«Եթէ Քրիստափորը Դաշնակցութեան միտքն է,
Ռոստոմը` կամքը եւ ուժը,
Զաւարեանը Դաշնակցութեան խիղճն է»:
Դաշնակցութեան խիղճը… Այսպէս կոչուեցաւ Սիմոն Զաւարեանը ու ան յատկանշուեցաւ` որպէս գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի ու գլխագիր Մարդը: Ան երրորդութեան մէջ ամէնէն խստապահանջ յեղափոխականն ու կուսակցականը եղաւ:
Այս շունչով է, որ Պէյրութի մէջ 120 տարի առաջ Սիմոն Զաւարեան հիմը դրաւ ուսանողական միութեան մը, որ ոչ միայն եղաւ ուսանողական կառոյց, այլ նաեւ գաղափարական հնոց` լեցուն խիղճով, տեսլականով ու պայքարի շունչով եւ լոյսով, եւ այդ լոյսով է, որ ծնաւ ԶՈՄ-ը. Զաւարեան հաւատաց ուսանողութեան ուժին, անոնց ոգիին եւ հայ ուսանողին մէջ տեսաւ Դաշնակցութեան ապագայի վառ ճրագը: Այսպէս է, որ հիմնուեցաւ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը:
Բայց այդ միութիւնը պարզապէս ուսանողական ակումբ մը չէր: Զաւարեանը այդ կառոյցին մէջ դրած էր իր հոգեւոր եւ գաղափարական ամբողջ տեսլականը: Ինք յստակօրէն կը գրէր. «Դաշնակցութեան ուժը անհատներու չէ կապուած, ան շունչ մըն է, որ պէտք է տեղաւորուի եւ ամրանայ իւրաքանչիւր ընկերոջ սրտին ու հոգիին մէջ»: Այդ շունչով է, որ ԶՈՄ-ը շարունակեց գործել:
Այսօր` 120 տարիներ ետք, ԶՈՄ-ը անգամ մը եւս կը կանգնի ժամանակի քննութեան առջեւ` իբրեւ գաղափարով ապրած, պայքարով սնուած միութիւն մը, որ ինքզինք կը վերանորոգէ իր հիմնադիրին շունչով:
Պատմութեան մէջ հազուագիւտ են այն կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները, որոնք ունին երկար տարիներու ժառանգ եւ աշխատանք, ինչպէս որ է Դաշնակցութեան պարագան: Հազուագիւտ են նաեւ 120 տարուան պատմութիւն ունեցող ուսանողական միութիւններ, որոնք, հակառակ ժամանակի բոլոր դժուարութիւններուն, տակաւին կը գոյատեւեն եւ կ՛աշխատին` ներշնչուելով իրենց հիմնադիրի գաղափարներով:
Զաւարեան ուսանողական միութեան համար անմար ջահ մըն է նախ այս 120 տարիներու ժառանգը, հիմնադիրին կտակը` «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»-ն եւ հիմնադիրի տիպարը` իբրեւ լուռ գործիչ զինուոր: Զինուոր մը, որ խօսքը չէր շռայլեր, այլ գործով կը քարոզէր: Զինուոր մը, որուն խօսքը իր զոհաբերութեան շարունակութիւնն էր, որուն բարոյական կեցուածքը Դաշնակցութեան խիղճը դարձաւ: Ան էր այն մարդը, որ ըսաւ` «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», եւ այդ մէկ նախադասութիւնը կերտեց միութեան ճանապարհը, այդ գործին ընդմէջէն ալ զաւարեանական սերունդներ 120 տարիներու ընթացքին դաստիարակուեցան ու գործեցին:
Մէկ դար ու երկու տասնամեակ… Տարիներ, որոնք կշիռ ունին, ժամանակի բեռ ունին, փորձառութիւն ու տառապանք ունին: Բայց ունի նաեւ լուսաւոր կռուի ժառանգութիւն: ԶՈՄ-ը ականատես եղաւ Ա. եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմներու, Ցեղասպանութեան արհաւիրքին, Լիբանանի քաղաքացիական տագնապին, Հայաստանի վերանկախացման խմորումներուն, Արցախի զարթօնքին ու անկումին: Այդ բոլորը իր ուսերուն վրայ ուսանողական խիզախ ոգիով կրեց եւ ապրեցաւ:
Ան եղաւ ուսանողական կուռ կառոյց, սակայն միայն ուսանողական չմնաց, այլ եղաւ նաեւ քաղաքական դպրոց եւ գաղափարական դարբնոց:
ԶՈՄ-ը եղած է եւ պէտք է շարունակէ մնալ անցեալի դաշնակցական ժառանգին պատուանդանը եւ միաժամանակ ապագայի ճանապարհը լուսաւորող ջահը, որովհետեւ ան իր պատմութեան ժառանգորդը չէ միայն, այլ` իր հիմնադիրին մարմնաւորած դաշնակցական խիղճին, որ եթէ մնայ պատմութեան մէջ, պիտի դառնայ արձան, եւ երբ ապրի իր ներկայով եւ ապագայով, պիտի դառնայ յարատեւ պայքար:
Ասկէ մեկնած` ի՞նչ կը նշանակէ ԶՈՄ-ական ըլլալ, եթէ ոչ` գաղափարի խօսքը վառ պահող դաշնակցական ուսանողը, որ կը վերածուի գործի մարտիկի, որ երբ ճակատագիրը կը խամրի, ան կը վերածուի փարոսի եւ առաջնորդողի:
Զաւարեան ուսանողական միութիւնը 120 տարի սերունդները առաջնորդած է ոչ հռետորաբանութեամբ, այլ` գործի նուիրումով: «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» ըսած է Զաւարեան: Այդ տեսլականով է, որ ԶՈՄ-ականը կը շարունակէ գործել` իբրեւ հաւատաւոր կուսակցական, գործիչ, մարտիկ եւ կանգնած պատնէշի վրայ, ուր որ ալ կարիքը զգացուած է, որովհետեւ միշտ առաջնորդուած է Զաւարեանի խիղճով եւ սկզբունքներով:
ԶՈՄ-ը նման յոբելենական հանդիսութիւններով առիթը չէ օգտագործած յիշատակելու իր յաղթանակները եւ իրագործումները, այլ անոր համար եղած են ուխտը վերանորոգելու, իր առաքելութեան եւ կամքը` կարենալ շարունակելու Զաւարեանի հոգեւոր ժառանգութեան ամրապնդման առիթ:
Այսօր մեր ազգի ոչ փայլուն պատմութեան այս փուլին, երբ հայրենիքը անյայտ ապագայի առջեւ է, երբ հայրենի ժողովուրդը կը մնայ անտարբեր, երբ հայրենի երիտասարդութիւնը կը ձգէ իր հողը, ԶՈՄ-ը պէտք է ըլլայ բեւեռ մը: Բեւեռ մը, որ կը ներգրաւէ հաւատացեալ ուսանողութիւնը, որ պիտի շարունակէ լուռ պայքարը, դարձնելու հայ ուսանողութիւնը գաղափարական շարժումի յառաջամարտիկի:
Այսօր, երբ կը հանդիպինք թշնամիի արհաւիրքին, միջազգային անարդարութեան եւ հայրենիքի հանդէպ սպառնալիքներու նոր ալիքներուն, ԶՈՄ-ի պատգամը կ՛ըլլայ հրամայական` շարունակելու ըլլալ գաղափարական հնոց. Ո՛չ միայն մտածողութեան, այլ` գործի: Ո՛չ միայն քննադատութեան, այլ` ստեղծագործութեան: Ո՛չ միայն մասնակցութեան, այլ` առաջնորդութեան:
ԶՈՄ-ը այսօր մեր երիտասարդութեան մղիչ ուժն է, ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլ նաեւ` ողջ հայութեան համար: Այնտեղ, ուր կազմակերպական թերութիւններ կան, ԶՈՄ-ը պէտք է ցուցաբերէ կարգապահութիւն եւ խստապահանջութիւն: Այնտեղ, ուր գաղափարական խամրածութիւն կայ, ԶՈՄ-ը առկայծ ճրագ պէտք է ըլլայ: Այնտեղ, ուր ժողովուրդը կասկածի տակ կը դնէ իր ընթացքը, ԶՈՄ-ը կը հանդիսանայ խիղճ եւ ուղեցոյց: ԶՈՄ-ական երիտասարդութիւնը իր գիտակցութեամբ եւ ուսումով կրնայ յառաջացնել գաղափարական թարմութիւն, որ անհրաժեշտ է որեւէ կուսակցութեան մը գոյատեւման համար:
ԶՈՄ-ը դէմ յանդիման կը գտնուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ գաղափարները, որոնք ժամանակին սպառնալիք կը համարուէին, այսօր կը վերածուին ուժի աղբիւրի:
Հասած ենք հանգրուանի մը, ուր ուսանողութիւնը պէտք է դարձեալ վերածուի ուղեցոյցի եւ երիտասարդութիւն առաջնորդողի:
Ա՛յս է, որ կը պահանջուի միութենէն` կերտելու համար ոչ միայն Զաւարեանի անունը, այլ նաեւ` անոր շունչն ու ոգին:
Պիտի գայ օրը, երբ այս սրահին մէջ պիտի նստին յաջորդող սերունդները եւ հարց պիտի տան թէ դուք` 120-ամեակ նշող սերունդ, ի՞նչ ըրիք, որ Զաւարեանը չմնայ գիրքերու մէջ, կամ նկար մը` պատին վրայ, ի՞նչ ձգեցիք իրենց` իբրեւ ժառանգի ձեր բաժինը:
Եկէ՛ք, չձգենք Զաւարեանը գիրքի մէջ: Եկէ՛ք, չփակցնենք խիղճը պատի վրայի նկարին մէջ: Եկէ՛ք, ապրինք մեր պատկանելիութիւնը: Եկէ՛ք, կերտենք նոր ԶՈՄ մը` մեր դարուն խօսքով, բայց` մեր արմատներուն ճշգրտութեամբ:
Նման պահուն գործն է, որ այս անգամ կը դառնայ խօսք, նման պահու խիղճն է, որ կը դառնայ ժառանգութիւն, եւ ձեր գործն է, որ պիտի վկայէ ձեր զաւարեանական խիղճին ժառանգը պահելու եւ ԶՈՄ-ական ըլլալու էութեան հաստատումը:
Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակը թող չըլլայ միայն յիշատակ, այլ` մեկնակէտ: Մեկնակէտ` նոր մտածողութեան, նոր նախաձեռնութիւններու, նոր ուսանողութեան մը, որ կը կրէ իր ժողովուրդին խիղճը ի՛ր ուսերուն վրայ, ինչպէս Զաւարեանն էր:
Եկէ՛ք, ուխտենք այսօր` ապրելու ձեր անունին արժանավայել կերպով: Եկէ՛ք դարձէք Զաւարեաններ ոչ թէ անունով, այլ` նկարագիրով: Եկէք, շարունակէք աշխատիլ ու պայքարիլ` ի պատիւ Զաւարեանի խիղճին:
Կեցցէ՛ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը:
Կեցցէ՛ դաշնակցական սերունդի նուիրեալ գործը:
Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
* ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը` արտասանուած ԶՈՄ-ի 120-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, 25 մայիս 2025-ին: