Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. ՔԱԿ-ի Դէմ Գործողութիւնները Շուտով Կրնան Կանգ Առնել

August 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_8-18-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 13 օգոստոսին յայտնեց, որ ոմանք ՔԱԿ-ի դէմ գործողութիւնները կը ներկայացնեն իբրեւ քիւրտ ժողովուրդի եւ քրտական խմբաւորումներու դէմ պատերազմ մը, սակայն ատիկա բացայայտ սուտ է եւ վատաբանութիւն: Ան իր պնդումը հաստատելու համար յիշեցուց, որ Արաբ Բունարի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ քիւրտերու դիմադրութեան ընթացքին Թուրքիան իր կարելին ըրած է վերջիններուս աջակցելու համար: Ինչպէս բոլորին ծանօթ է` Թուրքիան կ՛աջակցէր ՏԱՀԵՇ-ի եւ մեղսակից էր Արաբ Բունարի պաշարման: Այլ խօսքով` Տաւութօղլուին խօսքերն են, որ բացայայտ սուտ են: Սակայն այդտեղ կայ որոշ ճշմարտութիւն մը. պատերազմը իրականութեան մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ 7 յուլիսի ընտրութիւններուն ընթացքին անոր ձեռք բերած ընտրական արդիւնքին դէմ է: Թրքական իշխանութիւնները եւ անոնց դաշնակից Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը այժմ աշխատանք կը տանին քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայացնելու իբրեւ ՔԱԿ-ի մէկ թեւը` այդպիսով ճնշումի տակ առնելու զայն եւ անկէ հեռացնելու քուէարկողները: Ահա թէ ինչու կարելի չէ բացառել արտակարգ ընտրութիւններու նախօրեակին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան արգիլումը:

Թէեւ Էրտողան կը պնդէ, որ զինուորական գործողութիւնը ժամանակաւոր չէ, սակայն անոր այդ կեցուածքը իրատեսական չէ: Ըստ թրքական մամուլին, ընտրութիւնները կը նախատեսուին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ընդհանուր ժողովէն ետք` նոյեմբերին կամ 25 հոկտեմբերին: Պարզ տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ զինուորական գործողութիւնները պիտի չշարունակուին, որովհետեւ ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ ընտրութիւն կատարել: Աւելի՛ն, ՔԱԿ-ի առնչակից Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք վերջերս «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` ՔԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ ամերիկեան կողմին հետ ՔԱԿ-ի հանդիպումներ գոյութիւն ունին: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պես քիւրտ քաղաքագէտներու եւ մտաւորականներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յորդորած է 2 ամիս` մինչեւ հոկտեմբեր համբերել:

Վերոնշեալներէն կարելի է եզրակացնել, որ ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները կանգ պիտի առնեն արտակարգ ընտրութիւններուն նախօրեակին, որոնք ի վերջոյ Էրտողանի համար շատ աւելի կարեւոր են, քան «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»-ը:

 

 

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակը` Թանգարանի Բացումով Եւ Աւանդական Հերիսայով

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերուն Մէջ Սկսած Է Բանակային Ուսումնական Նոր Շրջանը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.