Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքեան Ոգին. «Սիրով»

June 2, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Դպրեվանքին մէջ ամէնէն սիրելի բառը, որ յաճախ կը լսեմ եւ կ՛արժեւորեմ, «սիրով» բառն է: Ամէն անգամ, որ աշակերտի մը կը դիմենք բան մը կատարելու պատուէրով կամ խնդրանքով, անմիջապէս անոր պատասխանը կ՛ըլլայ` «սիրով»: Եթէ կեդրոնանանք այս բառին բուն իմաստին վրայ, պիտի տեսնենք, որ անիկա ինքնին ցոյց կու տայ մարդկային կարեւոր առաքինութիւն մը, ըստ որուն, տուեալ անձը պատրաստ է սիրով կատարելու այն, ինչ որ կը խնդրուի իրմէ:

Դպրեվանքի մէջ կազմաւորուող առաքինութիւններէն մէկը հնազանդութիւնն է: Հնազանդութիւնը վանականութեան ընդհանուր սկզբունքներէն մէկն է, որ կը դաստիարակուի իբրեւ վանականներու նկարագրին մէկ գիծը: Վանական կեանքին մէջ ընդունուած եւ քաջալերուած հասկացողութիւնը այն է, որ եթէ փոքրը մեծին հնազանդի եւ հնազանդութեան առաքինութիւնը մշակէ իր մէջ, ուրեմն այդ անձը նաեւ հնազանդ կը գտնուի Աստուծոյ պատուիրաններուն: Այլ խօսքով, ինչպէ՞ս մէկը կրնայ հնազանդելու սկզբունքը հասկնալ, եթէ ինք շրջանակի մը մէջ այդ հնազանդութիւնը չ՛ապրիր կամ չ՛իրագործեր զայն: Նոյնպէս, երբ անձ մը հոգեւորական կը դառնայ, իր ձեռնադրութիւնը կանխող օրուան ընթացքին, կոչման արարողութեան աւարտին, կը կարդայ ուխտագիր մը, որուն համաձայն, նորընծան կ՛ուխտէ հնազանդ գտնուիլ ոչ միայն հոգեւորական կոչումին, այլ նաեւ` եկեղեցւոյ գահակալին:

Պէտք չէ մոռնանք այստեղ, որ նախամարդուն` Ադամին եւ Եւային, բնութեամբ իյնալուն պատճառը Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդութիւնն էր: Մէկ անհնազանդ արարքը կրնայ մեծ եւ անդառնալի հետեւանքներու պատճառ դառնալ: Միւս կողմէ, Քրիստոս` իբրեւ մարդացեալ Աստուած, հնազանդեցաւ մարդկային օրէնքին, որպէսզի կարենայ մարդկութիւնը ազատել մեղքի եւ օրէնքի գերութենէն: Նոյն այս աստուածաշնչական սկզբունքին վրայ հիմնուելով` մարդը հրաւիրուած է հնազանդ գտնուելու Աստուծոյ եւ Անոր պատուիրաններուն, որպէսզի կարենայ իր փրկութիւնը գտնել: Այլ խօսքով, քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ հնազանդութիւնը փրկութեան դուռն է:

Դպրեվանեցին` իբրեւ ապագայ հոգեւորական, իր գիտակցութեան մէջ կ՛արմատաւորէ հնազանդութեան կարեւորութիւնը: Ան կը հասկնայ, որ մանաւանդ ծառայութեան դաշտին վրայ հոգեւորականը  իր սեփական կամքը չէ, որ կը փնտռէ, կամ պէտք է փնտռէ, այլ ան հետամուտ կ՛ըլլայ Աստուծոյ առաջնորդութեան` Ս. Եկեղեցւոյ ճամբով: Ծառայելու սկզբունքը պայմաններ չի ճանչնար: Աւել՛ին. ծառայութեան դաշտերը յաճախ լեցուն կ՛ըլլան անհանգիստ կամ դժուար պայմաններով: Ծառայող հոգեւորականը` չի կրնար ճշդել կամ մերժել որեւէ ծառայութիւն, որուն կատարումին հրաւիրուած է ինք: Այդ իսկ պատճառով հնազանդութեան սկզբունքի  գիտակցութիւնը կը մղէ հոգեւորականը` ծառայութեան երթալու հոն, ուր կարիք կայ, անկախ անձնական նախասիրութիւններէ եւ քմահաճոյքէ: Թէեւ երբեմն դժուար կ՛ըլլայ «հրաւէրին» ընդառաջելը, սակայն համաձայն դպրեվանեան ոգիին, անոր տրուելիք միակ պատասխանը «սիրով»-ն է: Քրիստոսի հանդէպ սէրն է, որ ուժ կու տայ հնազանդելու հրամանին եւ կատարելու ծառայութիւնը` Իր փառքին համար: Ի վերջոյ, առաքեալներէն ոեւէ մէկը նախապայման չդրաւ Քրիստոսի առջեւ, երբ Տէրը զինք կանչեց:

Դպրեվանեցին ներկայի եւ ապագայի առաքեալն է, որ լքելով այն ուղղութիւնը, որ աշխարհն ու անձնական կամքը կու տան իրեն, կը հետեւի Աստուծոյ կամքին, հնազանդութեան ոգիով: Առանց սիրոյ` հնազանդութիւնը տկար կը մնայ, եւ թերեւս ճամբուն կիսուն  պատուէրը լքելու փորձութիւնը կը դառնայ ծանրակշիռ: Միայն սիրոյ շնորհքն է, որ կրնայ հետեւողականութեան ուժը տալ հոգեւորականին անոր` մէջ միշտ  վառ պահելով Աստուծոյ փառքին ու երանելի վարձատրութեան գիտակցութիւնը: Չկայ աւելի վեհ իրականութիւն, քան` Աստուծոյ կամքին հնազանդիլը, մեր «ես»-ն ու անկէ բխող անցողակի քմայքները մէկդի դնելով: Շնորհիւ հնազանդութեան ոգիին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր ծառայութեան թեւերը տարածեց հոն, ուր հոգեւոր եւ ազգային սնունդի ծարաւը կար: Նոյն այս ծառայական պատմութիւնն է, որ ներկայ սերունդները կոչուած են շարունակելու` հնազանդութեան ոգիին առաջնորդութեամբ:

Մեր Փրկիչին յարութենէն ետք Պետրոսին ուղղուած Քրիստոսի հարցումը կը տրուի նաեւ շատերուս. «Սիմո՛ն, Յովնանի որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի»: Եթէ այս հարցումին պատասխանը «Այո՛» է, ուրեմն Յիսուս կ՛ըսէ. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս… լա՛ւ գիտցիր, որ երբ երիտասարդ էիր, քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ՛երթայիր` ո՛ւր որ կ՛ուզէիր: Բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վեր պիտի բարձրացնես, եւ ուրիշներ պիտի կապեն գօտիդ ու տանին հոն, ուր դուն չես ուզեր երթալ» (Յվհ 21.15-19): Այս Աստուածաշնչական խօսուն պատկերը ինքնին կ՛արտացոլացնէ հնազանդութեան ոգիին էութիւնը, որ դպրեվանեան դաստիարակութեան եւ կրթութեան սկզբունքներուն անբաժան մէկ մասնիկն է…

 

 

Նախորդը

Ծխնելոյզի Ընկերուհիս

Յաջորդը

Ընտանիքներու Նուիրուած Աղօթքի Երեկոյ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անդարձ Տարիներ, Սքանչելի Վերյիշումներ (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի 50-Ամեակին Առիթով)

October 19, 2026
Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց
Անդրադարձ

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց

October 19, 2026
Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան
Անդրադարձ

Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.