Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտ 1, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ.

Խրիմեան Հայրիկի Մահուան 110-ամեակին Առիթով

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 28 յունուարին Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկի մահուան 110-ամեակին:  Կազմակերպիչ վարչութեան անունով  Թամար Թիւֆենքճեանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հայրիկի բարոյական կերպարի իւրայատկութիւնները` նկարագրային անեղծ գիծերէն մինչեւ արդարամիտ եւ լուսաւոր գաղափարներու տէր յեղափոխական եկեղեցականն ու ազգային գործիչը, 20-րդ դարու սրբադասուելու արժանի մտաւորական, զարգացած ազգային հերոս, յեղափոխական, մաքրամաքուր ու սրբակենաց հայ կղերականը, որ իր հօտին զարգացման եւ լուսաւորութեան համար ընդմիշտ պայքարեցաւ տիրող խաւարամտութեան դէմ եւ երիտասարդ սերունդներու ներշնչեց յեղափոխական նոր շունչ ու ոգի:

«Յ. Թումանեան» մասնաճիւղի անդամ Սարօ Նազարեանը ներկայացուց Հրանդ Մարգարեանի կենսագրական գիծերն ու գրական-մտաւորական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը, ստանձնած պաշտօններն ու ստացած պետական եւ մշակութային պարգեւներն ու տիտղոսները:

Այնուհետեւ Հայրիկի կերպարը հարազատօրէն մարմնաւորեց մտաւորական, գրող, թատերագիր, բեմադրիչ, դերասան, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, որուն հանճարին շնորհիւ` ներկաներուն դիմաց հարազատօրէն մարմնաւորուեցաւ հայութեան կեանքին մէջ իր անկրկնելի դրոշմը ձգած նշանաւոր հոգեւորական, մտաւորական, յեղափոխական ու քաղաքական գործիչ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկը:

Աւարտին Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ կերպարին ու անհատականութեան մասին:

Հրանդ Տինքի Սպանութեան 11-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգիստ

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ յիշատակի ոգեկոչում եւ հոգեհանգիստ` Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հիմնադիր-խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 11-րդ տարելիցին առիթով:

20 յունուարին միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը, որուն բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանը: Ելոյթ ունեցան նաեւ ամերիկեան տարբեր համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող թուրք դասախօսներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ վարչակարգին բռնատիրական բնոյթը, այլամերժութիւնն ու Հայոց ցեղասպանութենէն դար մը ետք անոր վերաբերմունքը: Տեղի ունեցաւ նաեւ կլոր սեղանի շուրջ քննարկում:

Պահպանելով իր վերջին տարիներու աւանդութիւնը` միութեան վարչութիւնը այս տարի եւս Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան տարեկան շքանշան»-ով պատուեց Տինքի դասընկերներէն ու գաղափարակիցներէն Սարգիս Հացպանեանը, որ հիւանդութեան պատճառով կը բացակայէր եւ նոյն օրը մահացաւ Փարիզի մէջ:

Նոյն օրը Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը` ներկայացնելով առաջնորդ սրբազանը:

ՀՄԸՄ-ի Նոր Տարուան Ընթրիքը Առիթ` Յայտարարելու Այս Տարուան Ծրագիրները

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 27 յունուարին Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ  տեղի ունեցաւ Նոր տարուան պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին վարչութիւնը յայտարարեց ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակին առթիւ իր որոշած նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ` յառաջիկայ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահին ու տիպար ՀՄԸՄ-ականին անունները:

Օրուան հանդիսավար Մուշեղ Պետեւեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի կարեւորութեան:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կատարելէ ետք սեղաններու օրհնութիւնը, նկատել տուաւ, որ Շրջանային վարչութիւնը պիտի զեկուցէ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով իր կազմակերպած ձեռնարկներուն մասին, որոնք նաեւ կը զուգադիպին Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ը ինչ որ կազմակերպած է, մի՛շտ ալ յաջողութեամբ պսակուած է:

Այնուհետեւ Մուշեղ Պետեւեանը ներկայացուց 100-ամեակի առիթով Շրջ. վարչութեան ծրագրած նախաձեռնութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան այս տարի, ինչպէս` սկաուտական բանակում, մարզական-դաստիարակչական բանակում, երիտասարդական հաւաք, «ՀՄԸՄ-ը դէպի փառաւոր ապագայ, ընդհանուր նիւթով եւ 100-ամեակին նուիրուած բացօթեայ փառատօն, ՀՄԸՄ-ի թանգարանային իրերու ցուցահանդէս, հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ 100-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւն:

Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանը իր կարգին յայտնեց, որ հաղորդակցութեան ու անդամակցութեան համացանցային դրութիւն մը հաստատուած է Շրջանային վարչութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ` քարոզչական նոյնքան արդիական միջոցներ:

Անցնող Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահ Վիգէն Աբէլեանը խօսք առնելով` իր խանդավառութիւնը յայտնեց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն համար:

Այս առիթով յայտարարուեցաւ յառաջիկայ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահ Համլեթ եւ Գրետա Չրախչեան ամոլը:

Համլեթ Չրախչեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած այս առիթին համար, ապա յոյս յայտնեց, որ բոլորին ճիգերով հպարտութեամբ պիտի նշուին զոյգ 100-ամեակները:

Յայտարարուեցաւ այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»-ը` երկարամեայ միութենական ու Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀՄԸՄ-ի մէջ վաստակ ունեցող Գօգօ Պալեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջ. վարչութեան` աւելցնելով, որ այս պատմական տարուան առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկները նոր ապացոյց պիտի հանդիսանան ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւններուն:

Աւարտին յայտարարուեցաւ նաեւ, որ գործակցութիւն հաստատուած է Էլեն Ասատրեանի գլխաւորած դրամահաւաքի արհեստավարժ հաստատութեան հետ, որպէսզի նախաձեռնութիւններուն համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցները կարելի ըլլայ ապահովել:

Երաժշտական Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին, հոգաբարձութեան եւ ձեռնարկի յանձնախումբին, 7 յունուարին, Սան Պրիւնոյի «Քափուչինօ» բարձրագոյն վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան եւ դասական երաժշտութեան երգահանդէս մը:

Երգահանդէսին հրաւիրուած էին երկու հայ տաղանդաւոր արուեստագէտներ` Վարդան Գաբրիէլեան` պաս-պարիթոն եւ Վաչէ Ճամպազեան` դաշնակահար:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեցին Նանոր Էքմէքճեանը եւ Քարմեն Արչունեանը, որոնք եկեղեցւոյ եւ յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին ձեռնարկը քաջալերող բոլոր անհատներուն, նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբին:

Երգացանկը կ՛ընդգրկէր դասական հայ եւ օտար զանազան երաժիշտներու կտորներ, ինչպէս` Ռոպերթ Ամիրխանեան, Շահան Պէրպէրեան, Մոցարթ, Վերտի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ:

Աւարտին Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը շնորհաւորեց  երաժիշտները` իրենց գեղեցիկ եւ ոգեշնչող համերգին համար եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ երաժշտական ասպարէզի մէջ ունինք նման երիտասարդներ, որոնք բարձր եւ համաշխարհային մակարդակի բեմերու վրայ հայու անունը կը բարձրացնեն եւ կը ծաղկեցնեն իրենց տաղանդով: Ան յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք մաղթեց արուեստագէտներուն:

Ապա եկեղեցւոյ անունով յուշանուէր մը նուիրեց  անոնց եւ «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը:

Եգիպտոս

Դաշնակցութեան 127-րդ Տարեդարձը` Գահիրէի Մէջ

Աննախընթաց մեծ թիւով համակիրներու, հիւրերու եւ կուսակցականներու ներկայութեան ՀՅԴ 127-ամեակը նշուեցաւ Գահիրէի մէջ, ուրբաթ, 16 փետրուարի երեկոյեան, Հելիոպոլիսի «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն մարմինին:

Արդարեւ, ինչպէս տասնամեակներու աւանդութիւնն է, Դաշնակցութեան օրը հարիսայի հիւրասիրութիւն կը կատարուի` ի յիշատակ Խրիմեան Հայրիկի հռչակաւոր պատգամին:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի օրհներգներու եւ Դաշնակցութեան քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի պատասխանատու մարմինի ներկայացուցիչ տոքթ. Արմէն Մազլումեանը, որ ողջունելով ներկաները` ներկայացուց օրուան խորհուրդը:

Ան այս առթիւ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, որ «իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը կը սատարէ եւ նեցուկ կը կանգնի գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններուն անխտիր` դիւրացնելով հայապահպանման դժուար գործը»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան յաջողութեան նպաստած բոլոր նուիրատուներուն, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Միքայէլեան եղբայրներուն, որոնք Դաշնակցութեան զինանշանով գեղեցիկ գրակալ նուիրած էին իրենց ծնողաց յիշատակին: Ան վեր առաւ նաեւ ակումբի երիտասարդութեան գործօն դերակատարութիւնը երեկոյթի յաջողութեան մէջ:

Ան թուարկեց ներկայիս հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները` սկսելով Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակուող շրջափակումէն, անցնելու համար Արցախի շուրջ պայթունավտանգ լարուածութեան, հայրենամերձ գօտիներու հայահոծ գաղութներու վտանգուած գոյութեան, Ցեղասպանութեան ընդունման եւ փոխհատուցման անաւարտ պայքարին, պետականաշինութեան երկար եւ դժուար ուղին, որոնք կը կարօտին անխոնջ աշխատանքի, միաբանութեան, որուն ախոյեանը եղաւ ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը, հասնելու համար ամբողջական հայութեամբ հզօր ամբողջական Հայաստանի գաղափարի իրագործման:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ սրբազանը` իր ողջոյնի խօսքը յղելու 127-ամեայ Դաշնակցութեան: Ան վեր առաւ հիմնադիր սերունդէն սկսեալ գաղափարական անհատի դերը, որ անմնացորդ նուիրուելով ազգի եւ հայրենիքի ազատագրութեան դատին` սերունդէ սերունդ կերտեց պատմութիւն, Ա. Հանրապետութենէն սփիւռքի գաղթօճախներու կազմակերպում, ապա վերադարձ Երկիր` մասնակցելու Արցախի ազատամարտին ու վերանկախացած պետականութեան հզօրացման: Ան ողջունեց նաեւ տեղական կազմակերպութիւնը, որ փոքրաթիւ դարձած համայնքին մէջ ազգապահպանման գործը յառաջ կը տանի մշակութային, բարեսիրական թէ մարզական-սկաուտական բնագաւառներէն ներս` ազգային-կազմակերպական արժէքները փոխանցելով նոր սերունդին: Այս ծիրին մէջ ան ողջունեց նաեւ Ռամկավար ազատական եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնները, որոնք լծակից են վերապրումի եւ գոյատեւման համայնքային ճիգին: Ան ուժ եւ կարողութիւն մաղթեց հայ ժողովուրդին, խաղաղութիւն` հայրենիքին, անսասանութիւն` մեր պետականութեան, «որուն հիմքին պէտք է կանգնած ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, իւրաքանչիւր գաղափարական կուսակցութիւն, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որովհետեւ հայրենիքը ոչ միայն գաղափարախօսութիւն է, այլ` հող, ջուր, նիւթական արժէք է, որուն հոգեւոր-բարոյական արժէքը մարդ անհատն է, որ իր կեանքը պէտք եղած պարագային պիտի նուիրաբերէ, որպէսզի այդ անկախութիւնը, որ ստեղծուած է հարիւրամեայ այս շրջանին, երբեք ու երբեք չկորսուի եւ, հակառակը, Արցախի ազատագրումը օրինակ ունենալով, նաեւ շարունակէ ազատագրական իր պայքարը, նաեւ ետ առնելու կորսուած հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստանը եւ աւարտին հասցնելու մեր ազգային-ազատագրական մեծ պայքարը:

Օրուան պատգամը տեսագրութեան միջոցով փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանը:

Մանոյեանի խօսքէն ետք ազգային-ժողովրդական ու հայրենասիրական երգերու փունջով հանդէս եկաւ այս առթիւ Հայաստանէն հրաւիրուած տաղանդաւոր երգիչ Սեւակ Ամրոյեանը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բերնէ բերան լեցուած սրահին մէջ:

Շուէտ

Սումկայիթ. 30-Ամեակ

Զօրակցական Հաւաք` Շուէտի Խորհրդարանին Դիմաց

Շուէտահայութիւնը անցնող շաբաթավերջին, ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ, իր յարգանքի տուրքը , ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց սումկայիթեան սպանդի 30-ամեակին առիթով կազմակերպուած տարբեր հաւաքներու ընթացքին:

Շաբաթ , 24 փետրուարի առաւօտեան, ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութեան եւ խումբ մը համակիրներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` Սթոքհոլմի Սերկլ Սթորիէթ հրապարակին վրայ, խորհրդարանին դիմաց: Թէեւ ջերմաստիճանը նուազ 13 էր, այսուհանդերձ երիտասարդները, համոզումով ու բարձր գիտակցութեամբ, կատարեցին իրենց քարոզչական առաքելութիւնը. շուէտերէն եւ անգլերէն ցուցատախտակներ, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ, ինչպէս նաեւ բացատրական պրակներ` սումկայիթեան ամբողջ հոլովոյթին մասին: Մեծ էր հետաքրքրութիւնը անցորդներուն, ինչ որ սոյն նախաձեռնութիւնը կը հասցնէ իր թիրախին:

Յիշատակի Հանդիսութիւն

Կիրակի, 25 փետրուարի  յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած Սումկայիթի ջարդերուն, Սոտերթելիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 հայորդիներու:

Նախքան այդ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող յուշարձան-խաչքարին առջեւ ծաղեպսակներ զետեղեցին յաջորդաբար` Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը, շրջանի ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեանը, եկեղեցւոյ խորհուրդի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի, ՀՅԴ-ՇԵՄ-ի եւ պատանեկան միութեան եւ Հայ դատի ներկայացուցիչները: Ապա, Վաղարշ քհնյ. Իսախանեանին կողմէ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, որմէ ետք ներկաները մուտք գործեցին եկեղեցւոյ սրահը, ուր ընթացք առաւ պատշաճ յայտագրի գործադրութիւնը:

Օրուան հանդիսավար Ծիլա Մարգէեանը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմեղ զոհերուն, ապա բացման իր խօսքին մէջ ան շեշտը դրաւ ազրպէյճանական հակահայ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան վրայ:

Յայտագրի առաջին բաժնով ներկայացուեցաւ վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք հրաւիրուեցաւ Յարութ Արամեանը, որ փոխանցէ իր ականատեսի վկայութիւնը. ան օրին Հայաստան կը գտնուէր եւ ներկայ եղած էր հայ ժողովուրդի բռնագաղթին:

Երկրորդ բաժնով ներկաներուն ցուցադրուեցաւ ազատամարտիկ Կարօտի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը, ապա ամպիոն հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտոնեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի միասնութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը երբ միասնական եղած է, արդիւնքը եղած է արժանապատիւ յաղթանակ: վերջին դարուն ասոր լաւագոյն երկու փաստերն են` Սարդարապատի հերոսամարտը եւ արցախեան շարժումը:

Դեսպանին խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ քահանայ հայրը, որ «Պահպանիչ»-ով փակեց յուշահանդէսը:

Քանատա

Համազգայինի Նոր Մասնաճիւղ` Վանքուվըրի Մէջ

2017 դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Համազգայինի Քանատայի ընտանիքը համալրուեցաւ չորրորդ մասնաճիւղով մը: Վանքուվըր հաստատուած համազգայնականներ միասնաբար հիմը դրին տեղւոյն «Վարագ» մասնաճիւղին եւ ընտրեցին եօթնանդամ վարչութիւն մը, որ կը ծրագրէ աշխուժ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել Վանքուվըրի հայ գաղութին մէջ:

Նշենք, որ Համազգայինի մասնաճիւղեր արդէն տարիներէ ի վեր կը գործեն Քանատայի  Մոնրէալ, Թորոնթօ եւ Քեմպրիճ քաղաքներուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Վերջին Հանդիպումը «Սօսէ Մայրիկի» Հետ

Յաջորդը

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?