Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուշի Մէջ 40 Հազարէ Աւելի Իսլամացած Հայ Կայ

Օգոստոս 21, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Islamazide_8-21-15

Համահայկական խաղերը բացայայտեցին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նոր ձեւաւորուած հայկական կառոյցներու աշխուժութիւնը: «Արմրատիօ»-ի համաձայն, այս առիթով լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպման ընթացքին իրենց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան բացայայտման մասին  պատմած են Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչները:

Մուշի մէջ գործող Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան փոխատենապետ Գէորգ Չալըշ պատմեց տարի մը առաջ կազմաւորուած  հայկական առաջին հայրենակցական միութեան ստեղծման նպատակներուն ու դժուարութիւններուն մասին: «Դժուար է Մուշի մէջ նման աշխատանքներ տանիլ, քանի որ Մուշը շատ կրօնամոլ վայր է: Մենք, սակայն, այդ վտանգը յանձն առինք: Մտածեցինք, որ պէտք է հայերէն եւ պատմութիւն սորվեցնենք երիտասարդներուն, քանի որ այնտեղ քրիստոնեայ հայ չկայ, բոլորը իսլամացած հայեր են, բայց իրենց  հայ ըլլալը կ՛ընդունին արդէն»:

Հայրենակցական միութեան ատենապետ Հայրետին Արսլանի համաձայն, իրենց նախաձեռնութեան համար տարաբնոյթ վտանգներ միշտ կան: Ան հայերէն չի խօսիր, սակայն կը փորձէ սորվիլ: Ան ըսաւ, որ այս տարածքներուն մէջ արդէն 100 տարիէ ի վեր այդ վտանգները գոյութիւն ունին, եւ իրենք ալ այդ նեղ վիճակներուն մէջ ապրելով մեծցած են: «Մենք այնտեղ ծնած ենք, ու ամէն մարդ ալ արդէն գիտէ, որ մենք հայ ենք»,

Գէորգ Չալըշ ըսաւ, որ իսլամացած հայեր շատ կան: Պոլիս տեղափոխուած արմատներով սասունցի Գէորգը փոխանցեց, որ քիւրտ մը իրեն տեղեկացուցած է, թէ Մուշի եւ յարակից տարածքներուն մէջ 40 հազար հայ կ՛ապրի: Անոնց 40 տոկոսին մայրական կողմը հայ է, իսկ 10 տոկոսին` հայրական: Ասիկա միջին տուեալ է:  Ան կը կարծէ, թէ ծանօթանալու շատ լաւ առիթ էր Համահայկական խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցութիւնը:

Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Սիմոն Թարոնեան նկատել տուաւ, որ անցեալին ամէն ինչ  փակ էր, կապ չկար Արեւմտեան Հայաստանի եւ Խորհրդային Հայաստանի հայերուն միջեւ: Բոլորը մտածած են, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ոեւէ հայ չէ մնացած, իսկ այնտեղ մնացածները իսլամանալով` ապրած են թաքցնելով իրենց ինքնութիւնը: «Փոքր համայնքներու նման զիրար ճանչցողները իրարու հետ կապ կը պահէին: Նոյնիսկ ցեղախումբեր կան, օրինակ` Խորխոռունիները դարձած են Խոռնեկեն, Մամիկոնեանները` Մեմիկան»: Իրար ճանչցող հայերը շարունակած են գաղտնի կերպով այդ կապը պահպանել», կ՛ըսէ:

Գէորգ Չալըշն ալ նշեց, որ հայրենակցական միութեան ստեղծման հիմնական նպատակը Մուշի եւ յարակից տարածքներուն մէջ ապրող հայերը իրարու ծանօթացելն է:

Սիմոն Թարոնեան ըսաւ, թէ ամէն տեղ հայ կայ` գաղտնի եւ բացայայտ: Հիմա համայնքները սկսած են կազմակերպուիլ ու ասոր պիտի նպաստեն նաեւ ձեւաւորուող հայրենակցական միութիւնները: Ան կը կարծէ, թէ առաջին հերթին անհրաժեշտ է հասկնալ, որ հայ ըլլալ չի նշանակեր միայն քրիստոնեայ ըլլալը: Հայ ըլլալը մտածողութիւն ու արիւն է: Պէտք է օգնել գաղտնի իբրեւ հայ ապրողներուն, որ վերադառնան իրենց ինքնութեան, սորվին իրենց լեզուն ու պատմութիւնը:

 

Նախորդը

Ուրֆացի Իսլամացած Հայը Դատարանին Միջոցով Վերականգնած Է Իր Հայութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անգարան… Ճնշումի Տակ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?