Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Հրատարակչատան Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի Բացման Խօսքը

Յուլիս 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

18708776994_831ac4e96b_bՇատ պիտի փափաքէինք, որ այսօր ընկ. Վահանը ներկայ ըլլար մեր մէջ, վայելէինք իր հաճելի եւ խորքային խօսքը, տեսնէինք դէմքին ժպիտը, որ յաղթանակած մարդու ժպիտն էր, եւ որ մնաց դէմքին վրայ իբրեւ այդպիսին, մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանը:

Անցնող տարուան վերջաւորութեան բովանդակ հայութիւնը կորսնցուց ներկայ ժամանակներու իր մեծագոյն դէմքերէն մէկը: Այո՛, դէմք էր Վահան Յովհաննիսեան բառին բովանդակ առումով: Հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթին մէջ վստահաբար տակաւին շատ երկար պիտի զգանք իր բացակայութիւնը: Արժէքները աւելի զգալի կը դառնան իրենց բացակայութեամբ, երբ մանաւանդ դժուարութեան մէջ կը գտնուինք անոնց կորուստի թողած բացը գոցելու: Այո՛, այսօր մենք դժուարութեան մէջ ենք ընկ. Վահանի մտածումներուն, կեցուածքներուն եւ գործին բացը գոցելու:

Ընկ. Վահանի համար միջազգային քաղաքակրթութեան մէջ հայութեան հայադրոշմ արժէքային համակարգի մուտքը  շարունակեց մնալ տագնապ եւ այդ տագնապով ու մտահոգութեամբ մեկնեցաւ նաեւ: Այո՛, ինչպէս մի՛շտ եւ ամէն տեղ պիտի ըսէր, որ մենք իրաւունք չունինք ժամանակաւոր մանրուքներով զբաղելու, այլ պարտաւոր ենք կերտելու մեր ժողովուրդի մեծութիւնը եւ բարձրաճակատ ու համահաւասար կանգնելու այլ մեծ ժողովուրդներու կարգին: «Մանդիլիոն»-ը այս իմաստով դարձաւ իր տագնապներու գործնական արտայայտիչը:

Սիրելի՛ ընկեր,

Հպարտ ենք ու պիտի շարունակենք մնալ հպարտ քեզմով` քու քաղաքական գործիչի յախուռն ու անկեղծ կեցուածքովդ, քու գաղափարական մարդու հզօրութեամբդ, քու ճառագայթող մտածումներովդ, եւ այս բոլորը երկար ժամանակ պիտի շարունակեն լուսաւորել մեր հաւաքական կեանքը: Պիտի կարօտնանք եւ ամէն օր քիչ մը աւելի պիտի մտերմանանք քեզի հետ:

Այսօրուան այս հանդիպումը քեզի հետ մտերմանալու առիթ մըն է մեզի համար: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Ազդակ» օրաթերթի կողմէ Լիբանան հրաւիրած ենք քու շատ սիրելի բարեկամներդ` Արտաշէս Շահբազեանը, «Մանդիլիոն» գիրքի թարգմանիչ Կարինէ Աշուղեանը, որ երբ հարցուցինք իրեն, թէ որքա՛ն ժամանակի մէջ կարելի եղաւ իրագործել այս թարգմանութիւնը, ըսաւ` շատ արագ փորձեցի աւարտել, աշխատելով գիշեր ցերեկ, նախազգալով, որ Վահանի առողջական վիճակը օրէ օր կը վատթարանայ եւ, նախքան անսպասելի պատահարը, գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը անհրաժեշտ է, որ ան հրատարակուած տեսնէ: Եւ վերջապէս, մեզի հետ է նաեւ այսօր Յարութ Յարութիւնեանը, որ քու մահէդ ետք խմբագրեց «Մայրամուտ, որ հարկաւոր է կասեցնել» գիրքը:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր:

Այս շնորհահանդէսի կազմակերպումով, անգամ մը եւս կը խոնարհինք վաստակիդ եւ արժէքիդ դիմաց:

Պիտի կարօտնանք…

Նախորդը

Կեդրոնականցին Հազար Ու Մէկ Գիշերներու Հերոս

Յաջորդը

«Մանդիլիոն» Վէպի Թարգմանիչ Կարինէ Աշուղեանի Խօսքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?