Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Երեխաները Դպրոց Պիտի Յաճախեն Առանց «Ազգային Ծածկագիր»-ի

July 15, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գարակէօզեան նախակրթարան, Պոլիս
Գարակէօզեան նախակրթարան, Պոլիս

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Նապի Աւճըի նոր որոշումով Թուրքիոյ մէջ վերցուած է երկրի ոչ մահմետականներուն պատկանող դպրոցներուն մէջ երեխաներու արձանագրութեան համար «գաղտնի ծածկագիր»-ի սկզբունքի կիրարկումը: Այսուհետեւ ոչ մահմետական երեխաները պիտի կարենան ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներ ընդունուիլ միայն տուեալ կրթական հաստատութեան տնօրէնին որոշումով:

Այդ որոշումը որդեգրուած է, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի` Պոլիսէն ընտրուած հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանի նստաշրջանի բացումին ընթացքին հանդիպում ունեցած է կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Նապի Աւճըի հետ` նշելով, որ խնդիրին լուծման համար օրէնսդրական նոր կարգաւորման անհրաժեշտութիւն չկայ, եւ բաւարար է միայն նախարարին որդեգրած որոշումը:

«Պետութեան կողմէ «ազգային ծածկագիր»-ի հարցը լուրջ խնդիրներու առջեւ կը կանգնեցնէ: Երբեմն, նոյնիսկ երբ հայրն ու մայրը հայկական դպրոցներու մէջ աշակերտած կ՛ըլլային, ի յայտ կու գային փաստաթուղթեր, որոնք չէին արտօներ երեխաներուն, որ իրենց կարգին տուեալ նոյն  վարժարանը յաճախել: Համայնքին թիւը զգալիօրէն նուազած է, եւ որովհետեւ լաւ պակսած ենք, բոլորս կը ճանչնանք զիրար: Այդ պատճառով էր, որ պահանջեցինք խնդիրը ձգել համայնքներուն եւ իրաւասութիւնները յանձնել դպրոցի տնօրէնութեան», նշած է Փայլան` ընդգծելով, որ նոր կարգաւորման շնորհիւ` հայերը արդէն ստիպուած պիտի չըլլան ամէն անգամ երթալ եւ ապացուցել իրենց հայ ըլլալը:

Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան Պոլսոյ քաղաքի բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ պաշտօնական գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի համաձայնագիրով իբրեւ փոքրամասնութիւն ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու ինքնութեան վկայականներուն մէջ պէտք է նշուած ըլլայ գաղտնի ծածկագիր, որ յոյներուն համար «1»-ն է, հայերուն համար` «2»-ը, իսկ հրեաներու համար` «3»-ը:

 

 

Նախորդը

Անատոլուի Ներկայ Բնակիչներէն Վկայութիւններ` Հայկական Դէպքերու Մասին

Յաջորդը

Բողոք` Հայկական Յուշարձաններուն Մէջ Գանձ Որոնողին Դէմ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.