Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանիներու Մայրերու Նուիրուած Էջը

May 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայրը Կեանքի Աղբիւր Է

Մայրերու օրը շատ սիրելի տօն մըն է, որ կը նշուի ամբողջ աշխարհին մէջ: Մենք` հայերս, ունինք մեր յատուկ մայրերու ամիսը: Այս տօնը առիթ է յարգելու մեր սիրելի մայրերը եւ նշելու անոնց գնահատելի դերը մեր կեանքին մէջ:

Այս օրը առիթ մըն է վերյիշելու` մայրերուն անձնազոհութիւնը, անքուն գիշերները, անսահման սէրն ու հոգատարութիւնը, որ մեզի պարգեւած են:

Մայրը կեանքի աղբիւրն է, առաջին դաստիարակն է ու ամենահաւատարիմ բարեկամը: Անոր քաղցր ձայնը միշտ կը մնայ մեր սրտին մէջ, իսկ ջերմ գիրկը` ապահովութեան ու խաղաղութեան ապաստանը:

Մայրը այն անձն է, որ երբեք չի դադրիր` սիրելէ, խնամելէ, քաջալերելէ ու հաւատալէ,  նոյնիսկ` ամենադժուար պահերուն: Ան միշտ մեր կողքին կը կանգնի` մեզ առաջնորդելով ապրելու ուղիղ, արդար եւ սիրով լի կեանք մը:

Մայիս ամսուան ընթացքին մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր մայրերուն` նուիրելով անոնց գեղեցիկ ծաղիկներ, սրտագին նուէրներ եւ քաղցր խօսքեր: Մենք կը յիշեցնենք անոնց, թէ իրենք որքա՛ն կարեւոր են մեր կեանքին մէջ, եւ թէ` մենք որքա՛ն կ՛արժեւորենք իրենց ամէնօրեայ զոհողութիւններն ու նուիրումը:

Այս օրը հրաւէր մըն է` մէկտեղ հաւաքուելու ընտանիքով, անցընելու ուրախ ու ջերմ պահեր մեր մայրերուն հետ եւ բացայայտելու անոնց, թէ որքա՛ն սիրուած եւ գնահատուած են:

Թող Աստուած պահպանէ բոլոր հայ մայրերը եւ անոնց առողջութիւն պարգեւէ: Թող միշտ լսուին անոնց ծիծաղն ու ուրախութիւնը մեր տուներուն մէջ, եւ թող մայրական սէրը երբեք չպակսի մեր ընտանիքներուն մէջ: Թող մեր մայրերը ապրին երկար ու բեղուն տարիներ` շրջապատուած իրենց զաւակներու սիրով եւ յարգանքով:

Շնորհաւոր Մայրերու տօն, սիրելի՛ մայրեր:

Մենք ձեզ կը սիրենք ամբողջ սրտով:

ՊԵՐՃ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Մօր Սէրը

Մօր սէրը անանձնական եւ անսահման սէր է աշխարհի մէջ: Երբ մանուկ մը ծնի, անմիջապէս մայրը կը փաթթուի իր մօր` վահանի պէս. մայրը կը դառնայ հոգատար, դաստիարակ եւ առաջնորդող:

Մայրը արթուն կը մնայ գիշերները, որպէսզի պարգեւէ հանգստութիւն, հեռացնէ վախը եւ սրբէ արցունքները:

Մօր ձեռքը զաւակի համար դրախտ է, իսկ ձայնը հանգստութեան եւ ապահովութեան աղբիւր է:

Մայրը կը բուժէ վէրքերը եւ կոտրած սիրտերը, անոր համբերութիւնը ծովերէն մեծ է: Ան կը զոհէ իր ժամանակը, ուժը եւ երբեմն իր երազները` իր զաւակներուն սիրոյն: Մայրը իր երեխաներուն նկատմամբ անսահման հաւատք ու վստահութիւն ունի, երբ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհը այդ հաւատքը կորսնցուցած է:

Վերջապէս, մայրը ներող է, հասկցող է: Մօր սէրը անբացատրելի ուժ մըն է, որ սահման չունի, չափ չունի, շահ չունի…

ՔՐԻՍԹԷԼ ԻԳՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Մեր Ճանապարհը
Լուսաւորողը Եւ Իտէալը

 

Ամէն տարի մայիս ամսուան ընթացքին կը տօնենք Մայրերու տօնը, սակայն մօր մը սէրը իրենց զաւակներուն նկատմամբ այնքան մեծ ու անսահման է, որ կը շփոթինք արդեօ՞ք ինչ կրնանք նուիրել մեր մօր` արժեւորելու համար մօր մը անսահման զոհողութիւնը:

Մայրը միշտ եղած է այն մոմը, որ ինքզինք այրելով` կը լուսաւորէ իր զաւակներուն ապագան ու կեանքը: Ճիշդ է, որ երբեմն կը նեղուինք ու կը  ջղայնանանք մեր մօր տուած որոշումներէն, սակայն երբ չափահաս կը դառնանք ու փորձութիւններու կը հանդիպինք, կը զգանք, որ մեր մայրը իրաւունքով էր, ու ներողութիւն կը խնդրենք մեր մօրմէն, որ սիրայօժար ընդունելով` իր տաքուկ թեւերուն մէջ կ՛առնէ մեզ:

Մօր մը ժպիտը աշխարհ կ՛արժէ, երբ կ՛ուրախացնենք բարձր նիշեր բերելով, ու իր տքնաջան աշխատանքն ու յոգնութիւնը ի զուր չ՛երթար: Երբ հիւանդանանք, միմիայն մեր մայրն է, որ կը մտահոգուի մեր առողջութեամբ ու ճիգ չի խնայեր մեզ շուտով բուժելու:

Որքան ալ գրեմ մօր մասին, տակաւին քիչ է, որովհետեւ բացի մայր ըլլալէ` ան մեր ընկերուհին է ու իտէալ անձը, որուն կ՛ուզենք նմանիլ, երբ չափահաս դառնանք:

Բոլոր մայրերուն եւ յատկապէս մօրս կը մաղթեմ առողջութիւն, յաջողութիւն ու երկար կեանք:

Ձեր տօնը շնորհաւոր, սիրելի՛ մայրեր:

ՍԱՐԻՆ ՊԷՔԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Մեր Վարդը

Սիրելի՛ մայրիկ,

Այսօր Մայրերու օրն է: Կ՛ուզեմ հաստատել, թէ որքա՜ն յատուկ տեղ ունիս իմ սրտիս մէջ: Եթէ ծաղիկ մը պէտք ըլլար քեզ նմանցնելու համար, առանց երկմտելու` վարդը կ՛ընտրէի:

Դուն վարդի նման գեղեցիկ ես ոչ միայն արտաքինով, այլ մանաւանդ` «ներսով»: Քու բարութիւնդ, քնքշութիւնդ ու սէրդ կը շողան, ինչպէս վարդի բոյրը կը տարածուի:

Բայց վարդերը միայն նրբութիւն չեն, այլ նաեւ զօրաւոր են: Իրենց փուշերով կը պաշտպանեն իրենք զիրենք ու իրենց սիրելիները: Դուն ալ այդպէս ես` ամուր, քաջ ու պաշտպանող: Ամէն օր մեզ կը շրջապատես սիրով, խնամքով ու անշահախնդիր նուիրումով:

Շնորհակալ եմ քու իւրաքանչիւր ժպիտիդ, իւրաքանչիւր գուրգուրանքիդ, իւրաքանչիւր քաջալերանքիդ համար: Դուն իմ կեանքիս վարդն ես, մայրի՛կ:

Շնորհաւոր Մայրերու օր, իմ վա՛րդ մայրս:

ԱՆՆԱ ԽԱԺԻ
ՀՅԴ «Կոմս» ՊՄ

Հայ Մայրը

Այսօր կը նշենք այն հայ կնոջ տօնը, ա՛յն կնոջ, որ կ՛անուանենք մայր:

Մա՛յր, քու գուրգուրանքդ ու ժպիտդ, որոնք սահման չունին, կեանքս լեցուն կը պահեն ուրախութեամբ:

Մանկութենէս մինչեւ այսօր միշտ եղած ես կողքիս: Ամէն տեսակ դժուարութեան դէմ կանգնած ես համբերութեամբ, քաջութեամբ, եւ եղած ես զօրաւոր:

Դուն միշտ լաւագոյնն ես եւ ամէնէն սիրելին: Քու սէրդ եղած է իմ էութեանս հիմքը, դուն աւելին ես, քան «մայրս», դուն իմ հերոսն ես:

Այնքա՜ն բախտաւոր եմ, որ քեզ իբրեւ մայր ունիմ:

Հայրենիքի, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ ունեցած սէրդ, եւ մեր տան մէջ հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանելու շնորհիւ` ես դարձայ տիպար հայ, աշակերտ ու պատանի:

Շնորհակալ եմ, որ այնպիսի մայր մը եղար, որ կեանքս աւելի ապահով եւ գեղեցիկ դարձուցիր:

Աստուած թող քեզ մի՛շտ առողջ պահէ` լեցուն սիրով, խաղաղութեամբ եւ ուրախ օրերով:

Տօնդ շնորհաւոր, մա՛մ:

ՑՈԼԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Պատի՛ւ Հերոսածին Մայրերուն

Մեր մայրերը մեր կեանքերուն անբաժան մասն են, շատ կարեւոր են: Անոնք հոգատար են ու դաստիարակ եւ միշտ մեր կողքին են:

Այստեղ յատուկ պէտք է անդրադառնալ հայ մայրերուն, որոնք մեզի կը սորվեցնեն` մեր մայրենի լեզուն, մեր արժէքները, մեր աւանդութիւնները, մեր տօները, մեր ազգին հերոսութիւնները եւ հայ մնալու կարեւորութիւնը:

Այս օրը միայն ծաղիկ եւ ժպիտ նուիրելու օրը չէ, հիմնականը յարգանքի օր է, սէրը արտայայտելու օր է:

Պէտք չէ մոռնալ մեր հերոսածին մայրերը, որոնք իրենց ամէնէն թանկագինը` իրենց երիտասարդ զաւակները յանձնեցին ազգին, նուիրեցին հայրենիքին, որպէսզի պայքարին, ազատագրեն ու պաշտպանեն հողերը: Նահատակներու մայրերը մեզմէ իւրաքանչիւրին մայրերն են, որովհետեւ մեր նահատակները մեր ընկերներն են, մեր պայքարի առաջնորդներն են: Յարգա՛նք ու պատիւ հերոսներու մայրերուն, որոնց տան ազգային մթնոլորտի ու հայկական շունչի արդիւնքն էր այն սերունդը, որ զէնքով պաշտպանեց մեր թաղերը, մեր հայրենիքը եւ հետապնդեց մեր Դատը:

Մենք` իբրեւ դաշնակցական պատանիներ, պէտք է կարգապահ եւ օրինակելի ըլլանք, որպէսզի արժանի ըլլանք մեր մայրերուն: Մեր բոլոր դաստիարակներուն նկատմամբ պէտք է ունենանք յարգանք եւ չբաւարարուինք միայն մէկ օր մեր մայրերը յիշելով, այլ միշտ ու ամէն օր ցոյց տանք մեր սէրը…

ԱՐԱԶ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Մայրս

Մայրս կեանքիս ամենաթանկ, ամենասիրած էակն է: մայրս իմ հոգատարն է, գուրգուրացողն է:

Մոռնալով իր անձը` ան մեզ կը դաստիարակէ ու կը խնամէ եւ միշտ մեր կողքին է:

Տխուր թէ ուրախ առիթներով մօրս սիրտը միշտ սիրով լեցուն է:

Ինչպէս բանաստեղծը կ՛ըսէ. «Մայրը մի բառ է, մայրը մի վանկ է, մայրը անգին է, մայրը մինակ է, նա գանձ է»:

ԱՐԱԶ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ

Մայրերու Տօնին Կարեւորութիւնը

Մօր սէրը աշխարհի ամենագեղեցիկ ու հզօր զգացումներէն մէկն է: Մայրը համբերատար, գթացող, զոհուող, միշտ զօրաւոր եւ ներող է: Մեր ծնած օրէն իսկ մայրը պատրաստ է հոգ տանելու ու պաշտպանելու:

Մայրը հարցերը հասկցողն է, սխալները սրբագրողն է, հաւատք ունեցողն է ու քաջալերողն է:

Ահա թէ ինչու մայրերու տօնը կարեւոր է, որպէսզի ցոյց տանք մեր սէրը եւ առաւել եւս յարգանքը` գնահատելով այն բոլոր աշխատանքները որ կը կատարեն մեզի համար:

Վերջապէս մեր մայրերը արժանի են, որ ամէն օր մայրերու տօնը նշենք, որուն համար երբեմն գրկախառնութիւն մը, համբոյր մը կամ անուշ խօսք մը բաւարար է, որ այդ ուրախութիւնը եւ մայր ըլլալու զգացումը ապրին:

Ձեր տօնը շնորհաւոր:

ՏԷՅՎԻՏ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ

Քնքուշ Մօրս

Դուն ես, մամա՛, լռութեան մէջ հնչող աղօթքս,
Անլոյս գիշերներուս ճերմակ արեւը:
Ձեռքերդ` վէրքոտ ու յոգնած, բայց միշտ քնքուշ,
Սիրտդ` պրպտող, տաք ու լեցուն սիրով:

Երբ ամբողջ աշխարհը դէմ կու գար ինծի,
Դուն կը նայէիր ինծի այն աչքերով` լի վստահութեամբ:
Քու շունչդ, մամա՛, ինծի հանգիստ կու տար,
Քու գիրկդ` ամէնէն ապահով վայրը աշխարհին մէջ:

Դուն ինքզինքդ այրեցիր` ինծի լոյս տալու,
Քալեցիր լուռ` առանց բողոքելու, փուշերուն վրայէն:
Քու անունդ, մամա՛, իրաւ, սուրբ անուն մըն է,
Երբ կը սիրեմ քեզ, անգամ երկինքդ կը լռէ:

Մամա՛, քեզ մոռնալը անձս մոռնալ է,
Քու աղօթքիդ թեւերուն տակ եմ ամէն օր:
Բառ չկայ` արժանի քեզ նկարագրելու,
Բայց այս տողերով սիրտս կը բանամ…

ՍԷՐԼԻ ԱՐԲԱՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

Արժեւորե՛նք Մեր Մայրերը

Ամէն տարի մայիսին կը նշուի Մայրերու տօնը: Մօր մը համար ամէնէն կարեւոր բանը իր զաւակին ուսում ապահովելն  ու առողջ բնականոն աճ ապահովելն է: Զաւակի մը առաջին ընկերն ու դաստիարակը մայրն է:

Մենք` հայերս, յատուկ կերպով մայիսին կը տօնենք մայրերու տօնը, որովհետեւ հայ մայրը, մարդ պատրաստելու կողքին, ունի հայ պատրաստելու առաքելութիւնը, մեր արժէքներու ժառանգորդ պատրաստելու պարտականութիւնը:

Միշտ պէտք է արժեւորենք մեր մայրերը, քանի որ անոնք են աղբիւրը կեանքին ու ապագային, սակայն միայն այս տօնին չէ, որ պիտի նշենք մօր մը աշխատանքները, այլ` ամբողջ տարուան ընթացքին, որովհետեւ իսկապէս մայրը ամէն օր եւ ամէն ժամ կը զոհուի մեր լաւութեան համար:

Կեցցեն մեր թանկագին մայրերը:

Յաւերժ մնայ ձեր տօնը:

ԿԱՐՈՒԺ ԱՐՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Պէտք Է Մեղուները Պահպանենք

Յաջորդը

Զմմառու Ուխտի Օր

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.