Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական «Զերօ Խնդիրներ»-ու Վարքագիծը Վերածուեցաւ…

Օգոստոս 19, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական, Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Turkey-protests_8-19-15

Տակաւին քանի մը տարի առաջ էր, երբ Թուրքիա սկսաւ խօսելու արտաքին քաղաքականութեան իր նոր վարքագիծին մասին, որ կը խտանար «զերօ խնդիրներ դրացիներուն հետ» բանաձեւումով:

Երեւոյթները այդպէս ալ ցոյց կու տային (մէկ բացառութեամբ անշուշտ…): Արդարեւ, Պուլկարիոյ հետ ոչ մէկ խնդիր կար: Կիպրոսի պարագային, կղզիին 40 տոկոսին «տը ֆաքթօ» գրաւումը-իւրացումը, 1974-էն ի վեր, «մարսուած» կը համարուէր, որովհետեւ յունական բաժինը ինք եւս կարծէք հաշտուած էր իրողութեան հետ ու ո՛չ սիրտ, ո՛չ ալ ստամոքս ունէր Թուրքիոյ հետ հակադրութիւններու թղթածրարը վերաբանալու: Յունաստանի պարագային, այլեւս անիմաստ էր Եգէականի մէջ կղզի կոչուող քանի մը ժայռակոյտերու համար ռազմավարական առումով ոչ շահաբեր լարուածութիւն ստեղծելը: Սուրիոյ հետ սիրաբանութիւններու մեղրալուսնային ժամանակաշրջան մը սկսած էին, որովհետեւ սուրիական կառավարութիւնն ալ շատոնց հրաժարած էր Ալեքսանտրէթի նահանգին նկատմամբ իր նկրտումներէն եւ քիւրտերուն զօրակցելու իր վարքագիծէն: Իրաքի պարագային, երկրին հիւսիսը, Թուրքիոյ սահմանակից գօտիին մէջ, քիւրտերը գործնականօրէն անկախ վարչական կառոյց մը ստեղծած էին, պետականութեան որոշ ստորոգելիներով, եւ փոխադարձ շահաւէտ առեւտուրը (աժան քարիւղի մաքսանենգութեամբ եւ մասամբ նորին…) գլուխը առած կ՛երթա՛ր: Ուրեմն` Թուրքիոյ համար Քրտական հարցն ալ այս ձեւով «լուծուած» կը համարուէր, որոշ նախապայմաններով:

Ուրեմն` տրամաբանական եւ արդիւնաւէտ կը թուէր «զերօ խնդիրներ»-ու քաղաքականութիւնը, չէ՞:

Սենեակին մէջ սակայն, կը մնար մեծ փիղ մը, զոր Անգարա կը փորձէր անտեսել (գէթ հրապարակաւ): Այդ ալ անշուշտ, կռահեցիք, Հայկական հարցն էր: Ի դէպ, այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջն էր, որ կը ստորագրուէին հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւնները զոյգ փաստաթուղթերը:

Սուրիական պատերազմը (որ քաղաքացիական չէ անշուշտ) Թուրքիոյ համար «ախորժաբեր»-ի դեր կատարեց: Շատ արագօրէն Սուրիա-Թուրքիա սիրաբանութիւնը վերածուեցաւ թշնամանքի: Համաշխարհային գաղտնիք է, որ Սուրիոյ դէմ կռուողներուն գործնականօրէն զօրակցողներու առաջին շարքին վրան է Թուրքիան, յայտնի ու անյայտ բոլոր միջոցներով: Թուրքիա բացէն ի բաց եւ բազմիցս յայտարարեց, թէ կ՛ուզէ՛ տապալել իր հարեւան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը ու զայն փոխարինել «ժողովրդավար» կարգերով: Այսինքն, մեր գիտցած հայերէնով` իր մանկլաւիկներով:

Բայց նոյնիսկ թրքական մամուլին մէջ սկսան լոյս տեսնելու այս միջամտողական վարքագիծը քննադատող վերլուծականներ` ըսելով, որ մինչեւ Սուրիոյ նկատմամբ կեցուածքի փոփոխութիւնը, քիւրտերուն հետ սահմանը միայն Իրաքի հետ էր, հիմա վերածուեցաւ… 1200 քիլոմեթրի` ներառնելով Սուրիան:

Չստացուեց:

Նոր ազդակներ երեւան եկան: Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող ՏԱՀԵՇ-Ի դէմ կանգնեցան անոր դէմ գոյութենական պայքար մղող քիւրտերը: Այս մէկը սակայն անընդունելի էր Թուրքիոյ համար: Եւ սկսաւ այն, ինչին մասին տեղեակ ենք բոլորս ալ մամուլէն` թրքական զինուորական միջամտութիւն… ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, բայց գործնականին մէջ` ընդդէմ քիւրտերուն:

Սուրիոյ, քիւրտերուն եւ հայութեան դէմ թշնամական քաղաքականութեամբ, գործնականօրէն փուլ եկած է «զերօ խնդիրներ»-ու թրքական վարքագիծը, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, Էրտողանի ընչաքաղցութիւնը սահման չի ճանչնար: Ըստ կարգ մը թուրք մեկնաբաններու, քիւրտերու դէմ իր այս նոր արշաւով Էրտողան կը փորձէ լուծել նաեւ իր երկրի ներքին քաղաքական անելը: Այսինքն, երբ յունիսի սկիզբը կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները չտուին Էրտողանի ակնկալած արդիւնքը, ան պիտի փորձէ այս ձեւով,  հակաքիւրտ տրամադրութիւններ ստեղծելով ու շահագործելով, խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կազմակերպել նոյեմբերին` յուսալով այս անգամ մեծամասնութիւն շահիլ, ապա փոխել սահմանադրութիւնը ու նախագահին (այսինքն` իր) ձեռքը կեդրոնացնել իշխանութիւնը:

Փաստօրէն, այս ձեւով Թուրքիա ինքզինք մխրճեց ճախճախուտի մը մէջ: Այս ուղղութեամբ, Հայաստանն ու հայութիւնը մտահոգութեան պատճառ ունին, որովհետեւ Էրտողանի այս վարքագիծը, որքան ալ երեւութապէս հաշուարկուած, խորքային իմաստով անտրամաբանական է, արկածախնդրական լուրջ տարրերով, որ կրնայ յանգեցնել ոչ միայն շրջանային (Սուրիա, Իրաք, քիւրտեր), այլ տարածաշրջանային նոր խնդիրներու, յատկապէս Հայաստան-Ազրպէյճան

կտրուածքով:

Բացայայտ է Ազրպէյճանի հետ Թուրքիոյ ռազմավարական կապը, որուն հիմնական (ու միակ) թիրախը Հայաստանն ու հայութիւնն են: Թուրքիա շատ լաւ գիտէ, որ Հայկական անլոյծ հարցը կ՛առնչուի իր հողային ամբողջականութեան: Իբրեւ այդպիսին, Հայկական հարցը եզակի է` Թուրքիան նկատի առած:

Մեզի կը մնայ շատ մօտէն եւ ուշադիր հետեւիլ այս դէպքերու զարգացումին, որովհետեւ օր մը, տեղ մը, կամայ թէ ակամայ պիտի առնչուինք այս խնդիրին հետ:

 

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Հայրենադարձութեան «Ռիփէթ Արմինիա» (Վերադարձ Հայաստան») Կազմակերպութեան Տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի

Յաջորդը

Յուշատետր. Մայր Բնութիւնը Ինձմով Կը Զբաղի

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?