Հարցազրոյց Հայրենադարձութեան «Ռիփէթ Արմինիա» (Վերադարձ Հայաստան») Կազմակերպութեան Տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի
13 յունիսին, Փարիզի մէջ կայացած աշխատանքի տօնավաճառին մասնակցեցաւ «Ռիփէթ Արմինիա»-ի (Վերադարձ Հայաստան) գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեան: Այս հաստատութեան շուրջ համախմբուած են մարդիկ, որոնք շրջագայած են աշխարհը, ունին կեանքի զանազան փորձառութիւններ, բայց վերադարձած են Հայաստան, ուր կ՛աշխատին եւ իրենց նպաստը կը բերեն երկրի զարգացման գործընթացին: Անոնք կը քաջալերեն դէպի Հայաստան վերադարձը եւ փափաքողներուն ուղղութիւն կու տան, կ՛առաջնորդեն, կ՛ուսումնասիրեն տարբեր կարելիութիւններ` անոնց...




















