոյզի մը դէմ այս առնչութեամբ դատ բացուած է դատախազութեան մօտ:

Տաղճը մասնաւորապէս ըսած է. «Համաձայն իմ տեղեկութիւններուս, Էֆրիմ Պաղ անունով մէկը այս շրջանին մէջ գանձ որոնելու աշխատանքներ կը կատարէ: Չեմ գիտեր` այդ գործը ընելու համար արտօնութիւն ունի՞, թէ՞ ոչ: Գանձախոյզներուն պատճառով մեր հայկական գերեզմաններն ու եկեղեցիները խլուրդի բոյներու վերածուած են: Այս պահուն մտավախութիւն ունիմ, որ Էֆրիմ Պաղի գործողութիւններուն պատճառով կրնայ վնասուիլ Սասունի Գոմք եկեղեցին: Այդ պատճառով ալ դատախազութիւն հաղորդում ներկայացուցած եմ: Ես չեմ պնդեր, որ Էֆրիմ Պաղ այդ գործը կ՛ընէ, սակայն բազմաթիւ տեղերէ լուրեր կը հասնին այն մասին, որ ան ոսկի կը փնտռէ: Մօտ մէկ շաբաթ առաջ ալ լսեցի, որ Սասուն գաւառի Սարըյայա շրջանին մէջ ոսկի կը փնտռէ, ու անմիջապէս դիմեցի դատախազութիւն»:

Տաղճը տեղեկացուցած է նաեւ, որ վերոյիշեալ Էֆրիմ Պաղ ազգութեամբ յոյն է, սակայն որպէս հայ կը ներկայանայ ու զբօսաշրջիկի կարգավիճակով կը գնէ այդ տարածքները` գանձ որոնելու աշխատանքներ կատարելու համար:

 

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Երեխաները Դպրոց Պիտի Յաճախեն Առանց «Ազգային Ծածկագիր»-ի

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?