Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Ջաւախքի Հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ժամանակաշրջանին» Նիւթով Դասախօսութիւն Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին, 1 մայիսին «Կլենտէյլ ըտալթ ռիքրիէյշըն սենթըր»-ի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` «Ջաւախքի հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին» նիւթով: Դասախօսն էր պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Յանձնախումբին անունով Դալար Գոսագեանը ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը: Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեանը ելոյթ ունենալով`...



















