Թրքական «21-րդ դար» հաստատութեան Միջին Արեւելքի հարցերով ամպիոնի հետազօտութեան համաձայն, վերջին երեք տարիներու ընթացքին ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներուն միանալու նպատակով 10 հազար անձ Թուրքիայէն անցած է Իրաք եւ Սուրիա: Այս անձերէն 7000-ը միացած է «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման, իսկ մնացեալը` «Քայիտա» եւ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումներուն:
ԻՊ-ին անդամակցելու համար Թուրքիայէն ամէնէն շատ կը մեկնին Պոլսոյ, Անգարայի, Գոնիայի, Ատանայի, Տիգրանակերտի, Այնթեպի բնակիչները: ԻՊ-ին միանալու համար Սուրիա եւ Իրաք կը մեկնին նաեւ Պուրսա, Սաքարիա, Պինկէօլ, Մուշ, Ատըեաման շրջաններէն: