Թոռնիկիս համար խաղալիք գնելու գացած էի: Մեզի պիտի գար, եւ մտածեցի իրեն անակնկալ մը ընել Երբ մտայ Համազգայինի գրատուն, ամէնէն խորը, դիմացի պատին վրայ նշմարեցի պուպրիկներ, որմազդներ եւ մանկական գիրքեր: Անմիջապէս մօտեցայ, եւ դիմացս բացուեցաւ մանկական աշխարհ մը: Ուրախութիւնս մեծ էր, գունազարդ, ճաշակով եւ ամէնէն կարեւորը` ամէն ինչ հայերէնով: Հայերէն խօսող պուպրիկներ տեսայ, այբուբենով բարձի երես, պայուսակ, գրչատուփ եւ այլն:
Յափշտակեցի եւ տուն բերի:
Ամէնէն ուշագրաւը երկու գիրքերն էին` «Իմ Հայաստան» եւ «Իմ Արցախ»: Անոնց մէջ պատկերուած են մեր հայաշխարհի կոթողներն ու խորհրդանիշները` իրենց բացատրութիւններով, իսկ դիմացի էջերը աշխատանքներ են, որոնք պիտի կատարուին երեխաներուն կողմէ:
Այդ օրը թոռնիկիս ուրախութեան չափ ու սահման չկար, զանազան խաղալիքներ եւ գիրքեր ու տետրակներ: Իսկ ես ուզեցի այս երկտողով իմ գնահատանքս ու շնորհակալութիւնս յայտնել Համազգայինին այսպիսի կարեւոր աշխատանքի համար: Ձեր վա՛րձքը կատար:
ՄԵԾ ՄԱՄԱ ՄԸ