Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, ԳԱԱ-ի նիստերու դահլիճին մէջ 29-30 յուլիս 2015-ին տեղի ունեցաւ «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Համոզուած եմ, որ մայրենի լեզուի երկու ճիւղերուն նուիրուած այս համաժողովը իր նպաստը պիտի բերէ մեր լեզուի միասնական զարգացման ու գործածութեան, պահպանութեան, կանոնակարգման ու գիտական ուսումնասիրութեան, անաղարտութեան պահպանութեան, ուսուցման խնդիրներուն վերաբերող նախաձեռնութիւններուն, ծրագիրներուն, գործողութիւններու առաջադրման ու իրագործման: Ցեղասպանութեան պատճառած անդառնալի վնասներէն են նաեւ մեր լեզուական կորուստները, որոնց յաղթահարման ուղղութեամբ շատ ընելիքներ ունինք: Անդառնալի կորուստի մատնուեցան տասնեակ արեւմտահայ բարբառներ, իր պատմական հայրենիքէն եւ բնականոն զարգացման կարելիութենէն զրկուեցաւ գրական արեւմտահայերէնը, որ ծուէն-ծուէն եղած գոյամարտ կը մղէ աշխարհի չորս ծագերուն»: Նախարարը նաեւ անդրադարձաւ լեզուապահպանութեան առումով սփիւռքի կառոյցներուն տարած շնորհակալ աշխատանքին` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ եւս աշխատանք կը տարուի արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան, ուսուցման, դասագիրքերու եւ ուսումնական այլ նիւթերու ստեղծման իմաստով: Ըստ Հ. Յակոբեանի, կառավարութիւնը, ի դէմս սփիւռքի նախարարութեան, կը համագործակցի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու, գիտամշակութային տարբեր կազմակերպութիւններու հետ` արեւմտահայերէնի կիրառման ոլորտներու ընդարձակման, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման, հայրենազրկուած եւ կորուստի մատնուած բարբառներու նշխարները հաւաքելու եւ ի մի բերելու համար: Եզրափակելով իր խօսքը` նախարարը ըսաւ. «Մենք լիայոյս ենք, որ առաջադրուած խնդիրով մտահոգ գիտնականներդ, մտաւորականներդ, մանկավարժներդ հանդէս կու գաք իրավիճակի վերլուծութիւններով, դիտարկումներով, առաջարկութիւններով, որոնք կը նպաստեն լեզուապահպանութեան աջակցելու համալիր ծրագիրի մշակման, ափիւռքի հետ գիտակրթական կապերու ամրապնդման, արեւմտահայերէնի դասաւանդման, ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներու եւ մեթոտներու բարեփոխման, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման որակական նոր մակարդակի ձեռքբերման, հայերէնի երկու ճիւղերու համընթաց ու միասնական զարգացման, փոխհարստացման ուղիներու մշակման»:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ԳԱԱ-ի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ կարեւոր նկատեց համաժողովին դերը հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման առնչուող խնդիրներու լուծման առումով եւ նշեց, որ լեզուի երկու ճիւղերու կանոնակարգումն ու բառամթերքի հարստացումը այժմէական խնդիր է: Անոր համաձայն, յառաջիկային պիտի սկսի գործելու Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը, որ իր կարգին պիտի նպաստէ այդ խնդիրներու լուծման: Առկայ խնդիրները լուծելու նպատակով Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ հիմնուած է ու կը գործէ արեւմտահայերէնի բաժին:
«Հայոց լեզուին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» զեկուցումով հանդէս եկաւ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեան: Ան անդրադարձաւ լեզուի երկու ճիւղերու ներկայ վիճակին եւ առկայ խնդիրներուն, ներկայացուց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք եւ խորհրդային շրջանին Ազրպէյճանի մէջ հայկական բարբառներու կորուստը, լեզուի զարգացման ու երկու ճիւղերու մերձեցման խոչընդոտները:
Համաժողովի երկրորդ օրուան առաջին նիստը վարեցին սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ Համազգայինի «Բագին» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Պալեան:
Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի Սփիւռքի բաժինի արեւմտահայերէնի խումբի աշխատակից Սուսաննա Տիոյեան համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց Լոս Անճելըսի խումբին ուղերձը (ղեկավար` Արտեմ Սարգսեան): Ողջունելով համաժողովը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը` հեղինակները կ’արծարծեն իրենց պատկերացումով հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրներն ու ուղիները: Անոնց համաձայն, մերձեցումը հիմնականին մէջ կ՛առնչուի բառապաշարի ոլորտին, եզրաբանութեան, նորաբանութիւններու ոլորտին մէջ կիրառուելիք սկզբունքներուն, ուղղագրութեան եւ լեզուական այլ իրողութիւններու: Անոնք համոզում յայտնած են այն մասին, որ գործընթացը պէտք չէ կայանայ լեզուի ճիւղերէն որեւէ մէկուն հաշուոյն: Խումբը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման նպաստող նախաձեռնութիւններուն:
Սուսաննա Տիոյեան ներկայացուց նաեւ իր` «Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան քանի մը հարցեր» նիւթով զեկուցումը:
ՀՊՄՀ հայոց լեզուի տարրական ուսուցման ամպիոնի վարիչ Աշոտ Գալստեան անդրադարձաւ արեւելահայերէն գեղարուեստական վաւերագրութեան արեւմտահայերէն տարրերուն:
Լիբանանահայ գրող, մանկավարժ, արեւմտահայերէն դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուաճիւղեր. Մերձեցումի կարելին ու անկարելին» նիւթով զեկուցումը ընթերցեց Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան: Զեկուցման հեղինակը` վկայակոչելով սեփական փորձառութիւնը, կը մատնանշէ մերձեցման կարելիութիւնները, որոնք հիմնուած են հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի անվիճելի միասնութեան եւ անոր բազմադարեայ պատմութեան վրայ:
ՀՊՄՀ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատակից Քնարիկ Աբրահամեանի զեկուցումը կ՛առնչուէր հանրակրթական դպրոցին մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման արդի մարտահրաւէրներուն, ան ներկայացուց խնդիրին վերաբերեալ իր դիտարկումները:
«Այլ կերպ» խաղի հեղինակներ` Էլինա Մելիքեան, Անահիտ Յակոբեան եւ Սոֆիա Խաչատրեան (ԵՊՀ) պատկերաշարով ցուցադրեցին մտաւոր-ժամանցային խաղերու միջոցով հայերէնի պահպանման ու կիրառման միտող իրենց ծրագիրը:
Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման խնդիրներուն վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ ԵՊԼՀ դասախօս Գայիանէ Գէորգեան:
Ելոյթ ունեցան նաեւ սփիւռքեան կրթօճախներու ուսուցիչներ` Փարիզի «Մկնիկ» աշխատանոցի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան («Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միատեղ եւ զուգահեռ շփումն ու զարգացումը») եւ Լիբանանի Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի ուսուցչուհի Սօսէ Փիլաւճեան («Միթէ վերջին պոէտն եմ ես». Մայրենին անաղարտ պահել»):
ԵՊՀ հայոց լեզուի ամպիոնի ասփիրանդ Մայրանուշ Շահումեան անդրադարձաւ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման ու միաւորման վերաբերեալ տարբեր լեզուաբաններու մօտեցումներուն, բանավէճերուն ու կարծիքներուն` մասնաւորապէս խնդիրին վերաբերեալ Հր. Աճառեանի աշխատութիւններուն մէջ տեղ գտած ուսումնասիրութիւններուն ու արծարծումներուն:
Զեկուցումներու շարքը եզրափակուեցաւ ԳԱԱ-ի լեզուի հիմնարկի գիտաշխատող Անահիտ Քարտաշեանի «Դիտարկումներ արդի արեւմտահայ իրականութեան մէջ գործառուող անձնանունների վերաբերեալ» հետազօտութեան ներկայացմամբ:
Տեղի ունեցաւ օգտաշատ քննարկում:
Համաժողովի աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկան եւ իրենց տպաւորութիւնները, դիտողութիւններն ու առաջարկները ներկայացուցին Սուրէն Դանիէլեան, Հիլտա Փանոսեան-Գալֆայեան, Նշան Որբերեան, Յակոբ Պալեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Մանուէլ Ադամեան եւ այլն:
Մասնակիցներուն հարցումներուն պատասխանեցին սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան:
Ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ողջունելի նկատեց համաժողովին ընթացքին արտայայտուած միտքերը, ներկայացուած առաջարկները: Ան նշեց, որ ասիկա սկիզբ էր, թերեւս առաջին գործնական քայլն էր հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման ուղղութեամբ: Խնդիրի լուծման յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ստեղծումը երեք տարբեր յանձնախումբերու, որոնք` օգտագործելով տեղեկատուական արդի կարելիութիւններէն, պիտի աշխատին տարբեր եղանակներով, նիստեր պիտի գումարեն, պիտի կազմակերպեն քննարկումներ, պիտի հրապարակեն յօդուածներ եւ պիտի ներկայացնեն յստակ առաջարկներ ու խնդիրներու լուծման ուղիներ: