Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անգարան… Ճնշումի Տակ

Օգոստոս 21, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Baytum_8-21-15

Պայթում մը… Պոլսոյ ոստիկանատան սեմին, ապա` քանի մը ժամ ետք, կրակոցներու տարափ մը Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի մուտքին:

Միեւնոյն օրը, այս անգամ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ այլ պայթում մը, որուն թիրախն են ներքին ապահովութեան ուժերը:

Տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ: Ըստ երեւոյթին, այդքան ալ ապահով չէ Թուրքիոյ մէջ շրջիլը: Վերադարձած են վտանգաւոր օրերը:

Եւ կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ` պայթուցիկ ըլլալու աստիճան:

Կը սպասուէր, որ այսպիսի իրավիճակ ստեղծուի` նկատի ունենալով, որ քանի մը շաբաթ առաջ թրքական օդուժը յարձակում կատարած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի հողամասերուն վրայ` իբրեւ թիրախ ունենալով թէ՛ քրտական, եւ թէ՛ իսլամական պետութեան ուժերու պատկանող կեդրոններ:

Հաւանաբար խորհրդարանի ընտրութիւններուն բաւական մը աթոռ կորսնցնելով` շրջանին մէջ նախագահ Էրտողան  իր խաղաքարտը փոխած էր եւ  դիմած Տոն Քիշոթեան յարձակումներու:

khemp_8-21-15

Նոյնիսկ, թրքական օդուժի առաջին օրերու յարձակումներուն, պաշտօնապէս խօսք առնելով` Էրտողան քննադատած էր քրտական անջատողական ուժերն ու ծայրայեղական ՏԱՀԵՇ-ի ետին կանգնող հոսանքը:

Յաջորդող օրերուն Էրտողանի յայտարարած «պատերազմը` ահաբեկչութեան դէմ»-ը, աւելի կեդրոնացած էր քրտական կեդրոններուն վրայ, իսկ ծայրայեղ իսլամականներու դէմ յարձակումները գրեթէ ընդհատուած էին:

Այսպէս «թելը փրթած» էր, եւ քիւրտ անջատողականներն ալ, իրենց կարգին դիմած էին զէնքի:

Այս յարձակումները այնքան մը յաճախակի էին, որ նոյնիսկ Իրաքի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս դժգոհած էր Անգարային` յայտնելով, թէ երկրի գերիշխանութիւնն էր խնդրոյ առարկան:

Այս փոփոխութիւններու լոյսին տակ, եւ Արեւմտեան աշխարհին դրական գործակցութիւն ու կեցուածք ցոյց տալով Էրտողան նաեւ արտօնեց Ինճիրլիքի զինուորական օդակայանին գործածութիւնը ամերիկեան օդուժին կողմէ:

Սակայն այս բոլոր ճարպիկ ու խորամանկ մօտեցումներն ու որոշումները չհասան իրենց նպատակին:

turkey-obama_8-21-15

Առաջին հերթին, պաշտօնապէս աւարտած է քանի մը տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող զինադադարը: Իսկ դեռ աւելին, արեւմտեան աշխարհը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգները լաւապէս կը հետեւին իրադարձութիւններուն: Անոնք քաջատեղեակ կը թուին ըլլալ այն մասին թէ թրքական օդուժի կիզակէտը… շրջանին մէջ իրենց զինակից քիւրտերն են:

Աւելի՛ն, Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեան գրասենեակը յստակ փաստաթուղթեր ունի այն մասին, թէ թուրք պետութիւնն ու ՏԱՀԵՇ-ը մօտէն կը գործակցին քարիւղի վաճառքի գծով, եւ անշուշտ Անգարա անտարբեր է ապօրինի կերպով Սուրիա մուտք գործող ծայրայեղական զինեալներուն նիւթին առնչութեամբ:

Վայրկեան մը մէկդի դրած այս թրքական օդուժին յարձակումները եւ վերադառնալով Թուրքիա… Հոն կացութիւնը լրջօրէն պայթուցիկ կը թուի ըլլալ, մանաւանդ որ աթոռամոլ եւ աւատապետական ձգտումներով տարուած Էրտողան այս անգամ կը փորձէ խորհրդարանին մէջ բուռն պայքար մղել հակադրուած կուսակցութիւններուն դէմ, որոնց կարգին յատկապէս Սալահետտին Տեմիրթաշի ղեկավարած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

Նախորդը

Մուշի Մէջ 40 Հազարէ Աւելի Իսլամացած Հայ Կայ

Յաջորդը

Ներթափանցման Փորձի Ատեն Վիրաւորուած Հոգեւորականը Վիրահատուած Է

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?