Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 9. Հայաստանեան Առօրեայ

August 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաստանէն մի՛շտ ալ անխառն մտածումներով, խանդավառ ապրումներով եւ նաե՛ւ մտահոգութիւններով կը վերադառնամ: Բնական է այս երեւոյթը, անտարակո՛յս. այդ բոլորը առկայ են եւ կ՛իմաստաւորեն  մեր հաւաքական գործի ու ճիգի նպատակն ու ուղղուածութիւնը:  Վերադարձիս, մի՛շտ ալ կ՛ըսեմ, շատ գործ ունինք, եւ ժամանակ անցընելու շռայլանքը պէտք չէ ապրինք:

Ա.- Բարեկամ եւ գործակից հրատարակիչներու հետ կը վայելեմ Հայաստանեան սեղանի պարուրած մթնոլորտը, ջերմ խօսքերը եւ անկեղծ զրոյցը: Սեղանակիցներէն մէկուն նոր կը ծանօթանամ: Ան երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի «Կազփրոմ» ընկերութեան մէջ պատասխանատու պաշտօն կը վարէ: Բնականաբար մեր կենացներն ու զրոյցը հայրենիքի մասին են, եւ անոր լուսաշող ապագային համար մաղթանքներ կը կատարենք: Տեղ մը խօսակցութիւնը կը սկսի ընթանալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մասին: Նոր ծանօթացած բարեկամիս դէմքին վրայ յանկարծ յուզումնախառն ապրումներ կ՛ուրուագծուին: Պահը կը դառնայ խորհրդաւոր, եւ ան յատուկ շեշտադրումով իր հիացմունքն ու յարգանքը կը յայտնէ Դաշնակցութեան եւ անոր գործին ու առաքելութեան նկատմամբ` շեշտելով Արցախի ազատագրական պայքարին եւ  յաղթանակին մէջ Դաշնակցութեան անգնահատելի եւ անփոխարինելի դերն ու նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ օրինակելի կեցուածքը: Անգամ մը եւս հայրենի հողին վրայ վկան կը դառնամ այն խոր հասկացողութեան, որ հայ հողի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ հայրենի ժողովուրդին համար Դաշնակցութիւնը կը մնայ արթուն պահակ եւ նուիրեալ: Գաղափարական այս խոր նուաճումը անշուշտ պարտաւորեցնող հանգամանք է եւ խորիմաստ պատգամ, որ մի՛շտ ալ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցական անհատը կը պահէ զգաստ եւ պատրաստ` նոր մարտահրաւէրներու դիմաց:

Բ.- Անցնող օրերուն Երեւանը աննախընթաց կերպով խճողուած էր աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած հայ երիտասարդութեամբ: Գործուղումներ, վարժողական ծրագիրներ, դպրոցական խումբեր եւ մանաւա՛նդ Համահայկական 6-րդ խաղերու մասնակից երիտասարդներու ստուար բազմութիւններ Երեւանի արդէն իսկ նախանձելի գիշերները վերածած էին պատմական յիշատակելի օրերու: Ծովածաւալ բազմութիւնը մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը կ՛ողողէր քաղաքի կեդրոնական հրապարակները: Հակառակ երեւոյթին ոգեշնչող ըլլալուն, պահ մը արդարօրէն կանգ կ՛առնեմ, եւ որոշ հարցադրումներ կը ծագին մտքիս մէջ: Այսպիսի գնահատելի համահայկական նախաձեռնութիւններու համար հայրենիքն ու սփիւռքը կը տրամադրեն հսկայական պիւտճէ: Արդեօք օրինաչափ չէ՞, որ հաճելին տեսնելու կողքին կազմակերպիչներն ու սփիւռքի պատուիրակութեանց պատասխանատուները աւելի նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերեն, որպէսզի երիտասարդութիւնը ամբողջականօրէն օգտագործէ այս եզակի առիթը եւ ծանօթանայ Հայաստանին ու անոր կեանքի տարբեր մարզերուն: Երգը, պարը եւ խնճոյքը հաճելի են Հայաստանի հողին վրայ, բայց կայ անշուշտ աւելի՛ն` հայրենիքին առնչուելու եւ անոր ակնկալութիւններուն եւ տագնապներուն աւելի հաղորդակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը: Առաջադրանք, որուն մասին պէտք է հաւաքաբար մտածենք գալիքին:

Գ.- Հակառակ տիրող ընդհանուր խանդավառութեան, իմ հանդիպումներուս ու զրոյցներուս ընթացքին թաքնուած եւ տեղեր բացայայտ` խոր մտահոգութիւններու ականջալուր ու ականատես կը դառնամ եւ ինծի կը թուի, որ այս ձմեռ այդքան ալ դիւրին շրջանցելի պիտի չըլլայ: Ընկերային-տնտեսական առկայ եւ գալիք մարտահրաւէրները արդէն իսկ ծանր կը ճնշեն ժողովուրդի առօրեային վրայ: Ափսոսանքով կ՛արտայայտուին, որ չեն ուզեր լքել երկիրը, բայց կը հաստատեն, որ շատ մը պարագաներու կը գտնուին անել կացութեան դիմաց: Արդարօրէն կը մտածեմ, որ առաջնահերթ խնդիր է այսօր Հայաստանէն արտագաղթի հոսքի կասեցման համար կազմակերպ ու արդիւնաւէտ ծրագիրներու անյապաղ մշակումն ու գործնականացումը: Հայ անհատի արժանապատիւ կեանքի երաշխաւորումը Հայաստանի հողին վրայ կը մնայ օրհասական խնդիր: Այստեղ, ընկերային ապահովութեան ու պետութեան նկատմամբ վստահութեան գործօնի արմատացումը պէտք է դառնայ բոլորը համախմբող հիմնական օրակարգ եւ այս դժուարութեան շրջանցման համար կարելի չէ զբաղիլ միայն յանցաւորներու եւ պատասխանատուներու փնտռտուքով, այլեւ պէտք է համախմբուիլ փրկութեան գործին շուրջ եւ այդ մէկը վերածել համազգային առաքելութեան: Այս հասկացողութեան արմատացումը վստահաբար կը նպաստէ նաեւ պետականութեան հզօրացման  ու զարգացման:

Այս տողերը թուղթին յանձնած ընթացքիս ականջիս մէջ նոյն ուժականութեամբ տակաւին կ՛արձագանգէ հայաստանցի բարեկամի մը խօսքը. «… Վերջ ի վերջոյ այս երկիրը մեր երկիրն է, բոլորիս երկիրն է, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ է իշխանութիւնը այսօր: Մենք բոլորս պարտաւոր ենք միասնաբար կառուցել, միասնաբար պաշտպանել եւ միասնաբար զարգացնել այս երկիրը, ուրիշը չունինք եւ այլ ելք ալ չունինք…»:

Ցտեսութիւն…

 

 

Նախորդը

Նշմար. Դիմակազերծում Եւ Յեղաշրջումի Փորձ

Յաջորդը

Առաջին Ծննդեան Օրը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.