Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Օդանաւային Եւ Հրետանիի Ռմբակոծումներ Եւ Ցամաքահանումի Փորձ Հարաւի Մէջ. Մահափորձ Տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեանի Դէմ

Օգոստոս 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հարաւային Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներուն ու փոխադարձ ռմբակոծումներուն դադրեցման նպատակով, 1981 յուլիս 20-էն սկսեալ, ներքին եւ միջազգային գետիններու վրայ հեւքոտ շփումներ տեղի կ՛ունենային զինադուլի մը հաստատման նպատակով:

Զինադուլի մը յաջողութեան յոյսերը կապուած էին առաւելաբար ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի որոշումի մը եւ Իսրայէլի վրայ զանազան երկիրներու կողմէ ի գործ դրուող ճնշումներուն, որոնք մղում կը ստանային լիբանանեան եւ առհասարակ արաբական դիւանագիտական մարմիններու գործունէութենէն: Սակայն, կայուն զինադուլի մը գոյացման հաւանականութիւնը կը մնար թէական, որովհետեւ հարաւի մէջ հակամարտ կողմերու ցուցաբերած դրական կեցուածքին ետին կը կանգնէին նախապայմաններ, որոնց իրագործումը կը նկատուէր չափազանց դժուար:

***

Տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան
Տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան երեքշաբթի, 21 յուլիս 1981-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին քաղաքական մահափորձի ենթարկուեցաւ դաւադիր ձեռքերու կողմէ:

Ոճրափորձը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ տոքթոր Էպլիղաթեան արեւմտեան Պէյրութի Մայ Զիատէ փողոցին քովընտի թաղի մը մէջ դուրս կու գար իր ինքնաշարժէն, իր բնակարանը բարձրանալու համար: Երեք անծանօթ զինեալներ, կարմիր «Ֆիաթ 127» ինքնաշարժէ մը ձայնարգել զէնքով կռնակէն կրակեցին անոր վրայ: Երեք փամփուշտ ստանալով եւ ծանրօրէն վիրաւորուելով` Էպլիղաթեան Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցը փոխադրուեցաւ, ուր վիրաբուժական ստիպողական գործողութեան մը ենթարկուեցաւ, որ անցաւ յաջող:

Տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեանի դէմ կատարուած ոճրափորձը ընդվզումի եւ ուժգին դատապարտումի ալիք մը բարձրացուց պետական եւ քաղաքական շրջանակներէ ներս, որոնք արարքը նկատեցին լիբանանեան հայրենիքի օրինականութեան ու հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած թշնամական քայլ մը: Յատկապէս ընդգծուեցաւ այն իրողութիւնը, թէ նման արարքներ կը ձգտին պառակտում առաջացնել արդէն իսկ տագնապահար հայրենիքի զաւակներու շարքերէն ներս:

Միւս կողմէ, Ամերիկեան հիւանդանոց այցելեցին կամ հեռաձայնային կապի մէջ մտան պետական, քաղաքական եւ համայնքային բազմաթիւ պատասխանատուներ, որոնք դատապարտեցին անարգ ոճրափորձը ու ապաքինում մաղթեցին տոքթոր Էպլիղաթեանի:

Այցելուներու եւ հեռաձայնողներու շարքին էին նախագահ Իլիաս Սարգիս, խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատ, վարչապետ Շաֆիք Ուազզան, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից վեհափառ հայրապետները, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Արամ եպիսկոպոս Քէշիշեան, նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական, կուսակցական եւ զինուորական պատասխանատուներ:

Նախարարաց խորհուրդի յուլիս 22-ի նիստին ընթացքին նախագահ Իլիաս Սարգիս դատապարտեց տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեանի դէմ կատարուած ոճրափորձն ու անոր ետին կանգնող մութ ձեռքերը: Ան այս առիթով նաեւ դրուատեց տոքթոր Էպլիղաթեանի եւ հայ համայնքին կեցուածքը` լիբանանեան տագնապին ընթացքին ու լիբանանեան հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն հանդէպ: Արարքը պաշտօնապէս դատապարտուեցաւ նաեւ նախարարաց խորհուրդին կողմէ:

Ոճրափորձի դատապարտումի ալիքին միացաւ Ազգային շարժումը, որ հրապարակեց յատուկ հաղորդագրութիւն մը, ընդգծելով որ տոքթոր Էպլիղաթեանի դէմ կատարուած ահաբեկչական վտանգաւոր արարքը եթէ մէկ կողմէ ուղղուած է Լիբանանի ամբողջ հայութեան դէմ, անիկա միաժամանակ կը ձգտի պառակտում առաջացնել եւ կասկածի մթնոլորտ մը ստեղծել լիբանանեան ընտանիքէն ներս:

Ազգային շարժումը նաեւ դրուատեց լիբանանեան տագնապին ընթացքին հայութեան որդեգրած շինիչ եւ դրական կեցուածքը, որ մասնակի հաշիւներէն գերադաս կը նկատէ հայրենիքին ընդհանրական շահերը: Այս մօտեցումով, շարժումը տոքթոր Էպլիղաթեանի դէմ կատարուած արարքը կը նկատէր հայութեան դրական կեցուածքին ուղղուած աղաղակող վնասակար քայլ մը ու պատկան իշխանութիւններէն կը պահանջէր ճիգ չխնայել, ի յայտ բերելու եւ պատժելու համար ոճիրին հեղինակները:

Իր կարգին ոճրափորձը դատապարտելով երեսփոխ Հիւսէյն Հիւսէյնի յատկապէս ընդգծեց, որ «երեսփոխան Էպլիղաթեանի դէմ կատարուած վատ յարձակումը թշնամական արարք մըն է նոյնինքն իսկական հայրենասիրութեան դէմ, զոր կը մարմնաւորէ ան»: Հիւսէյնի նաեւ դրուատեց հայկական պլոքի «պատուաւոր դերը` լիբանանեան տագնապի հոլովոյթին ընթացքին, որ յատկանշուեցաւ հայրենիքի ու անոր զաւակներուն գոյակցութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ»:

Միւս կողմէ, Ամերիկեան հիւանդանոց այցելեց սուրիական զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ նախագահ Հաֆէզ Ասատի եւ արաբական զսպիչ ուժերու պատասխանատուներէն զօրավար Մոհամէտ Ղանէմի անունով տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեանը շնորհաւորեց ոճրափորձէն փրկուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքներ փոխանցեց անոր:

***

 

Zahrani1981_8-19-15
Զահրանիի շրջանի ռմբակոծումը

Հարաւի վրայ ռազմական գործողութիւններու որոշ մեղմացումէ ետք, յուլիս 21-էն 22 լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան ուժեր գլխաւոր երկու գործողութիւններ կատարեցին. առաջինը` Քասիմիէ կամուրջին ուղղութեամբ զրահապատներով յարձակում մը, իսկ երկրորդը` Զահրանիի մօտակայ շրջանի մը վրայ ցամաքահանման փորձ մը, որ ետ մղուեցաւ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն կողմէ:

Ռազմական գործողութիւնները շարունակուեցան հարաւէն դէպի իսրայէլի հիւսիսային շրջաններ ու փոխադարձաբար` դէպի Նապաթիէ եւ Սուրի ու Սայտայի մօտակայ շրջաններու վրայ ռմբակոծումներով:

Ռազմական գործողութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան, երբ իսրայէլեան օդանաւեր սկսան ռմբակոծել Սայտայէն Սուր երկարող ծովեզերեայ շրջաններ, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Զահրանի եւ Լիթանի գետերուն վրայ կառուցուած շարժական կամուրջներու ու շրջանէն անցնող քաղաքային ինքնաշարժներու վրայ: Բազմաթիւ քաղաքացիներ տեղն ու տեղը սպաննուեցան շրջանէն անցնող ինքնաշարժներու ուղղակի ռմբակոծման հետեւանքով, իսկ ուրիշներ, որոնք յաջողեցան դուրս ցատկել ինքնաշարժներէ, թիրախ դարձան օդանաւային յաջորդական յարձակումներու ընթացքին արձակուած ռումբերու:

Իսրայէլեան օդանաւային յարձակումներուն նպատակն էր պաղեստինեան ուժերուն զինամթերքով պարենաւորման գիծերը խափանել: Սակայն, պարենաւորման գիծերը կը մնային անխափան ու իսրայէլեան յարձակումները այդ իմաստով կը մնային ապարդիւն:

***

 

Պոֆոր դղեակը
Պոֆոր դղեակը

Հարաւի մէջ, ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ գտնուող Պոֆոր դղեակը, խաչակիրներու պատմական բերդը, որ կ՛իշխէր ամբողջ շրջանին վրայ, դարձած էր թիւ մէկ կռուախնձորը: Մէկ կողմը կը գտնուէր Սաատ Հատտատի ուժերուն հակակշռած շրջանը, իսկ միւս կողմը, ուղիղ գիծով մօտաւորապէս ութ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը սկսէր իսրայէլեան սահմանը: Իսկ ճիշդ դիմացը` Պոֆորի բերդն է: Այդ ցից ամրութենէն պաղեստինցիները հրթիռներ կը տեղացնէին Մեթուլլայի շրջանին վրայ, որուն կու տային նաեւ Գալիլիոյ ցուցամատը անունը:

Պատերազմը ներկայ էր ամէն կողմ: Դէպի Պոֆոր տանող ցից ու դարձդարձիկ ճամբուն վրայ, անցորդները եւ ինքնաշարժները կը մագլցէին կարելի արագութեամբ, խուսափելու համար դիմացի կրակոցներէն: Հոն գտնուող սակաւաթիւ բնակիչները կը մնային իրենց տուները:

Սաատ Հատտատի զինուորները եւ իսրայէլացիները կը գտնուէին թնդանօթներու հասողութեան մէջ: Իսկ պաղեստինցի քոմանտոները եւ թնդանօթաձիգները կրնային պահել իրենց ներկայութիւնը դիտակեդրոններէն եւ հետախուզող օդանաւերէն:

Նապաթիէ, շիի բնակչութեամբ քաղաքը, կը նկատուէր պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու միջնաբերդը: Գիշերային ռմբակոծումները աւեր կը գործէին քաղաքին մէջ: Քաղաքին բոլոր տուները կը կրէին ռումբերու հետքեր: Պատերու մասեր պառկած էին մէկ կողմ, տանիքները` ծակուած, խանութներուն դուռերը, որոնց մեծ մասը գոց էր, ծակծկուած էին: Նապաթիէ մեռելաստանի մը տպաւորութիւնը կու տար:

Թնդանօթաձգութիւնը կը սկսէր ուշ գիշերին եւ կը շարունակուէր մինչեւ առաւօտ: Թնդանօթաձգութիւնը առօրեայ էր եւ կու գար Սաատ Հատտատի շրջանէն եւ Իսրայէլէն: Իսրայէլացիները հրթիռներ կ՛արձակէին նաեւ ուղղաթիռներէն, եւ զոհեր ու վիրաւորներ շատ կ՛ըլլային:

Քաղաքին լիբանանցի եւ պաղեստինցի բնակիչները կը քալէին փլատակներով ծածկուած փողոցներու մէջ, կամ նստած իրենց բնակարաններու աստիճաններուն վրայ, ապշած, անկարող հակադարձելու առօրեայ թշուառութեան, որ կը սաստկանար օրըստօրէ:

Իսրայէլեան ռմբակոծումները պատճառեցին գաղթ: Նապաթիէէն դէպի Միջերկրական եւ Զահրանի տանող ճամբուն վրայ, իսրայէլեան յարձակումները զարհուրանք պատճառած էին: Նապաթիէէն երեք-չորս քիլոմեթր հեռու, ճամբուն երկայնքին գտնուող տուները ճզմուած էին ռումբերէն եւ ծառերու ամբողջ շարքեր հնձուած էին հրթիռներէն:

Նապաթիէ – Զահրանի շրջանի կամուրջները քանդուած էին: Սակայն լիբանանցի վարորդները ճամբայ գտած էին այդ փլատակներուն մէջէն եւ ցատկռտելով քարերուն վրայ, կը շարունակէին իրենց գործը:

***

 

«Ազդակ», 27 յուլիս 1981-ի թիւով եւ «Լիբանանն է դուռը շրջանի խաղաղութեան» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ դէպքերը ստացած են արագ ընթացք եւ Լիբանան կանգնած է կրակը իրմէ հեռացնելու տենդագին աշխատանքի մթնոլորտին մէջ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ անկախ իրենց գործած աւերէն եւ խլած զոհերէն, իսրայէլեան յարձակումները ամէնէն պարզ ձեւով վերահաստատեցին այն իրողութիւնը, թէ Լիբանան կը շարունակէ մնալ ամբողջ շրջանի խաղաղութեան մուտքի դուռը, որովհետեւ լիբանանեան տագնապի բռնկումով Միջին Արեւելքը ամէնէն կարճ ճամբէն կը վերադառնայ ընդհանուր անկայունութեան:

Արաբեւիսրայէլեան կնճիռը վառօդի այս տակառէն` լիբանանեան տագնապէն հեռացնելու մտահոգութեամբ կը բացատրուէր մանաւանդ արաբական քառանդամ յանձնախումբի ժողովներուն ընկերակցող եւ պահանջուած լուծումը դիւրացնելու կոչուած տարբեր կողմերուն յանձնառութիւնները: «Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ անհակակշռելի պայթումներու սպառնալիքը կանխելու եւ ամբողջական անորոշութեան գիրկը չիյնալու նախընտրութիւնը կողմերուն կը ստիպէ փոխադարձ զիջումներու ճամբան գերադասել` զինուորական մագլցումներու «խոստացած» քաղաքական անստոյգ «շահերէն»:

«Ազդակ» կը պարզաբանէր ըսելով որ միջազգային դիւանագիտութիւնը կ՛անդրադառնայ, թէ Իսրայէլն ու արաբները Լիբանանի մէջ «անշարժացնելու» ռազմավարութիւնը ունի իր վտանգները, այն իմաստով` որ կրնայ յանգիլ շրջանային ամբողջական բռնկումի:

Այլապէս` դէպքերը արդէն իսկ ստացած են անհակակշռելի զարգացում եւ ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ միջազգային դիւանագիտութիւնը կամ արաբական նախաձեռնութիւնները ուզեն փակել լիբանանեան բեմի ճեղքերը, կը հաստատէր «Ազդակ» եւ կ՛եզրափակէր ըսելով.

Ճիշդ է, որ Լիբանանն է դուռը շրջանի խաղաղութեան: Այս համոզումով կը շարժին գրեթէ բոլոր դերակատարները: Բայց նոյնպէս ճիշդ է, որ շրջանի անապահովութենէն օգտուող ուժեր չեն պակսիր, եւ պէտք չէ զարմանալ` եթէ առիթէն օգտուելով անոնք գրաւեն խաղաղութենէն նպաստաւորուող ուժերուն բաց ձգած դիրքերը:

***

 

Արաբական քառանդամ յանձնախումբը 26 յուլիս 1981-ին աւարտեց Պաապտայի իր ժողովը, լիբանանեան տագնապի առկախ հարցերու լուծման համար սպասումի նոր պայմանաժամ մը ճշդելով լիբանանցի քաղաքացիին ու քաղաքական ղեկավարներուն համար:

Սպասումը կապուած էր քաղաքական համախոհութեան մը առաջադրանքը հետապնդող ներքին տիալոկի մը ազդանշանին հետ:

Յաջորդող օրերուն, պետական, քաղաքական եւ դիւանագիտական գետիններու վրայ աշխատանքները թեւակոխեցին նոր հանգրուան մը, որ նախընթաց հանգրուաններու շարունակութիւնը ըլլալով մէկտեղ, պիտի ընթանար զուգահեռ երեք ուղղութիւններով. ա) ապահովութեան ամրապնդում, բ) Հարաւի մէջ զինադուլի պահպանում եւ գ) քառանդամ յանձնախումբին կողմէ ճշդուած ժամադրութիւնը յարգելու համար, ներքին համերաշխութեան նպատակով տիալոկի սկզբնաւորման ենթահողի պատրաստութիւն:

***

 

Նապաթիէ ռմբակոծումէն ետք
Նապաթիէ ռմբակոծումէն ետք

«Ազդակ», 4 օգոստոս 1981-ի թիւով եւ «Բաժակը յորդած է» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ համբերութիւնն ալ սահման ունի, եւ լիբանանցին այլեւս չի կրնար համակերպիլ ամէն գնով զինք տագնապի մէջ պահելու ընդհանուր դաւադրութեան:

Լիբանանեան տագնապը կորսնցուցած է իր գոյութեան իմաստը, արդար կամ ըմբռնելի շատ մը տարակարծութիւնները պարպուած են քաղաքացիական խզում առաջացնող իրենց նշանակութենէն, եւ մնացած է գլխագիր արուեստական մթնոլորտ մը, կը նշէր «Ազդակ» եւ կ՛աւելցնէր:

Դիտեցէք պարզ ու համեստ լիբանանցիներու առօրեան, հետեւեցէք անոնց ամէնօրեայ շարժումներուն, եւ անպայման պիտի հաստատէք, որ քաղաքական տագնապը կը շարունակուի միայն քաղաքական մարդոց արտայայտութիւններուն եւ հակադիր կողմերու զինուորական շարժումներուն մէջ:

Լիբանանցին իր շուրջ կը տեսնէ միայն արուեստական տագնապներ եւ հաստատակամ կ՛աշխատի զանոնք արհամարհել` ապրելու իր իրաւունքին կառչելով:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ լիբանանցին այլեւս տագնապ չունի, այն իմաստով որ համայնքային, քաղաքական թէ ընկերային իր տարակարծութեանց լուծման համար չի հաւատար զէնքի միջոցին եւ արդէն իսկ գտած է ազգային համերաշխութեան վերադարձի ճամբան:

Այսուհանդերձ` արուեստական միջոցներով տագնապը կրակի վրայ պահելու ռազմավարութիւն մը կը շարունակուէր:

Քարիւղի, ուժանիւթի եւ ալիւրի «յանկարծական» տագնապը, որ ընդհանուր խուճապի մատնեց ամբողջ երկիրը, միայն այդ տրամաբանութեամբ կրնար բացատրուիլ, մանաւանդ որ նոյնքան «յանկարծական» լուծում գտաւ:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ լիբանանցիին համբերութեան բաժակը յորդած է եւ կառավարութենէն կը պահանջուէր իշխանութիւն ըլլալ` առնուազն արուեստականօրէն ստեղծուած տագնապներու դէմ քաղաքացին պաշտպանելու մարզերէն ներս:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?