ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Աւետիս Ահարոնեան մեզի աւանդած է գրական հարուստ թողօն մը, որմէ կարելի է նշել հետեւեալ ընտրանին.
1.- «Հռօ կինը», տպ. Հ. Մարտիրոսեանց, Թիֆլիզ, 1897:
2.- «Բաշօն», տպ. Մ. Շարաձէ եւ ընկ., Թիֆլիս, 1899:
3.- «Տժգոյն հովուերգութիւն», տպ Տ. Մ. Ռոտինեանցի, 1899:
4.- «Հզօր Սամսոն», տպ. Մ. Վարդանեանցի, Թիֆլիս, 1899:
5.- «Պատկերներ», տպ. Վառվառէ Գատցուկի, Մոսկուա, 1900:
6.- «Պատկերներ հայ յեղափոխական կեանքից», տպ. ՀՅ Դաշնակցութեան, Ժընեւ 1901:
7.- «Մխիթարեան միաբանութիւն», տպ. Մ. Մարտիրոսեանցի, Թիֆլիս, 1901:
8.- «Ազատութեան ճանապարհին», տպ. Հ Յ Դաշնակցութեան, Ժընեւ, 1902:
9.- «Խեղճերը», տպ. Վրաց. հրատ. ընկ., Թիֆլիս, 1902:
10.- «Իտալիայում», Արագատիպ Մն. Մարտիրոսեանցի, Թիֆլիս, 1903:
11.- «Մրրիկի սուրբը», Скоропечатна М.Мартиросанца, Тифлисъ,1903:
12.- «Կեանքի դասը», տպ. Մովսէս Վարդանեանցի, Թիֆլիս, 1903:
13.- «Աշուղը», սեփական տպ. Ոսկանապատ, 1904:
14.- «Հայդուկի Նոր տարին», Հրտ. ԿՀԱՄ «Մեծ քաղաքի» ճիւղի, Փեթերսպուրկ, 1904:
15.- «Երեխաները», տպ. «Արoր», Բագու, 1904:
16.- «Ժողովածու երկերի», տպ. Պուշկինեան, Ս. Փեթերսպուրկ, 1904:
17.- «Արազը», տպ. «Հերմէս», Թիֆլիս, 1904:
18.- «Լռութիւնը», տպ. «Հերմէս», Թիֆլիս, 1904:
19.- «Գայլերը ոռնում էին», տպ. Քութաթելաձէի, Թիֆլիս, 1906:
20.- «Արցունքի հովիտը», տպ. Տրուդ, Բագու, 1907:
21.- «Կեանքի վէպը», տպ. «Հերմէս» Ս. Պ. Եդիգարեանի, Թիֆլիս, 1908:
22.- «Ժողովածու երկերի», տպ. օր. Նուարդ Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1909:
23.- «Ժողովածու երկերի», տպ. Կուլտուրա ընկերութեան, Թիֆլիս, 1909:
24.- «Անդունդը», տպ. օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1910:
25.- «Մոխիրների տակից», տպ. օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1910:
26.- «Խաւարի մէջ», տպ. օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1910:
27.- «Զարթի՛ր, Աստուած…», տպ. «Ազատամարտ»-ի, Կ. Պոլիս, 1911:
28.- «Պարտուածներ», տպ. Արաքս, Կ. Պոլիս, 1912:
29.- «Աստծու կրակը», տպ. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1912:
30.- «Շվէյցարական գիւղը», տպ. օր. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1913:
31.- «Փոքրիկ պատմուածքներ», տպ. Ն. Աղանեանցի, Թիֆլիս, 1916:
32.- «Հայկական հարցը խաղաղութեան ժողովին առջեւ», տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1919:
33.- «Հայրենիքիս համար», տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1920:
34.- «Դաշնակցական կառավարութեան դոկումենտներից», տպ. Ռազմ. Ժող. Կոմիսսարիատի, Երեւան, 1922:
35.- «Քրիստափոր Միքայէլեան», տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1926:
36.- «Ճամբորդը», տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1926:
37.- «Կաթուշկը», տպ. «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1926:
38.- «Իմ գիրքը», հտ. Ա., տպ. Նավարի, Փարիզ, 1927:
39.- «Իմ գիրքը», հտ. Բ. , տպ. Նավարի, Փարիզ, 1931:
40.- «Կարօտ հայրենի», տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1927:
41.- «Ա. Ահարոնեանի ճառը» (արտասանուած իր գրական քառասնամեայ յոբելեանին, Սորպոնի սրահը, 1930 մայիս 10-ին), տպ. «Յուսաբեր», 1930:
42.- «Րաֆֆի», Նիւ Եորք, 1936 (հրատարակչատան անունը նշուած չէ):
43.- «Մենութեան մէջ», տպ. The Sandal Press, Նիւ Եորք, 1938:
44.- «Ծիծեռնակի բոյնը», տպ. Շնորհոքեան, Պէյրութ, 1940:
45.- «Իմ բանդը եւ երազներիս աշխարհը», տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1943:
46.- «Սարդարապատից մինչեւ Սեւր եւ Լոզան», տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1943:
47.- «Ճնճղուկի մահը», տպ. Տիգրիս, Հալէպ, 1944:
48.- «Մանկութիւն», տպ. Համազգային ընկերութեան, Պէյրութ, 1951:
Ի հարկէ, այստեղ նկատի առնուած չեն այն բազմաթիւ վերահրատարակութիւնները, նաեւ հայոց այս բազմաբեղուն գրողի ստեղծագործութիւններուն տարբեր լեզուներու թարգմանութիւնները: Այստեղ պարզապէս աւելորդ պիտի չըլլար նշել Աւետիս Ահարոնեանի երկերու ժողովածուի այն տասնհատորեակը, որ 1940-1950-ական թուականներուն «Հրատարակիչ յանձնախումբի» մը աջակցութեամբ հրատարակած է իր որդին` Վարդգէս Ահարոնեանը: Նոյնը վերահրատարակուած է 1980-ական թուականներուն Թեհրանի մէջ: Այսուհանդերձ, ինչքան ալ երախտաշատ աշխատութիւն մը իրականացած է սոյն տասնհատորեակով, միեւնոյն է, ցարդ կարելի չէ եղած ամբողջական եւ միաձոյլ համանուագի մը մէջ ընդգրկել,- Զապէլ Եսայեանի խօսքով` «Հայ գրականութեան թուխ Արամազդ»-ին,- գրական ժառանգութիւնը` նկատի ունենալով անոր գրչին պատկանող կարգ մը գրութիւններն ու յօդուածները, որոնք տակաւին ցրուած կը մնան հայ մամուլի զանազան էջերուն մէջ:
Դ. Աւետիս Ահարոնեանի կոչը` որպէս քաղաքական անձնուէր յանձնառութեան վկայութիւն աշխարհաքաղաքական անզօրութեան դէմ
Ա. աշխարհամարտէն ետք մեծ տէրութիւններու նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի մէջ կայացած խաղաղութեան խորհրդաժողովներուն եւ ստորագրուած դաշնագիրներուն առնչութեամբ մինչեւ հիմա մեզի այսքանն էր ծանօթ, քանի մեր ընթացիկ պատմութիւնը մեզի լոկ այսչափ կ՛աւանդէ: Այսուհանդերձ, կայ իրողութիւն մը, որ ստոյգ եւ համոզիչ է անոնց համար, որոնք իր անդուլ գործունէութեան եւ հայաբոյր գրականութեան ընդմէջէն ճանչցած են վերոնշեալ հրաշունչ պատգամին հեղինակը. Աւետիս Ահարոնեան անվեհեր մարտիկ մըն էր, մարդ, որ չէր հետեւեր հոսանքին, այլ անխոնջ կը պայքարէր անոր դէմ` որքան ալ ամեհի ու մեծ ըլլային անոր բերած կոհակները: Հետեւաբար, իր մասին այն կարծիքը, թէ Լոզանի դաշնագիրէն ետք ան վերջին անգամ դիմած է Դաշնակից տէրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Ռուսիոյ արտաքին գործերու ժողովրդական քոմիսար Գէորգի Վասիլեւիչ Չիչերինին, հուսկ հրաժարած է քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելէ, ամենեւին չի համապատասխաներ փաստացի այն տուեալին, որ կը պարզուի մեր առջեւ:
1932 թուականին, աշխարհաքաղաքական խոր ցնցումներու, տնտեսական եւ հոգեկան տարատեսակ ախտահարումներու ժամանակաշրջանին, երբ Ա. Աշխարհամարտի բացած արիւնածոր վէրքերը տակաւին չէին սպիացած մարդկութեան մարմնին վրայ, Ահարոնեան նամակով մը կը դիմէ Ժընեւի մէջ տեղակայուած Ազգերու լիկային` բողոքելով վերջինիս կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ազգերու լիկային անդամակցելու անոր առաջադրանքին, հայ ժողովուրդի ունեցած մարդկային եւ հողային ահաւոր կորուստներուն եւ Դաշնակից տէրութիւններուն կողմէ անոր տրուած սնավաստակ խոստումներուն դէմ:
Առանց Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութեան պատկան մարմիններէն կամ սփիւռքահայ ազգային որեւէ հեղինակաւոր համագումարէ մը լիազօրուած ըլլալու, Աւետիս Ահարոնեան այս նամակին մէջ կը խօսի ձայնով մը, որ խորհրդանշական եւ հոգեհարազատ էր հայութեան` տոգորուած հայրենասիրական ջերմ ապրումներով, բարոյական պատասխանատուութեամբ եւ արդարութեան հանդէպ անսասան հաւատքով:
Այսուհանդերձ, նամակին գլխագրութիւնը կը նշէ. « DÉLÉGATION DE LA RÉPUBLIQUE ARMÉNIENNE » («Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութիւն») տիտղոսը, երբ, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, 1932 թուականին նման պատուիրակութիւն մը գոյութիւն չունէր, իսկ Հայաստանի մէջ արդէն հաստատուած էր խորհրդային իշխանութիւնը: Իսկ նամակաթուղթին վրայ նշուած նախնական հասցէն` 71 avenue Klռber, Paris, le.., ակներեւ կը դարձնէ, որ ան հաւանաբար 1919 թուականին Փարիզի խորհրդաժողովին մասնակցելու առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան համար նախապէս տպագրուած պաշտօնական նամակաթուղթ մըն է, զոր օգտագործած է Ահարոնեան Ազգերու լիկայի արտակարգ համաժողովի նախագահին եւ անդամներուն իր բողոքը ներկայացնելու նպատակով:
Ստոյգ է նաեւ, որ 1932 թուականի յունիսին Աւետիս Ահարոնեան Ժընեւ գտնուած է` 11, Florissant հասցէին, ուր իջեւանելով La Rռsidence պանդոկը` յղած է իր խնդրոյ առարկայ նամակը: Հետազօտելով Ազգերու լիկայի այդ համաժողովին արձանագրութիւնները` կարելի չեղաւ հաստատել` արդեօք Աւետիս Ահարոնեան անձամբ ներկայ գտնուա՞ծ է որեւէ մէկ նիստին: Սակայն յստակ է մէկ փաստ, որ նշուած համաժողովին հայկական ոչ մէկ պատուիրակութիւն հրաւիրուած է:
Այսուհանդերձ, ուրիշ հետաքրքրական փաստ մը այս նամակին արժէքը առաւել եւս կը բարձրացնէ, քանի որ հասցէակիրը կամ սոյն ժողովի պատկան պաշտօնեաներէն մին նամակին վրայ իր ձեռագիրով արձանագրած է. «Cette question a été discutée à Genève» («Այս հարցը քննարկուած է Ժընեւի մէջ»): Ճիշդ է, որ համաձայն արխիւային մեր հետազօտութիւններուն, Ազգերու լիկայի այս արտակարգ համաժողովը իր օրակարգին վրայ Հայկական հարցի քննարկում նշած չէ, բայց եւ այնպէս սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները միջազգային մակարդակով միշտ ալ գործուն եղած են, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան եւ գաղթականներու օգնութեան հարցերով, որոնց պերճախօս վկայութիւններէն մին կը հանդիսանայ Աւետիս Ահարոնեանի առկայ նամակը:
Աւետիս Ահարոնեան Ազգերու լիկայի 13-րդ համագումարի արտակարգ նիստին յղած իր նամակը կը ստորագրէ իրեն վերապահելով արժանահաւատ հեղինակութիւն մը. «Le Président de la Délégation de la République Arménienne à la Conférence de la Paix et signataire du Traité de Sèvres» («Խաղաղութեան վեհաժողովին Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ եւ ստորագրող Սեւրի դաշնագիրի»):
Արդարեւ, ան իր նամակին կը հաղորդէ պատմական եւ քաղաքական հեղինակութիւն մը, որ նոյնիսկ կը գերազանցէ իր անձը: Այսինքն` ան ոչ միայն անհատական քաղաքական կեցուածքի մը վկայութիւնն է, այլ նաեւ կ՛արտայայտէ ամբողջ ժողովուրդի մը արդար իրաւունքներն ու յոյսերը: Այսպիսով Ա. Ահարոնեան ինքզինք կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ լուծուած երբեմնի հանրապետութեան մը ներկայացուցիչը, այլեւ որպէս միջազգային իրաւունքի մէջ ամրագրուած եւ երբեք չկատարուած խոստումներու վկայ: Այս ինքնադիրքորոշումը կրկնակի հայեցակարգ կ՛առաջադրէ. մէկ կողմէ Ահարոնեան կ՛ընդգծէ իր քաղաքական օրինականութիւնը, իսկ միւս կողմէ ան միջազգային հանրութեան կը յիշեցնէ Հայաստանի հանդէպ իր ունեցած բարոյական եւ իրաւական պարտաւորութիւնները, որոնք այս պահուն արդէն մեծաւ մասամբ մոռցուած էին: Աւելին` Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ազգերու լիկային անդամակցումով յանցագործը կ՛արդարանար, իսկ զոհը միանգամայն կ՛իրաւազրկուէր. արդարադատութեան շրջադարձ մը, որ ոչ միայն կը քողարկէ փաստացի անարդարութիւնը, այլ նաեւ կասկածելի կը դարձնէ միջազգային հանրութեան բարոյական կողմնացոյցը: Հետեւաբար, Աւետիս Ահարոնեանի առկայ ուղերձը միաժամանակ զօրեղ բողոք մըն է միջազգային կառոյցներուն եւ համաշխարհային հանրութեան լռութեան դէմ:
ե. Նամակը (5)
Հայկական Հանրապետութեան Պատուիրակութիւն 71, AVENUE KLÉBER, PARIS…
Ժընեւ, 28 յունիս 1932
La Résidence,
11, Florissant.
Նորին Գերազանցութեան` Ազգերու Լիկայի
Արտակարգ Ժողովի Նախագահին Եւ Ժողովի Անդամներուն
Այն ժամանակ, երբ ազգերը, որոնց պարտականութիւնն է արդարութեան միջոցով խաղաղութիւն պարգեւել ժողովուրդներուն, կը պատրաստուին հրաւիրել Թուրքիան անդամակցելու համար Ազգերու լիկային: Խաղաղութեան համաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ ստորագրած է Սեւրի դաշնագիրը եւ Ազգերու լիկային առջեւ բազմիցս պաշտպանած է Հայկական հարցը, պատիւն ունի Ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրելու հետեւեալին վրայ.
Պատերազմէն առաջ հայ ազգն ունէր 4.000.000 բնակչութիւն, որուն աւելի քան երկու միլիոնը կ՛ապրէր Թուրքիա` գլխաւորաբար հայկական վիլայեթներուն մէջ` իրենց նախնեաց պատմական հողերուն վրայ:
Թուրքերը, օգտուելով ընդհանուր պատերազմէն` իրականացնելու մեր ազգը ոչնչացնելու իրենց մինչ այդ անաւարտ մնացած ծրագիրը, շարք մը կոտորածներու եւ տեղահանութիւններու միջոցով այս թիւը կիսով չափ կրճատեցին:
Ուստի գրեթէ բոլոր վերապրողները` շուրջ մէկ միլիոն մարդ, վտարուեցան իրենց տուներէն եւ ցրուեցան արտասահմանի մէջ:
Թրքական կառավարութիւնը բռնագրաւեց բոլոր սեփական եւ ազգային ունեցուածքը (դպրոցներ, եկեղեցիներ, հաստատութիւններ): Ամէն ինչ բռնագրաւուեցաւ ամենակամայական աւարառութիւններով:
Իսկ այսօրուան հանրապետական Թուրքիան, հակառակ որոշ յայտարարութիւններու, պարզապէս կը շարունակէ նախորդ կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնը:
10 օգոստոս 1920 թուականին կնքուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, որուն 88-րդ յօդուածը հետեւեալն էր. «Թուրքիա կը յայտարարէ,- ինչպէս արդէն Դաշնակից տէրութիւններն ըրած են,- որ կը ճանչնայ Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն»:
Այս թեքստը յստակօրէն կը վերաբերի Սեւրի դաշնագիրով պայմանաւորուած բոլոր Դաշնակից տէրութիւններու կողմէ ճանաչումին:
1922 թուականի իրադարձութիւններէն ետք, Սեւրի դաշնագիրը փոխարինուեցաւ Լոզանի պայմանագիրով, ուր ո՛չ «Հայաստան» անուանումը, ո՛չ ալ «հայ» բառը որեւէ մէկ տեղ կը գտնուին: Սակայն Ազգերու լիկան չէր կրնար անտեսել հայերու ճակատագիրը: Հետեւաբար արդէն 1920 թուականի նոյեմբերին ան իր առաջին նիստին քննարկեց Հայաստանի անդամակցութեան հարցը:
(Այնուհանդերձ) ան ստիպուեցաւ հրաժարելու այդ առաջադրանքէն` գլխաւորաբար քեմալական բանակի յարձակումին պատճառով:
Սակայն Ազգերու լիկան 1921 թուականին միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ` Թուրքիոյ մէջ, թրքական տիրապետութենէն ամբողջապէս անկախ, հայկական ազգային օճախ ստեղծելու մասին:
Այս բանաձեւը ընդունուած եւ հաստատուած է Գլխաւոր խորհրդաժողովի իւրաքանչիւր նստաշրջանին մինչեւ 1924 թուականը, այսինքն` նոյնիսկ Լոզանի դաշնագիրի ստորագրութենէն ետք:
Ազգերու լիկան չունենալով Թուրքիոյ հանդէպ գործողութիւններու ձեռնարկելու որեւէ միջոց` ստիպուած էր տարիէ-տարի յետաձգել արդարադատութեան եւ փոխհատուցման իր ջանքերը:
Բայց այսօր, այն պահուն, երբ ան ձեռք կը մեկնէ Թուրքիոյ ու կը հրաւիրէ զայն անդամակցութեան, մի՞թէ Ազգերու լիկան պարտաւոր չի զգար օգտուելու այս բարենպաստ եւ եզակի հնարաւորութենէն` հայկական պահանջատիրութիւնը պնդելու իմաստով:
Հայ գաղթականները, որոնք հարիւր հազարներով հաւաքուած են իրենց հայրենիքին շուրջը գտնուող հսկայական տարածաշրջանին մէջ` Պարսկաստանէն մինչեւ Պալքաններ, անցնելով Իրաքով, Սուրիայով, Եգիպտոսով եւ Յունաստանով, չհաշուած անոնք, որոնց ճակատագիրը զիրենք աւելի հեռաւոր երկիրներ նետած է, երբեք չեն դադրած իրենց հայեացքը յառելու դէպի իրենց նախնեաց երկիրը, որ այժմ լիովին ամայացած ու լքուած է:
Ինչպէ՞ս պիտի կարենային ընդունիլ անոնք, որոնք մէկ կողմէ տէրութիւններէն եւ Ազգերու լիկայէն նկատի չեն առնուիր իրենց տրուած հանդիսաւոր պարտաւորութիւնները, մինչդեռ միւս կողմէ Թուրքիան` իրենց դժբախտութեան հեղինակը, կ՛անդամակցի Ազգերու լիկային` առանց իրենց նկատմամբ արդարութիւն իրականացնելու:
Վերջապէս, ներքոստորագրեալ պատուիրակութիւնը (6) պարտաւորուած է իր ամէնէն նշանակալի վերապահումները կատարելու Թուրքիոյ ներկայ սահմաններու վերջնական ամրագրման առնչութեամբ, քանի որ ազգը (7) չ՛ընդունիր զրկուիլ իր աշխարհիկ իրաւունքներէն, կամ իր պատմական ժառանգութենէն:
Հակառակ դառն հիասթափութիւններուն, հայ ժողովուրդը մեծ յոյս ունի, որ Ազգերու լիկան կը ձգտի կանխել հետագայ անարդարութիւնը, եւ ան կը ցանկայ, որ Թուրքիոյ` Ազգերու լիկա ընդունուելու օրը կը նշանաւորուի արդարութեան եւ փոխհատուցման նոր դարաշրջանի մը սկիզբով:
Ընդունեցէք, խնդրեմ, պարոն նախագահ եւ պարոնայք, մեր խորին յարգանաց հաւաստիքը:
Խաղաղութեան վեհաժողովին Հայկական Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ եւ Սեւրի դաշնագրի ստորագրող`
Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
(Շար. 3 եւ վերջ)
(5).- Տե՛ս Nationalarchiv CH-BAR#E2001C#1000-1535#1037#1
(6).- Խօսքը այն պատուիրակութեան մասին է, որ նամակին գլուխը կը ներկայանայ «Հայկական հանրապետութեան պատուիրակութիւն» անունով: Այս պատուիրակութիւնն է, որ կը ստորագրէ նամակը, նոյնինքն` Աւետիս Ահարոնեանը:
(7).- Նկատի ունի հայ ժողովուրդը: