Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Հազար Ու Մէկ Գիշերներու Հերոս

Յուլիս 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

balian2-425x264

Մակար, ի Պերիտոն, միւռոնօրհնէքէն տասը օր առաջ

Արմենակ շրջաբերական-նամակ գրած է` օգտուելով համացանցի հրաշքէն, ղրկած է ասդին անդին, բոլոր անոնց, որոնք իրեն պէս յառաջդիմած են եւ արդիականութեան բարիքներէն կ’օգտուին:

Ինչ որ ստացայ, յօդուած էր: Ես ինծի իրաւունք տուի զայն նոյնութեամբ յղել կարգ մը թերթերու, որպէսզի անոնց համակարգիչ չունեցող ընթերցողներն ալ իմանան Արմենակի սրտի ցաւը:

Արմենակ կը գրէ.

«Միշտ կարելի է բացատրել եւ հասկնալ հայերէնը աղճատող օտարաբանութիւնները, հայերէնի նմանող բառերով օտար լեզու խօսողները փորձել արդարացնել: Ռուսերէն` Հայաստանի մէջ, նաեւ հոն, որ կը կոչուէր ներքին սփիւռք: Երեւոյթը եթէ շեշտուած էր խորհրդային շրջանին, գոյութիւն ունեցած է նախապէս: Թրքերէնի ազդեցութիւնը նոյնպէս, օսմանեան տիրակալութեան օրերուն Արեւմտահայաստանի մէջ, կայսրութեան հայերուն պարագային, նաեւ զանազան դրացնութիւններու հետեւանքով` Արեւելահայաստանի մէջ:

«Հիմա` անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն: Հեռու չէ չինարէնի օրը:

«Ճիգ եղած է հայերէնը պաշտպանելու օտարաբանութիւններու ջարդին դէմ: Միշտ եղած են կորիզներ, որոնք ուզած են հայերէնը զերծ պահել բացասական ազդեցութիւններէ. դպրոց, մամուլ, գրող, եկեղեցի եւ եկեղեցական: Այսօր աղճատման խուժանային յարձակումը իսկական գրոհ է, հո՛ն, ուր հայ կայ: Մեր տարտղնումին, եւ համաշխարհային ազգ ( ՜ ՜ ՜ ) դառնալու որպէս հետեւանք` աղճատումները կը բազմապատկուին, քանի որ համայնքները կը կազմուին տարբեր հորիզոններէ եկած եւ զիրար խաչաձեւողներով, օտարաբանութիւնները կ՛ըլլան խայտաբղէտ:

«Լեզուական խարնիճաղանճ:

«Արմենակի խօսք: Որոշած էի այս հարցերուն մասին չխօսիլ, քանի որ լսող չկար: Այսօր հեռաձայնեցի հայկական խիստ կարեւոր տեղ մը, ուր, կ՛ենթադրեմ, ընկալուչը վերցնող հայ աղջիկը, կամ տիկինը, տարրական հայերէն պէտք էր իմանար` առանց լեզուաբան կամ լեզուագէտ ըլլալու: Ըսի, որ այսինչ պաշտօնական անձին հետ կ՛ուզէի խօսիլ, կանացի ձայն մը ըսաւ. «Ո՞վ է հետս…»: Ի հարկէ ես այդ տիկինին կամ օրիորդին հետ չէի: Ինչպէ՞ս ըլլայի… հեռու է հեռու: Ֆրանսացին կ՛ըսէ ubiquité, Գուիտոն Լուսինեանի բառարանը կը թարգմանէ` ամէնուրեքութիւն:

«Կցկտուր արաբերէնս օգնեց: Խորհեցայ, որ եթէ Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ կամ Արժանթին ծնած անձ մը լսէր ըսուածը, պիտի ըսէր.

«- Տիկին (կամ օրիորդ), ես մարգարէ չեմ, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ գիտնամ, թէ՞ ով է ձեզի հետ: Կամ` ձեզի հետ ըլլայի, քաղաքավարութեամբ անունս ըսած կ՛ըլլայի:

«Ժամ մը ետք հեռաձայնեցի ուրիշի մը, որ այս պարագային հայերէն գիտէր, բայց ան ալ կրկնեց.

«- Ո՞վ է հետս…

«Այս երկրին մէջ հեռաձայնել` կը նշանակէ հետը ըլլալ: Այս հրաշքը Ֆրանսա, Ամերիկա, Արժանթին, Հայաստան, Ռուսիա, Ամերիկա, Անգլիա չեն հասկնար: Շատեր թերեւս պիտի փափաքէին տիկինին կամ օրիորդին քով ըլլալ, հետը…

«Համբերութիւնը չչարաշահելու համար գաղտնիքը ըսեմ. օրիորդը, կամ տիկինը, արաբերէն խօսած էր հայերէն բառերով. արաբերէն կ՛ըսեն` մին մաի…

«Այս ջարդուած հայերէնը հայոց խիստ կարեւոր հաստատութեան մը հիւրընկալ հայուհիին կչկչանքն էր…»:

«Շահմուրատեան, եթէ ողջ ըլլար, փլած տուներու եւ քանդուած գերաններու «Անտունի»-ն կ’երգէր: Չհարցնէք, թէ ո՞վ էր Շահմուրատեան եւ ի՞նչ բան է այդ «Անտունի»-ն…, պիտի խորհին, որ տեղ մը վարչական կամ հոգաբարձու է… կամ` ուրիշ նոյնքան կարեւոր բան:

«Հետը ըլլալու համար ընկալուչը բանի չի ծառայեր… Ափսո՜ս…»:

 

 

 

 

Նախորդը

Զաւէն Մսըրլեան. «Հայոց Մասնակցութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն, 1934-2009», Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատուն, 2014, 540 Էջ

Յաջորդը

Համազգայինի Հրատարակչատան Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի Բացման Խօսքը

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In