Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշեցի Իպրահիմը… Հայ Է. Ան Չէր Գիտեր, Որ Հայ Է…

August 21, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ibrahim_8-21-15

Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք իսլամացած հայերուն մասին շատ լսած էի, բայց չէի հանդիպած անոնցմէ ոեւէ մէկուն: Չէի գիտեր, որ  օր մը կրնամ հանդիպիլ, այն ալ` Հայաստանի մէջ:

Իպրահիմին ծանօթացայ Համահայկական 6-րդ խաղերու ժամանակ: Ընդհանուր ծանօթի միջոցով իմացայ, որ ծագումով հայ է, եւ որոշեցի անոր հանդիպիլ: Իպրահիմը յուզուեցաւ, երբ իմացաւ, որ կը փափաքիմ զրուցել հետը, մանաւանդ, որ Արցախէն եմ:

Իպրահիմ կ՛ապրի Մուշի մէջ, ամուսնացած է, ունի 3 զաւակ: Ան կը պատմէ, թէ  քանի մը տարի առաջ  գիտցած է, որ հայ է: «Մենք միշտ որպէս քիւրտ  ապրած ենք, ծնողներս երբեք չեն ըսած, թէ մենք հայ ենք, կ՛երեւի վախը կամ մէկ այլ պատճառով լռած են»:

«Սակայն Մուշի մէջ ապրող տարիքոտ քիւրտերը շատ լաւ գիտեն, թէ  Մուշի մէջ ով ինչ պատմութիւն, ինչ ծագում ունի: Անոնցմէ ալ շատ պատահական կերպով իմացայ, որ ծնողներս հայ են: Հարցուցի,  ծնողներս չժխտեցին»,- կը պատմէ Իպրահիմը եւ կ՛աւելցնէ, թէ պարզած է, որ իր նախնիները Սասունէն  գաղթած են Մուշ: Ցեղասպանութենէն փրկուելու համար` իսլամացած են, ապրած են քիւրտերու հետ` որպէս քիւրտ:

Իպրահիմ կը խօսի քրտերէն, գիտէ քանի մը հայերէն բառ, որ ինքնուրոյն սորված է: Անոր համար կը թարգմանէր ընկերը, որ Պոլիսէն է եւ հայերէն աւելի լաւ գիտէ:

«Մեծ հօրս անունը եղած է Սագօ Սարգսեան,- կ՛ըսէ Իպրահիմ,-  ինծի համար ցնցող էր, երբ իմացայ ծագումիս մասին: Չէի կրնար հաւատալ: Որոշեցի` հայեր փնտռել, հայերէն սորվիլ»:

Իպրահիմը իմացաւ, որ Մուշի մէջ կը գործէ Տարօն-Մուշ հայկական միութիւնը, եւ միացաւ անոր: Միութիւնը կոչուած է համախմբելու տեղւոյն հայերը, պահպանելու անոնց հայեցիութիւնը, չգիտցողներուն հայերէն ու հայոց պատմութիւն ուսուցանելու: Իպրահիմ այնտեղ առաջին անգամ հայերէնին ծանօթացաւ եւ հիմա քանի մը բառ, քանի մը պարզ նախադասութիւն գիտէ:

Տարօն-Մուշ միութիւնը Համահայկական խաղերուն մասնակցած է ֆութպոլի խումբով, Իպրահիմն ալ խումբին մաս կը կազմէր: «Ճիշդ է` խումբը յաջողութիւն չունեցաւ, բայց ես ուրախ եմ, որ առաջին անգամ Հայաստան եկայ: Ես այցելեցի Գառնի ու Գեղարդ: Գեղարդը մեծ տպաւորութիւն գործեց վրաս, յուզումս անկարելի էր թաքցնել: Ատիկա մեր պատմութիւնն է, ատիկա նաեւ իմ ու իմ նմաններուն պատմութիւնն է, որուն մասին չէի գիտեր, ու նոր գտայ…»:

Իպրահիմ կը պատմէ, որ Մուշի մէջ կան իսլամացած, ծպտեալ բազմաթիւ հայեր, ու անոնցմէ շատերը կը ճանչնայ անձամբ: Շատերը նոր իմացած են իրենց հայկական ծագման մասին, որովհետեւ նախնիները թաքցուցած են իրենցմէ: «Քիւրտերու շրջապատին մէջ շատ դժուար է որպէս հայ մնալը»,- կ՛ըսէ ան:

Իպրահիմ երկու հօրեղբայր ունի. մեծ հօրեղբայրը 125 տարեկան է: «Երբ գիտցայ, որ հայ եմ, հարցուցի հօրեղբօրս, եւ ան պատմեց, որ ինք տեսած է Ցեղասպանութիւն, կը յիշէ` ինչպէս կ՛աւերէին, կը սպաննէին, կը թալանէին, կը խարազանէին. բան չէին խնայեր»,- կը պատմէ  զրուցակիցս եւ կ՛աւելցնէ. «Երեւի նման հայեր հրաշքով  փրկուած են, բայց զանոնք չենք մեղադրեր, զանոնք ստիպուած էին ծպտեալ ապրիլ»:

Իպրահիմ երկար չխօսեցաւ, հաւանաբար, կը յուզուի հայերէն չգիտնալուն պատճառով: Ան ըսաւ, որ այլեւս զինք ոչինչ կրնայ բաժնել Հայաստանէն` հաստատելով, որ յաջորդ անգամ կինն ու երեխաներն ալ պիտի բերէ…

«Ապառաժ»

Նախորդը

«Ճումհուրիյէթ» Հարիւր Տարիներու Յիշատակը Դէմքերու Վրայ

Յաջորդը

Ուրֆացի Իսլամացած Հայը Դատարանին Միջոցով Վերականգնած Է Իր Հայութիւնը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.