Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

 Պատրաստեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Եւրոպա Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Պելճիքայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ Վերջերս ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Ռիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան, ՀՅԴ Պելճիքայի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Շքանշանի Յանձնում Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանին 24 յունիսին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութեան արարողութիւն: Հայաստանի նախագահին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին առիթով, հայրենիք-սփիւռք կապերուն զարգացման իր ունեցած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին մէջ իր բերած ներդրումին համար տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանին շնորհուեցաւ «Մխիթար Հերացի» շքանշանը, զոր անոր յանձնեց Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Էրեբունի» մասնաճիւղին, 23 մայիսին Հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահէն ներս տեղի  ունեցաւ Մայրերու օրուան տօնակատարութիւն: Օրուան հանդիսավար Լուսին Արիսեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց հայ մայրերուն տօնը: Վարչութեան անունով Պերճուհի Տնտըլեան իր ելոյթին մէջ վեր առաւ հայ մօր դերը հայ ժողովուրդի ազգային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ` վերանորոգելով խաչուհիի ուխտը աներեր հաւատքով շարունակելու...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրման 98-Ամեակի Նուիրուած Տօնակատարութիւններ Նոր Ջուղա 26 մայիսին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ  ժողովրդական տօնախմբութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 98-ամեակը: Օրուան հանդիսավար Ատրինէ Ղեւեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման` շեշտելով անոր ունեցած անգնահատելի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի հետագայ պատմութեան համար: Ղեւեան յայտնեց, որ հայութիւնը 70 տարիներ շարունակ իր...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Անկախութեան 98-Ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 26 մայիսի երեկոյեան Դամասկոսի «Ամինեան» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 98-ամեակը: Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը: Բացման խօսքով Յաւերժ Սագայեան անդրադարձաւ մայիսեան պատգամներուն: Գեղարուեստակսն յայտագիրը սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»-ով, կատարողութեամբ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սուրիա Հայերէնի Արխիւացման Կեդրոնի Բացում Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ 8 մայիսին Դամասկոսի համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուներու արխիւացման կեդրոն»-ի եւ վաւերագրական նիւթերու սրահի բացում: Կեդրոնին բացումը կատարեց Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամետ Հասան  Քուրտի, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց լեզուներու դասաւանդումը եւ քաղաքակրթութիւններու փոխյարաբերութիւնները: Ան նաեւ հաստատեց, որ սուրիական համալսարաններէն ներս իր տեսակով առաջինն է լեզուներու արխիւացման կեդրոնը, որ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հալէպի Պետական Համալսարանին Մէջ Մեկնարկը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ձեռնարկներուն Հովանաւորութեամբ Հալէպի պետական համալսարանի կուսակցապետ տոքթ. Մոհամետ Նայեֆ Սալթի, վերջերս Հալէպի Բժշկական համալսարանի «Ռազի» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի նուիրուած ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ համալսարանի ընդհանուր տնօրէն Մուսթաֆա Աֆիունիի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կաթողիկէ առաջնորդ հայոց Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր...

ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» Կոմիտէն 101,000 Տոլար Հանգանակեց Արցախի Ի Նպաստ

ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» Կոմիտէն 101,000 Տոլար Հանգանակեց Արցախի Ի Նպաստ

Շաբաթ, 7 մայիսին, ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէին կազմակերպած յատուկ հանգանակային ձեռնարկին ընթացքին տիրող խանդավառ մթնոլորտին մէջ գոյացաւ 101,000 տոլար: «Դրօ» կոմիտէն իր տարեկան հանգանակային այս ձեռնարկը նուիրած էր Արցախին. հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի ապրիլի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի աւերուած շրջաններու վերականգնումին եւ նահատակուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցութեան նպատակին` «Արցախի հետ» կարգախօսով ձեռնարկուած հանգանակային ընդհանուր արշաւի ծիրին մէջ», յայտնեց ՀՅԴ «Դրօ»...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկներ Լօուըլ Ապրիլ 23-ին, Լօուըլի քաղաքապետարանի շէնքի մուտքին աւելի քան հարիւր հայորդիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ` հովանաւորութեամբ Մերիմեք Վելիի Հայ դատի գրասենեակին եւ շրջանի Հայոց ցեղասպանութեան ձեռնարկներու կազմակերպիչ կոմիտէին: Քաղաքապետ Էտ Քեննետի խօսք առնելով` յայտնեց, թէ Մերիմեք Վելիի հայերը տիպար եւ օրինակելի են, աւելցնելով, որ անոնք պահեցին իրենց արմատները եւ շարունակ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշումներ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Նշումներ

Պոսթըն Կիրակի, ապրիլ 24-ին Պոսթընի հայութիւնը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Առաջին հերթին, աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ ժամանած էին քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մօտ` խաղաղ ցոյց մը կատարելու: Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւեց այս ցոյցը, որուն ընթացքին զանազան պաստառներ` «Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է որ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը», «Արեւելեան Թուրքիան... Արեւմտահայաստանն է», «Հատուցում կը պահանջենք»: Ցոյցը կազմակերպուած...

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Արարողութիւններ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Արարողութիւններ

Քեսապ Ապրիլ 24-ին Քեսապի ժողովուրդը համախմբուեցաւ Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ` ոգեկոչելու ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը: Քեսապահայութեան եւ հոգեւոր հայրերու կողքին ներկայ էին պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման յայտագիրը կ՛ընդգրկէր երգչախումբ, ասմունք, նուագ եւ դասախօսութիւն: Օրուան բանախօսն էր պատուելի Ժիրայր Ղազարեան: Արարողութենէն ետք քեսապցիք միասնաբար ուղղուեցան դէպի Քեսապի գերեզմանատուն, ուր զետեղուած է ապրիլեան յուշակոթողը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Քսանթիի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Նշում Կազմակերպութեամբ Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, նախագահութեամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, 26 եւ 27 մարտին տեղի ունեցան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին նուիրուած երկօրեայ հանդիսութիւնները: 26 մարտին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Քսանթիի Թաղային խորհուրդի անդամ Արթին Քիւրքճեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան` սրբազան հայրը,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հայ Նահատակ Գրողներու Նուիրուած Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Յունաստանի Համազգայինի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղին, 2 ապրիլին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան¬Սարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 1915-ի ապրիլեան հայ նահատակ գրողներու նուիրուած երեկոյ «Կարմիր կիրակի» խորհրդանշական ընդհանուր խորագիրին տակ: Վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Ասատուր Եզեկիէլեան, որ բացատրեց օրուան ձեռնարկին նպատակը: Օրուան գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն, մեղմ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, Սիմոն Ասիպեան եւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Կարէն Պետրոսեանի Արուեստի Գործերու Ցուցահանդէսը Ապրիլ 2-ին Մոնրէալի «Կալըրի Էրիք Տեւլին» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քանատահայ կերպարուեստի վարպետ Կարէն Պետրոսեանի «Քար եւ մեղր» նկարչական գործերու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը: Ներկայացուած էին քարակերտ, փայտաշէն կամ մեղուի բնական մոմաշէն փեթակներ, որոնց վերջնական ձեւաւորման մէջ մեղուները իրենց բաժինը բերած էին: Կարէն Պետրոսեանի արուեստի այս նորագոյն...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ատրպատական Ատրպատականի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողովի 6-րդ Նիստը 11 մարտին Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի վեցերորդ նիստը` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի: Սրբազան հօր աղօթքէն ետք Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ դոկտ. Արա Մելիքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` վերյիշեցնելով անոնց, թէ ժողովուրդը ի՛նչ կը սպասէ իր պատգամաւորներէն: Առաջնորդ սրբազանը իր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Յունաստան Հանդիպում Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Եւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի Միջեւ Յունաստան պաշտօնական այցելութեան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան հետ, որուն ընթացքին արծարծուեցան նախագահի այցելութեան եւ հելլէն քաղաքական աւագանիին հետ հանդիպումներու հարցերը, հայ եւ յոյն գործակցութեան ոլորտները, Հայ դատի առնչութեամբ կատարուած աշխատանքները Յունաստանի մէջ ու նաեւ յունահայ գաղութը յուզող հարցեր:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Երեւան» Տպարանի 30-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» քոլեճին, վերջերս Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ, տեղի ունեցաւ «Երեւան» տպարանի 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան երախտագիտական զգացումներով ողջունեց «Երեւան» հրատարակչատան հիմնադրութեան 30-ամեակը, ինչպէս նաեւ` անոր ծնունդ տուող հիմնադիր Սարգիս Թոփալեանի անգնահատելի ծառայութիւնը: Մամուլի երկարամեայ աշխատակից Սարգիս Մաճառեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ 700 Հազար Տոլար Հաւաքուած Է Ի Նպաստ ՀԲԸՄ-Ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Դպրոցին Փետրուար 27-ին Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 40-ամեակի տօնակատարութիւնը: Ելոյթներ ունեցաւ վարժարանի ծնողա-ուսուցչական մարմինին անունով Ալին Փաթաթեան, վարժարանի շրջանաւարտ եւ ներկայիս անոր հոգաբարձութեան անդամ ու կրթական մարմինի ատենապետ տոքթ. Կապի Արսլանեան եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան: Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Յովնան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբի Փառաշուք Համերգ Կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ տագնապահար հալէպահայութիւնը եզակի ոգեւորութիւն ապրեցաւ` ըմբոշխնելով Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին բարձրորակ երգահանդէսը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի: Երգահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս յարգեցին Սուրիոյ նահատակներուն յիշատակը: Հայերէն բացման խօսքով Մարիա...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ «Սուրիոյ Տագնապը Եւ Հայութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 21 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը` «Սուրիոյ տագնապը եւ հայութիւնը» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր հասարակական գործիչ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան: Բացման խօսքով Մարիա Սարգիսեան յայտնեց, թէ նման...

Page 39 of 43 1 38 39 40 43

Արխիւներ