Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծխնելոյզի Ընկերուհիս

Յունիս 2, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ձմեռ է: Փայտէ վառարանին մէջ խոշոր կոճղի ճթռտոցը կը լսուի: Միայն այս վառարանը Քեսապի ցուրտին «քիթը կը կտրէ»: Ան իր տաքութիւնը կը սփռէ չորսդիս, իսկ այրող ճիւղերուն ճարճատիւնը ջերմացնող երաժշտութեամբ ու բոյրով կը պատէ սենեակս:

Փայտը տեղաւորելէ ետք, առաւօտեան սուրճս կը համտեսեմ: Մեր տան պատուհանէն դուրս կը դիտեմ` բնութեան գեղեցկութեամբ զմայլած: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն միայն իրենց փետուրներով պատսպարուած թռչուններ` հակառակ դուրսը տիրող սաստիկ ցուրտին: Անոնք նախաճաշի համար ուտելու բան կը փնտռեն: Մէկ-մէկ անտէր ու անօթի շուն մըն ալ հաջելով թաղէն կ’անցնի, կ’երեւի ան ալ ուտելիքի փնտռտուքի մէջ է:

Յանկարծ ուշադրութիւնս կ’իյնայ դիմացի շէնքին վրայ, ուր մշուշոտ խճողում ու իրարանցում մը կայ: Հետզհետէ  կը յստականայ պատկերը ու կը յայտնուի նիհարակազմ, երկարահասակ, երկար ծամերով ու անհանդարտ, սիրուն կին մը:

Կրկին փայտ մը կը տեղաւորեմ վառարանին մէջ: Արդեօք ի՞նչ կ’աշխատի այս կինը, կը մտածեմ,  մէկ վայրկեան անգամ հանգիստ չունի:

– Մի՛ վազվզեր, սիրելի՛ս, կեանքը կարճ է, չ’արժեր այդքան աշխատիլ ու վազվզել: Ահա ես, այդքան վազվզեցի կեանքիս ընթացքին, նոյնիսկ անձիս ժամանակ չտրամադրեցի: Բայց ի՞նչ օգուտ, ա՛լ ուշ է: Ժամանակն ու կեանքիս օրերը չեմ կրնար վերադարձնել ու հոն բան մը փոխել:

Կնոջ հետ խօսելով` աւելի լաւ ու հանգստացած զգացի: Դուրսը փոթորիկն ալ մեղմացաւ: Կարծես ըսածներս տեղ գտան անոր մտքին մէջ, ու խելքի եկաւ: Ան նստաւ, գլուխը վար կախեց, ընթացքին մազերն ալ դէպի վար կախուեցան, փէշը դէպի ծունկերը հաւաքեց: Երկվայրկեանի մը ընթացքին աչքին առջեւէն կեանքի տեսերիզը անցաւ կարծէք, ու հոն ինչե՜ր գտաւ: Երբեմն դժուար օրեր, որոնց համար տխրեցաւ, բայց անդին ուրախ օրերն ալ քիչ չէին: Սակայն չկրցաւ կողմնորոշուիլ, արդեօք ուրախ օրե՞րը աւելի շատ էին, թէ՞ տխուր օրերը: Կրկին փոթորիկ մը յառաջացաւ անոր մէջ կարծէք: Հպարտութեամբ գլուխը վեր առաւ, երկու ձեռքերով մազերը ետեւ հաւաքեց ու սաստկացած հովին տուաւ զանոնք: Իշխանուհիներու նազանքով ոտքի ելաւ, փէշը թօթուելով` կարծէք կը թօթուէր անցնող օրերու դժուարութիւնները: Թեւերը հորիզոնական երկարեց, յետոյ զանոնք վար առաւ եւ սկսաւ կլոր-կլոր դառնալ ու պարել: Անոր մարմինի շարժումները հովին համահունչ էին:

Յանկարծ կինը սկսաւ աստիճանաբար այլանդակուիլ, վա՛յ, ի՞նչ պատահեցաւ: Կտոր մը փայտ կրկին վառարանին մէջ տեղաւորեցի:

– Չէ՛, չէ՛, մի՛ երթար, սիրելի՛ս:

Բարձրահասակ կինը յանկարծ փոքր երեւցաւ, անոր երկար մազերն ալ խառնիխուռն եւ կարճ տեսք ստացան: Սենեակիս տաքութիւնը անդիմանալի դարձաւ: Այտերս կրակի նման կ’այրէին, ձեռքիս ու ոտքիս մատները տաքութենէն կը մռմռային: Գլուխս հազիւ վեր առի, աւա՜ղ սիրուն կինը ալ չկար: Ո՜հ, որքան տխրեցայ:

Աչքերս խոշոր-խոշոր բացած` փնտռեցի զինք, սակայն չկար… Անոր փոխարէն` վառարանի խողովակին վրայ տեղաւորուած «T» անգլերէն տառին նման  խողովակ մը կար, ու այդ շէնքի դռնէն դուրս եկաւ դիմացի տան դրացուհիս:

Ո՜հ, դրացուհիս, ինչո՞ւ-ինչո՞ւ, քանի մը փայտ զլացար տանդ վառարանին մէջ դնելու: Հիմա այդ սիրուն աղջիկը ո՞ւր գտնեմ, որքա՜ն հաճելի էր անոր ներկայութիւնը:

Սուրճիս վերջին ումպը խմեցի, գաւաթը վար առնելով` փորձեցի ինքզինքս համոզել, թէ յաջորդ օրերուն դրացուհիս կրկին իր փայտէ վառարանը կը վառէ ու կրկին կը հանդիպիմ այդ սիրուն, ծուխէն յառաջացած ընկերուհիիս, որ դարձաւ սուրճի ընկերակիցս:

Այդ օրուան սպասումէն երկար օրեր անցան: Շա՜տ շատեր եկան ու անցան, շատեր դուրս եկան այդ ծխնելոյզէն, սակայն ոչ մէկ երեւոյթ սրտիս խօսեցաւ:

Այդ սպասումի յոյսով կ’ապրիմ տակաւին` միշտ ինքզինքիս հարց տալով. «Արդեօք կը տեսնուի՞նք կրկին, ես ու ծխապատ սիրուն այդ կինը, արդեօք կրկին դուրս կու գա՞յ ծխնելոյզէն…»:

 

 

 

Նախորդը

Կը Խոստովանիմ. Փոխան Ուղերձի

Յաջորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. «Սիրով»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?