Արեւմտեան Հայաստանի մէջ միլիոնաւոր ծպտեալ հայերու մէջ քիչերն են, որ կրնան վերականգնել իրենց ինքնութիւնը: Անոնց թիւը հազիւ կը հասնի 100-ի: Այդ մարդոցմէ Ուրֆա` Սիւերեկի մէջ (Սեւ Աւերակ) կնոջ, երեխաներուն եւ թոռնիկներուն հետ ապրող Հատի Կիւմուշն է: Ան իր հայութիւնը վերականգնած է թրքական դատարանիՆ միջոցով:
Հատի Կիւմուշ «Առաւօտ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմեց. «Մանկութենէս գիտէի, որ հայ եմ: 1980-ին ֆաշիստական հրամանատարները իշխանութիւն ձեռք բերին, եւ ես` ի հակասութիւն իշխանութիւններուն, իմ հայկական ինքնութեանս վերականգնման համար պայքարի սկսայ: Կը մտածէի, թէ ինչ՛ու այլ ինքնութեամբ պէտք է ապրիմ: Այս որոշումը տալը դիւրին չէր. երկու տարի շարունակ կը պայքարէի, եւ վերջապէս թրքական Վերին ատեանի դատարանը այդ որոշումը կայացուց»: Սակայն հայկական ինքնութեան վերականգնումէն ետք անոր կը սպասէին հալածանքներ ու ճնշումներ:
Հատի Կիւմուշ պատմեց, որ սպառնացած են մինչեւ իսկ իր ընտանիքին ու իրենց ազատ արձակած են աշխատանքէն. «Ես մանկավարժ էի, սակայն երբ վերականգնեցի իմ հայութիւնս, զիս դուրս դրին դպրոցէն: Կրկին դիմեցի դատարան. այս անգամ դատարանը որոշում կայացուց, որ եթէ ծագումով հայ ես, թուրք ու քիւրտ երեխաներուն չես կրնար մանկավարժութիւն ընել»:
Հայութեան վերականգնումը այլ առիթով մը փրկած է Հատի Կիւմուշը: Ան յիշեց, որ երբ քրտական ազատագրական պայքարի մասնակից եղած է, զինք տարած են խոշտանգելու, սակայն երբ իմացած են, որ հայ է, դուրս հանած են յայտնելով, թէ գործ չունի այնտեղ: Այս պարագային հասկցած են, որ հայու հետ գործ ունին, ոչ թէ թուրքի կամ քիւրտի: Հատի Կիւմուշի զաւակները եւս վերականգնած են հայութիւնը: