Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Ապրիլ 26, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլիս

Փայլանի Կոչը Թուրքիոյ Ժողովուրդին. «Նոյնիսկ Եթէ Մենք Չենք Կրնար Բուժել Այս Վէրքը, Եկէք Գոնէ Միասին Սգանք»

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով յատուկ կոչ յղած է Թուրքիոյ ժողովուրդին` յորդորելով առերեսուելու անցեալին հետ եւ դէմ կանգնելու ուրացման պաշտօնական քաղաքականութեան:

«Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ Փայլանի հրապարակած կոչը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Մեծ եղեռնէն մինչեւ օրս անցած է 103 տարի, սակայն այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած եւ մարդկութեան դէմ կատարուած մեծագոյն յանցագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան հետ տակաւին չենք առերեսուած:

«Քանի որ այս յանցագործութեան հետ առերեսումը տեղի չէ ունեցած եւ անիկա անպատիժ մնացած է, այս հողերուն վրայ տեղի ունեցած են նաեւ այլ եղեռնագործութիւններ: Որովհետեւ անպատիժ մնացած իւրաքանչիւր եղեռնագործութիւն պատճառ կը դառնայ նոր յանցագործութիւններու:

«Մինչդեռ ցեղասպանութեան` անցեալի ու ներկայի հետ առերեսումը կրնայ նպաստել մեր երկրի հասարակական խաղաղութեան հաստատման:

«Եկէք միասին դէմ կանգնինք ուրացման այս պաշտօնական քաղաքականութեան: Եկէք միասնաբար ջանք թափենք, որպէսզի իրականութիւնը բացայայտուի: Միասնաբար յիշատակենք այս հողերու կորուստները, մե՛ր կորուստները: Նոյնիսկ եթէ մենք չենք կրնար բուժել այս վէրքը, եկէք գոնէ միասին սգանք»:

Յայտնենք, որ նախօրէին Փայլան խորհրդարանին մէջ յատուկ ասուլիս մը կազմակերպած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով:

«Յարգելի՛ նախագահը արդէն 4-րդ տարին է` ցաւակցական ուղերձ կը յղէ հայ ժողովուրդին: Իսկապէս շնորհակալ եմ անոր ատոր համար, ատիկա ցաւը մեղմացնող հանգամանք է, իրօք շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, ատիկա քաջութիւն պահանջող քայլ է: Սակայն այստեղ պարոն նախագահը տեղի ունեցածը իր անունով չի կոչեր: Տեսէք` կ՛ըսուի «Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուարին ու բարդ պայմաններուն մէջ մահացած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերու…»: Բայց իմ տատիկը, իմ պապիկը պատերազմի պատճառով չեն մահացած, պարո՛ն նախագահ: Իմ տատիկն ու պապիկը զինուորներ չէին, անոնք  արհեստաւոր էին, այգեգործներ, գիւղացիներ, ծերեր ու երեխաներ», ըսած էր Փայլան:

Թուրքիոյ Տարբեր Քաղաքներու Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ 24 ապրիլին հայ, թուրք, քիւրտ, յոյն եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչ բազմաթիւ գործիչներ նշած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը:

Մասնաւորաբար` յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցած են Պոլսոյ շարք մը շրջաններուն մէջ, Անգարայի, Իզմիրի մէջ եւ այլուր:

Մարդկային իրաւանց ընկերակցութիւն միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Պոլսոյ գրասենակը 24 ապրիլին Պոլսոյ Սուլթանահմետ թաղամասին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառում կազմակերպած էր` 24 ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան ու աքսորի ուղարկման վայրին մէջ` Հայտարփաշա կայանին մօտ:

Նոյն օրը հայ համայնքը հաւաքուած էր Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատունը` 24 ապրիլ 2011-ին թրքական բանակին մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած հայուն Սեւակ Պալըքճըի գերեզմանի մօտ, եւ հոգեհանգիստի կարգ կատարած:

Երեկոյեան բազմաթիւ գործիչներ, մտաւորականներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, հասարակական գործիչներ ու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ հաւաքուած են Պոլսոյ կեդրոնական Պէյօղլու շրջանի Թիւնել հրապարակին վրայ եւ նստացոյց կատարած:

«1915-ի հետ առերեսուելու համար պայքարիլը այն պարտքն է, որ մենք ունինք Հրանդ Տինքի, Սեւակ Պալըքճըի, Մարիսթա Քիւչիւքի հանդէպ», շեշտուած է կազմակերպիչներուն կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը եւ Սեւակ Պալըքճըի ծնողները:

Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգուած է նաեւ Իզմիրի մէջ, ուր գործիչները հաւաքուած են տեղւոյն Ալսանճաք հրապարակին վրայ` «Այս ցաւը բոլորիսն է» պաստառներով:

Ձեռնարկի մասնակիցները շեշտած են, որ անկախ անկէ, թէ մարդիկ ինչպէս կը նախընտրեն անուանել կատարուածը` ցեղասպանութիւն կամ կոտորած ու գաղթ,  ատոր հետ առերեսումը կարեւոր է ողբերգութեան կրկնութիւնը բացառելու համար:

Անգարայի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով կազմակերպուած է յատուկ սեմինար, որուն ընթացքին բանախօսած են թուրք հասարակական գործիչներ Պասքըն Օրանը, Ճենկիզ Կիւլթեքինը, Ռամազան Կեզկինը, Միոքրեմին Պարուքը, Մեհմետ Քոնուքը եւ Թուրկութ Թիւրքսոյը:

Պոլսոյ Ոստիկանութիւնը Արգիլած Է Ոգեկոչման Կարգ Մը Արարողութիւններ

«Տեմոքրաթհապըր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի ոգեկոչման ընթացքին երեք անձեր ձերբակալուած են:

Անոնց ձերբակալութեան պատճառը այն է, որ ցոյցին ընթացքին օգտագործած են «Ցեղասպանութիւն» եւ «ոճիր» բառերը, հակառակ անոր որ ոստիկանութիւնը նախապէս զգուշացուցած էր այդ բառերը օգտագործել:

Ամէն տարի Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն մասնակցող վերոյիշեալ կուսակցութեան անդամները մերժած են ոստիկանութեան պահանջքը կատարել: Այդ պատճառով ալ անոնց նախաձեռնած ոգեկոչումներու կայացումը արգիլուած է:

Սուրիա

Ծաղկեպսակներու Զետեղում Եւ Արեան Տուչութիւն` Հալէպի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան վարչութեան, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան դիմացէն հալէպահայ երեք համայնքապետները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, հայկական երեք կազմակերպութիւններու եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները,  Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, Սուրիահայ օգնութեան խաչի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. միութեան, ՍԵՄ-ի, պատանեկան միութեան եւ «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ  քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին:

Ծաղկեպսակներ զետեղեցին նաեւ Հալէպի ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան պետական գրասենեակներուն տնօրէնները:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեան տուչութիւն` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն Սուրիոյ ասպնջական ժողովուրդին, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն վերապրելու եւ ծաղկելու առիթ ստեղծեց:

Այդ ընթացքին արտասանուեցան հայերէն ու արաբերէն խօսքեր, եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Յունաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում` Աթէնքի Մէջ

22 ապրիլ 2018-ին, կիրակի օրը յիշատակելի էջ մը եւս աւելցաւ Յունաստանի հայութեան արձանագրած Հայ դատի պահանջատիրական ելոյթներու` քաղաքական ձեռնարկներու հարուստ եւ ոգեւորիչ մատեանին մէջ: Աթէնքի կեդրոնական սրահներէն «Փալլաս»-ի մէջ, ընդառաջելով ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրին, մեծ թիւով հայեր եւ յոյներ ու օտարներ հաւաքուած էին` ոգեկոչելու համար 103-ամեակը թրքական պետութեան կողմէ կազմակերպուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան:

Ժամը 11:30-էն սկսեալ, Աթէնքի կեդրոնի Սինտաղմա հրապարակին մերձակայ «Փալլաս» թատերասրահը բեմահարթակը դարձաւ ի նպաստ Հայ դատի եւ Հայաստանի յունական զօրակցութիւնը վերահաստատող պետական ու քաղաքական հանդիսաւոր ելոյթներու:

Ատտիկէի մարզպետարանին հովանաւորութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ իրականացած ապրիլ 24-ի այս տարուան քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկին տպաւորիչ էր մասնակցութիւնը ինչպէս յոյն պետական եւ քաղաքական պաշտօնատար անձնաւորութիւններու, նոյնպէս եւ Յունաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութեանց քաղաքական եւ զինուորական ներկայացուցիչներուն:

Հանդիսութիւնը սկսաւ յատուկ պատրաստուած տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատմականը կը ներկայացնէր, իսկ անոր երկրորդ մասը զանազան երկիրներու մէջ ապրիլեան պահանջատիրական ցոյցերը կը ցուցադրէր: Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Յունաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով` Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբին կատարողութեամբ եւ ներկաներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Օրուան նախագահ եւ հանդիսավար Արթօ Շեմմաս, ի յիշատակ մեր նահատակներուն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրելէ ետք ներկաները, յանուն ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին յունարէնով ներկայացուց հանդիսութեան պաշտօնական բացման խօսքը:

Ան ընդհանուր կերպով շեշտը դրաւ Հայ դատի պահանջատիրութեան շարժումին պատմական հոլովոյթին վրայ: Անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ մեծ ոճիրէն երեք տարի ետք հայութեան մղած հերոսական յաղթական պատերազմին, որ ամրագրեց ազատ ապրելու հայ ժողովուրդին կամքը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ղարաբաղի անկախութեան 30-ամեակի պայքարին` թէ՛ պատերազմի ընթացքին ու մինչեւ զինադադար եւ թէ՛ վերջին տարիներու հայոց բանակին ունեցած յաջողութիւններուն:

Այնուհետեւ` իրարու յաջորդեցին յունական կառավարութեան, յունական խորհրդարանի, Ատտիկէի մարզպետարանի ներկայացուցիչները: Յունական կառավարութեան անունով հանդիսութեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց արտաքին գործոց փոխնախարար Թերենս Քուիք, որ անդրադարձաւ իր պաշտօնական այցելութիւններուն Հայաստան եւ շեշտեց իր յուզումը` Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան եւ թանգարան այցելութեան ժամանակ:

Նաեւ` խօսեցաւ արդէն իսկ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրներու մասին` Յունաստանի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ, որոնք կը վերաբերին համագործակցութեան մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ:

Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Նիքօ Վուցիսի կողմէ խօսք առաւ Էլենի Սթամաթաքի, որ կը նախագահէ հայ-յունական միջխորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբը: Ան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մնայ 20-րդ դարու ամէնէն դաժան ոճրագործութիւնը մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Անոր յաջորդեց Ատտիկէի մարզպետի` Ռենա Տուրուի ներկայացուցիչ Մարիա Խրիսթաքին: Ան շեշտեց երկու ժողովուրդներու եղբայրական կապերը եւ նոյն պատմական ուղին անցած ըլլալու աւանդը:

Ապա` Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը, խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ ու Վարդենի Սպարթալեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեց «Ով հայոց աշխարհ» եւ «Տէր Զօր» խմբերգները:

Յաջորդաբար, նախագահը բեմ հրաւիրեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի ներկայացուցիչը` դեսպանորդ Ալեքսանտր Սարգսեանը, որ փոխանցեց դեսպանին խօսքը: Իր խօսքին մէջ, Սարգսեան նշեց Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնները ՄԱԿ-ի մէջ` ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակով: Նաեւ` մեր ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնեց Յունաստանի խորհրդարանին, որ 1996-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Վազգէն Սավուլեան: Իր խօսքին մէջ ան ծանրացաւ Թուրքիոյ այսօրուան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ` նշելով, թէ երկիր մը, որ չի յարգեր իր քաղաքացիները, կը ճնշէ ու կը բանտարկէ զանոնք, այդ պետութենէն չենք կրնար սպասել, որ յարգէ յոյներուն, ասորիներուն, քիւրտերուն եւ հայերուն իրաւունքները:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Իոաննիս Քասուլիտիս: Ան խօսեցաւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին եւ անոր բանեցուցած ճնշումին մասին այն երկիրներուն վրայ, որոնք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճամբուն վրայ են` սպառնալիքներով եւ վախի մթնոլորտի տարածումով: Նաեւ` անդրադարձաւ կիպրահայ համայնքին, որ ըստ իրեն, շատ դրական արդիւնք ունեցած է երկրի բոլոր ոլորտներուն մէջ` անդրադառնալով նաեւ բռնագրաւուած շրջանին մէջ լքուած հայկական Մակարավանքին:

Քասուլիտիս յայտարարեց նաեւ, որ Արցախը միշտ պիտի ըլլայ հայկական հող եւ անոնք, որոնք կը խօսին հայերու կողմէ հողերու բռնագրաւման մասին, հաւանաբար անծանօթ են շրջանի պատմութեան եւ հայկական բնակչութեան մեծամասնութիւն ըլլալուն դարերու ընդմէջէն:

Օրուան բանախօսի պատգամին աւարտին Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը, Էտկար Էկեանի պարուսուցութեամբ, ներկայացուց երկու հայկական պարեր` «Կարմիր նուռ»-ը եւ «Բերդ»-ը:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ յատուկ պատրաստուած տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Հանդիսութեան աւարտին, ներկաները` պաշտօնական անձնաւորութեանց առաջնորդութեամբ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ Աթէնքի քաղաքապետարանի նուագախումբին ընկերակցութեամբ, սրահէն հաւաքաբար քալեցին դէպի Սինտաղմայի հրապարակի Անծանօթ զինուորի յուշադամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն:

Յանուն Յունաստանի հայութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առիթով եւ ի յիշատակ հայոց սրբադասուած նահատակներուն, Անծանօթ զինուորի յուշադամբարանը ծաղկեպսակ զետեղեց Միքայէլ Տիլսիզեան:

Ծաղկեպսակներ զետեղեցին նաեւ յունական կառավարութեան, յունական խորհրդարանի, Ատտիկէի մարզպետարանի, Աթէնքի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները, Կիպրոսի նախկին արտաքին գործոց նախարարը եւ օրուան բանախօսը, Ատտիկէի ապակեդրոն վարչակազմի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի եւ Խրուաթիոյ դեսպանները, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչը, պոնտոսցիներու եւ ասորիներու միութեանց նախագահները:

Լոնտոն

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ձեռնարկներ` Լոնտոնի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ բրիտանահայ համայնքին կողմէ 21 ապրիլին աւանդական երթ կազմակերպուեցաւ Լոնտոնի կեդրոնին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Բազմամարդ երթի մասնակիցները Հայտ Փարքի անկիւնէն Փիքատիլի փողոցով ուղեւորուեցան դէպի «Ուայթհոլ» կառավարական շրջանին մէջ տեղակայուած «Փառապանծ զոհեր»-ու յուշարձան, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչները, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ թեմի առաջնորդը, հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարութիւնը եւ ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ տեղադրեցին ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

2 ապրիլին Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ, որ կազմակերպուած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայ համայնքային խորհուրդին կողմէ` Անգլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ թեմի հովանաւորութեամբ:

Երեկոյի ընթացքին ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արմէն Լիլոյեան շեշտեց ուժեղ հայրենիքի կերտման կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման հոլովոյթին ծիրին մէջ:

Տարբեր ներկայացումներով եւ ստեղծագործութիւններու կատարումով հանդէս եկան Լոնտոնի շաբաթօրեայ եւ Գէորգ Թահթայ կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները: Երաժշտական ստեղծագործութիւններու կատարումով հանդէս եկաւ երգչուհի Անայիս Հեղոյեան

Քանատա

Քանատահայութիւնը Միասնական Շարքերով Պահանջատիրութեան Իր Ձայնը Բարձրացուց Օթթաուայի Մէջ

Երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուայի մէջ համախմբուած աւելի քան 1500 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներու պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան: Հաւաքն ու քայլարշաւը կազմակերպուած էին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:

Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Քանատայի խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ քանատահայերը կը կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:

Պաշտօնական հանդիսութեան հանդիսավարն էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գործավար Սեւակ Պելեան, որ ողջունեց բոլոր ներկաները, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններն ու հոգեւորական դասը: Հայ դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Նորա Զոպոյեան, որ դատապարտեց ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը: Ան յատկապէս շեշտեց Քանատայի կառավարութեան տարած ջանքերը` յանուն արդարութեան:

Խօսք առաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտպան կը հանդիսանան: Ան դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդար հատուցումը միայն կրնան կասեցնել այլ ցեղասպանութիւններու իրագործումը: Դեսպանը շեշտեց նաեւ, որ մենք, իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն, պիտի շարունակենք դատապարտել մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ պահանջել անիրաւուած ժողովուրդներու արդար իրաւունքները:

Խօսք առին, Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ, խորհրդարանի անդամներ Հարըլտ Ալպրէխթ, Կարնէթ Ճէնիս, Պոպ Սորայա, Էվա Նասիֆ, Ֆայսալ Խուրի եւ Ալեքսանտըր Պուլրիս, որոնք իրենց միահամուռ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայութեան արդար դատին: Յատուկ ելոյթով իր ուղերձը փոխանցեց Քանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի, որ վերահաստատեց Քանատայի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իրողութիւնը:

Պրայըն Մէյ ընթերցեց Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի` Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակի առիթով հրապարակած ուղերձը, ուր վարչապետը կը վերահաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Քանատայի պետական քաղաքականութիւնը:

Խորհրդարանի դիմաց հաւաքէն ետք աւելի քան 1500 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 200 թուրք ցուցարարներ հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններու ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի վճռակամութիւնը: Միաժամանակ, երգիչ Էլի Պէրպէրեան խանդավառեց հայ ցուցարարները:

Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամները եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք առաջնորդ սրբազան Աբգար եպս. Յովակիմեանի, առաջնորդ սրբազան Բաբգէն արք. Չարեանի եւ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակը:

Թորոնթոհայութիւնը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը

Այս տարուան ձեռնարկը իւրայատուկ էր: Անոր ընդհանուր նիւթը Ցեղասպանութիւններու ուսուցման կարեւորութիւնն ու հայ մշակոյթի պահպանումն էր: Այսպէս, 22 ապրիլին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը միայն աւանդական քաղաքական պատգամներ փոխանցելու կողքին` հանրութեան հրամցուց Հայկական մշակութային-գեղարուեստական յայտագիր եւ կրթական մարզին մէջ աշխատողներու փորձառութիւններ:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի շեփորախումբին հնչեցուցած Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը:

Ձեռնարկը վարեց ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի ատենապետ Քարինա Նաճիար: Ան իր խօսքը սկսաւ բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս  Արեւմտահայաստանի հայկական յուշակոթողներն ու եկեղեցիները լքուած կամ քանդուած են եւ թէ այս բնաջնջումները մինչեւ օրս կը շարունակուին: Նաճիար լուսարձակի տակ առաւ Քանատայի մէջ առնուած քանի մը նշանակալից քայլերը, որոնցմով ապագայ սերունդները պիտի հասկնան անցեալի արհաւիրքներուն կշիռը եւ հետեւանքները: Նաճիար աւելցուց, որ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ իր նախնիներուն կատարած ոճրագործութիւնը եւ ամէն ճիգ կը թափէ փոխելու պատմութիւնը` միջազգային հանրութեան ներկայացնելու Թուրքիոյ ի նպաստ պատկեր մը:

Ապա, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբը հրամցուց Սիրուշոյի «Կը գայ մի օր» («Ուեր ուըր եու») երգը` ընկերակցութեամբ պարի մը, որ արժանացաւ մեծ գնահատանքի:

Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի խօսքը ուղղեց Շրջանային յանձնախումբի նախագահ իրաւաբան Շահէն Միրաքեան: Միրաքեան կեդրոնացաւ մշակութային ցեղասպանութեան ազդեցութեան վրայ: Միրաքեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ կառավարութիւնը ուսումն ու կրթութիւնը կ՛օգտագործէ իբրեւ գործիք` շարունակելու մշակութային ոչնչացումը` նպատակ ունենալով ջնջել հայերու հետքերը սեփական հողին վրայ եւ գրել խեղաթիւրուած պատմութիւն մը: Միրաքեան նաեւ խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս քանատահայերը կրնան օգտագործել կրթութիւնը` իբրեւ այդ անարդարութեան դադրեցման գործիք:

Ապա խօսք առաւ Թորոնթոյի Ուսումնական խորհուրդի Ուեսթըն Քոլեճիէյթ Ինսթիթութի ցեղասպանութեան ուսուցման դասընթացքի դասախօս Մայքըլ Անթընի: Ան մանրամասնեց, թէ ինչպէ՞ս կը դասաւանդուի Հայոց ցեղասպանութիւնը հիմնարկին մէջ, որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրուի դասընթացքի այս գլուխին: Ան աւելցուց, որ շատ քիչ են Թորոնթոյի Ուսումնական խորհուրդի վարժարանները, որոնք ցեղասպանութեան ուսուցման դասընթացքը կը հրամցնեն իրենց աշակերտներուն:

Յաջորդաբար կարդացուեցան Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի, Դաշնակցային մակարդակի վրայ Պահպանողական կուսակցութեան եւ Նոր դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարներուն պատգամները, իրենց ներկայացուցիչ երեսփոխաններուն կողմէ:

Ապա խօսք առաւ Օնթարիոյի նահանգապետ Քաթլին Ուին, որ վեր առաւ ցեղասպանութեան ուսուցման կարեւորութիւնը, յայտնեց, որ ինք պիտի աշխատի Մայքըլ Անթընիի հետ, որպէսզի Ցեղասպանութեան դասընթացքը Օնթարիոյի բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն հասանելի ըլլայ: Ուին նաեւ դրուատեց Հայ կեդրոնի աշխատանքները, մանաւանդ սուրիացի ներգաղթողները հրաւիրելու եւ ընդունելու ծիրին մէջ: Պահպանողական կուսակցութեան նահանգային երեսփոխանական թեկնածու Արի Պապիկեան կարդաց նահանգային Պահպանողական կուսակցութեան պատգամը, որմէ ետք խօսք առաւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճոն Թորի:

Թորի շնորհակալութիւն յայտնեց հայ գաղութին, որ կը շարունակէ դաստիարակել եւ ցեղասպանութեան գիտելիքներ ջամբել հանրութեան, որպէսզի սերունդները տեղեակ ըլլան անցեալէն, եւ կերտեն առանց ցեղասպանութեան ապագայ: Թորի նաեւ հաստատեց, որ պիտի որոնէ եւ անպայման գտնէ Թորոնթոյի տարածքին մէջ վայր մը, որ կարելի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի վայրի վերածել:

Ապա բանաստեղծ Քիթ Ղարիպեան իր «Փոյեթրի իզ պլատ» գիրքէն «Տէյ հետ սամ ռակզ» բանաստեղծութեան ասմունքով եւ երաժիշտ Լեւոն Իշխանեան իր կիթառով հանդէս եկան:

Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր թորոնթոհայ գաղութին անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ, իսկ թորոնթոհայ հայրենակիցները ծաղիկներ զետեղեցին:

Հոգեւոր հովիւներու աղօթքով փակուեցաւ ոգեկոչման  ձեռնարկը:

Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ոգեկոչումը` Քեմպրիճի Մէջ

Կիրակի, 22 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Քեմպրիճի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ շուրջ 200 անձերու ներկայութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ հիւրերը մուտք գործեցին սրահ, ուր ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները Քանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարեցին ձեռնարկին:

Օրուան հանդիսավար Լեւոն Սարմազեան կատարեց բարի գալուստի եւ բացման խօսքը, որմէ ետք ՀՕՄ-ի աշակերտները դարձեալ խմբովին արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք» բանաստեղծութիւնը անգլերէնով, ապա ցուցադրուեցաւ երաժշտական տեսերիզ մը Ռիչըրտ Լէյպի եւ Ալին Թոփճեանի կատարողութեամբ` նուիրուած Եղեռնի զոհերուն:

Հանդիսավարը ներկայացուց օրուան պատգամաբերը` Տիթրոյիթ նահանգի «Ուէյն Սթէյթ» համալսարանի դասախօս Հայկ Օշականը եւ անդրադարձաւ անոր գործունէութեան:

Օշական սկսաւ իր պատգամը յիշելով իր մեծ հօր` Յակոբ Օշականի եւ անոր կնոջ Եղեռնի ոդիսականը, որ նման է իւրաքանչիւր վերապրող հայու ցաւալի փորձառութեան:

Ան յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան վերջին ծրագրուած փուլը եղաւ անոր ժխտումը` կիրարկուած թրքական պետութեան կողմէ. օրինակ` դպրոցներուն մէջ չի դասաւանդուիր իրական պատմութիւնը, որ կը վերաբերի հայութեան, ցեղասպանութիւն բառը գործածողներ կը պատժուին, իսկ պատմական Հայաստանի մէջ հայութեան հետքերը կ՛անհետանան օրէ-օր®

Ան յայտնեց, որ Հայ դատի գծով մեր աշխատանքը պէտք է շարունակուի, արդէն 25 երկիրներ ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ վնասուց հատուցման դատական փուլը:

Խօսք առին նաեւ քաղաքական այլ գործիչներ, որոնք իրենց պատգամները ուղղեցին տեսերիզի միջոցով:

Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի նամակը կարդաց Պրայըն Մէյ, իսկ Պահպանողական կուսակցութեան (ընդդիմադիր) ղեկավար Էնտրու Շիրի նամակը` Հարոլտ Ալպրեխթ:

Վեր. Յովհաննէս Սարմազեանի աղօթքով եւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտճեանի պահպանիչով վերջ գտաւ ձեռնարկը:

 

Նախորդը

Մինչ Հայաստանի Մէջ Զանգուածային Անհնազանդութեան Դրսեւորումները Կը Յամենան` Լարուածութիւնը Լիցքաթափելու Ճիգերը Շարունակուեցան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (26 Ապրիլ 2018)

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?