Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանգառը` Ստեղծագործական-Մշակութային Նոր Հարթակ Ըլլալու Ծրագիր

August 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

IMG_4823Պուրճ Համուտի գերբնակեցուած թաղերը երբեմն իրենց անկիւնները պահած կ՛ըլլան կարելիութիւնները, որոնք առիթներու կը սպասեն երեւան գալու ու գործի ծառայելու: Հակառակ Պուրճ Համուտի անկիւններուն նեղութեան ու ապականումին եւ լիբանանեան ապրելակերպին հետեւանք իբրեւ թաղերուն տժգունութեան, միայն հոս ապրած-մեծցած լիբանանահայը պիտի կարենար տեսնել Պուրճ Համուտի թաքուն ներուժը ու օգտագործելով առիթը կարենար ստեղծագործել իրեն տրամադրուած միջոցներով առաւելագոյնը իմաստաւորելով զանոնք: Եւ այսպէս, խումբ մը երիտասարդներ Պուրճ Համուտի աննշան անկիւններէն մէկուն մէջ կը կերտեն արդիւնաբեր տարածք մը` զայն դարձնելով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հանդիպման վայր` «Կանգառ»*:

Արմենեա պողոտային վրայ գտնուելով հանդերձ, Կանգառը պահուըտած է Արաքս եւ Մարաշ թաղերուն միջեւ գտնուող տուներու շարքին եղող միակ մուտքին ետին, հետեւաբար, ան անջատուած է ինքնաշարժներու եւ անցորդներու հետ որեւէ շփումէ, բան մը, որ այցելուն կը փոխադրէ այլ փորձառութեան մը ու տարածքը կը վերածէ վայրի մը, որ այցելուն իր ամբողջական տրամադրութեան տակ կ՛առնէ:

Բայց Կանգառը ընդարձակ տարածք մը չէ, այլ երկյարկանի փոքր բնակարանի մը առջեւի բակը, որուն նորոգութիւնը կատարած են խումբ մը երիտասարդներ` իրենց անձնական ճիգերով:

«Տեղը շատ պարզ է եւ (երեք ամսուան ընթացքին) ինչ որ կարեւոր էր ընել ատիկա ըրինք, քանի որ նաեւ արտաքին ֆինանսաւորում ալ չունինք», ըսաւ Յովսէփ Աղճեան, որ հիմնականօրէն Գօգօ Աւեսեանին եւ Հայկ Կրակեանին հետ իրականացուցած է Կանգառ ծրագիրը: «Շինարարական քանի մը աշխատանքներ կատարեցինք, ինչպէս` որմնաշարութիւն, մեր ընկերներէն Սիմոն Գալայճեանին հօրը նուիրատուութեամբ եւ ելեկտրանութեան սարքաւորում, հօրս նուիրատուութեամբ: Յատակը շտկեցինք խճաքարերով ու շրջափակը զարդարեցինք բոյսերով, անշուշտ պատերը ներկեցինք ու կահ կարասիներ շինեցինք: Այս բոլորը ըրինք մեր անձնական ջանքերով», նշեց Յովսէփ:

Ծրագիրը Կը Ծնի Կարիքէ

Լուսանկարը՝ Միրէյ Մարսի
Լուսանկարը՝ Միրէյ Մարսի

Արուեստով հետաքրքրուողներուն համար ստեղծագործութիւններու տարածք մը գտնելը կարեւոր տեղ կը գրաւէ անոնց առօրեայ կեանքին մէջ, այլապէս տաղանդը կը մնայ թերաճ: Նոյնն էր պարագան այս երեք երիտասարդներուն, որոնք կը տագնապէին երաժշտութիւն եւ նկարչութիւն արտադրելու համար յարմար տարածութիւն մը գտնելու մտահոգութենէն: Գտնելէ ետք այս երկյարկանի շէնքը, անոնցմէ երկուքը` Յովսէփ Աղճեանն ու Հայկ Կրակեանը, յարկաբաժինէն սենեակ մը կը կահաւորեն երաժշտական սարքաւորումներով, իսկ Գօգօ Աւեսեանը յարկաբաժինին միւս սենեակը կը վերածէ իր նկարչութեան արհեստանոցին: Անոնց համար հետաքրքրական կը դառնայ արհեստանոցներուն առջեւ գտնուղ բակին տրամադրած կարելիութիւնները, այդպէս ալ կը մտայղանան այդ տարածքը հոն արուեստի ու մշակութային ձեռնարկներու օգտագործելու գաղափարը:

«Երբ դուրսը դասաւորում ըրինք, մեր մտքերուն մէջ զայն մշակոյթի եւ արուեստի ձեռնարկներու տրամադրելն էր, ինչպէս` ցուցահանդէսներու, ցուցադրութիւններու եւ երաժշտական ազատ ստեղծագործման երեկոներու. հետաքրքրական է, որ  դիմատետրի վրայ մեր զետեղած կարճ տեսերիզը, որ մեր յանպատրաստից նուագի մը պահն էր, մեծ ընդունելութիւն գտաւ մարդոց կողմէն եւ աւելի քան 2 հազար ակնդրութեան արժանացաւ», ըսաւ Հայկ  Կրակեան:

Խանդավառուած տեսերիզին ձգած տպաւորութիւններէն` անոնք ալ աւելի վճռակամօրէն կը նետուին զուտ ինքնաշխատութեամբ մէջտեղ եկած ծրագիրին իրագործման:

«Նախ նման տարածքներ գոյութիւն չունին, որ մեզի առիթ ընծայեն ստեղծագործելու: Հետեւաբար Կանգառը խորքին մէջ ծնած է կարիք է մը: Մենք պէտք ունինք տարածքներու, որոնք կ՛արտօնեն մեզի համար նստելու եւ քննարկելու զուտ արուեստի կամ մշակոյթի նիւթեր առանց կաշկանդումներու: Գաղութին մէջ մեզի համար նման առիթներ տրուած չեն եւ ինչ որ գէշ բան մըն է արուեստի զարգացման ընթացքին մէջ: Գաղութին մէջ նման տարածքներու չգոյութեան պատճառը ինքնին քանդիչ է գաղութին արուեստագիտական եւ մշակութային զարգացման ընթացքին համար», ըսին անոնք:

Շարունակելով նշեցին, թէ ներկայիս աւելի շատ առեւտրական բնոյթի կամ դասական մշակոյթներու տիպի ալիքներ կան, իսկ իրենց փնտռածը նոր ստեղծագործութիւններու հարթակ մըն է: Անոնք յոյս ունին, որ այս տարածքը առիթ պիտի ընծայէ անոնց «ապրելու», թէ՛ ստեղծագործութիւնը, թէ՛ ստեղծագործներ մէկտեղելու, եւ թէ մասնագիտական ներդրում ունենալու հայկական մշակոյթին եւ արուեստին մէջ: Կանգառի տղաքը ընդվզում արտայայտեցին լիբանանահայ արուեստի տարածքին հետզհետէ լճացման երեւոյթին, որ առիթ չ՛ընծայեր ստեղծագործ եւ արդի ու ժամանակակից ստեղծագործութիւններու իրականացման: Այս իսկ պատճառով անոնք նախ կը տրամադրուին Կանգառին եւ ապա Կանգառը կը տրամադրեն բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրուած են նման ծրագիրներով:

Կանգառը Կը Հիւրընկալէ «Խաչմերուկ» Ցուցահանդէսը

Կանգառին առաջին գնացքը կ՛ընդգրկէ «Խաչմերուկ»** խորագիրով նկարչական ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին տարբեր դպրոցներէ ու փորձառութենէ եկած չորս արուեստագէտներ` Աւեսեան Գօգօ, Աֆարեան Յովիկ, Գարավարդանեան Մուշեղ եւ Մանուկեան Սերժ: Այս ցուցահանդէսին բացումը տեղի  կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ, 21 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին եւ կը տեւէ մինչեւ օգոստոս 30: Մասնակիցները պիտի կատարեն Կանգառին բացումը եւ անդրանիկ ցուցահանդէսը` հանրութեան հրամցնելով արուեստի հանդէպ նոր մօտեցումներ` հեռու դասական ոճերէ:

Գօգօ Աւեսեան` խօսելով ասոր մասին, ըսաւ, թէ ան չի հաւատար նկարչութեան ժանրերու, այլ կտաւին վրայ դրուած զգացումներուն դրսեւորած արտայայտութեան: «Սուտ է (ժանրը), ըսաւ ան, ատիկա դպրոցներու կը պատկանի: Կտաւին վրայ կը գտնուին միայն զգացումներ եւ, հակառակ անոր որ պարտադիր է դասական կամ տարբեր ժանրերու ընդմէջէն գծելը, ի վերջոյ իմ արուեստի աշխարհիս մէջ միայն վրձինն է ճշմարիտը, եւ ես անոր կը հաւատամ:

Արուեստագէտը ինք պէտք է փորձէ բոլոր դպրոցները, բայց կարեւոր է, որ հաւատարիմ մնայ իր արուեստին»: Խաչմերուկին նպատակն է նախ հրամցնել արուեստի այլընտրանք, ապա արուեստասէրներն ու արուեստագէտները Կանգառ բերել վայրկեան մը կանգ առնելու ու մաս կազմելու այս աշխարհին:

Կանգառը առիթ ունի մարդը մխրճելու իր արուեստին մէջ ու յատուկ մթնոլորտով պատելու անոր հոգին, քանի որ երբ տուեալ անձը Կանգառ մտնէ, ամբողջովին կը սուզուի արուեստին ներկայացուցած զգացումներուն մէջ: Այս մէկը կարելի է տեսնել Կանգառի բնակիչներուն մօտ եւ այդ պատճառով է, որ Կանգառը կ՛արտացոլայ անոնց ապրելակերպը: Գօգօ Աւեսեան կը գծէ անձնական գոհունակութեան համար ու իր կտաւին հետ իր կապը հոգեկան է, քան ֆիզիքական, ուստի շատ դժուարութեամբ կը բաժնուի անոնցմէ: «Աստուած չընէ, որ օրին մէկը գործս ծախելու համար գծեմ»: Նոյնն է պարագան Յովսէփ Աղճեանին ու Հայկ Կրակեանին, որոնք կ՛անդրադառնան երաժշտութիւն արտադրելու ժամանակակից ձեւերուն, երբ երաժշտութեան արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան նոյն վայրին մէջ, ուր տեղի ունեցած է երգին յօրինումը: Այս ձեւով անոնք չեն դադրիր մաս կազմելէ իրենց արուեստին ու շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ արուեստագէտ-արուեստի գործի խզումը: Հետեւաբար, Կանգառը իր անդրանիկ ցուցահանդէսով պիտի փորձէ այդ կապը մէջտեղ բերել ու մտածել տալ արուեստի փորձարկութեան ժամանակակից ձեւերու մասին:

Կանգառը իր ծրագիրով փորձառական ընթացքի մէջ է: Հոն տեղի կ՛ունենան նաեւ Խում երաժշտական ծրագիրին եւ Միհր երաժշտական խումբին արտադրութիւնները, որոնց պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ:

«Կանգառին դռները բաց են բոլոր հետաքրքրուողներուն համար», ըսին անոնք:

*https://www.facebook.com/Gankar.house?fref=nf

**https://www.facebook.com/events/861728207214890/

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1965)

Յաջորդը

Փոքրացող Ածուի Ծիրանը – Բ. Հայկական Համայնապատկերի Բերքը

RelatedPosts

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*
Անդրադարձ

Լիովին Ու Ամբողջական Կեանք Մը Ապրած Անհատի Մը Համեստ, Բայց Միաժամանակ Հարուստ Վկայարանն Է Այս Հատորը*

September 25, 2026
Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*
Անդրադարձ

Պիտի Պահե՛նք Այնճարը, Պիտի Պահե՛նք Մեզի Ժառանգուած Մեր Հողը, Պիտի Պահե՛նք Մեր Հայեցի Դիմագիծը*

September 25, 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.