Բարեկամս, որուն մասին յաճախ կը խորհիմ, կ՛ապրի Գիւմրի: Հանդիպած, մտերմացած ենք 90-ականներու սկիզբներուն: Ըսել կ՛ուզեմ` տարիներէ ի վեր իրարմէ լուր չունինք: Խորապէս համակիր էր Դաշնակցութեան: Կ՛ըսէր. «Միշտ երազել եմ այս օրը: Հայոց եռագոյնը Երեւանի, Գիւմրիի փողոցներում…»: Միշտ նուիրական իր զգացումներէն կը խօսէր: Այն ատեն մենք ամէնքս ալ կ՛երազէինք` պարտասած խորհրդային իրականութենէն եւ երազով տարուած կ՛ապրինք: Այդ օրերու տեսիլքներու ընդմէջէն կարծես թէ սապէս կը շարունակէինք ապրիլ:
Կանուխ հասունցած սերո՞ւնդ, թէ՞ ասիկա հանուր սերունդին չի վերաբերիր, թերեւս` միայն անհատներու: «Անհատներու ազգ մըն է հայը»: Ո՞վ խոստովանած է, ի՞նչ պայմաններու մէջ…
Հիմա թմրութի՞ւն կ՛ապրիմ, տեսակ մը` հոգեկան վայրէջք: Ատենին հայրենասիրութիւնը պարտաւորութի՞ւն համարած եմ, ենք, ու բարեկամս յիշելն ալ ոչ աւելորդ առիթ մըն է` 90-ականներու շեշտ օրերու վերապրումներուս շունչին տակ վերստին «ծպտուիլը»:
Հայ քաղաքական մտքին, գիտակցութեան կազմաւորումը տակաւին չէ աւարտած: Կը խորհիմ, շուրջիններուս հետ ալ երբեմն կը խօսիմ, որ սփիւռքը իր բազմաշերտ կառոյցներով յոյժ ներկայանալի չընդգրկուեցաւ ազգային վերազարթնումի գործընթացներուն մէջ: Ասիկա միջհայկական (հոս բառը թող ամենեւին տարօրինակ չթուայ), պառակտուածութեան, ստորազգացութեան դրսեւորում կը նկատեմ:
Սփիւռքի հետ առնչութիւններս այդ տարիներէն կու գայ: Ի՜նչ գորովանքով կը սպասէի, երբ կը հնչէր հեռաձայնը` Փարիզէն, Պէյրութէն: Յանկարծ անծանօթ ձայն մը կ՛ըսէր. «Արփիկ Միսաքեանէն, Գրիգոր Շահինեանէն, Ժիրայր Դանիէլեանէն, Արամ Սեփեթչեանէն ծրար մը ունիք, պարոն»: Եւ ղրկուած հատորները զիս անհաւատալիօրէն էական անկիւնադարձերու անակնկալներ կը մատուցէին: Ու կը հաւատայի հայու ճակատագրուած ըլլալու իրական առասպելին: Գորովով մը…
Եւ հիմա ա՛լ չեմ հաւատար, բայց կը խոստովանիմ, որ ապրումներէս, ցաւ ի սիրտ, հեռացած եմ, գրեթէ` խորթացած: Ինքզինքէս վտարուած, տեսակ մը անձնային… սփիւռքացում, միայն քանի մը յիշատակներ փայփայելով կ՛ապրիմ. անխուսափելի ինքնահակամարտութիւն: Արդեօ՞ք պէտք ունինք այս հոգեվթար մտածումները շալկելու: Սապէս ուր հասնիլն ալ յարաբերական է` Կոտոյին սպասելու մերօրեայ տարբերակ մը` որոշակի պարբերականութեամբ դարերու ընդմէջէն բանաստեղծներուն բնորոշ. բանաստեղծական ազգ ըսուածն ալ ազգայնական զգայնութիւններու չգոյութեանը կը պարտինք:
Բարեկամիս յիշելն ալ «գերութիւն մըն է»` զիս նպատակիս ծարաւէն զրկող: Հիմա ան բան մը չի՞ զգար, վստահ եմ, ի՜նչ նուիրումով կ՛ապրէր այն ատեն: Կը սիրէր ըսել. «Հայոց դարձի ժամանակն է…»: Ու կը հպարտանար` կրծքին եռագոյնը շոյելով:
Չեմ կարծեր, թէ շատեր պիտի չհասկնան մտածումներուս միտք բանին, եթէ ի հարկէ չեն ապրած հայաստանեան այդ օրերու «քրոնիկային» տեղատուութիւնները եւ մակընթացութիւնները: Յատկապէս եթէ չեն գիտէր, թէ պատմական ի՜նչ օրեր կ՛ապրէր հայութիւնը` իրականութեան եւ ճշմարտութեան ընդմէջ…
Իրապէս արհամարհելի էր երջանկութեան մասին խորհիլն իսկ: Անձնականութիւնը… երջանկութենէն կը սկսի: Մնացեալը գաղափարական «օդափոխութեանը» կը պարտինք: Երբեմն կը պարտուինք: Ասիկա բառախաղ մը չէ ամենեւին: Գաղափարախօսութիւններն ալ իրենց կողմնակալութեամբ երբեմն կ՛աւարտին պարտութեամբ: Անարդիւնք կ՛ըլլան, կը սայթաքին զանոնք կրող գաղափարաբանները: Վերջին տարիներու քաղաքական վերիվայրումները` անժխտելի ապացոյց: Անշուշտ քաղաքական հատուածականութիւնը նկատի ունիմ: Հարիւրէն աւելի կուսակցութիւններ` աւանդոյթ, նաեւ անորոշ դիրքորոշում ունեցող կառոյցներ, ապարդիւն գործելաոճ` ժողովուրդի կողմէ անտեսուած: Ըստ այդմ, ափ ի բերան հիասթափութիւն` ժողովուրդի ապագային նկատմամբ: Համաժողովրդական կեցուածքն ալ տեսանելի կ՛ըլլայ 2026թ. ընտրութիւններու ատեն:
Արդ, բարեկամս արդեօք հիասթա՞փ է «մեր վերելքէն»: Ու ինքն ալ վայրէջք կ՛ապրի՞, նեղսրտած իր ապրումներու, տուայտանքներու գերութենէն, անհոգի պարապութենէն` երկրի, կ՛ուզէ՞ տրուիլ անհատապաշտական հողմերուն, որոնք կը հալածեն` զինք դարձի բերելու, որպէսզի նախկին նուիրեալ յամառութեամբ ապրի, գոնէ ուշացումով – ուրացումով իրապաշտ ըլլայ: Ինծի երբեմն կ՛ըսէր. «Նայիր շուրջդ` ի՛նչ է կատարւում, մարդիկ ի վերջոյ իրենց ազգութիւնը զգում են, իրենցից խլուած պատմութեանն են ուզում տէր դառնալ»:
Իր` բարեկամիս պատկերը, մտածումները կը յուշեն աւելի ընդառաջ երթալ այդ օրերու փիլիսոփայութեան` սեւեռած հայեացքով, վասն օրերու բնանկարի ճշգրիտ վերականգնումի: Մանաւանդ, ես ալ նոյն կերպ կը խորհէի, իսկ արդ յեղաշրջուած եմ, հաւատի կորուստ կ՛ապրիմ: Մեզմէ դուրս կ՛արթննայ գոյաւորելու այլ հոգեբանութիւն: Մենք մեզ ճանչնալու անհրաժեշտ ճիգեր ու մտային գերլարում կը պահանջեմ: «Դարձ ի շրջանս իւր»-ի առաջ վերստին չյայտնուելու մտավախութենէն կը զօրեմ ձերբազատ ըլլալ, ու բարեկամիս ձայնը ա՛լ չի լսուիր: Ան յոյսերով կ՛ապրէր: Չեմ գիտեր` հիմա՞ ալ: Թէ երազախաբի պայքար կը մղէ` ինքնաբաւարար սարդոստայններէն առկախ պայքար` հիասթափ ըլլալով, կառչած` առօրեայ հրապոյրներուն անցողիկ: Իսկ մինչ այդ շարունակաբար կը լսուին անօսր յոխորտանքներ` ժողովուրդին գլխուն, մտքին մէջ այդպէս ալ «չտեղաւորուող»` «Ապագայ կայ»… բայց, որո՞ւ համար… Եւ ինչպէս կ՛ըսէր Նիկողոս Սարաֆեան. «Մեր երազած հայրենիքը ներկայ է, այն զուր մենք երեւակայած ենք, որովհետեւ չենք տեսած իրականը, եւ կը պատահի երբեմն, որ հիասթափ ըլլանք, մեր երազած հայրենիքին հաւասար չգտնենք»:
Արդեօք մեր երեւակայութեան սահմաններէն անդի՞ն կ՛ապրինք, եւ խոստովանութեան յանդգնութիւնը հերոսութիւն կը համարե՞նք, կ՛ոգեւորուի՞նք, վերստին մեր կորսուող ինքնութիւնը կը փնտռե՞նք` ըլլալով հանդերձ անպատասխանատու պատասխանատուութեամբ ապրողներ…
Յատուկ «Ազդակ»-ին համար
Երեւան, 15 մայիս 2025