Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 5, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Ֆրեզնոյի Յուշարձանին Պաշտօնական Բացումը

18 մայիսին «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ, «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներէն Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին կից գտնուող հողամասին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած` Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած Ֆրեզնոյի յուշարձանին պաշտօնական բացումը:

1915-ի հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքը տեղի ունեցած էր մօտաւորապէս երկու տարի առաջ: Անիկա կրկնօրինակն է 1932-ին Մուսա Լերան վրայ կանգնեցուած յուշակոթողին:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ յուշարձանին օծումը:

Հոծ բազմութեան մը ներկայութեան խօսքեր արտասանեցին` միութեան ատենապետ Նշան Տէր Գալուստեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Լեւոն Ֆիլեան, Վարուժան Տէր Սիմոնեան, Յակոբ Ճամպազեան եւ Արա Քարազեան:

Այնուհետեւ «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը` Մուսա Լերան տոհմիկ ուտելիքներով:

Հայաստանի Հանրապետութեան 107-Ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւն

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղի գեղարուեստական բաժանմունքի, ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, ՀՅԴ պատանեկան «Կայծակ» մասնաճիւղին եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղին, 28 մայիսին Պրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 107-րդ տարեդարձին:

Երեկոն սկսաւ դրօշակի հանդիսաւոր արարողութեամբ, սկաուտական շքերթով եւ քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որոնց յաջորդեց Էլմա Իսախանեանի բացման խօսքը:

Օրուան բանախօս, ազգային գործիչ Միգանուշ Մելքոնեան-Աճեմեան ներկայացուց մայիս 28-ի խորհուրդը` զուգահեռներ գծելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծանր օրերուն եւ ներկայի ճգնաժամային իրավիճակին միջեւ, շեշտելով, որ թէեւ մեր օրերը որոշ նմանութիւններ ունին 107 տարի առաջուան բարդ իրավիճակներունն, սակայն մենք պարտաւոր ենք շարունակել ապրիլ յոյսով ու հաւատքով, որովհետեւ յուսահատութիւնը մեր թշնամիներու ցանկութիւնն է, իսկ մենք կառչելով մեր յոյսին ու հաւատքին պիտի իրականացնենք մեր համազգային երազանքը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ 1918-ի մայիս 28-ին հայ ժողովուրդը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ կրցաւ վճռել իր անկախութեան եւ ստրկութեան միջեւ, իր արժանապատիւ ապրելուն ու ենթարկուելուն միջեւ, մէկ խօսքով` իբրեւ ազգ իր կենսագործելուն կամ միանգամընդմիշտ այլոց լուծին տակ ծուարելուն եւ իր գոյութեանը գարշ տալուն միջեւ, աւելցնելով, որ 1918-ին մեզի արտօնուած չէր յաղթել թուրքին, բայց մենք  յաղթեցինք: Արտօնուած չէր հայապատկան ինքնանկախ ու ազատագրուած հողեր ունենալ, բայց ունեցանք: Արտօնուած չէր մեր երեք հազարամեայ բնօրրանի մէկ մասը անուանել ազատ ու անկախ Հայաստան, բայց յայտարարեցինք: Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ հայու աննկու՛ն կամքն էր, որ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ղեկավարներով տրամադրեց քաղաքական ու զինուորական առաջնորդութիւն, կերտեց յաղթանակներ` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի մէջ, ու ետ մղեց ցեղասպան և արիւնարբու թուրքը, հաստատելով, որ առաջնորդութիւնը հիմնական գրաւականն է տուեալ հարցի յաջողութեան եւ այդ առաջնորդութեան պակասն է որ մերօրեայ Հայաստանը` մեր պատմական հայրենիքին մէկ մասը, վերջին 7 տարիներուն յատուկ կերպով թիրախաւորուած է, ու անոր ընթացքը ենթակայ է հսկայական վերիվայրումներու:

Եզրափակելով իր խօսքը` Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ իբրեւ մայիս 28 կերտած կուսակցութիւն, իբրեւ այդ օրուան ժառանգորդներ, մենք մեր առջեւ դրած ենք` մեր անկախ պետականութեան հզօրացման օրակարգ, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնումի եւ անվտանգութեան ապահովման հարց, Արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու հրամայական:

Ռուսիա

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ձեռամբ Օծուեցաւ Մինսքի Նորակառոյց Եկեղեցին

17 մայիսին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի հրաւէրով մեկնեցաւ Մինսք` տեղւոյն նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ օծման առիթով:

Կաթողիկոսը, ընկերակցութեամբ պետական ու թեմական անձնաւորութիւններու, այցելեց Մինսքի Յաղթանակի հրապարակ, ուր յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք աղօթեց Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու հոգիներուն հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար:

18 մայիսին, Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի ընկերակցութեամբ, վեհափառը այցելեց նորակառոյց եկեղեցի, ուր կատարեց Պիելոռուսիոյ մէջ կառուցուած առաջին հայկական եկեղեցւոյ օծումը:

Արարողութեան  աւարտին վեհափառ հայրապետը նորակառոյց եկեղեցին կոչեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին անունով:

Իր քարոզին մէջ կաթողիկոսը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ` Պիելոռուսիոյ մէջ առաջին հայկական եկեղեցւոյ օծման առիթով իր սէրն ու շնորհաւորութիւնները յայտնեց ներկաներուն`  գնահատելով Պիելոռուսիոյ իշխանութիւնները, որոնց շնորհիւ հնարաւոր դարձավ եկեղեցւոյ կառուցումը, որ նոր աշխուժութիւն պիտի պարգեւէ համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքին:

Աւարտին կաթողիկոսը նորաօծ տաճարին նուիրեց Խաչելութեան պատկերով սրբանկար մը, եկեղեցւոյ բարերարներ Գրանց Մարենին եւ Վադիմ Աւանէսեանին շնորհեց Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանները, իսկ Եզրաս արք. Ներսիսեանին նուիրեց պանակէ մը:

Այնուհետեւ մատուցուեցաւ սուրբ  պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Ֆրանսա

Մարսէյի 10-րդ Թաղամասին Դպրոցը Կոչուեցաւ «Միսաք Եւ Մելինէ Մանուշեան»

17 մայիսին Մարսէյի 10-րդ թաղամասին դպրոցը  կոչուեցաւ «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»:

Մարսէյցիներուն եւ յատկապէս տեղւոյն հայ համայնքին համար խորհրդանշական է երեւոյթը` Ֆրանսայի համար իրենց կեանքը զոհած մարտիկներուն յիշատակը վառ պահելու եւ պատմութիւնը չմոռնալու առումով:

Այս կապակցութեամբ «Միսաք Մանուշեան շարժում»-ը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Մարսէյի քաղաքապետութեան, որ կը պատուէ Դիմադրութեան այս երկու մեծ դէմքերուն յիշատակը եւ այսպիսով կը տարածէ անոնց արժէքները կրթութեան այս բարձր հաստատութեան մէջ, աւելցնելով, որ ասիկա իրենց շարժումին նպատակներէն մէկն է:

Քանատա

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Ընդլայնումի Հիմնարկէքի Եւ Օրհնութեան Արարողութիւն

24 մայիսին Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի ընդարձակման հիմնարկէքի օրհնութեան արարողութիւն:

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ Հայ կեդրոնի անդամներէն հանդիսավար Վարդի Մութաֆեան ըսաւ, որ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը իր հիմնադրութենէն` 1968-էն ի վեր եղած է հիմնաքարը հայ ազգի զաւակներուն եւ մեծ ներդրում ունեցած է անոնց կրթութեան, մշակոյթի պահպանումին եւ զարգացումին մէջ, աւելցնելով, որ թորոնթոհայ համայքը անցեալէն մինչեւ այսօր մեծ նուաճում արձանանգրած է, եւ ամէն մէկ նորակառոյց ծրագիր փաստն է աճող կարիքներուն: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց ընդլայլումին նպատակը, որ մեծ օգուտ եւ ծառայութիւն պիտի մատուցէ` երիտասարդութեան, հայ ընտանիքներուն եւ ապագայ նորահաս սերունդին:

«Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան  յետադարձ ակնարկով մը ներկայացուց Հայ կեդրոնի հիմնադրութեան փուլերը` իր յարակից Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց առաք. եկեղեցիով, ՀՕՄ-ի վարժարանով եւ իր մանկամսուրով, մանկապարտէզով, նախակրթարանով եւ երկրորդական դասարաններով, ինչպէս նաեւ «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստայայտագրով եւ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթով, շեշտելով տարուէ տարի կեդրոնի ընդարձակման կարիքը:

Շինարարական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մայք Գազարեան սահիկներու միջոցով ներկայացուց ներկաներուն մինչեւ 2027 տեղի ունենալիք շինարարական աշխատանքային ծրագիրի մանրամասնութիւնները, որ կը կազմէ 17000 քառ. մեթր տարածք, երկյարկանի բաժանմունքով, ներկայի շէնքի արեւելեան եւ հիւսիսային կողմերը: Ան յայտնեց, որ շէնքը պիտի ընդգրկէ վարժանքի սրահներ, տարրալուծարան, խոհանոց, ճաշասրահներ եւ սրահներ, որոնք պիտի կառուցուին արդիականցուած միջոցներով եւ սարքաւորումներով: Ան տեղեկացուց, որ ծրագրային աշխատանքները իրենց լրումին պիտի հասնին մինեւ յունիս 2025, եւ շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին օգոստոս 2025-ին, որուն համար կանխատեսուած ժամանակամիջոցը պիտի ըլլայ 12-15 ամիս, հասնելով մինչեւ 2026-ի վերջերը:

Հանգանակային արշաւի մանրամասնութիւնները սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան, որ յայտնեց, թէ հանգանակուած գումարներու կողքին, տակաւին կարիքը կայ բարերարներու, որոնք կրնան իրենց լումայով օգտակար ըլլալ սոյն ծրագրին յաջողութեան:

Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց հիմնադիր սերունդը, որոնք անցեալին արիութեամբ եւ ապագայի հանդէպ ունեցած տեսլականով կրցած էին հիմնաքարը դնել նման կեդրոնի մը, որ ներկայիս պիտի ընդարձակուի ու պիտի ծաղկի: Ան մեծապէս գնահատեց նորահաս սերունդը, որոնք նոյն թափով, նուիրումով, ծառայութեամբ եւ ոգիով կը շարունակեն անցեալի սերունդին աշխատանքը եւ հիացմունքի ու գովասանքի խօսքեր ուղղեց շինարարական եւ հանգանակային մասնագիտական զոյգ յանձնախումբերուն, որոնք որպէս հարազատ որդիներ այս կեդրոնին` եկած են օժանդակելու այս նուիրական աշխատանքին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիմնարկէքի օրհնութեան արարողութիւն:

Վրաստան

Սայաթ Նովայի Նուիրուած 111-րդ Վարդատօնը

18 մայիսին Թիֆլիսի քաղաքապետութեան, Վիրահայերու միութեան, Հայաստանի դեսպանութեան, վիրահայոց թեմի եւ «Պ. Ադամեան» հայկական տրամաթիքական թատրոնի աջակցութեամբ, մայրաքաղաքին «Վախթանգ Կորկասալի» հրապարակին վրայ մեծ շուքով նշուեցաւ  Սայաթ Նովային նուիրուած 111-րդ Վարդատօնը:

Հանդիսութեան նախորդեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգչող աշուղի շիրիմին վարդերու զետեղման արարողութիւնը:

Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ ինչպէս այսօր ներկաները, վաղն ալ ապագայ սերունդները միասին պիտի տօնեն Թումանեանի եւ Կրիշաշվիլիի հիմնադրած Վարդատօնը` լսելի դարձնելով Սայաթ Նովայի պատգամները ոչ միայն հայերուն ու վրացիներուն, այլեւ` ամբողջ աշխարհին:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մենահամերգով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երգիչ Յարութ Փամպուքճեան:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Դուք Էք Բժիշկը Ձեր Ուղեղին

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր «Կարելի՞ Է Արեւմտահայերէնը Փրկել Այսօրուան Ցաւալի Վիճակէն» (Հեղինակ` Պերճ Թէրզեան)

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 25, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?