Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Ապրիլ 19, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Շիքակոյի Մէջ` Հայաստանի Հիւպատոսարան

22 մարտին, յատուկ հանդիսութեամբ, կատարուեցաւ Շիքակոյի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին բացումը` ներկայութեամբ աւելի քան հինգ հարիւր հրաւիրեալներու:

Ելոյթ ունեցան` Խաժակ արք. Պարսամեանը, Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանը եւ Շիքակոյի քաղաքապետ Ռամ Էմանուէլը, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին նոր նշանակուած  հիւպատոս Օսքար Թաթոսեանին:

Հիւպատոսարանը, Իլինոյ նահանգի կողքին, պիտի գործէ նաեւ Միսուրի, Այաուա, Ուիսքանսին եւ Մինեսոթա նահանգներուն համար: Սովորական գործունէութեան կողքին, հիւպատոսարանի կիզակէտը պիտի ըլլայ կրթական, տնտեսական, գիտական եւ զբօսաշրջական բնագաւառը:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Ցոլակ Յովսէփեանին Այցելութիւնը

6 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ազգային ծանօթ գործիչ եւ վաստակաւոր լուսանկարիչ Ցոլակ Յովսէփեանի, որուն ծննդեան 100-րդ տարեդարձին առիթով «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր 16 փետրուարին:

Առաջնորդ սրբազանը վաստակաշատ հայորդիին յանձնեց 100-ամեակին առիթով պաշտօնապէս շնորհած օրհնութեան գիրը: Հանդիպումը առիթ եղաւ մտերմիկ զրոյցի:

Կլենտէյլի Հայ Դատը Կը Շնորհաւորէ Կլենտէյլի Քաղաքապետ Ընտրուած Զարեհ Սինանեանը

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց Զարեհ Սինանեանի Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուիլը, որ տեղի ունեցաւ 3 ապրիլին: Ան պիտի փոխարինէ Վարդան Կարապետեանը: Նշենք, որ Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը մէկ տարի է, եւ Սինանեան 2014-2015 արդէն իսկ վարած էր քաղաքապետի պաշտօնը:

Կլենտէյլի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեանը նկատել տուաւ, որ քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին արդէն իսկ նկատառելի իրագործումներու հասած է, աւելցնելով, որ անոր պաշտօնավարութեան օրերուն պիտի շարունակեն սերտօրէն գործակցիլ քաղաքապետութեան հետ, յատկապէս` քաղաքի հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ: Մանուկեան  դրուատեց նաեւ պաշտօնաւարտ քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանի կողմէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած յատկանշական իրագործումները:

Քաղաքապետ ընտրուելէն ետք քաղաքապետական խորհուրդին առջեւ ունեցած իր անդրանիկ ելոյթին ընթացքին Սինանեանը լուսարձակի տակ առաւ քաղաքին առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին էին` արդար ներկայացուցչութեան ապահովում, քաղաքի ապահովութեան երաշխաւորում, տնտեսութեան զարկ տուող առիթներու ընդարձակում, քաղաքամէջի զարգացում, հանրային փոխադրամիջոցներու կարելիութեան ընդարձակում, քաղաքամէջի Մերիլենտ-Արցախ փողոցը քաղաքացիներուն համար հետիոտն ժամանցի հաճելի կեդրոնի մը վերածում եւ յարմար վարձքերով բնակարաններու թիւի աճի ապահովում:

Զապէլ Եսայեանի 140-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբին, 27 մարտին առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած հայ մեծանուն եւ վաստակաշատ կին մտաւորական, գրագէտ եւ հասարակական գործիչ Զապէլ Եսայեանի ծննդեան 140-ամեակին:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով դոկտ. Սիմոն Սիմոնեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:  Օրուան գլխաւոր բանախօս դոկտ. Մինաս Գոճայեանը վեր առաւ խիզախ հայուհիին գրական, հասարակական ու հայրենասիրական նուիրեալ գործունէութիւնը` Պոլսոյ, Փարիզի եւ Հայաստանի մէջ, այն տարիներուն, երբ կը մոլեգնէր ստալինեան բռնակալութեան փոթորիկը, որուն դժբախտաբար զոհ գնաց նաեւ Զապէլ Եսայեանը:

Բանախօսութեան ընթացքին Նազիկ Գոճայեանը արտասանեց Զապէլ Եսայեանի գործերէն նմուշներ:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ սրբազան հօր գնահատական խօսքով եւ աղօթքով:

Գրական Երեկոյ` Նուիրուած Յակոբ Պարոնեանի Եւ Գրիգոր Զօհրապի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին, 28 մարտին «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-հրապարակային ձեռնարկ` նուիրուած արեւմտահայ երկու տիտաններու` Յակոբ Պարոնեանի եւ Գրիգոր Զօհրապի:

Կազմակերպիչ մասնաճիւղին անունով  խօսք առաւ Արա Եագուպեանը, որ ներկայացուց օրուան բանախօս, Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան»-ի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի, մշակոյթի վաստակաշատ գործիչ Նարինէ Թուխիկեան-Խաչատրեանը:

Բանախօսը տեսերիզի ցուցադրութեամբ անդրադարձաւ Յակոբ Պարոնեանի եւ Գրիգոր Զօհրապի կեանքին եւ գրական ժառանգութեան:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ամերիկահայ երիտասարդ թարգմանիչ, Հոլիվուտի «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի անգլերէնի ուսուցիչ Հրաչ Տեմիրճեանը, որ ներկայացուց իր կողմէ անգլերէնի թարգմանուած հատուածներ` Յակոբ Պարոնեանի երգիծական ստեղծագործութիւններէն:

 

Յունաստան

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա» Գիրքին Յունարէն Թարգմանութեան Ներկայացումը

Կազմակերպութեամբ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ «Սթոխասթիս» հրատարակչատան, 23 մարտին Քալիթէայի քաղաքապետարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի «Սոֆիա. տարագրութիւն Սեւ ծովէն դէպի Հալէպ» գիրքին յունարէն թարգմանութեան ներկայացումը:

«Սթոխասթիս» հրատարակչատան պատասխանատու Լուքաս Աքսելով իր բացման խօսքին մէջ  յայտնեց, որ հրատարակչատան հիմնադրութեան թուականէն` 1969-էն ի վեր հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ պահանջատիրութեան հետ կապակցուած բաւական մեծ թիւով հրատարակութիւններ կատարուած են, յատկապէս` թարգմանիչ եւ գրագէտ Սարգիս Աղապատեանի հետ գործակցելով: Ան ըսաւ, որ «Սոֆիա. տարագրութիւն Սեւ ծովէն դէպի Հալէպ» գիրքի յունարէն թարգմանութեան ձեռնարկած է հրատարակչատունը` հաւատալով, որ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու առնչակից ճանապարհներու մասին պատմող այս գիրքը սերունդէ սերունդ փոխանցուող ազգային արժէքներու մասին կարեւոր վկայութիւն մըն է:

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանը, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան` շեշտելով, որ հայութիւնը, սփիւռքի մէջ ապաստանելով հանդերձ, կրցաւ դիմադրել պատմութեան արհաւիրքին եւ պահպանելով իր մշակոյթը, լեզուն ու գրականութիւնը` յաջողեցաւ պահել հայու ինքնութիւնն ու դիմագիծը: Ան խօսեցաւ նաեւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան պատճառով ստեղծուած իրավիճակին մասին` նշելով, որ ազգային դիմագիծի պահպանման, յիշողութեան ու վերապրելու ուժին վրայ խարսխուած փաստագրական եւ վաւերական գիրք մըն է «Սոֆիա. տարագրութիւն Սեւ ծովէն դէպի Հալէպ»-ը: Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանը իր յոյն մօր կեանքի փուլերը, անոր յուշերն ու մտածումները մարմնաւորած է իր գիրքին մէջ, հայ եւ յոյն ժողովուրդները իրարու միախառնող իր ընտանիքին մասին պատմելով:

Ելոյթ ունեցաւ գիրքի թարգմանիչ, գրագէտ Սարգիս Աղապատեանը, որ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առաւ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանին գիրքը թարգմանելու եւ յունարէնով հրատարակելու գաղափարը:

Յաջորդաբար խօսք առին` կրթական մշակ եւ գրագէտ Տամիանոս Վասիլիատիս, որ խօսեցաւ հեղինակին կողմէ պատկերուած ընտանեկան պատմութեան մասին, որ միաժամանակ երկու ազգերու` հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ճաշակած դաժան էջերու վաւերագրութիւն մըն է, տոքթ. Միրոֆորա Էֆսթաթիատու, որ անդրադառնալով գիրքի կառուցուածքին եւ լեզուին` ըսաւ, որ անիկա շատ մատչելի եւ բանաստեղծական ոճ ունի, եւ իւրօրինակ ձօն մըն է դստեր կողմէ իր սիրելի մօրը:

Այնուհետեւ կարդացուեցաւ գրագէտ Միխալիս Խարալամպիտիսի գնահատական խօսքը:

Աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց գիրքի հեղինակ Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան, որ նկատել տուաւ, որ գիրքին նպատակն էր բացայայտել այն իրողութիւնը, որ իր մայրը, հակառակ իր դժուար եւ տառապալից կեանքին, երբեք չէր դառնացած կեանքի պայմաններուն պատճառով եւ միշտ սրտբաց զգացումներով օգտակար դարձած էր շրջապատին: Ան շեշտեց, որ իր մայրը միշտ կառչած մնացած է իր արմատներուն կանչին, կարօտին եւ երազին եւ թելադրած է իրեն գրել իր կեանքի պատմութիւնը, որպէսզի շեշտուի սպանդի, գաղթականութեան անմարդկային դիմագիծը, որ պէտք է ջնջուի ժողովուրդներու կեանքի էջերէն:

Ձեռնարկի աւարտին հեղինակը մակագրեց գիրքը:

 

Գահիրէ

Ղարաբաղեան Շարժումին 30-ամեակին Նուիրուած Դասախօսական Երեկոյ

Նախաձեռնութեամբ Գահիրէի Ազգային իշխանութեան, ղարաբաղեան շարժումի 30-ամեակին առիթով, 3 մարտին, «Յուսաբեր» մշակութային ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` «Ղարաբաղեան գործընթաց. պատմութիւն, հեռանկարներ» թեմայով, զոր ներկայացուց Հայաստանէն հրաւիրուած Քաղաքական դասընթացքներու երեւանեան դպրոցի հիմնադիր-տնօրէն Արմէն Զաքարեանը:

Դերենիկ աբղ. Սահակեանի բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեանը: Այնուհետեւ Արմէն Զաքարեանը ելոյթ ունենալով`  անդրադարձաւ ղարաբաղեան շարժումի սկզբնաւորութեան եւ այդ օրերու դէպքերուն: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ դաստիարակուած էր չպարտուողներու սերունդ մը, որ ոտքի ելաւ իր հայրենիքը պաշտպանելու, աւելցնելով, որ արդի աշխարհը իրարու խառնուած է, բայց իւրաքանչիւր մարտահրաւէր նոր հնարաւորութիւն մըն է, այսինքն` համախումբ դառնալու եւ մեզի տրուած առաքելութեան արժանի ըլլալու հրամայական:

 

Պոլիս

«Հրանդ Տինք Հիմնարկ»-ը Հրատարակած Է «Կեսարիոյ Հայերը Կը Խօսին» Հատորը

Թուրքիոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը տպագրած է «Լռութեան ձայնը» շարքէն 5-րդ հատորը` «Կեսարիոյ հայերը կը խօսին» անունով:

2011-էն ի վեր իրականացուող «Անատոլիոյ հայերու բանաւոր պատմութեան նախագիծ»-ի գործունէութեան ծիրին մէջ լոյս տեսած այս գիրքին մէջ կը ներկայացուին 28 հոգիի հետ կատարուած հարցազրոյցներ:

Հարցազրոյցներէն բացի, գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ պատմաբան Մեհմետ Փոլաթելի յառաջաբանը եւ գիրքը կազմողին` դոկտ. Իճլալ Այշէ Քիւճիւքըրճայի վերջաբանը:

Նոյն շարքին միւս գիրքերուն նման` «Կեսարիոյ հայերը կը խօսին» գիրքին մէջ եւս ընդգրկուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին յուշեր եւ Թուրքիոյ հայերուն դիմագրաւած ինքնութեան տագնապներու քննարկումներ:

Կեսարիան եղած է Անատոլիոյ այն հազուագիւտ քաղաքներէն, ուր հանրապետական շրջանին եւս հայեր շարունակած են ապրիլ: 1927-ի մարդահամարին տուեալներով, հոն պաշտօնապէս արձանագրուած են 1978 հայեր: Այդ թիւը 1932-ին իջած է 1600-ի, 1960-ին` 800-ի, իսկ ներկայիս` գրեթէ զերոյի: Յատկապէս 1950-ականներուն, այդ շրջանի հայերը Պոլիս գաղթած են` հաստատուելով գլխաւորաբար Սամաթիա թաղամասը:

 

Քանատա

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրման Նուիրուած Գիտաժողով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, համագործակցութեամբ Քանատայի մէջ գործող զանազան հայ ուսանողական միութիւններու, 13-15 մարտին Օթթաուայի, Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ  տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով մը` «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւնը» թեմայով:

Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն էին` «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանի փրոֆեսէօր եւ պատմաբան դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, «Եու. Սի. Էլ. Էյ.»  համալսարանի փրոֆեսէօր, հեղինակ եւ գիտաշխատող դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանը եւ Ժընեւի «Ուէպսթըր» համալսարանի փրոֆեսէօր եւ լրագրող դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանը:

Երեք խորհրդաժողովներուն ներկայ գտնուեցան հայ եւ օտար աւելի քան 400 ուսանողներ, մտաւորականներ եւ ակադեմականներ:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման պատմական կարեւորութեան` դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը նկատել տուաւ, որ 1918-ին կերտուած Հանրապետութիւնը մեզի շնորհեց հայրենիքէն մասունք մը, աւելցնելով, որ այսօրուան մեր հիմնական մարտահրաւէրներէն մէկն է պահպանել այդ մասունքը եւ կերտել այնպիսի հայրենիք մը, ուր փափաքի ապրիլ ամէ՛ն հայ:

Նախորդը

Թուրքիա Ինչո՞ւ Ընդունած Է Յորդանանի` Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիրը Վերանայելու Պահանջը

Յաջորդը

Հայ Ընտանիքին Աստուածաշունչը

RelatedPosts

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին
Գաղութէ Գաղութ

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?