Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծննդեան 110-Ամեակ Եդուարդ Պօյաճեանի (ԼԷ.) «Մենք Տակաւին Մուսալեռցի Ենք, Երբ Ձուլուինք, Նոր Հայ Պիտի Ըլլանք…»

Յունիս 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող,

Այն, ինչ որ այսօր վերամշակուած ձեւով թուղթին կը յանձնեմ, երկար տարիներ  ոեւէ մէկուն չէի պատմած, որովհետեւ եղածը պատանիներու յատուկ, շատ անձնական «որոշում» մըն էր… Սակայն նկատի առած մեր ազգի ու առհասարակ մարդկութեան ոգեղէն արժէքներու հետեւողական նսեմացումը, անոր անտեսումն ու նոյնիսկ կորուստը, չեմ վարանիր անգամ մը եւս հրապարակելու` ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ իմ սերունդս ջրդեղուած էր ազգային ու մարդկային ոգեղէն արժէքներով ու հետամուտ էր զայն պահելու եւ պաշտպանելու… ամէն գնով :

Անձնապէս կը ճանչնայի Եդուարդ Պօյաճեանը, նախ իբրեւ գրող եւ ապա իբրեւ հօրս` Որսորդ Սդդանին ընկերը: Անոնք նոյն տարին` 1915-ին, ծնած էին Մուսա Լերան նոյն գիւղը ու մկրտուելէ ետք իրենց ծննդավայրի` Խտըրպէկի նոյն եկեղեցւոյ մէջ, տակաւին նորածին` միասին բարձրացած էին լեռ ու անցած` արտագաղթի նոյն ճանապարհներէն, ի վերջոյ հանգրուանելու համար Այնճար:

Իր հայրը «Պույաճէն»` (Մարտիրոս Պոյաճեանը) գիւղի երեւելի ղեկավարներէն էր, յարգուած ու մեծարուած անձնաւորութիւն մը, որուն կարծիքը կշիռ ունէր հանրութեան մօտ: Երեխաները` Հրայրն ու Սիլվան մանկապատանեկան ընկերներս էին: Իսկ կինը` Արաքսին, յաճախ առիթ կ՛ունենար այցելելու մօրս, որովհետեւ իր քոյրը` տոքթ. Ալթունեանին կողակիցը` տիկին Շուշանը, մեր հարեւանուհին էր: Սակայն այս բոլորին մէջ կարեւորագոյնը այն էր, որ Պօյաճեան, երբ քաղաքէն գիւղ գար, պարբերաբար կ՛այցելէր նաեւ հօրս: Ես երբեմն հաճոյքով ներկայ կ՛ըլլայի անոնց  զրոյցներուն, որոնք աւելի անցեալին կը պատկանէին, քան` ներկային:

Ձախէն երկրորդը` Եդ. Պօյաճեան, Յակոբ Օշականի եւ այլ արեւմտահայ գրողներու հետ

Հակառակ անոր որ այն օրերուն, երբ տակաւին Պօյաճեանը չէր գնահատուած ու մեծարուած իբրեւ կայացած գրող, հայրս շատ մեծ կարծիք ու յարգանք կը տածէր անոր հանդէպ, ու… չէր սխալած:

Հայրենի հողի կարօտէն տաղուած ու ծննդավայրի յիշատակներով ջրդեղուած այս տաղանդաշատ լեռնցին հաճոյքով կը լսէր հօրս պատմածները, որոնք մեծաւ մասամբ  դրսեւորումներն էին անցեալի մէջ անթեղուած ոգեղէն արձագանգներու: Պօյաճեանը, այլոց շարքին, գրեց ու կերտեց` նաեւ հօրս կերպարը, իբրեւ «Այնճարի մէկ տղան»` Սեդրակը, որուն համար հպարտ էր հայրս: Իր հօրը` Մովսէսին անժամանակ մահուան իբրեւ հետեւանք, հայրս բնաւ դպրոց չէր տեսած, գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց երբեմն կարդալ կու տար մեզի հատուածներ Պօյաճեանի գիրքերէն, ինչպէս` «Հողը», «Թուղթ զաւակներուս», «Տոմար տարագրի», «Պայքարողներ, պայքարողներ դուք գազազած» եւ այլն…

Մանկավարժ եւ հրապարակախօս Տիգրան Ճինպաշեան, գրող եւ լրագրող Արտաշէս Շահպազեան, հրապարակախօս եւ քանդակագործ Յակոբ Ճանպազեան, Եդուարդ Պօյաճեանի անուան դպրոցի տնօրէնուհին եւ հիւր մը:

Այն ատեն «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ ունէինք  յատուկ ընթեցարան, ուր յաճախելն ու ընթերցասիրութիւնը մեր առօրեային մաս կը կազմէր: Մենք` Այնճարի պատանիներս, հայ գիւղագիրներէն (Համաստեղ, Բակունց, Օշական…) ամէնէն շատ կը սիրէինք կարդալ Պօյաճեանը` իբրեւ մեր հայրենակիցը, որուն համար մենք եւս հպարտ էինք… Իր վաղաժամ մահէն ետք ան աւելի մեծցաւ մեր աչքին, եւ աւելի սկսանք հասկնալ ու ըմբռնել իր գրականութիւնը, այնքան, որ երբ կը կարդայի «Թուղթ զաւակներուս»-ը, կը կարծէի, թէ հայրս յատուկ ինծի համար գրած է զայն: Իսկ իր բանաստեղծութիւններէն որոշ թիւ մը, յատկապէս` «Գինով Ալեքսանը», անգիր սորված էինք ու կ՛արտասանէինք մեր հաւաքոյթներուն եւ կամ խնճոյքներուն ընթացքին: Ահա թէ ինչո՛ւ  պատահական չէր, որ հայրենիք մեկնելէս առաջ որոշեցի այցի երթալ իր դամբարանը:

1971, Սեպտեմբեր, Այնճար:

Եդ. Պօյաճեանի դամբարանը Այնճարի մէջ

Ամէն ինչ որոշուած էր ու իմ մեկնումս` մօտեցած: Պարոյր Սեւակի մահուան «խորհրդաւոր» գոյժը ոչ միայն ցաւ ու տագնապ յարուցած էր գիւղի մէջ, այլ նաեւ բնազդաբար կ՛աւելցնէր ծննդավայրէս բաժնուելու հոգեկան տուայտանքներս: Ներքնապէս  հանգիստ չէի… Պէտք ունէի արտայայտուելու ու ամրապնդելու կուսակցական երդումս, որ տեղի ունեցաւ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբի ամենափոքր սենեակին մէջ, Կարօ Սասունիի կնքահայրութեամբ ու ներկայութեամբ` միայն երկու պատասխանատու ընկերներու` Խաչիկ Պագալեանի եւ կրտսեր Սարգիս Յ. Զէյթլեանի…

Իմ հաւատացեալ ու հայրենասէր ընթերցող,

Այդ օրերուն մեր սերունդի խումբ մը տղաք, որոնք գիւղի «չարերը» կը համարուէինք, կ՛ատէին եկեղեցին ու յատկապէս տէր Նարեկը, որ հայրենասիրութիւնը կը շփոթէր կրօնամոլութեան հետ, տգիտութիւնը` խորամանկութեան, իսկ տնօրէնութեան պաշտօնը` բռնատիրութեան: Ուղղակի ինքնահաւան բռնակալ մըն էր ան, որ անընդհատ, ամէն օր մեզի աղօթել կու տար, որմէ ուղղակի զզուած էինք… Իր մանկավարժական սխալ վարուելակերպին պատճառով, ընկերներէս շատեր ժամանակէն առաջ դպրոցը լքեցին: Գտած էինք իր թոյլ կողմը. շատ կը զայրանար, երբ իրմէ խնդրէինք, որ աղօթքները (որոնք գրաբար էին) թարգմանէ ու բացատրէ մեզի… Իր տգիտութիւնը քողարկելու համար անգթօրէն կը ծեծէր մեզ` նոյնի՛սկ մարմնական վնասներ պատճառելով աշակերտներուն: Փոլ Հերկելեանն ու Ռոստոմ Հապեշեանը իր ծայրայեղ վայրագութեան իբրեւ հետեւանք կաղ մնացին, մինչեւ հիմա ալ երկուքն ալ ատկէ կը տառապին: Այս պատճառով մենք աւելի ակումբներուն կապուած էինք, քան` դպրոցին ու եկեղեցւոյ: Թէեւ ժամանակի ընթացքին  սկսանք հետաքրքրուիլ նաեւ «հիփփիական» եւ ընկերային ազատախոհական այլ շարժումներով, սակայն միաժամանակ տոգորուեցանք համամարդկային ու ազգային գաղափարներով, որոնցմով պայմանաւորուած էին նաեւ մեր ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնն ու կուսակցութեան հանդէպ մեր ունեցած հաւատարմութիւնը: Կէս լուրջ կէս կատակով «եապանճի»-ներուն (պէյրութահայերուն) կ՛ըսէինք. «Մենք տակաւին մուսալեռցի ենք, երբ ձուլուինք, նոր հայ պիտի ըլլանք»: Այդպէս դաստիարակուած էինք…

Տիրող այս մթնոլորտին մէջ ներքին ձայն մը անընդհատ կը յուշէր ինծի, եկեղեցւոյ փոխարէն` պէտք է, որ երթամ Պօյաճեանի գերեզմանը, աղօթեմ, աւելի ճիշդը` զրուցեմ հետը ու խօսք տամ, որ ես կը մնամ այն, ինչ որ եմ ու լիուլի կը կատարեմ իմ ազգային պարտաւորութիւններս հայրենիքիս մէջ… Պատճառը այս ընտրութեան անոր Գլխագիր Մարդու ու ջինջ հայրենասէրի կերպարն էր, որ տարերայնօրէն կազմաւորուած էր մէջս…

Յաջորդ օրը ծնողներս քաղաք` Զահլէ պիտի մեկնէին… Առիթէն օգտուելով` որոշեցի առանձինս որսի երթալ: Արեւածագէն առաջ արթնցայ, որսորդական յարմարանքներու հետ առի նաեւ սկաուտական դաշոյնս ու երբ հօրս բարձին տակէն գաղտնաբար  ատրճանակը պիտի վերցնէի, ան աչքերը բացաւ ու ըսաւ. «Որսորդը դաշոյնի պէտք ունի, ոչ թէ ատրճանակի… տե՛ղը դիր»: Ես ցոյց տուի, որ կը համակերպիմ, սակայն երբ ան անկողնէն իջաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի բաղնիք,  ատրճանակը առի ու դուրս ելայ…  Օդը մեղմ էր, ու թեթեւ զեփիւռ մը կը մաղուէր շուրջս: Կը քալէի առանձին, մտամոլոր… կ՛աճապարէի ու չեմ գիտեր` ինչո՛ւ կ՛ուզէի հասնիլ արեւածագէն առաջ… Հոն եմ արդէն, քրտնախաշ մօտեցայ Պօյաճեանի դամբանին: Աւետարանի փոխարէն` պայուսակէս հանեցի «Թուղթ զաւակներուս» հատորը եւ դաշոյնի ու ատրճանակի կողքին դրի շիրմաքարին, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս դրուած էին երդման արարողութեան ատեն… Փոխանակ աղօթելու, երդում ընելու եւ կամ զրուցելու Պօյաճեանի հետ` բնազդաբար սկսայ արտասանել անոր «Գինով Ալեքսան» բանաստեղծութիւնը … բարձրաձայն… Երբ հասայ հոն, ուր կ՛ըսուի.

«Ինկած է ափին սրտագոյն ջուրին՛
Եւ կ՛ուղղէ խօսքեր զինք այրող հուրին,
Ու կ՛ըսէ՜… կ՛ըսէ.
Խմել այս Ջուրը,
Մեծ ճշմարտութեան մեծագոյն հուրը,

……………………………………………………..

Խմել այս Ջուրը,

Ու կեանքին դիմաց միշտ քաշել Սուրը, Ուղղելու ծուռը….»:

Գծանկարը` Յակոբ Ճանպազեանի
Եդ. Պօյաճեանի կիսանդրին, գործ` Յակոբ Ճանպազեանի

Ու տարերայնօրէն Մուսա լերան առասպելական սօսիի խոռոչներէն Պօյաճեանի ձայնը (ոգեղինացած արձագանգի նման) սկսաւ հնչել ականջիս… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒ՜ՌԸ… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…

Լռեցի…. Անդրադարձայ, որ Պօյաճեան իր գրականութեամբ թուրը քաշած` կեանքին դիմաց կը պայքարի… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ:

Ես հասկցայ, որ հայրենիք կ՛երթայի պարզապէս ԾՈՒՌԸ ՈՒՂՂԵԼՈՒ…

Արեւու առաջին ճառագայթները սկսան «համբուրել» Պօյաճեանի նուիրագործուած դամբանաքարը: Մինչ շուարած` կը յամենայի անոր շիրիմին դիմաց…ու կը մտածէի ծունկի գալ ու աւարտել բանաստեղծութիւնը աղօթքի մը հանգոյն, յանկարծ հօրս հաւատարիմ շունը` Ժոլին դիմացս տնկուեցաւ ու պոչը շարժելով` սկսաւ վրաս հաջել: Հասկցայ… ըսել կ՛ուզէր «Ի՞նչ կ՛ընես հոս… առանձին…»:

Ետ դարձայ… իմ ընթերցասէր ընկեր, հայրս էր… գերեզմանոցի դրան առջեւ, հրացանը ուսին… կազմ ու պատրաստ… կը սպասէր… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…

Խանգարուեցայ… Հակառակ անոր որ հնարաւոր չէր ծունկի գալ ու բանաստեղծութիւնը աւարտել, այնուամենայնիւ, վերջաբանը կրկնեցի միտքէս: Յետոյ,  որովհետեւ Ժոլին էր, որ իր շան բնազդով հօրս առաջնորդած էր մինչեւ գերեզմանատուն, յանդիմանական հայեացք մը նետեցի անոր վրայ,  որ կը շարունակէր պոչը շարժել ու հաջել վրաս: Իսկ ես յանցանքի վրայ բռնուած աշակերտի նման, գլուխս կախ, դիմեցի դէպի հայրս…

Իմ գիտակից ու համբերատար ընթերցող,

Այսօր աւելի լաւ կը հասկնամ ու կ՛ըմբռնեմ սոյն բանաստեղծութեան վերջին  տողերը.

Տարագրութեան գոյժն էր հասեր.

Յաջորդ գիշեր`
Փիլիսոփայ մարդն ու օղին,
Դրին ծոցը Հայրենական մաքուր հողին:
Սօսին Հայուն, հսկա՜յ, անգին,
Լացաւ Լաց մը, հի՜ն, շատ հին…

Հայրենական մաքուր հողն ու Խտըրպէկի սօսին հոն են տակաւին… ու կը սպասեն… ՈՒՂՂԵԼՈՒ ԾՈՒՌԸ…

…………………………………………………………………………………………………………………………………..

Իմ ընթերցասէ՛ր ընկեր,

Թէեւ հոս կ՛աւարտի իմ յուշագրութիւնը: Սակայն չեմ կրնար չնշել, որ այդպէս դաստիարակուած էր մեր սերունդը, շնորհիւ նաեւ` հայ ազգային-յեղափոխական գրականութեան, որուն մէջ (յատկապէս մեր` մուսալեռցիներուս համար) իր կարեւոր դերն ու նշանակութիւնը ունէր Պօյաճեանի «Թուղթ զաւակներուս»-ը:

Գաղտնիք մը չէ, որ հետագային մեր սերունդը ապացուցեց, որ տէրն է ազգային ու համամարդկային ոգեղէն արժէքներու գնահատման ու պաշտպանութեան…

Իսկ այս օրերո՞ւն…

Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակէ տեղի ունենալ յատկապէս հայրենիքի մէջ… բացայայտ է ու մեկին: Իբրեւ ականատես` կրնանք վկայել, թէ ինչպէ՛ս մեր ազգային ու յատկապէս համամարդկային ոգեղէն արժէքները, դաժանօրէն կը շարունակուին ոտնահարուիլ ու բռնաբարուիլ…` մարդկային «քմահաճ խղճի» ու համամարդկային «բարեհաճ խնամքի» ներքոյ…

Բոլոր պարագաներուն, սակայն, ոգեղէն արժէքները համամարդկային ու ազգային գետնի վրայ գնահատողներ ու անոնց համար պայքարողներ միշտ եղած են ողջ պատմութեան ընթացքին, այսօր ալ քիչ չեն անոնք… յատկապէս` երիտասարդներու մօտ: Վկայ` մօտիկ անցեալի դէպքերն ու բազմահազար նահատակները…

Իսկ Պօյաճեանը ոեւէ մէկը չէր: Բացի իր լեռնցիի առհաւական պինդ նկարագիրէն` ան կրթութիւն ստացած ու կազմաւորուած էր նաեւ Պէյրութի Նշան  Փալանճեան ճեմարանէն ներս… Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի նման ականաւոր դէմքերու շունչին տակ: Ինչպէս շատերու, Եդ. Պօյաճեանին անունը եւս «թապու» էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ, սակայն անկախացումէն ետք սկսաւ գնահատուիլ ու մեծարուիլ նաեւ հայրենիքի մէջ: Իր անունով մկրտուեցաւ Երեւանի  միջնակարգ դպրոցներէն մէկը, որուն մուտքին նախանցեալ տարի զետեղուեցաւ նաեւ իր կիսանդրին (գործ` Յակոբ Ճանպազեանի): Ու թէեւ իր քանի մը անտիպ գիրքերը իր մահէն  ետք հրատարակուեցան ըլլայ սփիւռքի թէ Երեւանի մէջ, սակայն  տակաւին ան իր արժանաւոր պատուանդանը չէ գտած հայ գրականութեան ոսկէ ֆոնտէն ներս:

Տրուած ըլլալով, որ այս տարի իր ծննդեան հարիւր տասնամեակն է եւ տրուած ըլլալով, որ ան արդարօրէն կը դասուի հայ մեծագոյն գիւղագիրներու` Համաստեղի, Բակունցի, Մնձուրիի եւ այլոց շարքին, լաւ պիտի ըլլար յատուկ ձեռնարկներով (ըլլայ հայրենիքի թէ սփիւռքի ողջ տարածքին), վեր հանել ու գնահատել անոր գրական  վաստակը, յատկապէս` յետմահու հրատարակուած իր գիրքերու լոյսին տակ:

 Մոնրէալ, 2025, մարտ        

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Յունիս 2025)

Յաջորդը

ԶՈՄ-ի 120-Ամեակը Մեկնակէտ Թող Ըլլայ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?