Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Նշում` Ռոտ Այլընտի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Փրովիտընսի «Քրիստափոր» կոմիտէին, 2 դեկտեմբերին «Քրանսթըն քաունթի քլապ»-ին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը:
Բացման խօսքը արտասանեց Լեւոն Աթթարեանը, որ բեմ հրաւիրեց ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին ներկայացուցիչ Յակոբ Տօնոյեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց ներկաները` յոտնկայս յարգելու մահացած ընկերներուն յիշատակը, որոնք տարիներ շարունակ իրենց կեանքը զոհած են Հայ դատին:
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւներ Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեանը եւ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Պաղսարեանը ելոյթ ունենալով` գնահատական խօսքեր արտասանեցին:
Լալա Աթթարեան ներկայացուց օրուան երկու բանախօսները` «Հայրենիք»-ի եւ «Ասպարէզ»-ի նախկին խմբագիր Վաչէ Բրուտեանը եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի նախկին ղեկավար, փաստաբան Սեդօ Պոյաճեանը:
Երկու դասախօսներն ալ շեշտեցին, որ ՀՅԴ միշտ գործած է ամբողջական նուիրումով եւ զոհողութեամբ` նկատի ունենալով ազգային շահերը, աւելցնելով, որ ՀՅԴ պիտի ծառայէ ամբողջ հայութեան` ի խնդիր գերագոյն նպատակներուն եւ յաւերժական հայրենիքին: Անոնք նկատել տուին, որ իր ծնունդէն սկսեալ Դաշնակցութիւնը գործած է եւ կը գործէ Արցախէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռք:
Աւարտին, Հրակ Առաքելեանի առաջնորդութեամբ, կատարուեցաւ մոմավառութիւն, ապա` տոհմիկ երգերու երեկոյ, մասնակցութեամբ Րաֆֆի Ռշտունի, Շանթ եւ Րաֆֆի Մասոյեաններէ բաղկացած «Եռագոյն» եռեակին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հանդիպումը` Շերիֆ Մըքտանըլի Հետ
1 դեկտեմբերին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը եւ ԿԿ-ի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանը հանդիպում ունեցան Լոս Անճելըսի շերիֆ Ճիմ Մըքտանըլի հետ:
Հանդիպմամ ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները շերիֆին յայտնեցին շրջանի հայ համայնքի կարիքներուն մասին ինչպէս նաեւ` ոստիկանութեան ու շերիֆի բաժանմունքէն համայնքի ակնկալութիւններուն մասին: Անոնք նաեւ լայն բացատրութիւն տուին համայնքը կազմող աշխարհագրական տարբեր շրջաններէ ու մշակոյթներէ եկած հայութեան` յատկապէս ոստիկանութեան հանդէպ վերաբերմունքի առանձնայատկութիւններուն մասին:
Կեդրոնական կոմիտէի անդամները նաեւ կարեւոր նկատեցին շերիֆին անմիջական ուշադրութիւնը` համայնքի հարցերուն, ընդգծելով մնայուն եւ ուղղակի շփումներու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուեցաւ նաեւ շերիֆի բաժանմունքին մէջ հայ երիտասարդներ աշխատանքի ընդունելու կարելիութեան հարցը:
Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակի Ոգեկոչման Գրական Երեկոյ
8 դեկտեմբերին «Արսանա» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան կազմակերպած գրական երեկոն` նուիրուած Սպիտակի երկրաշարժի բազմահազար զոհերու յիշատակի ոգեկոչման 29-րդ տարելիցին:
Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան գործող նախագահ, արձակագիր, յօրինող, խմբավար Հենրիկ Անասեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, միութեան անդամ, արտաքին կապերու բաժինի վարիչ Անժել Պաղտասարեանը ներկայացուց երիտասարդ սերունդի մաքուր հաւատարմութիւնն ու հայրենասիրական պատրաստակամութիւնը:
Գեղարուեստական բաժինին մէջ ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Նազիկ Ղազարեանը, ապա ցուցադրուեցաւ գիւմրեցի բժիշկ, բանաստեղծ, միութեան անդամ Գագիկ Կարապետեանին պատրաստած` երկրաշարժին վերաբերող «Դժոխք» պոէմի հիման վրայ նկարահանուած տեսերիզը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ դրոշմագէտ, լուսանկարիչ Յովհաննէս Կօշկակարեանը, որ ցուցադրեց Գարուշ Հարեանցին լուսանկարով օրինական տպագրուած դրոշմաթուղթն ու համապատասխան բացիկը:
Գարուշ Հարեանցը իր խօսքին մէջ յիշատակեց Գիւմրիի մէջ այդ օրը զոհուած 5 գրողներու` Վարդգէս Մովսիսեանին, Պատուական Ղուկասեանին, Տանիա Յովհաննիսեանին, Արարատ Մկրտումեանին, Հայկանի Տօնոյեանին, տաղանդաւոր դերասանուհի Ռիթա Հարոյեանին անունները: Ան կարդաց նաեւ Յովհաննէս Շիրազի հռչակաւոր «Էքսբրոմտ» քերթուածը:
Պետրոս Տէր Մաթոսեան` Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան Ատենապետ
6 դեկտեմբերին Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նոր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ նիստը, որուն ընթացքին ատենապետ ընտրեց Նըպրասքայի համալսարանի Լինքընի մասնաճիւղէն դասախօս Պետրոս Տէր Մաթոսեանը, իսկ փոխնախագահ` Նիւ Եորքի Հայ ազգային կրթական յանձնախումբէն Վարդան Մաթոսեանը: Վարչութեան քարտուղար ընտրուեցաւ «Քոլոմպիա» համալսարանէն Խաչիկ Մուրատեանը, իսկ գանձապահ` Միշիկընի համալսարանի Էն Արպըրի մասնաճիւղէն Վահէ Սահակեանը: Վարչութեան խորհրդական անդամներն են` Թենըսիի համալսարանի Նաքսվիլի մասնաճիւղէն Էլիսըն Վաքան, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը եւ Նըպրասքայի համալսարանի Լինքընի մասնաճիւղէն` Արփի Սիահեանը:
Ընտրութեան աւարտին Պետրոս Տէր Մաթոսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան նախորդ նախագահ Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին եւ խորհրդական Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ Լիլիթ Քէշիշեանին` իրենց տարած արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, որ նպաստած էր ընկերակցութեան առաքելութիւնը յառաջ տանելու ջանքերուն:
Տէր Մաթոսեանը, որ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր անդամ է ընկերակցութեան վարչութեան, իրեն համար մեծ պատիւ համարած է իր նոր պաշտօնը` խոստանալով վարչութեան աշխուժ անդամներուն հետ իրականացնել հայագիտութեան ընդարձակման ի նպաստ շարք մը նախաձեռնութիւններ` միաժամանակ ընդարձակելով իր անդամներուն շրջանակը:
1974-ին հիմնուած Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը գիտաժողովներ, դասախօսութիւններ եւ աշխատանիստեր կազմակերպելու կողքին, կը հրատարակէ նաեւ իր պաշտօնաթերթը` խմբագրութեամբ Սերճիօ Լա Փորթայի (Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղ), ինչպէս նաեւ` տեղեկատու մը, որ կը հրատարակուի տարին երկու անգամ:
Ընկերակցութիւնը ներկայիս հաստատուած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ:
Նկարչական Ցուցահանդէս Եւ Հայ Մանրանկարչութեան Նուիրուած Դասախօսութիւն
29 նոյեմբերին Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային երեկոյ մը` նուիրուած Արեւմտեան թեմի հաստատման 90-րդ տարեդարձին:
Ցուցադրութեան դրուած էին Հայաստանէն խումբ մը տաղանդաշատ արուեստագէտներու գեղանկարներ:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ ուսուցողական դասախօսութիւն` նուիրուած հայկական մանրանկարչութեան հազարամեայ արուեստին:
Բանախօսներն էին Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի Արուեստի պատմութեան եւ գրչութեան կեդրոններու ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչ դոկտ. Կարէն Մաթեւոսեանը եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի ցուցահանդէսներու բաժինի վարիչ Յասմիկ Գինոյեանը, որոնք բացատրութիւններ տուին հայ արդի արուեստին մասին:
Աւստրալիա
60-ամեակի Եզրափակիչ Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում Ու Օրհնութիւն` Ի Յիշատակ Տէր Արամայիս Ա. Քհնյ. Միրզայեանի
Վերջերս Ս. Յարութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիա հաստատման 60- ամեակի պատարագը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմի առաջին հովիւ Արամայիս Ա. քհնյ Միրզայեանի յիշատակին:
Իր քարոզին մէջ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանը բարձր գնահատեց 60 տարիներ առաջ եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն տեսիլքն ու կատարած աշխատանքը, որոնց շնորհիւ ներկայիս եկեղեցի ունինք Աւստրալիոյ մէջ: Անդրադառնալով Արամայիս Ա. քհնյ Միրզայեանի կեանքին եւ գործունէութեան` սրբազան հայրը վեր առաւ անոր տարած աննախընթաց աշխատանքը, անոր նուիրումը` իր ազգին եւ եկեղեցւոյ ու աւստրալիահայ համայնքին:
Հոգեհանգիստէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր պատին վրայ զետեղուած էր Արամայիս Ա. քհնյ Միրզայեանի յիշատակին յուշաքարը: Թեմական խորհուրդի անունով Ստեփան Գրգեաշարեանը յուշերու պատառիկներ պատմեց ներկաներուն, որոնք կ՛ապացուցէին քահանայ հօր անսակարկ նուիրումը իր հօտին: Ան մատնանշեց անոր հրատարակած հինգ անգլիատառ գիրքերը, որոնք մինչեւ այսօր կը գործածուին` որպէս աւստրալիահայ գաղութի ստեղծման եւ տարուած աշխատանքի աղբիւրները: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին անունով Զաւէն Եաղլըճեան կարդաց նահանգապետ Գլատիս Պերեճիքլեանի շնորհաւորագիրը:
Այնուհետեւ կատարուեցան յուշաքարին քողազերծումը եւ օրհնութիւնը:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ սրբազան հայրը կրկին անդրադարձաւ վաստակաշատ եկեղեցականի նուիրական աշխատանքին` շեշտելով, որ հիներէն շատեր վկայութիւններ ունին տէր Արամայիսին կատարած աշխատանքին վերաբերեալ, աւելցնելով, որ սոյն յուշաքարը փոքրիկ շնորհակալական արտայայտութիւն մըն է անոր վառ յիշատակին:
Արփի Շահնուպարեանին Երգահանդէսը
Կազմակերպութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի վարչութեան, վերջերս «Ռայտ իսթուուտ լիկս քլապ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս` կատարողութեամբ հայրենի երգչուհի Արփի Շահնուպարեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Պոյաճեանը, որ անդրադարձաւ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի 25-ամեակի մետալով եւ Հայկ Լեփեճեանի երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրման` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Այնուհետեւ երգչուհին մեկնաբանեց հայկական ազգագրական եւ էսդրատային երգերու փունջ մը, ինչպէս նաեւ` անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով երգեր:
Մարալ Պոյաճեանը եւ Հայկ Լեփեճեանը ամփոփ տեղեկութիւններ տուին հիմնադրամի միամեայ գործունէութեան մասին, որմէ ետք առաջնորդ սրբազան հայրը ելոյթ ունենալով` նկատել տուաւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը ներկայացնէ ամբողջ գաղութը, գոհունակութիւն յայտնելով, որ 25 տարիներ շարունակ ժողովուրդը կրցած է սերտ պահել իր յարաբերութիւնը «Հայաստան» համահայկական Հիմնադրամին հետ: Անդրադառնալով դրամահաւաքի գործընթացին` սրբազան հայրը նշեց մարտահրաւէրը, որուն առջեւ կանգնած են մեր հայրենիքն ու Արցախը, շեշտելով, որ մեր գոյութեան միակ իմաստը մեր հայրենիքն է, յաւիտենական Հայաստանը, որուն համար պիտի կատարենք մեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները:
Յայտնենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղին վարչութիւնը յաճախ կը կազմակերպէ հանգանակութեան հաւաքներ` գեղարուեստական ձեռնարկներու ընթացքին:
Նշենք, որ հանգանակութենէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Արցախի մէջ իրագործելի նոր ծրագիրին:
Սթոքհոլմ
Սթոքհոլմի Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթ` Նուիրուած Հայաստանի
Կազմակերպութեամբ Սթոքհոլմի Կիներու Միջազգային ակումբին եւ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Սթոքհոլմի Արքայական օփերայի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայաստանի:
Ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 150 մասնակիցներ, որոնց շարքին` արքայադուստր Մարիա Պեռնատոթը, կին դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, ազնուականութեան եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, որոնք ծանօթացան Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին, համտեսեցին հայկական քաղցրեղէններ եւ գինի, ունկնդրեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` Շուէտի մէջ բնակող հայ երաժիշտներէ բաղկացած «Հայկան» եռեակին կատարողութեամբ:
Մասնակիցներուն բաժնուեցաւ Հայաստանի եւ ամանորեայ հայկական աւանդոյթներու մասին դեսպանութեան կողմէ պատրաստուած գրքոյկ մը, նաեւ` հայկական զարդեր եւ քաղցրեղէններ:
Վրաստան
Դեսպան Սադոյեանին Հանդիպումը` Վիրահայ Համայնքի Հետ
14 դեկտեմբերին Թիֆլիսիի «Մարիոթ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեանին հանդիպումը` վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Դեսպան Սադոյեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ եւ միաժամանակ լուրջ պատասխանատուութիւն է ըլլալ Հայաստանի դեսպանը Վրաստանի մէջ: Ան անդրադարձաւ հայերու եւ վրացիներու դարաւոր բարեկամութեան մասին` շեշտելով հայ-վրացական յարաբերութիւններուն մէջ վիրահայ համայնքի դերակատարութիւնը: Դեսպանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայ համայնքին միասնական ըլլալու կարեւորութիւնը` վստահեցնելով, որ իր դիւանագիտական առաքելութեան ամբողջ ընթացքին իր կարելին պիտի ընէ` նպաստելու վիրահայ համայնքի միասնականութեան ամրապնդման: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի բարձրագոյն իշխանութիւններուն` նշելով, որ անոնց բարեացակամ վերաբերմունքը հայ համայնքի նկատմամբ միշտ ակնառու է:
Երեկոյի ընթացքին, հայ երաժիշտներու կատարողութեամբ, հնչեցին Կոմիտասի, Մոցարթի, Սերգէյ Ասլամազեանի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: