ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Պարբերաբար այնպէս կը թուի, թէ տարուան Նեմեսիսի… եղանակն է` երբեմն իր զարտուղի հետեւանքներով: Այս տարուան եղանակը կարծէք, թէ քիչ մը շուտ սկսաւ, եթէ նկատի ունենանք 20 օգոստոս 2014-ին «Ասպարէզ»-ի մէջ լոյս տեսած Գրիգոր Ջանիբեկեանի «Բռունցքով սրբուած արցունք» յօդուածը: Այդ ելոյթը հեղինակին սիրոյ զեղումն է անհատի մը, անհատներու հանդէպ, որոնց արարման խորհուրդը իրեն համար մնացած է անհասանելի: Թէ կը հիանայ այդ տղոց խիզախումին` կասկած չկայ: Այդ խանդաղատանքին մէջ ինք առանձին չէ, եւ ուրիշներ եւս կան նման սիրողական… երկրպագուներէն, որոնք իրենց երեւակայած յայտնատեսական վիճակը կը շոփոթեն իրականութեան հետ եւ անմեղ անմտութեամբ կը վերագրեն գովերգուող անհատին` այս պարագային մեր օրերու ամէնէն խիզախ ու իմաստնացած հերոսին` Շահանին ու իր կորիւններուն անիմանալիօրէն իրաւ իրականութեան հետ: Ահա Ջանիբեկեանի յօդուածի վերջաւորութենէն քանի մը տողեր` ըսել ուզուածը յստակացնելու համար.
« …ոչ մի պաշտօնական այցելութիւն չէր ընդունում: Միշտ մռայլ էր ու անհաղորդ:Ասում են` նրա դէմքին ժպիտ է երեւացել միայն այն ժամանակ, երբ լսել է Գուրգէն Եանիկեանի բռնարարքի լուրը:
– Ուրեմն, – ըստ երեւոյթին մտածել է նա. – հայոց Նեմեսիսը զէնքը վայր չի դրել»:
Վերի եւ յաջորդող երկրորդ պարբերութեան մէջբերուած նախադասութիւններու մէջ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ անորոշ անհատներու «ասում են» վերագրումով: Թէ ո՞վքեր են այս մարդիկը, յստակ չէ:
Փաստօրէն, յօդուածագիրը երբեք չէ տեսած Շահանը: Լսած է քանի մը բաներ, բաներ մը կարդացած անոր գործերէն ու անոր մասին, այլապէս վերի պարբերութիւնը պիտի չգրէր:
Առաջին նախադասութեամբ կը հաստատէ, որ «ոչ մի պաշտօնական այցելութիւն չէր ընդունում»: Սխալ է: Կ՛ընդունէր: Գոնէ երկուքին ես ներկայ եմ եղած: Անոնցմէ մէկուն կ՛անդրադառնամ քիչ մը վար: «Միշտ մռայլ էր ու անհաղորդ»: Թէ ուրկէ՞ պեղած է այս արտառոց պատկերը, հանելուկ մըն է: Եթէ պիտի հաւատանք ըսուածին, պէտք է հաւատանք նաեւ, թէ Շահանը թթուած ու քացխած մարդն էր ու վերածուած… վիժած ճգնաւորի: Այդպիսին չէր ու ըսուածը լաւագոյն պարագային անկոչ բամբասանք մըն է: Այս բոլորէն անկախ, անճիշդ ու մոլորեցնող հաստատումը, որ եղած է մէջբերուած պարբերութեան մէջ ուղղակիօրէն կը հիմնաւորէ վերը եղած ակնարկութիւնը, թէ մարդը իրապէս ձախող հեքեաթը շփոթած է իրականութեան հետ: Կրկին մէջբերելով «ասում են` նրա դէմքին ժպիտ է երեւացել միայն այն ժամանակ, երբ լսել է Գուրգէն Եանիկեանի բռնարարքի լուրը»: Յօդուածագրին ըսել ուզածը, ծնած չարչարուած երեւակայութենէ, եւ իրեն տրուած սխալ նկարագրութենէն, այն է, թէ Շահանը ուրախացած է, երբ լսած է այդ լուրը: Այս բոլորը երեւակայուած է առանց որեւէ հիմնաւորումի, բացի հեղինակին փափաքէն ու չկիզակէտուած ուշադրութենէն, յօդուածը վերածելով անեղծ անհեթեթութեան: Ո՞վ է իրաւունք տուեր իրեն նման մասալ մը հիւսելու Շահանին հաշուոյն, երբ մարդը չէ ճանչցած: Շատ աւելի հաւատալի ու զուարճալի կ՛ըլլար հեղինակը, եթէ Շահանին վերագրէր «Մոնա Լիզա»-ական առեղծուածային ժպիտը` իբրեւ հետեւանք իրեն` Շահանին նուէր տրուած… տուրմին, անանուն, մտացածին «պաշտօնական» այցելուի մը կողմէ: Թէեւ ուշ,հեղինակը պէտք է կարդայ Քէօսէեանի քսանամեակ մը առաջ Շահանին հետ կատարած հարցազրոյցը, որ վերջերս, յետ մահու հրատարակուած է («Նոր Օր» 2 ապրիլ 2015) իրականութենէն տեղեակ ըլլալու համար:
Այդ յօդուածէն մօտ ութ ամիս ետք ապրիլ 24-ի նուիրուած հանդիսութիւնները սկսան, եւ այդ առիթով գրական երեկոյ մը կազմակերպուած էր տեղւոյն գրատուներէն մէկուն կողմէ, նուիրուած Էրիք Պօղոսեանի գիրքին: Ձեռնարկի ծանուցումն է այս պարագային զարմացնողը, երբ հոն տրուած բացատրութեան մէջ կը գործածուէր «assassins» բառը` նկարագրելու համար այն տղաքը, որոնց գործով կը հպարտանային:
Գործածուած, այս պարագային չարաբաստիկ, բառը երբ թարգմանենք կ՛ըլլայ «ոճրագործներ»: Վերջերս, եթէ չեմ սխալիր Երեւանի մէջ, այդ բառը նոյն հասցէին ուղղուած, գործածեց Հասան Ճեմալը: Ճեմալ հոն ստացաւ նաեւ իրեն յարմար պատասխանը: Ատկէ անկախ, իր պարագային հասկնալի է այդ բառին գործածութիւնը, վերջին հաշուով իր… մեծ հայրը ընտրուած թիրախներէն մէկն էր այդ հոյակապ ու առինքնող, հրաճակատ վրիժառուներուն: Չենք ալ գիտեր տակաւին, թէ Հասան Ճեմալ իրապէս «ոճրագործ» կը նկատէ՞ այդ տղաքը, թէ ոչ այնքան դառնօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրին իր մեծ հօր մասնակցութեան եւ եղերականօրէն, անդառնալիօրէն հաստատած է ոճրագործը իր մեծ հօր մէջ եւ անկարող ոչինչ ընելու, սրբագրելու իրականութիւնը: Ան կը պոռթկար հայ ունկնդիրերուն առջեւ, որոնց մէջ վստահօրէն կային այնպիսիներ, որոնք առանց ակնթարթ մ՛իսկ տատամսելու պիտի չէզոքացնէին հաւանական որեւէ նոր Ճեմալ փաշա կամ փաշաներ: Այդ է իրականութիւնը եւ անկարելի չէ, որ Հասան Ճեմալ ժամանակի ընթացքին չանդրադառնայ իր սխալին: Բայց Ճեմալը չէ հոս արծարծուող առարկութեան դրդապատճառը, այլ նշուած ծանուցուման մէջ գործածուած բառը` իր թելադրած յոռի տարազումներով:
Բացատրութիւն մը հոս, որ հանգիտութիւնն է պատմական գործընթացին, որուն Շահան կ՛անդրադառնայ Քէօսէեանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին:
ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 1919-ին Երեւանի մէջ: Այդ օրերուն Հայաստան անկախ պետութիւն մըն էր իր խորհրդարանով, ուր դաշնակցական ներկայացուցիչները մեծամասնութիւն կը կազմէին: Այդ Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէր հաշուեյարդարի ենթարկել իթթիհատական ղեկավարները ու կ՛ընտրէր երեք հոգինոց գործադիր մարմին մը, որ պիտի իրականացնէր հաշուեյարդարը: Կ՛որոշուէր նաեւ, որ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր այդ ցանկագրուած իթթիհատականներէն ոեւէ մէկը կը գտնուէր, տեղւոյն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն պատասխանատու էր, պարտադրուած էր հաշուեյարդարը իրականացնելու: Յանձնախումբը իր արարքներուն համար համարատու էր միայն յաջորդող Ընդհանուր ժողովին` ՀՅԴ Գերագոյն մարմնին եւ ոչ թէ տեղական կեդրոնական կոմիտէներէն մէկուն: Ընդհանուր Ժողովը կը վաւերացնէր բոլոր որոշումները: Հո՛ս է, որ կը տեսնենք «ոճրագործ» բառին անհարկի գործածութիւնն ու անհամատեղելիութիւնը, որովհետեւ`
– ՀՅԴ պատգամաւորները խորհրդարանի մեծամասնութիւնն էին
– խորհրդարանը ոչ մէկ բանաձեւ վաւերացուց տրուած որոշումը դատապարտող, հետեւաբար
– որոշումը անուղղակիօրէն կ՛ըլլայ պետական որոշում եւ
– որովհետեւ պետութիւնը կը ներկայացնէր ժողովուրդը, ուրեմն
– հայ ժողովուրդը համամիտ էր տրուած որոշումին: Ահա եւ հարցումը.
– Հայ ժողովուրդը ոճրագործ է՞ր:
Անկարելի էր ատիկա: Սկզբունքային անկարելիութիւն, որովհետեւ հայ ժողովուրդը թուրք ժողովուրդը չէր, որ փաստօրէն իր ոճրագործի անասնական ախորժակները լիովին յագեցուցած էր չորս տարի առաջ երբ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը իրականացուց:
Բաղդատութեան համար օրինակ մը:
Յիսունական թուականներուն Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց մէջ աշխատող խումբ մը անհատներ Արժանթինի մէջ առեւանգեցին ֆաշական ճիւաղը` Ատոլֆ Այխման: Բերին Իսրայէլ, դատեցին ու կախեցին զայն:
Ոչ ոք ոճրագործութեամբ ամբաստանեց Իսրայէլի ժողովուրդը:
Անտեղի չէ, գրեթէ պարտադիր է բառերու ընտրութիւնը, երբ կը խօսուի այդ տղոց մասին: Զգուշ պէտք է ըլլալ, իսկ գործածողները` աւելի բծախնդիր, որպէսզի մեր պատմութեան ամէնէն շքեղ ու նուիրական արարումներէն մին յանկարծ հասարակ ոճրագործութեան չվերածուի:
*
* *
Գրիգոր Քէօսէեանի («պաշտօնական այցելուներ»-էն մին, որուն ակնարկեր էի վերը) հարցազրոյցը պարզ շարահիւսում մը չէ պատահած դէպքերուն այլ յետ մահու պատգամները Շահանին: Գրիգոր արձանագրեց այդ զրոյցը եւ Շահանի մահէն քսան տարի ետք հրատարակեց: Պէտք է յուսալ, որ անոնք, որոնք պիտի խօսին Նեմեսիսի մասին առնուազն այդ պատգամները կարդան իրենք իրենց խնայելու անտեղի եւ երբեմն վտանգաւոր վրիպումներ:
Եւ հուսկ ապա, կատարուեցաւ ճակատագրականօրէն անհարկի տարբեր անհամատեղելիութիւն մը: Եղաւ այնպէս, որ յոյն դիցաբանութեան տարտարոսէն փրկուած տիտանը` Պրոմէթէն, հակադրուէր վրէժի դիցուհիին` Նեմեսիսին: Հակադրողները չհասկցան բնաւ, թէ Պրոմէթէն զենուած կովուն ու եզան ամբողջ միսը կը վերապահէր շինական մշակներուն` Զեւսին ու աստուածներու ողջակիզումի զոհաբերումի արարողութեանց համար վերապահելով կովուն ու եզան անուտելի մասերը միայն այսպէս փրկելով շինական մշակները սովամահութենէ: Ի զուր էր Զեւսի տնօրինած պատիժը ինչպէս ի զուր էին զայն Նեմեսիսին հակադրել ուզողներու ջանքերը: Ազնիւ աշխատանքով ապրող շինականներու անդաւաճան Պրոմէթէն պիտի չսադրէր Նեմեսիսը`ազնուագոյն չաստուածուհին արդար վրիժառութեան: Աւելի՛ն, մեր հարազատ աստուածները վիշապաքաղ Վահագնէն մինչեւ լուսափայլ Անահիտ, վահանեցին Նեմեսիսն ու իր պողպատեայ բազուկներով կորիւնները, որոնք վերադարձուցին մեր ժողովուրդին անստգիւտ, անմեկնելի ու առհաւական ստուգութիւնը` ինքնավստահութեան ու արժանապատուութեան, եւ կրանեցին վրիժառու դիւցազնական նոր նեմեսիսներ մեր տնազուրկ ու թափառական գաղթականներէն: Եւ հերոսները վերածեցին հաւաքական կամքով ժողովուրդի, որ հարիւրամեակ մը ետք ոտքի կանգնեցաւ ու պահանջատիրութեան պարտամուրհակը ներկայացուց աշխարհին ու թուրք պետութեան` ունենալով կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սրբազան պապը իբրեւ վկայ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն իբրեւ պարտատէրեր մեր պահանջատիրութեան:
18 Յունիս – 27 Յուլիս 2015
Լոս Անճելըս