Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերու Ս. Ղազար Կղզին: Շերտ Մը Հայաստան Վենետիկի Մէջ

Օգոստոս 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

San-Lazzaro_818-15

ԹԵՐԵԶԱ ԼԵՒՈՆԵԱՆ

«Վափորեթթօ» թիւ 20 զբօսանաւին Սան Զաքքարիայէն ժամը 3:00-ը 10 վայրկեան անց կատարած երթը սովորական զբօսաշրջային շրջագայութիւն չէր: Մեծամասնութիւնը` իտալացիներ, ամերիկեան արուեստի քանի մը պատմաբաններ եւ Միջին Արեւելքէն այցելուներ են: Բոլորին պատած է լրջութիւն մը: Ոմանք ցամաք կ՛ելլեն Սան Սերվոլօ համալսարան-կղզիին վրայ, նաւուն վրայ ձգելով փոքր փաղանգ մը, որպէսզի աւարտէ ճամբորդութիւնը մինչեւ վերջ` դէպի Սուրբ Ղազար կղզիի հայկական վանքը:

Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հայերու զանգուածային սպանութեան հարիւրամեակին, հայերու Սուրբ Ղազար կղզին իւրայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ: Նախապէս բորոտներու արգելարան մըն էր, կղզին Տոկ Ալվիսօ Մոնսենիկոն նուիրած է Մխիթարին, հայ կղերական մը, որ կը փախչէր Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող կոտորածներէն: Ան 1717-ին 20 հետեւորդներով հասաւ կղզի եւ գտաւ հայ ժողովուրդին մշակութային ու հոգեւոր վերածնունդին նուիրուած վանք մը:

Նոյնիսկ Նափոլէոն, որ բարեկամ չէր վանքերուն, տպաւորուած էր այս կառոյցով, եւ 1797-ին ան Ս. Ղազարը հռչակեց ակադեմական հիմնարկ մը, զայն փրկելով հարուածներէ: Այսօր, 12 վարդապետներ եւ 5 նորընծաներ կը մնան իբրեւ խնամակալ պահակներ 200.000 գիրքերու, 4500 հազուագիւտ ձեռագիրներու, եւ գաղտնի վարդապետութեան գանձերու այլազան հաւաքածոյի մը: Մխիթարեան միաբանութեան այս մայր եկեղեցին վերածուած է գոյատեւման խորհրդանիշի, եւ հայկական կրթութեան կարեւոր կեդրոնի մը:

Մենք կը հետեւինք խունկի բոյրի մը` գաւիթին ընդմէջէն, ուր շարուած են հռոմէական եւ փիւնիկեան հնութիւններ, կ՛անցնինք Աքիլայէն իշխանուհիի մը գլխատ արձանին քովէն, եւ կը մտնենք կամարակապ եկեղեցին: Պատերէն անդին կը գտնուի համբաւաւոր գաղտնի պարտէզ մը` հանրութեան դիմաց փակ: Մեր ուղեցոյցը` Էլէնորա, կը փորձէ պարզել այս վանքէն անդին առկայ բարդ Աստուածաբանութիւնը. «Մխիթար, ձգտած է հաշտեցնել արեւմտեան եւ արեւելեան եկեղեցիները, որոնք պառակտուած էին», կ՛եզրափակէ ան: Բայց շքեղ մարմարներու եւ խճանկարներուն մէջ, եկեղեցւոյ 1348 թուականի  սկզբնական կառոյցէն մնացած երեք ցած, անորոշ կամարներ մեզի կը յիշեցնեն կղզիին ապառողջ անցեալը: «Ատոնք պատուհաններ էին, ուրկէ բորոտները կրնային հետեւիլ Ս. պատարագին»,- կը բացատրէ Էլէնորա:

venice-map_8-18-15Վանականներուն խուցերը առաջնորդող միջանցքներէն մէկուն երկայնքին, նրբագործ գեղազարդ երկաթեայ «Մխիթարի Սանդուխ»-ի գագաթին, պատերէն կախուած տեղացի արուեստագէտներուն գործերը` օսմանեան տարազներով հայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու արծուային դիմագիծերով նկարները, ապշահար կը դիտեն: Ամէնէն մեծ կտաւները կը գտնուին թանգարանին մէջ, որ նուիրուած է հայկական գանձերուն, որոնք նոյնպէս ունին պղինձէ դարու մետաղեայ գործեր, ոսկի մետաղադրամներ Ք.Ա. Ա. դարէն, դրոշմաթուղթեր` Հայաստանի առաջին Հանրապետութենէն եւ 1366-ին դարբնուած սուր մը` Կիլիկիոյ թագաւորութեան Լեւոն Զ. Լուսինեան թագաւորին պատկանող:

Վանքի «Ոսկէ գիրք»-ի անուանի այցելուներուն շարքին է Ճորճ Կորտըն Պայրընը, որ 1816-ին վեց ամիս մնացած է հոս` ուսումնասիրելով հայերէնը` «Աստուծոյ հետ զրուցելու լեզուն»: Լորտ Պայրոնի նախկին դասարանին մէջ այժմ կը գտնուի կատարելապէս պահպանուած  2600 տարուան եգիպտական մոմիա մը` Նեմենխետ, որ նազանքով կը ժպտի գունագեղ ուլունքներով խճճուած թիկնոցին տակէն: Շրջապատուած խոշոր գրադարաններով, որոնք կը պարփակեն 23 հսկայ հատորները Description de L՛Egypte-ի (հնագիտական սպառիչ հետազօտութիւն մը, պատուիրուած Նափոլէոնի կողմէ, եգիպտական արշաւէն ետք), Նեմենխետը անկասկած ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ:

Վանքի ոգին, իր բոլոր հետաքրքրական կողմերով, կը բնակի իր երեք գրադարաններուն մէջ. սքանչելի կոթողական գրադարանէն, որուն տանձենիէ պատրաստուած գրադարաններ կը պարունակեն ամէն նիւթի անդրադարձող եւրոպական հազուագիւտ մեծածաւալ հատորներ, Պայրընի սենեակէն եւ շրջանաձեւ ձեռագիրներու սենեակէն, ուր կը պահուին հայկական ձեռաաշխարհի ամէնէն կարեւոր հաւաքածոները հայկական ձեռագիրներու, ներառեալ` Մելկետ թագուհիին համար 862-ին ընդօրինակուած Աւետարաններ:

Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մատենադարանը նաեւ ունի հայկական թարգմանութիւններու ամէնէն հին օրինակները, ինչպէս Փիլոյէն, Հեսիոտոսէն եւ սուրբ Յովան Ոսկեբերանէն գործեր, որոնց բնօրինակները կորսուած են, սակայն վանականներուն կողմէ լատիներէնի թարգմանուած են եւ այդպէս վերակենդանացուած:

«Եթէ ձեռագիրները ճիշդ հասկցուած են»,- գրած է Լորտ Պայրըն 1817-ին,- «Դրախտը Հայաստանի մէջ հաստատուած է»: Արդարեւ, եթէ ամառը այցելէք Ս.Ղազար, դուք կրնաք համտեսել վանականներուն վարդանոյշը, որ պատրաստուած է վանականներուն պատկանող թաքուն Դրախտի ծաղիկներէն:

«Տը ինտիփենտընթ»

Թարգմանեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Նախորդը

Նոր Հանգրուանը` ՀՅԴ-ի Գաղափարական Երթին Մէջ

Յաջորդը

Արեւմտահայերէնի Եւ Արեւելահայերէնի Մերձեցման Խնդիրներ» Նիւթով Համաժողով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?