Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պումերանկը Բռնած Է Վերադարձի Ճամբան

August 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho(4)_8-19-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՔԱԿ¬ի առնչակից Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք վերջերս բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնած էր, որ Թուրքիոյ մէջ զինադադարի հաստատման նպատակով ՔԱԿ¬ի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունին անուղղակի բանակցութիւններ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի անդրադառնալով այդ լուրին` հերքեց ՔԱԿ¬ի եւ իր երկրին միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու գոյութիւնը, երբ խօսքը անուղղակի բանակցութիւններու մասին էր եւ ոչ թէ ուղղակի: Այլ խօսքով` ան անուղղակի կերպով հաստատեց լուրը: Քըրպի տողատակի նշեց. «Այո՛, գոյութիւն ունին բանակցութիւններ, որոնք սակայն ոչ թէ ուղղակի են, այլ` անուղղակի»:

Համախոհական կառավարութեան կազմութիւնը 7 յուլիսէն առաջ իսկ բացառած Էրտողան ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարելու համար Ուաշինկթընի հետ իր համաձայնութիւնը օգտագործեց ՔԱԿ¬ի դէմ զինուորական արշաւ շղթայազերծելով արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին 7 յուլիսի ընտրութեան արդիւնքին դէմ յեղաշրջում կատարելու համար: Սակայն այժմ այդ հնարքը վերածուած է արգելքի: Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ ընտրութիւններ կազմակերպել, ուստի ան խիստ կարիքը ունի զինադադարի մը:

Էրտողանի ստեղծած կացութիւնը, որ մինչեւ հիմա կը գործէր ի նպաստ իրեն, այժմ կը գործէ ի վնաս իրեն: ՔԱԿ ատիկա շատ լաւ գիտէ եւ այդ պատճառով ալ համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման հոլովոյթի կանխատեսելի ձախողումէն անմիջապէս ետք, ապահովական գետնի վրայ դիմեց մագլցողական քայլերու, որպէսզի զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին կարենայ առաւելագոյն շահը ապահովել: Աւելի՛ն, կառավարութեան կազմութեան ձախողութենէն ետք արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու համար թրքական օրէնքի ճշդած 90 օրուան պայմանաժամին իբրեւ հետեւանք` ժամանակը կը գործէ ի վնաս Էրտողանի եւ ի շահ քիւրտերուն, որոնք բնականաբար ստիպուած չեն զգար աճապարելու, որովհետեւ անցնող իւրաքանչիւր պահ բանակցութիւններուն մէջ կը զօրացնէ իրենց դիրքը եւ խուճապի կը մատնէ ինքնիր փորած փոսին մէջ ինկած Էրտողանը:

Թուրքիոյ նախագահին համար ժամանակի ազդակը պիտի սկսի առաւել եւս ծանր կշռել, երբ լուծարէ խորհրդարանը, որովհետեւ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու բացակայութեան երկիրը մուտք պիտի գործէ քաղաքական խոր ճգնաժամի մէջ: Էրտողանի արձակած պումերանկը արդէն բռնած է վերադարձի ճամբան:

 

 

 

Նախորդը

Հալէպի Շտապ Օգնութեան Մարմինը Կը Շարունակէ Կատարել Իր Առաքելութիւնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.