Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Օգոստոս 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Զարմանալի է, որ ժամանակակից արհեստագիտութեան այս դարուն եւ ելեկտրոնային սարքերու միջոցով բոլորին տրամադրութեան տակ եղած տեղեկատուութեան յորձանուտին մէջ առաւել դժուար է, իսկ երբեմն ալ` անկարելի, իրողութիւնը տարբերել կեղծիքէն:

Համացանցը, իւրաքանչիւր նիւթի վերաբերեալ իր անսահման կարելիութիւններով, կրնայ օրհնութիւն կամ անէծք ըլլալ, երբ ոեւէ մէկը փորձէ պարզել այս կամ այն յօդուածին իսկութիւնը:

Կարելի չէ իմանալ, արդեօք կարդացածը ճշմարի՞տ է, թէ՞ շինծու, եթէ ընթերցողը տուեալ նիւթին գծով մասնագէտ չէ կամ չի ստուգեր truthorfiction.com-ի կամ snopes.com-ի նման կայքեր` բամբասանքը իրականութենէն տարբերելու համար:

Ահա այդպիսի ապատեղեկատուութեան երկու թարմ օրինակներ, որոնք տարածուած էին համացանցին մէջ միլիոնաւոր հայերու եւ այլոց շրջանակի մէջ:

sasounian_8-17-15

Առաջին յօդուածը, իբր թէ «Տը Մոսքօ Թայմզ» կայքէն է, հոն գրուած էր. «Ռուսիոյ նախագահը թուրք դեսպանին ըսաւ. «Ըսէք ձեր բռնակալ նախագահին, որ զինք ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն հետ դժոխք կ՛ուղարկեմ. Սուրիան մեծ Ստալինկրատի կը վերածեմ»: Այս յօդուածը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, տեղադրուեցաւ հազարաւոր կայքերու վրայ եւ արտատպուեցաւ բազմաթիւ թերթերու մէջ:

Յղում կատարուած էր նախագահ Փութինին, որ իբր թէ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ումիթ Եարդիմին ըսած էր, որ Ռուսիան պիտի խզէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, եթէ Էրտողան անմիջապէս չդադրեցնէ իր աջակցութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն` Սուրիոյ մէջ: Յօդուածին մէջ կը մէջբերուէր «սպրդած  տեղեկութիւն» երկու ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումէն, որուն ընթացքին իբր թէ նախագահ Փութինը Թուրքիոյ նախագահը անուանած է «կեղծաւոր» եւ սպառնացած` Սուրիան վերածել «մեծ Ստալինկրատի դաշնակից Սէուտական Արաբիոյ եւ Էրտողանի համար», զոր ան համեմատած է Հիթլերին հետ:

Ես բազմաթիւ հայերէ ելեկտրոնային փոստով ստացայ այս կեղծ յօդուածին քանի մը տասնեակ պատճէնները` «Կեցցէ՛ Փութինը», «Վերջապէս մէկը համարձակեցաւ Էրտողանը իր տեղը դնել» արտայայտութիւններով կցուած: Յոգնեցուցիչ էր բոլորին պատասխանել, որ ատիկա կեղծ լուր էր:

Ընթերցողները եւ նոյնիսկ թերթերու խմբագիրները, ըստ երեւոյթին, իրենք իրենց նեղութիւն չէին տուած ստուգելու, որ նման յօդուած չկար «Տը Մոսքօ Թայմզ» կայքին վրայ: Նաեւ կը թուէր, որ ոչ ոք  զարմացած էր, թէ ինչպէ՛ս կրնար ռուսական թերթը նախագահ Փութինի մականունը սխալմամբ ներկայացնել իբրեւ «Պուրին»:

sasounian1_8-17-15

Ապատեղեկատուութեան երկրորդ օրինակը կը վերաբերի աշխարհահռչակ երգչուհի Պիյոնսէին, որ իբր թէ երգած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած երգ մը: «Ես այստեղ էի» երգի տեսահոլովակը, որ կը սկսի «Հայոց ցեղասպանութիւն, 1915 ապրիլ 24» գրութեամբ, «Եութիուպ»-ի վրայ տեղադրուեցաւ 24 ապրիլ 2015-ին, «Եաքոսամօ» կեղծանունով մէկու մը կողմէն: Ապա տեսահոլովակը կը ցուցադրէ «Երբեք չմոռնալ» բառերը վառ կարմիրով, որուն կը յաջորդէին նկարներ` Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելած մարդոց: Յաջորդ չորս վայրկեաններուն պաստառին վրայ կ՛երեւին երեք զինուած թուրք զինուորներ, որոնք կը սպաննեն ամբողջ հայ ընտանիք մը եւ կ՛առեւանգեն խումբ մը երիտասարդ հայուհիներ:

Տեսահոլովակը եւ երգը կ՛աւարտին կարմիր գոյնով գրուած «Ապրիլ 1915» բառերով` այն պահուն, երբ թուրք զինուորը ատրճանակով ուղղակի կը կրակէ հայ տղու մը գլխուն:

Հազարաւոր հայեր, հաւանաբար խաբուած էին` կարծելով, թէ Պիյոնսէի երգը իրօք նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Տեսահոլովակի յղումը շնորհակալական հարիւրաւոր մեկնաբանութիւններով տեղադրուեցաւ անթիւ ու անհամար ֆէյսպուքեան էջերու եւ «Եութիուպ»-ի վրայ:

Ես միայն անցեալ շաբաթ իմացայ այս երգին մասին: Սկիզբը, քիչ մը վատ կը զգայի, որ թերթի խմբագիր ըլլալով, Հայոց ցեղասպանութեան մասին նման կարեւոր երգը կը լսեմ թողարկումէն ամիսներ անց: Ստուգեցի երգին բառերը եւ շատ արագ յայտնաբերեցի, որ անիկա բացարձակապէս կապ չունի հայերու կամ Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Երգչուհին անընդհատ կը կրկնէր. «Ես այստեղ էի, ես ապրեցայ, ես սիրեցի, ես այստեղ էի…»: «Հայ, Ցեղասպանութիւն կամ Թուրքիա» բառերը չկար երգին մէջ:

Ես ի վերջոյ հասկցայ, որ մէկը վերցուցած էր Պիյոնսէի երգը եւ անոր աւելցուցած էր պատկերներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ժապաւէնէն: Ցաւօք, բազմաթիւ հայեր հիացած էին, որ աշխարհահռչակ երգչուհին տեսահոլովակ պատրաստած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Ես կախարդական բանաձեւ չունիմ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զանազանել իրողութիւնը կեղծիքէն համացանցի վրայ տեղադրուած իւրաքանչիւր նիւթի համար: Հաւանաբար օգտակար ըլլայ յիշել յայտնի ամերիկեան ասացուածքը. «Եթէ բան մը անհաւատալի է իրական ըլլալու համար, ապա հաւանաբար իրական չէ…»: Ընթերցողները պէտք է թերահաւատութեան առողջ չափաբաժին ունենան, առանց ծայրայեղութիւններու մէջ մտնելու` ըլլալով ոչ  չափազանց կասկածամիտ ամէն ինչին հաւատալու ոչ ալ դիւրահաւատ` կուրօրէն ընդունելու ամէն ինչ:

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջ

Նախորդը

Իմ Սեղանի Գրքերից` «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար»

Յաջորդը

Գեղարուեստական Երեկոյ` Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?