Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գահիրէի մէջ 2025-ին լոյս տեսաւ Պերճ Թէրզեանի «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» գրքոյկը, բաղկացած` 44 էջերէ:
Հեղինակը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ սփիւռքի տարածքին գտնուող հայկական կրթական հաստատութիւններու դժուարութիւնները նոյնանման բնոյթ ունին` մատնանշելով, որ ամէն ոք տեղեակ է արեւմտահայերէնի անբաղձալի վիճակին մասին, սակայն ոեւէ համազգային նախաձեռնութիւն չ՛որդեգրուիր, եւ կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը վատթարանայ:
Թէրզեան կը շարունակէ նշելով, որ այսօր երբ կը խօսինք արեւմտահայերէնը փրկելու եւ բարելաւելու մասին, նկատի պէտք է ունենանք հայութեան արեւմտահայ թեւը, որուն աշակերտական տարիքի մէջ գտնուող զանգուածին չնչին մէկ տոկոսը կը յաճախէ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ:
Հեղինակը կը շեշտէ, որ մենք աշխատանք պէտք է տանինք հայկական ամէնօրեայ վարժարան յաճախող աշակերտներուն արեւմտահայերէնի ուսուցիչ ապահովելու համար:
Ըստ Թէրզեանի, հայերէնի դասաւանդութեան գործը պէտք է ծրագրուի` նկատի առնելով աշակերտութեան տարբեր շերտաւորումներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարբերութիւնները. ա) ամէնօրեայ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներ. բ) շաբաթօրեայ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներ եւ գ) օտար վարժարան յաճախող օտարախօս հայ աշակերտներ:
Այս գրքոյկով հեղինակը կը նշէ, որ շատ բան կ՛ակնկալուի արեւմտահայերէն դասաւանդելիք ուսուցիչէն, հետեւաբար անոր պատրաստութիւնը նման պաշտօնի մը, յատուկ խնամքի կը կարօտի:
Արեւմտահայերէնի մէջ մասնագիտացած ուսուցչական հիմնարկի մը բացակայութիւնը եւ դասագիրքերու խայտաբղէտ վիճակը կ՛արգելակեն բնականոն դասընթացքներ, դիտել կու տայ ան:
Հեղինակը կ՛եզրափակէ` յայտնելով, որ ինչպէս կը տեսնուի, արեւմտահայերէնի փրկութեան գործը շատ մեծ տարողութիւն ունի եւ անոր լուծումը մէկ կողմի աշխատանքով չի կրնար իրականանալ, եւ կարիքը կայ տրամադրելի բոլոր ուժերու մասնակցութեան:
Գրքոյկին վերջին քանի մը էջերը կ՛ընդգրկեն սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2010-ին կայացած համաժողովին առիթով հեղինակին «հայեցի դաստիարակութեան վիճակը Եգիպտոսում այսօր» զեկուցումը: