Յօդուածներ

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Օգոստոս 18-ին վիրահատութեան ենթարկուած է Յովհաննէս սրկ. Գալստեանը, որ Արցախի հիւսիսարեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, օգոստոս 11-ին, ներթափանցումի մը ժամանակ գլուխէն հրազինային գնդակ ստացած էր: «Մուրացան» Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի պետ Արամ Ասատուրեան յայտնած է. «Հիւանդը վիրահատած ենք, վիճակը բնական է, տեղափոխուած է հիւանդանոցի սովորական սենեակ»: Զօրամասին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կատարող սարկաւագը վիրաւորուած է ինքնաշարժով դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, երբ հակառակորդը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Անգարան… Ճնշումի Տակ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անգարան… Ճնշումի Տակ

Պայթում մը… Պոլսոյ ոստիկանատան սեմին, ապա` քանի մը ժամ ետք, կրակոցներու տարափ մը Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի մուտքին: Միեւնոյն օրը, այս անգամ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ այլ պայթում մը, որուն թիրախն են ներքին ապահովութեան ուժերը: Տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ: Ըստ երեւոյթին, այդքան ալ ապահով չէ Թուրքիոյ մէջ շրջիլը: Վերադարձած են վտանգաւոր օրերը: Եւ կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ` պայթուցիկ ըլլալու աստիճան: Կը...

Մուշի Մէջ 40 Հազարէ Աւելի Իսլամացած Հայ Կայ

Մուշի Մէջ 40 Հազարէ Աւելի Իսլամացած Հայ Կայ

Համահայկական խաղերը բացայայտեցին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նոր ձեւաւորուած հայկական կառոյցներու աշխուժութիւնը: «Արմրատիօ»-ի համաձայն, այս առիթով լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպման ընթացքին իրենց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան բացայայտման մասին  պատմած են Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչները: Մուշի մէջ գործող Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան փոխատենապետ Գէորգ Չալըշ պատմեց տարի մը առաջ կազմաւորուած  հայկական առաջին հայրենակցական միութեան ստեղծման նպատակներուն ու դժուարութիւններուն մասին: «Դժուար է Մուշի...

Ուրֆացի Իսլամացած Հայը Դատարանին Միջոցով Վերականգնած Է Իր Հայութիւնը

Ուրֆացի Իսլամացած Հայը Դատարանին Միջոցով Վերականգնած Է Իր Հայութիւնը

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ միլիոնաւոր ծպտեալ հայերու մէջ քիչերն են, որ կրնան վերականգնել իրենց ինքնութիւնը: Անոնց թիւը հազիւ կը հասնի 100-ի: Այդ մարդոցմէ Ուրֆա` Սիւերեկի մէջ (Սեւ Աւերակ) կնոջ, երեխաներուն եւ թոռնիկներուն հետ ապրող Հատի Կիւմուշն է: Ան իր հայութիւնը վերականգնած է թրքական դատարանիՆ միջոցով: Հատի Կիւմուշ «Առաւօտ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմեց. «Մանկութենէս գիտէի, որ հայ եմ: 1980-ին ֆաշիստական հրամանատարները...

Մշեցի Իպրահիմը… Հայ Է.  Ան Չէր Գիտեր, Որ Հայ Է…

Մշեցի Իպրահիմը… Հայ Է. Ան Չէր Գիտեր, Որ Հայ Է…

Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք իսլամացած հայերուն մասին շատ լսած էի, բայց չէի հանդիպած անոնցմէ ոեւէ մէկուն: Չէի գիտեր, որ  օր մը կրնամ հանդիպիլ, այն ալ` Հայաստանի մէջ: Իպրահիմին ծանօթացայ Համահայկական 6-րդ խաղերու ժամանակ: Ընդհանուր ծանօթի միջոցով իմացայ, որ ծագումով հայ է, եւ որոշեցի անոր հանդիպիլ: Իպրահիմը յուզուեցաւ, երբ իմացաւ, որ կը փափաքիմ զրուցել հետը, մանաւանդ, որ Արցախէն եմ: Իպրահիմ կ՛ապրի Մուշի...

«Ճումհուրիյէթ» Հարիւր Տարիներու Յիշատակը Դէմքերու Վրայ

«Ճումհուրիյէթ» Հարիւր Տարիներու Յիշատակը Դէմքերու Վրայ

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Նուրան Ագգայայի «Էրմէնիլէր» անուն գիրքը, որ Պոլսոյ ու Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ ապրող հայերու լուսանկարչական դիմանկարները ափոփած է, թուրք մամուլին մէջ կը շարունակէ նիւթ դառնալ: 1915-ի հարիւրամեակին ձօնուած այս գիրքին լուսանկարները քաշուած են ուղղակի Նուրան Ագգայայի կողմէ, եւ մենք («Նոր Մարմարա»-ն) արդէն այս գիրքին մասին խօսած ենք, երբ հրատարակուեցաւ, բայց հիմա պարբերաբար արձագանգ կը գտնէ թուրք մամուլին մէջ:...

Փոքրացող Ածուի Ծիրանը – Բ. Հայկական Համայնապատկերի Բերքը

Փոքրացող Ածուի Ծիրանը – Բ. Հայկական Համայնապատկերի Բերքը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած «Ոսկէ Ծիրան 12» փառատօնի «Հայկական Համայնապատկեր» խաղարկային ծրագիրը չունեցաւ առաջին մրցանակի արժանի դիմորդ: Վաւերագրական ժապաւէններու «Ոսկէ Ծիրան» մրցանակակիրն էր Արման Երիցեանի «Մէկ, երկու, երեք...» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ լքուած ծերունիներու պատումները: Յիշարժան էին, սակայն, երեք ա՛յլ ժապաւէններ` Ատրինէ Գրիգորեանի «Վերադարձ դէպի Կիւրիւն»-ը, Սոնա եւ Մարինէ Քոչարեաններու «Ինչպէս անցնել Ջիլիզից Ջիլիզ»-ը  եւ Վահրամ Մխիթարեանի «Հովուի երգը»:...

Կանգառը` Ստեղծագործական-Մշակութային  Նոր Հարթակ Ըլլալու Ծրագիր

Կանգառը` Ստեղծագործական-Մշակութային Նոր Հարթակ Ըլլալու Ծրագիր

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Պուրճ Համուտի գերբնակեցուած թաղերը երբեմն իրենց անկիւնները պահած կ՛ըլլան կարելիութիւնները, որոնք առիթներու կը սպասեն երեւան գալու ու գործի ծառայելու: Հակառակ Պուրճ Համուտի անկիւններուն նեղութեան ու ապականումին եւ լիբանանեան ապրելակերպին հետեւանք իբրեւ թաղերուն տժգունութեան, միայն հոս ապրած-մեծցած լիբանանահայը պիտի կարենար տեսնել Պուրճ Համուտի թաքուն ներուժը ու օգտագործելով առիթը կարենար ստեղծագործել իրեն տրամադրուած միջոցներով առաւելագոյնը իմաստաւորելով զանոնք: Եւ այսպէս, խումբ...

Նշմար.  Պումերանկը Բռնած Է Վերադարձի Ճամբան

Նշմար. Պումերանկը Բռնած Է Վերադարձի Ճամբան

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ՔԱԿ¬ի առնչակից Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք վերջերս բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնած էր, որ Թուրքիոյ մէջ զինադադարի հաստատման նպատակով ՔԱԿ¬ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունին անուղղակի բանակցութիւններ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի անդրադառնալով այդ լուրին` հերքեց ՔԱԿ¬ի եւ իր երկրին միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու գոյութիւնը, երբ խօսքը անուղղակի բանակցութիւններու մասին էր եւ...

Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

Տեսակէտ. Պրոմէթէն Անդաւաճան` Նեմեսիսին

ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Պարբերաբար այնպէս կը թուի, թէ տարուան Նեմեսիսի... եղանակն է` երբեմն իր զարտուղի հետեւանքներով: Այս տարուան եղանակը կարծէք, թէ քիչ մը շուտ սկսաւ, եթէ նկատի ունենանք 20 օգոստոս 2014-ին «Ասպարէզ»-ի մէջ լոյս տեսած Գրիգոր Ջանիբեկեանի «Բռունցքով սրբուած արցունք» յօդուածը: Այդ ելոյթը  հեղինակին սիրոյ զեղումն է անհատի մը, անհատներու հանդէպ, որոնց արարման խորհուրդը իրեն համար մնացած է անհասանելի:  Թէ կը...

Պօղոս Գուբելեանի Նոր Վէպը` «Առաքելութիւն Ի Մարաշ, Ազգատոհմիս Գողգոթան»

Պօղոս Գուբելեանի Նոր Վէպը` «Առաքելութիւն Ի Մարաշ, Ազգատոհմիս Գողգոթան»

Գրախօսեց` ԳՐԻԳՈՐ ՇԷՆԵԱՆ 1962-ին, Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրական մէկ ժողովին, մեր անմոռանալի խմբագիրը` Սիմոն Սիմոնեանը, Պօղոսին «Ափրիկեան ափերու վրայ» նոր լոյս տեսած հատորը ինծի երկարելով` ըսաւ. «Գրիգո՛ր, մոռցիր երգիծագիր ըլլալդ եւ թաւիշէ ձեռնոցով գրելդ, նստէ եւ Գուբելեանին նոր հատորը գրախօսէ»: Տուն հասնելով` նստայ, մէկ շունչով եւ հաճոյքով կարդացի պատանեկութեան ընկերոջս ափրիկեան կեանքէն առնուած հատորը, որ հետագային 23 գրախօսականներու պիտի արժանանար:...

Արա Ազատ Մասնակցեցաւ «Լեսլի» Համալսարանի Ցուցահանդէսին

Արա Ազատ Մասնակցեցաւ «Լեսլի» Համալսարանի Ցուցահանդէսին

Յուլիս 9-էն օգոստոս 9, Մեսեչուսեցի «Լեսլի» համալսարանի «Լենտըր» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի աւելի քան յիսուն արուեստագէտներու գործերու հաւաքական ցուցահանդէսը: Անոնց կարգին էր արուեստագէտ Արա Ազատ: «Ին-Սայթ» («In/Sight») անունը կրող այս ցուցահանդէսին ներկայացուեցան գեղանկարներ, լուսանկարներ, «քոլաժ»-ներ, քանդակներ եւ այլ արդի միջոցներով պատրաստուած գործեր: Այնտեղ ցուցադրուեցան Արա Ազատի ծրարով հասցէագրուած գործերը, որոնց կարգին էին 24 ապրիլ, 2015-ին յղուած, Հայոց ցեղասպանութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՛ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի Գիտական Բաժնի Տնօրէնի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան 6 օգոստոսին Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան Թաւրիզի ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Գիտութեան բաժնի անգլիացի տնօրէն Ճոնըթըն Հաուըրտի այցելութիւնը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին Ատրպատականի տարածքին գտնուող հայ ժողովուրդի ժառանգած հոգեւոր ու մշակութային հարստութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող դոկտ. Ճոնըթըն ծանօթացաւ տարածաշրջանին...

Փոքրացող Ածուի Ծիրանը – Ա. Ներածուած Բերք

Փոքրացող Ածուի Ծիրանը – Ա. Ներածուած Բերք

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Գորշ Վարագոյր.- Ոսկէ Ծիրանի փակման հանդիսութիւնը պերճախօս էր: Բացակայ էր բացման հանդիսավար Սերժ Աւետիքեանը: Բացակայ էին բոլոր օտար մրցանակակիր բեմադրիչները, որոնց մրցանակները ստացան տուեալ երկիրներու դեսպանատան պաշտօնեաները: Աչքի չընկաւ դատական կազմի նախագահ Ռոպէր Կէտիկեանը: Չկարողացայ որևէ տեղ նկատել հիւր դերասանուհի Օրնէլա Մութին: Մինչդեռ երկու անգամ վարանոտ եւ գլխահակ բեմ բարձրացաւ Նասթասիա Քինսքին: Ամէնէն աչքառու բացական Հայկական Համայնապատկերի «Ոսկէ...

Ակնարկ.  Թուրքիոյ Շրջափակումը Իրանի Կողմէ

Ակնարկ. Թուրքիոյ Շրջափակումը Իրանի Կողմէ

Առ այս պահը չէ յստակացած Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի  11 օգոստոսին Թուրքիա այցելութեան յետաձգման պատճառները: Նման բարձրակարգ այցելութիւններու յետաձգումը ինքնին արդէն  կը մատնէ քաղաքական որոշակի ճգնաժամ: Նման պարագաներուն ընդունուած կարգը կը յիշեցնէ, որ առնուազն պաշտօնապէս նշուի պատճառը: Թէկուզ անիկա համոզիչ չըլլայ, այսուհանդերձ ինչ որ պատճառ կը յայտարարուի նման այցելութիւններու չկայացման պարագային: Ուրեմն տարբերակ առաջինը յետաձգման ճիշդ պատճառը...

Անդրադարձ.  ՔԱԿ-ի Դէմ Գործողութիւնները  Շուտով Կրնան Կանգ Առնել

Անդրադարձ. ՔԱԿ-ի Դէմ Գործողութիւնները Շուտով Կրնան Կանգ Առնել

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 13 օգոստոսին յայտնեց, որ ոմանք ՔԱԿ-ի դէմ գործողութիւնները կը ներկայացնեն իբրեւ քիւրտ ժողովուրդի եւ քրտական խմբաւորումներու դէմ պատերազմ մը, սակայն ատիկա բացայայտ սուտ է եւ վատաբանութիւն: Ան իր պնդումը հաստատելու համար յիշեցուց, որ Արաբ Բունարի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ քիւրտերու դիմադրութեան ընթացքին Թուրքիան իր կարելին ըրած է վերջիններուս աջակցելու համար: Ինչպէս բոլորին ծանօթ է` Թուրքիան...

Տաք Օրուան Մը Օրագիրէս

Տաք Օրուան Մը Օրագիրէս

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Օգոստոսի ամէնէն տաք օրերէն մէկն էր: Գործէս արձակուեցայ` մտածելով. «Նախորդ գիշեր օդերեւութաբանը յանձնարարեց խուսափիլ ուղղակի արեւու ճառագայթներուն ենթարկուելէ. Է՜, ո՜վ է ան, որ կ՛որոշէ, ոչ թէ սովորական մարդու, այլ հայու մը ընելիքը: Մենք` հայերս, գիտենք մեր ընելիքը. «Կէսօրուան տաքուն պիտի քալեմ», մրթմրթացի ու շատ հանգիստ, շորորալէն ճամբաս բռնեցի դէպի տուն: Ցուցափեղկերուն դիմաց երբեմն կը դանդաղիմ` բան մը փնտռողի...

Տեսակէտ. 9 Յուլիս 1955. 60-Ամեակ. «Ռասել – Այնշթայն Մանիֆեսթօ»

Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ 19-րդ դարու կէսերուն, «Կոմունիստական Մանիֆեսթօ»-ն ստորագրեցին Քարլ Մարքս ու Ֆրետերիք Էնկելսը, իսկ դար մը վերջ, 20-րդ դարի կէսերուն, ճշգրիտ` 9 յուլիս 1955-ին, Պերթրանտ Ռասել եւ Ալպերթ Այնշթայն հրապարակեցին իրենց «Մանիֆեսթօ»-ն հիւլէական պատերազմի վտանգին դէմ` զօրակցութեամբը Միջազգային հռչակ ունեցող 9-ը գիտնականներու, որոնք յիշեալ թուականին, Լոնտոնի մէջ գումարուած եւ բրիտանական «Տը օպզըրվըր»-ի կողմէ կազմակերպուած մամլոյ Միջազգային ասուլիսին ընթացքին  Այնշթայնի եւ...

Գեղեցիկ Տողերու Պարտէզին Մէջ (23).  Չարենցն Ալ Ունի Գեղեցիկ Տողեր

Յուշատետր. Մայր Բնութիւնը Ինձմով Կը Զբաղի

Ռ. Հ. Յուլիսին քսանը անցած էինք, ու արեւը կը կիզէր ամբողջ քաղաքը: Առտուան կանուխ ժամերուն, երբ վստահ էի, որ քաղաքին մեծամասնութիւնը դեռ կը քնանար, արեւը արդէն կը սկսէր քրտինք հոսեցնել ճակտէս: Ես, որ ամէն առտու կանուխ կ՛արթննամ ու տակաւին բնակարանիս մէջ իսկ կանուխէն աշխատելու կը սկսիմ, երբեմն պատուհանը կը բանայի, որպէսզի Սեւ ծովուն կողմէն գալիք թեթեւ հով մը ձերբակալէի, թեթեւ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Թրքական «Զերօ Խնդիրներ»-ու Վարքագիծը Վերածուեցաւ…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Տակաւին քանի մը տարի առաջ էր, երբ Թուրքիա սկսաւ խօսելու արտաքին քաղաքականութեան իր նոր վարքագիծին մասին, որ կը խտանար «զերօ խնդիրներ դրացիներուն հետ» բանաձեւումով: Երեւոյթները այդպէս ալ ցոյց կու տային (մէկ բացառութեամբ անշուշտ…): Արդարեւ, Պուլկարիոյ հետ ոչ մէկ խնդիր կար: Կիպրոսի պարագային, կղզիին 40 տոկոսին «տը ֆաքթօ» գրաւումը-իւրացումը, 1974-էն ի վեր, «մարսուած» կը համարուէր, որովհետեւ յունական բաժինը ինք...

Page 1025 of 1110 1 … 1,024 1,025 1,026 … 1,110

Արխիւներ