Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Նոր Հիւպատոսին
23 փետրուարին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, Թորոս Քեչեճեանի եւ Գարօ Խանճեանի մասնակցութեամբ, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող լիբանանեան հիւպատոսարանի նոր ղեկավարին` գլխաւոր հիւպատոս Միրնա Խաուլիին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը յաջողութիւն մաղթեց Միրնա Խաուլիին եւ անոր յայտնեց կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը` համագործակցելու ընդհանրական հարցերու մէջ:
Որմնանկարներու Օծում, Գրադարան-Թանգարանի Բացում, Նաեւ` ՀՕՄ-ի Ննջեցեալներուն, Սումկայիթի Զոհերու Եւ Արցախի Նահատակներուն Յիշատակին Հոգեհանգիստ
25 փետրուարին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն աւարտին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կատարեց եկեղեցւոյ աջակողմեան ու ձախակողմեան որմնանկարներու օծումն ու օրհնութիւնը եւ բացման արարողութիւնը` հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի յիշատակին կառուցուած գրադարան-թանգարանին:
Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց բոլոր անոնք, որոնք տարիներու ընթացքին ներդրում ու վաստակ ունեցած են սոյն եկեղեցւոյ ծաղկումին ու բարեփոխման մէջ` յորդորելով ծխական համայնքը, որ լծուի համայնքի յառաջդիմութեան ու ծաղկման աշխատանքին: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակները առաջնորդեն եկեղեցի, Կիրակնօրեայ դպրոց եւ մեր ազգային կեանքին մէջ գործող միութիւններ, մանկութեան օրերէն իսկ անոնց մէջ խորացնեն ազգային գիտակցութիւնը, որպէսզի անոր կառչած մնան իրենց կեանքի տեւողութեան, նաեւ` պատանիներուն եւ երիտասարդներուն թելադրեց, հետեւին երէցներու խրատներուն եւ մասնակից ըլլան եկեղեցւոյ ու հայութեան հաւաքական կեանքին` իրենց հոգին ու միտքը սնուցանելով երէց սերունդի իմաստութեամբ ու թելադրանքներով:
Պատարագի աւարտին, ինչպէս` թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, նոյնպէս Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ՀՕՄ-ի ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ` Սումկայիթի զոհերուն եւ արցախեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակներուն համար:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին` հոգաբարձութեան ատենապետ Գոհար Կապրիէլը, բարերար Մայքըլ Թումանեանը, հոգեւոր տեսուչ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանը եւ առաջնորդ սրբազանը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Բացում Ֆրեզնոյի «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տուն» Ծերանոցի Նոր Բաժանմունքին
10 փետրուարին տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի «Քալիֆորնիոյ հայկական տուն» ծերանոցի «Վինիարտ» կոչուած նոր բաժանմունքին բացումը:
Հաստատութիւնը 2016-ի յունիսին ձեռնարկած էր իր շէնքերու ընդարձակման աշխատանքին եւ տեղի ունեցած էր հիմնարկէքի արարողութիւնը` ձեռամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Յանուն առաջնորդին` նոր բաժանմունքի բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանը, որ կարդաց սրբազանին պատգամը:
Իր պատգամին մէջ առաջնորդը ուրախութիւն եւ հպարտանք կ՛արտայայտէր այս իրագործումին համար` գնահատելով բոլոր անոնք, որոնք ժամանակ ու նիւթական միջոցներ տրամադրած են այս իրագործման հասնելու համար: Սոյն հաստատութիւնը լաւագոյն եւ հանգստաւէտ միջավայր պիտի ըլլայ տարեցներու համար, ուր անոնք իրենց հանգստեան տարիները պիտի վայելեն սիրալիր, հոգածու ու ընտանեկան մթնոլորտի մէջ եւ պիտի արժանանան յարգալիր ու արժանապատիւ վերաբերմունքի:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ նոր բաժանմունքի օրհնութեան աղօթքն ու բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
Սուրիա
Հալէպի Մէջ Գումարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինի Անդրանիկ Նիստը
23 փետրուարին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան hիմնադրութեան 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինը խորհրդակցական նիստ մը գումարեց: Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը եւ Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը:
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ընդգծեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական նշանակութիւնը եւ հայութեան գոյատեւումին մէջ անոր ունեցած կեդրոնական կարեւորութիւնը: Սրբազանը ներկայացուց նիստի գումարումին նպատակը եւ հրաւիրեց յառաջացնել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի սուրիահայ գործադիր յանձնախումբ մը, որպէսզի համակարգուած ու ներդաշնակ կերպով իրականացուին բոլոր ծրագիրները:
Դեսպան Փոլատեանը իր կարգին ողջունեց սուրիահայութիւնը եւ ներկայացուց Դամասկոսի ներկայ տագնապալի իրավիճակը, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները միասնաբար ծրագրելու եւ իրականացնելու անհրաժեշտութեան:
Այնուհետեւ ժողովականները ներկայացուցին իրենց պատկերացումներն ու առաջարկները:
Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակի Նշում
Պրիւքսել
25 փետրուարին ՊրիւքսԵլի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 1988-ի Սումկայիթի զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն:
Պատարագէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում:
Վրաստան
Նախաձեռնութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ վիրահայոց թեմին, 28 փետրուարին Թիֆլիսի մէջ նշուեցաւ Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակը:
Արդարեւ, Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք «Հայարտուն» կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ:
Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժինի տնօրէն եւ «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւոն Չիդիլեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու զոհերուն յիշատակը:
Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Երեւանը ազրպէյճանական հող անուանելու պետական քաղաքականութեան, աւելցնելով, որ Սումկայիթի ոճրագործութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ Արցախը ոչ մէկ ձեւով եւ կարգավիճակով կրնայ Ազրպէյճանին մաս կազմել:
Ելոյթ ունեցան փրոֆ. Էռնեսթ Առաքելովը, Վրաստանի հայ համայնքի հասարակական կազմակերպութեան մամլոյ խօսնակ Սանտրօ Օհանեանը, նաեւ` այլ անձնաւորութիւններ, որոնք անդրադարձան սումկայիթեան ջարդերէն ետք զարգացող իրադարձութիւններուն` դատապարտելով սումկայիթեան ոճրագործութիւնը եւ զայն որակելով հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ցեղասպանութիւն:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Սումկայիթի ջարդերը ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէնէն հատուածներ:
Յունաստան
«Ծիածան» Թատերախումբին Կողմէ Պարոնեանի` «Երկու Տիրոջ Մէկ Ծառայ» Ներկայացում
24- 25 փետրուարին Աթէնքի Ռենտի շրջանի քաղաքապետարանի «Քամփանելիս» սրահին մէջ «Արարատ» մարզական եւ մշակութային միութեան «Ծիածան» թատերախումբը յունարէն լեզուով հանդէս եկաւ Յակոբ Պարոնեանի «Երկու տիրոջ մէկ ծառայ» ներկայացումով` բեմադրութեամբ Հայկ Գասարճեանի, կատարողութեամբ Արման Մենենդեանի, Գրիգոր Չափարեանի, Սոթիրիս Սեմերճեանի, Հերման Մենենդեանի, Գէորգիա Մակրիտիի, Անասթասիոս Փանայուտաքիսի եւ Սոնա Գալստեանի:
Բեմականացման յունարէն երգերը մշակած էին երաժշտահան Նիքոս Խացիելեւտերիու եւ բանաստեղծ Անթոնիս Փեթրաթոսի, իսկ նկարչական ձեւաւորումը կատարած էր Տինա Քալիմանի:
«Երկու տիրոջ մէկ ծառայ» թատրոնը «Ծիածան» եւ «Նոր Ծիածան» թատերախումբերու 12-րդ ներկայացումն էր վերջին 11 տարիներուն ընթացքին:
Պերլին
Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
24 փետրուարին Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ ղարաբաղեան ազատագրական շարժման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Գերմանիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանը իր ելոյթի ընթացքին անդրադարձաւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութեան եւ ղարաբաղեան շարժման իրաւական երեսներուն: Այնուհետեւ Յարութիւն Գրիգորեանը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Արցախի դիրքորոշման եւ Արցախի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական իրավիճակին ու քաղաքական զարգացումներուն: