Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թուրքիոյ Շրջափակումը Իրանի Կողմէ

Օգոստոս 19, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Gurbulak-Bazargan_8-18-15

Առ այս պահը չէ յստակացած Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի  11 օգոստոսին Թուրքիա այցելութեան յետաձգման պատճառները: Նման բարձրակարգ այցելութիւններու յետաձգումը ինքնին արդէն  կը մատնէ քաղաքական որոշակի ճգնաժամ: Նման պարագաներուն ընդունուած կարգը կը յիշեցնէ, որ առնուազն պաշտօնապէս նշուի պատճառը: Թէկուզ անիկա համոզիչ չըլլայ, այսուհանդերձ ինչ որ պատճառ կը յայտարարուի նման այցելութիւններու չկայացման պարագային: Ուրեմն տարբերակ առաջինը յետաձգման ճիշդ պատճառը ըսելն է. տարբերակ երկրորդը այլ պատճառով քողարկելն է չկայացումը. իսկ տարբերակ երրորդը, որ միջպետական յարաբերութիւններու ամէնէն խոր լարուածութեան մասին կը խօսի, ընդհանրապէս որեւէ պատճառ չըսելն է ու անտեսելը. պարզապէս յետաձգել կամ ջնջել այցելութիւնը:

Քաղաքական գործընթացներու օրինաչափութիւններուն մէջ պէտք է նախատեսել նաեւ այցելութեան թուականի վերականգնումը կամ յանկարծակի իրականացումը: Ասիկա քաղաքական տրամաբանութիւն է. որեւէ  շարժիչ գործօն կրնայ  ի մի խմբել երկու պետութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչները:

Բայց  պահ մը ճշդենք այցելութեան չկայացման հանգամանքներու շրջագիծը եւ յիշենք, որ դրացի Սուրիոյ մէջ երկու պետութիւնները կը  պատերազմին միջնորդաւորուած կարգով: Թեհրանը, որ ոչ միայն ռազմավարական գործընկերն ու զինուորական աջակիցն է պաշտօնական Դամասկոսին, այլ նաեւ ուղղակի Հըզպալլայի միջոցով կը մասնակցի պատերազմին. երբ ճակատագրորոշ պահ ստեղծուի, Հըզպալլայի զինեալները աշխուժօրէն կը մասնակցին պատերազմին եւ ետ կը մղեն իսլամականները: Միւս կողմէ, նոյնքան պարզ է, որ Անգարան մինչեւ վերջերս շատ աւելի բացայայտ կ՛օժանդակէ, կը ֆինանսաւորէ եւ անարգել անցք  կը տրամադրէ ծայրայեղ իսլամականներուն, որոնք թրքական ուղղակի աջակցութեամբ կը պատերազմէին ինչպէս կառավարական բանակին, այնպէս նաեւ իրանամէտ ուժերուն  դէմ: Ըստ էութեան, ուրեմն, սուրիական տարածքներուն վրայ Իրան-Թուրքիա պատերազմ է, միջնորդաւորուած կարգով:

Պահ մը ձգելով տարածաշրջանային այլ հանգուցային խնդիրները, միայն սուրիական կտրուածքով պարզ էր, որ դիւրին պիտի չըլլար առաջադրուած հանդիպումը, որ հիմնականին մէջ պատերազմող կողմերու միջեւ բանակցային հանդիպման տեսք ունէր: Այցելութեան չկայացումը անուղղակիօրէն կը յուշէ, որ թէկուզ ժամանակաւոր զինադադարի կամ բանակցութիւններու  ժամը տակաւին չէ հասունցած:

Կայ նկատառելի այլ հանգամանք մը եւս: Թեհրանը  կը նախապատրաստուի դուրս գալու միջազգային մեկուսացումէն, որուն  համար Արեւմուտքը  արդէն տուած է ազդանշաններ: Ի հարկէ դեռ երկար կը տեւէին փուլային բանակցութիւնները, մէկ քայլ առջեւ երկու քայլ ետ մարտավարական մօտեցումները, այնուամենայնիւ Թեհրանի ապաշրջափակումը առարկայանալու նախանշաններ կու տայ: Մինչ, Արեւմուտք – Անգարա երէկուան յարաբերութիւններու  համապատկերը որոշակիօրէն կը մթագնի: Խնդիրը շեշտակիօրէն կապուած է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ յայտարարած միջազգային ընտանիքին եւ Անգարայի կողմէ տարատեսակ ընկալումներուն: Ահաբեկչութիւն ըսելով Արեւմուտքը կ՛ընկալէ իսլամական ծայրայեղականները, մինչ Անգարան` նախ եւ առաջ քիւրտ զինեալները:

Ի՞նչ կը պարզուի այսօր Անգարայի առջեւ: Ներքին առումով մինչեւ այս պահը Թուրքիոյ գործող մեծամասնութիւնը չի յաջողիր կազմել համախոհական կառավարութիւն: Քաղաքական ճգնաժամին առընթեր կ՛ահագնանայ ներքին կայունութեան տապալումը. խիստ սրած է ապահովական իրավիճակը եւ թուրք-քիւրտ պատերազմի նորօրեայ տարբերակը զգալի կը դարձնէ ինքզինք: Եթէ ոչ սրած, այնուամենայնիւ նախկինը չեն նաեւ Արեւմուտք-Անգարա յարաբերութիւնները եւ որեւէ կերպով բնականոն հունի մէջ չեն մտներ Թեհրանի հետ  յարաբերութիւններ մշակելու Անգարայի փորձերը: Իրանի եւ Թուրքիոյ մեծագոյն Կիւրպուլաք-Պազարկան սահմանային անցակէտը Իրանի կողմէ միակողմանիօրէն փակուած է: Պատճառը իրանեան բեռնատար մեքենաներուն վրայ իրականացուած յարձակումներն են: Կը կազմուի այն տպաւորութիւնը, որ ապաշրջափակուող Թեհրանը միակողմանիօրէն սկսած է շրջափակել Թուրքիան: Այս մէկը «զերօ խնդիրներ»-ու տեսութեան տապալման ամէնէն ցայտուն ցուցանիշներէն կրնայ նկատուիլ:

Տարածաշրջանային հրդեհը թակած է  Թուրքիոյ  սահմանադուռերը: Ամենայն հաւանականութեամբ սուրիական բեմագրութեան պատճէնահանման չէ, որ ականատես պիտի ըլլանք, այսուհանդերձ զինուորաքաղաքական ճգնաժամի դրսեւորումները վերածուած են երեւոյթի:

Գուցէ ասոնք մէկ մասն են Իրանի արտաքին գործոց  նախարարի այցելութեան չկայացման չյայտարարուած պատճառներուն:

«Ա.»

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Պիտի Քննարկէ Սահմանադրութեան Նախագիծը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?