ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերջին ամիսներուն քանի մը մտերիմ ընկերներու անուղղայ միտքերն ու լեզուները դարձնողն ու յոգնեցնող թեմաներէն գլխաւորը վերջին քանի մը տարիներու լիբանանահայ հրացայտ մշակոյթի շիջումն ու անհանդուրժելի քայքայումն էր: Լիբանանահայերու հայկականութեան հանդէպ անտարբերութեան բուք մը կարծես սառեցուցած է երիտասարդութեան արուեստասիրութիւնը, մշակոյթին նկարագիր տալու, եռացնելու կիրքը: Պարզապէս ժխտական քննադատութիւն ցուցադրելու կամ ջանք չխնայող մշակութասէր խումբեր արժեզրկելու նպատակ չունիմ, հոս կ՛ուզեմ գնահատել վերջին տարիներու ընթացքին հանդէսներ, համերգներ կամ ներկայացումներ կազմակերպողները` եռանդ պահելու իրենց տարած ժրաջան աշխատանքին համար:
Ինչ կը վերաբերի բուն նիւթին: Մայիս 11-ին կէսօրուան մօտ տեղեկացայ, որ «Թեաթրոն» թատերախումբը Սուրէն Խըտշեանի կողմէ բեմադրուած «Կեանք» խորագիրով թատրոնը պիտի ներկայացնէր երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Խանդավառուած` լուրը հասցուցի ընկերներուս, քաջ գիտնալով, որ քլիշէ կամ սովորական թատերախաղ մը ըլլալու չէ, որովհետեւ այս գրութեան բեմականացումը դիտած էի տարիներ առաջ, «ԵուԹիուպ»-ի վրայ, ամերիկահայ դերասաններու մասնակցութեամբ, եւ տպաւորուած էի:
Թատրոնի աւարտին ո՛չ միայն տպաւորուած, այլ` լեցուած, հոգեկան գոհունակութիւն ստացած` ելանք դուրս: Ներկայացումը ունէր ծանր բովանդակութիւն եւ հանդիսատեսը ցնցելու, անոր ուշադրութիւնը իր մէջ պահելու ճարտար ուժ: Այժմէական տարբեր խնդիրներ արծարծուեցան ներկայացման ընթացքին: Նախ եւ առաջ` կեանքի մէջ եւ անոր հանդէպ թունդ հետաքրքրութիւն եւ կիրք ունենալը, ատով թրծուելու, ապրելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտ դնելով ինքնիրեն հետ անկեղծ ըլլալու հմտութեան վրայ, որուն բացակայութեան հետեւանքը կ՛ըլլայ միտքերու անտանելի ցրուածութիւն, ապա մակերեսային հաճոյքներ որոնելու, եւ իրականութիւնը ընդունելէ խուսափելու բուռն ցանկութիւն, եւ վերջապէս չդիմացուելիք այս տառապանքէն ազատելու միակ հնարք` անձնասպանութիւն:
Այս քաւարանին, տառապանքներու նեղութեան մէջ էր Հայկը` գլխաւոր դերակատարը, սակայն Հայկի պարագային գիտակցական որոշում մը չէր անձնասպանութեան փորձ կատարելը, այլ, ըստ իր ինքնամեկնաբանութեան, իր ենթագիտակցութեան քայքայումը, անհանդուրժելի կսկիծի պոռթկումը, որ գինով վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ արկածով մը դրսեւորուեցաւ: Բարեբախտաբար արկածը Հայկը չսպաննեց, բայց մտցուց ծանր մահաքունի մէջ:
Հոս կ՛արժէ աւելի խօսիլ Հայկին մասին: Ան խենթ սիրահար էր արուեստի, կ՛ապրէր թատերախաղեր գրելով: Տարբեր պատճառներու կամ պատճառաբանութիւններու բերումով ան լքած էր այս բոլորը, ճաշարան մը բացած եւ բաւարարուած` ճաշարանի ապահով եկամուտով: Կիրք զոհելով` ապահովութիւն ընտրելն էր բուն մահաքունը, որուն կոյր հետեւորդը դարձաւ անոր մարմինը: Հայկին ենթագիտակցութիւնը արկածէն ետք լուրջ կերպարանափոխութեան կ՛ենթարկուի: Ան կը ստիպուի` սպաննել իր մէջ ապրող հիասթափութիւնը, անտարբերութիւնը, կեանքի հանդէպ իր որդեգրած լեղի կեցուածքը: Վերջապէս, ան կ՛արթննայ մահաքունէն:
Կ՛ուզեմ Հայկին վրայէն լուսարձակս հանելով` լուսաբանել «Կեանք»-ի ընդհանուր մթնոլորտը: Արեւմտահայկականութիւնը այս կտորին համն ու հոտն էր: Բեմի վրայ մեր գործածած ամէնօրեայ հայերէնը լսելը հարազատ էր հանդիսատեսին եւ մատչելի: Վարպետութիւն է, իմ կարծիքովս, բեմի վրայ գործածել առօրեայ մեր բառակառոյցը, միեւնոյն ժամանակ պահել կտորին ծանրութիւնը:
Քանի մը նախադասութիւններ, որոնք կապ ունին արեւմտահայկականութեան հետ, պահեցի միտքս: Ուրեմն` Հայկի դուստրերէն մէկը` Արազը, որ «անհոգ», սովորական աղջիկ մը կը համարուէր ընտանիքի կողմէ, կը սկսի սիրային կապ ստեղծել պարսիկ տղու մը հետ: Երբ այս լուրը կը հասնի Արազի մեծ մօր ականջին, զրոյցի մը ընթացքին ան կ՛ըսէ. «Հին ընկերներդ ալ ապուշ էին, բայց գոնէ հինը հայ էր»: Զրոյցը կը շարունակուի, եւ Արազ` պաշտպանելու համար, որ հինը ապուշ չէր, կը հակասէ` ըսելով. «Խեղճ տղան բերանը բացածին պէս հայրիկը անոր հայերէնը կը սրբագրէր»:
Երբ Հայկի կինը կ՛առաջարկէ Հայկին ճամբորդել Հայաստան` ինքզինք գտնելու համար, ան կը պատասխանէ հեգնական ոճով` «Հայաստա՛նն ալ ճիշդ ինքզինք գտնելու տեղ է»:
Այս է մեր մշակոյթը` լեզուն եւ մտածելակերպը: Փայլեցնելու կարիք չունի: Բեմի վրայ ի՜նչ աղուոր էր: Գուցէ Հայկի մահաքունէն դուրս գալը ներշնչէ` լիբանանահայերը, անոր մշակոյթը, երգը, գրականութիւնը… եւ վերջապէս «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի վերի աթոռները` դուրս գալու իրենց քանի մը տարուան երկար մահաքունէն:
Շնորհակալութիւն նախ եւ առաջ Վահէ Պէրպէրեանին` այս բովանդակ թատերախաղը գրելու համար, եւ «Թեաթրոն» ընտանիքի բոլոր անդամներուն` Սուրէն Խըտշեանի բարձրորակ բեմադրութեան եւ դերասաններու բացառիկ խաղարկութեան համար: Ձե՛ր վա՛րձքը կատար: