«ԹՈՒՐՔ»
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիան առաջին անգամն ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին գեղարուեստական ժապաւէն կը նկարահանէ: Աղբիւրը ցեղասպանութիւնը կ՛որակէ «հայերու աքսորը Անատոլուէն»:
«Կորուսեալ թռչունները» վերնագիրով ժապաւէնը թողարկուած է յունիսի 30-ին: Համացանցին մէջ կարելի է տեսնել անոր ծանուցումը` յղումով:
Ժապաւէնին նիւթը կը վերաբերի քրոջ ու եղբօր մը, որոնք 1915-էն ետք կը մնան նախնիներու հողին վրայ. սա սիրոյ ու ընտանիքի պատմութիւն է:
Ժապաւէնի բեմագրութեան հեղինակը եւ բեմադրիչը հայ Արէն Պերտեճին է, միւս համաբեմադրիչը` թուրք Ալէ Ալեամաճը: Գլխաւոր դերակատարները եւս կը մարմնաւորեն հայեր ու թուրքեր` ի դէմս Տիլա Ուլուճայի եւ Հերոս Ակոբեանի: Ժապաւէնին մէջ դերեր ունին Թուրքիա բնակող հայ դերասաններ:
Աղբիւրին համաձայն, «Կորուսեալ թռչունները» շրջադարձային աշխատանք է թրքական շարժապատկերի համար, քանի որ առաջին շարժանկարն է ողբերգութեան մասին եւ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին: