Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Հանրային Գործիչ Ճորճ Մարտիկեանին Նուիրուած Երախտագիտութեան Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Հայ տեղահանուածներու համայնքին եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան, վերջերս Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը` նուիրուած հանրային գործիչ եւ բարերար Ճորճ Մարտիկեանի:
Նախքան հանդիսութիւնը` Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը աղօթք մատուցեց Ճորճ Մարտիկեանի յիշատակին, ապա տեղի ունեցաւ անոր կիսանդրիին քողազերծումը, որուն նուիրատուն է Հայկ եւ Արկինէ Գըլըճեան ամոլը:
Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ Ճորճ Մարտիկեանի վաստակին մասին` զայն որակելով «արտասովոր անհատականութիւն եւ մեծ հայրենասէր»: Ան նկատեց, որ Մարտիկեանին մարդասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը մարմնաւորուած էին «ԱՆՉԱ»-ի (Անբնակարան հայերու օժանդակութեան ազգային խորհուրդ) հիմնադրութեամբ, ինչպէս նաեւ` բարերարութիւններով ու Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն ի նպաստ այլ նախաձեռնութիւններով: Ան յիշեցուց, որ Մարտիկեանը ունէր անվհատ կամք եւ հետեւողականութիւն, որուն շնորհիւ ոչ միայն անձնական յաջողութիւններու հասած էր, այլեւ` օգտակար եղած, որ հայորդիներ եւս յաջողութիւն արձանագրեն եւ իրենց համար աւելի լաւ կեանք մը կերտեն: Իր խօսքի աւարտին առաջնորդը մաղթեց, որ Մարտիկեանի կեանքի վաստակը օրինակ ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք հոգուով ու սրտով կը լծուին մարդկութեան ու մեր ժողովուրդի ծառայութեան:
Ապա խօսք առին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանը եւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին տնօրէնը, որմէ ետք կատարուեցաւ պարգեւներու բաշխում, եւ ցուցադրուեցաւ Ճորճ Մարտիկեանի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը:
Իր ամբողջութեան մէջ երեկոն վերածուեցաւ Բ. Աշխարհամարտին պատճառով հարկադրաբար տեղափոխուած հայորդիներու կողմէ Ճորճ Մարտիկեանին հանդէպ երախտագիտութեան արտայայտութեան ձեռնարկի մը:
Ծանօթ է, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք տեղահանուած ու «ԱՆՉԱ»-ի միջոցով Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայորդիներ, բնակութիւն հաստատելով գլխաւորաբար Մոնթեպելլոյի շրջանին մէջ, դարձած են շրջանի հայ համայնքին ողնասիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ, մինչեւ օրս, նիւթական ու բարոյական լայն զօրակցութիւն տրամադրած են Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ եւ Մեսրոպեան վարժարանին:
Յայտնենք, որ սոյն երեկոյթին հասոյթը տրամադրուած էր վարժարանին:
Սուրիա
Հայ Աւետարանական «Բեթէլ» Ատամնաբուժարանի Բացում
Սուրիոյ տագնապալից օրերուն, մինչ բռնութիւնն ու անկայուն վիճակը կը շարունակուէին, մարդիկ կարիքը ունէին հոգեւոր, նիւթական օգնութեան, բարոյական քաջալերանքի, յորդորի ու մխիթարութեան: Այս միտքէն թելադրուած` Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին մտայղացումը ունեցաւ իր ծառայողական դաշտը ընդարձակելու եւ հիմնելու բժշկական կեդրոն մը (2013), ուր հիւանդներու այցելութեան ու անոնց բուժման միջոցներ պիտի հայթայթուէին:
Աւելի քան վեց բժշկական ծառայութիւն մատուցող «Բեթէլ բուժկեդրոն»-ը կը գործէր շաբաթը վեց օրուան դրութեամբ` Հալէպի բնակչութեան բժշկական ծառայութիւն եւ անվճար դեղորայք մատուցելով: Բուժարանին մաս կը կազմէին ներքին հիւանդութեանց, ոսկրաբուժութեան, մորթային, քիթ-ականջ-կոկորդի, միզային, կանացի հիւանդութիւններու, մանկաբուժութեան, վիրաբուժութեան եւ վերջերս նաեւ ատամնաբուժարանի բաժինները:
Ատամնաբուժարանի բացումը տեղի ունեցաւ 25 փետրուարին` հովանաւորութեամբ վեր. համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի, նախաձեռնութեամբ Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին:
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց «Բեթէլ» ատամնաբուժարանը` շեշտելով, որ բուժկեդրոնը իր մասնագիտական բաժիններով հայ ժողովուրդին դժուարութիւնները ամոքելու վայր պիտի հանդիսանայ, ինչպէս նաեւ ծառայութեան մէջ պիտի մնայ` առանց յարանուանական խտրութեան, բարեսիրական եւ մարդասիրական ծառայութիւններ հայթայթելով:
Աւարտին ներկաները այցելեցին ատամնաբուժարան եւ իրենց շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքները յայտնեցին այս ծրագիրի իրագործման համար:
Կիպրոս
Սրբազան Հայրը Ներկայ Գտնուեցաւ Նախագահի Անդրանիկ Ելոյթին
* 28 փետրուարին Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլուրիսի պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանին մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան վերընտրուած նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հանդիսաւոր անդրանիկ ելոյթին:
Խորհրդարանի նախագահին պաշտօնական բացման խօսքէն ետք հրաւիրուեցաւ հանրապետութեան նախագահը` իր խօսքը ուղղելու: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ յառաջիկայ հինգ տարիներու իր նոր ծրագիրներուն, կատարելիք ներդրումներուն, Կիպրոսի հարցով վերստին սկսելու երկխօսութեան եւ բարւոք լուծման: Նախագահը շեշտեց միասնականութեան հրամայականը` անդրադառնալով դժուար ժամանակներուն, որոնց մէջէն կ՛անցնի այսօր Կիպրոսը:
Պաշտօնական ելոյթէն առաջ եւ վերջ սրբազան հայրը առիթ ունեցաւ զրուցելու եկեղեցական պետերուն, կրթութեան եւ տնտեսութեան նախարարներուն, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Յունաստանի, Ուքրանիոյ, Ֆրանսայի, Շուէտի, Քուէյթի, Սլովաքիոյ եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահին հրաւէրին համար եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց կիպրահայ համայնքին անունով:
Քառասնից Մանկանց Նախատօնակի Արարողութիւն
Հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, 9 մարտին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նոյն եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած Քառասնից Մանկանց տօնին նուիրուած նախատօնակի արարողութիւն:
Սրբազան հայրը նախ իր գնահատանքն ու քաջալերանքը յայտնեց բոլորին, ապա անդրադառնալով տօնի կրօնական եւ ազգային երեսներուն` լայնօրէն եւ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ Քառասուն Մանկանց կեանքին ու նահատակութեան մասին` հիմնուելով ազգային ժողովրդական աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն վրայ: Ապա կոչ ուղղեց վերակենդանացնելու ու կեանքի կոչելու հայկական մեր աւանդութիւնները:
Աւանդութեան համաձայն, վառուեցան քառասուն մոմեր` ի յիշատակ քառասուն նահատակներուն:
Պոլիս
Պոլսոյ Մէջ Հայոց Եւ Օտար Լեզուներով Մամուլը Ներկայացնող Ցուցահանդէս Բացուեցաւ
Նախաձեռնութեամբ «Պիլկի» համալսարանին, աջակցութեամբ Պոլսոյ մէջ Շուէտի դեսպանատան եւ «Անատոլու քիւլթիւր» մշակութային հիմնարկին, 23 փետրուարին Պոլսոյ «Տեփօ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «1990-էն մինչեւ այսօր Պոլսոյ բազմալեզու մամուլը» խորագիրով նոր ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցադրուած էին` հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը, համշէնահայ համայնքին կողմէ հրապարակուող «Գոռ» ամսագիրը, քրտերէն «Ռոզա» ամսագիրը, աւելի քան քառորդ դար գոյութիւն ունեցող քրտական «Նոպիհար» ամսագիրը եւ ազգային փոքրամասնութիւններու պատկանող այլ պարբերականներ:
Ցուցահանդէսի համակարգող, «Պիլկի» համալսարանի դասախօս Պիւլենթ Պիլմեզը ըսաւ, որ այս ցուցահանդէսը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Պոլսոյ այլալեզու մամուլը հանրութեան ներկայացնելու առումով, ընդգծելով, որ Պոլսոյ մամուլի պատմութիւնը բոլորովին միատարր չէ, այլ կը ներառէ նաեւ շարք մը ազգային փոքրամասնութիւններու կողմէ հրատարակուած թերթեր: Ան նկատել տուաւ, որ ցուցահանդէսի այցելուները չէին գիտեր, որ Պոլսոյ մէջ այսքան ամսագիրներ եւ օրաթերթեր հրատարակուած են` այդքան բազմազան լեզուներով եւ իրազեկ դարձան, որ Պոլսոյ մամուլը միագոյն չէ, այլ բազմազան է ու բազմերանգ:
Յունաստան
«Վերջին Բնակիչը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւններ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, գործակցութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցաւ «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի ցուցադրութիւններ` ներկայութեամբ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի:
Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան նախ այցելեց Թեսաղոնիկէ, ուր 2 մարտին, «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը:
Բացումը կատարեց Յովիկ Գասապեանը, որ անդրադարձաւ ժապաւէնին գտած արձագանգներուն եւ ղարաբաղեան տագնապի անցեալ ու ներկայ փուլերուն: Ապա բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան խօսեցաւ «Վերջին բնակիչ»-ի նկարահանման մասին` նշելով, որ ժապաւէնին մէջ ներգրաւուած են Հայաստանէն, Իրանէն, Լիթուանիայէն եւ Յունաստանէն դերասաններ:
Ժապաւէնին երկրորդ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 3 մարտին, Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» սրահին մէջ:
Բացումը կատարեց Ալիս Ֆարաճեանը, որ բեմ հրաւիրեց ծանօթ յոյն դերասանուհի Տիմիթրա Խաթուփին, որ ժապաւէնին մէջ ազերի կնոջ մը դերը կը մարմնաւորէ, խօսելու Արցախի մէջ կատարուած նկարահանումներուն շուրջ իր փորձառութեան մասին:
Տիմիթրա Խաթուփի խօսեցաւ Արցախի մասին` դրուատելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու պատմական անկեղծ կապը եւ մաղթելով, որ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն տիրէ Ղարաբաղի մէջ:
Ապա բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան ելոյթ ունենալով` շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոներու կազմակերպման համար: Ան նկատել տուաւ, որ ժապաւէնին դէպքերը տեղի կ՛ունենան 1988-1989 թուականներուն, Արցախի գիւղերէն մէկուն մէջ, Սումկայիթի ողբերգութեան հետեւանքներուն լոյսին տակ: Ան կարեւոր նկատեց Արցախի մասին պատմելու հնարաւորութիւնը ո՛չ միայն սփիւռքի եւ հայ իրականութեան մէջ, այլեւ մանաւանդ` օտարներուն առջեւ:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Շնորհաւորական Այցելութիւնը` Առաջնորդ Սրբազան Հօր
22 փետրուարին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Աթէնքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան շնորհաւորական այցելութիւնը` առաջնորդական ընտրութեան առթիւ: Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար կարեւոր նկատելով այս տարի իր հիմնադրութեան 100-ամեակը բոլորող ՀՄԸՄ-ի այն ներդրումը, որ սփիւռքի տարածքին հայկական գաղութներու նոր սերունդներուն հայկական շունչ ու ոգի ներշնչելով` դար մը ամբողջ հայկական գաղութներու կազմակերպման ու կենսունակութեան համար անսակարկ ծառայութեան որակաւոր փաղանգներ պատրաստեց:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սերգօ Աղապատեանը անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներուն: Ազգային վարչութեան ատենապետ եւ երկարամեայ ՀՄԸՄ-ական ու նախկին սկաուտապետ Պօղոս Չոլաքեանը յայտնեց, որ ՀՄԸՄ-ը նոր սերունդի միութենական կեանքի կազմաւորման եւ գործունէութեան առաջին քայլն է: Ակնարկելով ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին` ան մեծ յոյս յայտնեց, որ Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը մեծաշուք եւ արժանավայել կերպով պիտի նշէ ՀՄԸՄ-ի փառապանծ յոբելեանը:
Չեխիա
Ցեղասպանութիւններու Նուիրուած Չեխիոյ Թանգարանին Մէջ Կը Ցուցադրուին Նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Նիւթեր
9 մարտին Չեխիոյ Թերեզին քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թերեզինշտաթտի Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին կից թանգարանին բացումը, որուն մասնակցեցաւ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը:
Թանգարանի բացման արարողութիւնը սկսաւ Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար Պաւել Խալուպանը, որմէ ետք ելոյթներ ունեցան` կեդրոնի տնօրէն, Հայաստանի մէջ յայտնի ցեղասպանագէտ Շիմոն Քրպեցը, Թերեզինի քաղաքապետ Հանա Ռոժցովան, ապա Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը:
Հայաստանի դեսպանը բարձրօրէն գնահատեց 2012-ին սկսած «9 դարպաս» փառատօնի եւ «Չարիքի հնաբանութիւն» Ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրման կեդրոնի (որուն իրաւայաջորդն է Թերեզինշտաթտի կեդրոնը) գործունէութեան մէջ Պաւել Խալուպայի եւ Շիմոն Քրպեցի հետ սկսած համագործակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ դեսպանը ընդգծեց ուսումնական հաստատութիւններու մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդման դերը ապագային ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ:
Նորաբաց թանգարանին մէջ ցուցադրուած են Ողջակիզման նուիրուած ցուցանմուշներ, նաեւ` այլ ոճրագործութիւններու, որոնց շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող նիւթեր: Թանգարանի ղեկավարութիւնը կը ծրագրէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին օժանդակութեամբ ընդլայնել եւ հարստացնել թանգարանին հայկական հաւաքածոն:










