Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Հոգեւորականաց Համագումար` Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 46-րդ Նստաշրջանի Նախօրեակին
Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 46-րդ նստաշրջանի նախօրեակին, 2 մայիսին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց տարեկան միօրեայ համագումարը` նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն:
Համագումարը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ փառաբանութեան աղօթքով եւ ժամերգութեամբ, որուն աւարտին առաջնորդ սրբազանը ողջունեց հոգեւոր հայրերը, ինչպէս նաեւ յանուն հոգեւորականաց դասուն` շնորհաւորեց առաջնորդական փոխանորդ, նորաօծ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը` մաղթելով բարի եւ արդիւնաշատ ծառայութիւն: Ապա ան հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց հոգեւոր հայրերուն հետ, որուն աւարտին, սրբազանը հրաւիրեց հոգեւորականները հաւատքով ու նուիրումով շարունակելու ծառայութիւնը` ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի բարեզարդման:
Այնուհետեւ «Եղիա Սարաֆեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարը:
Սրբազանը կրկին անգամ ողջունեց հոգեւոր հայրերը` մաղթելով, որ սոյն համագումարը իր նպաստը բերէ բոլորին, եւ հոգեւորականները վերանորոգութեան ոգիով ու յանձնառութեամբ շարունակեն իրենց ծառայական կեանքը:
Համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն: Կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն, ապա քննարկուեցաւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովին ներկայացուող Կրօնական ժողովի տեղեկագիրը:
Բ. նիստի ընթացքին Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը ներկայացուց «Հոգեւոր վերանորոգումը այսօր» նիւթով իր դասախօսութիւնը, ապա ան հանգամանօրէն ներկայացուց վերակազմակերպման ու վերանորոգման տասնամեայ ծրագիրը, որ պատրաստուած է եկեղեցական հայրերու յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, եւ որուն աշխատանքները կը շարունակուին: Յանձնախումբին միացած են աշխարհական ժողովականներ: Ան ներկայացուց ծրագիրի իւրաքանչիւր կէտը, որ կը նպատակադրէ ծուխերու մարդահամար, քրիստոնէական դաստիարակութիւն, Աստուածաշունչի սերտողութիւն, երիտասարդութիւն, նախամուսնական եւ յետամուսնական խորհրդատուութիւն, ընտանիքի եւ հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ ու հայեցի դաստիարակներ պատրաստելու գործունէութիւն:
Ապա առաջնորդը կատարեց որոշ թելադրանքներ: Հոգեւորականները իրենց մասնակցութիւնը բերին քննարկումին ու փորձառութիւններ փոխանակեցին:
Կարճ դադարէ մը ետք ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը` դիւանական եւ վարչական դասաւորումներով: Հոգեւոր հովիւներ զեկուցումներ տուին իրենց ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն մասին զեկուցում տրուեցաւ ու շեշտուեցաւ, որ ծուխերը իրենց վարժարաններուն ու շրջաններու միութիւններուն հետ շարունակեն կազմակերպել յատուկ ձեռնարկներ:
Օրակարգի վերջին կէտով կատարուեցաւ հոգեւորական երեսփոխաններու լրացուցիչ ընտրութիւնը :
Նկատի ունենալով, որ առաջնորդը պէտք էր մասնակցէր «Ի պաշտպան քրիստոնեաներուն» ժողովին, համագումարի եզրափակիչ խօսքը կատարեց առաջնորդական փոխանորդ սրբազանը` գնահատելով հոգեւորականներուն ներկայութիւնը թեմէն ներս: Ան յորդորեց լեցուիլ նուիրուածութեամբ ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնել ծառայական կեանքը:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Անդրանիկ Պատարագը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
29 ապրիլին Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան մատուցեց եպիսկոպոսական իր անդրանիկ Ս. պատարագը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Քարոզէն առաջ, առաջնորդ սրբազանը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ` այս գեղեցիկ ու հոգեպարար արարողութեան համար եւ նշեց, որ 14-15 ապրիլի շաբաթավերջին Ազգային վարչութեան անդամներուն ու թեմէն Անթիլիասի մայրավանք մեկնած ազգայիներուն հետ ներկայ գտնուած ու մասնակցած էր վեհափառին ձեռամբ կատարուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման, ուր եպիսկոպոսական կարգի արժանացաւ նաեւ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանը: Ան շնորհաւորեց նորաօծ եպիսկոպոսը` անոր մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն, ուժ եւ կորով, որպէսզի իր կեանքն ու ծառայութիւնը ի սպաս դնէ եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգի շինութեան:
Իր պատգամին սկիզբը, Թորգոմ սրբազանը առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք արժանի դարձուցած է եպիսկոպոսական կարգին, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ կը հովանաւորէ ու կը զօրացնէ բոլորին քայլերը` համաձայն մարդու հաւատքին: Ապա երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն ձեռամբ արժանացաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման, որպէսզի նոր որակով ու պատասխանատուութեամբ ծառայական իր կեանքը ի սպաս դնէ եկեղեցւոյ ու ազգի բարգաւաճման ու ծաղկման: Թորգոմ սրբազան եղբայրական սիրով ողջունեց նաեւ առաջնորդը` մաղթելով արեւշատ օրեր ու կենաց խաղաղութիւն: Ան նաեւ ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք սատար հանդիսացան ու աղօթքներով մասնակից եղան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման:
Թորգոմ սրբազան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին` Երեւման Ս. Խաչի տօնին, աղօթելով, որ Յիսուսի Ս. Խաչը օրհնութիւն դառնայ բոլորին եւ ուղենիշ` ծառայութեան ու հաւատքի հզօրացման: Թորգոմ սրբազան յորդորեց հաւատացեալները զիրար գերազանցել աստուածային սիրոյ մէջ եւ սիրով տոգորուած ապրիլ ու ծառայել Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան շնորհաւորելու սրբազանը եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը:
Ցեղասպանութեան Եւ Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակման Արարողութիւն
Նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութենէն վերապրող հայ որբերու մեծ ծառայութիւններ մատուցած դանիացի հայասէր Մարիա Ճէյքըպսընի բարեկամներու ընկերակցութեան, 29 ապրիլին Սոլվենկի Բեթանիա լուտերական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն մը` նուիրուած Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընին:
Արարողութիւնը սկսաւ աղօթքով, ապա ներկաները համախմբուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնեցուած` Մարիա Ճէյքըպսընի կիսանդրիին շուրջ, ուր ելոյթ ունեցաւ ընկերակցութեան ատենապետ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հաւաքուած են աղօթք բարձրացնելու մեր սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար, վերահաստատելու անոնց պատգամին մեր հաւատարմութիւնը եւ հետապնդելու մեր արդար իրաւունքները` ի խնդիր ճանաչումի, հատուցման ու արդարութեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց այն երկիրներուն ու նահանգներուն, որոնք իբրեւ անվիճելի իրողութիւն` ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, նաեւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Մարիա Ճէյքըպսընի նման ազնիւ անհատներու, որոնք իրենց սիրտն ու ձեռքերը բացին օգնելու համար հայ ժողովուրդին:
Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ Քրիս Պրաուն իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ բոլորս Աստուծոյ զաւակներն ենք, անկախ մեր հայ թէ դանիացի ըլլալէն` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութիւններն ու մարդկութեան դէմ նման ոճիրները պիտի չմնան անպատիժ, ու մենք պէտք է միասնական ըլլանք տագնապի ու փորձութեան օրերուն:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Նեւատայի Խորհրդարանի Ընտրութեանց Թեկնածու Կարօ Ադամեանին
Նեւատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ նահանգային խորհրդարանի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Կարօ Ադամեանին (21-րդ ընտրատարածք):
Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Ադամեանը կը պայքարի ներկայիս այդ աթոռը զբաղեցնող դեմոկրատ Օզի Ֆումոյին դէմ:
Նեւատայի Հայ դատի յանձնախումբի համաատենապետ, իրաւաբան Հերա Արմէնեանը ողջունած է այն իրողութիւնը, որ 26-ամեայ Ադամեանը քաղաքական կեանք կը նետուի` խոստանալով պաշտպանը ըլլալ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն:
Կարօ Ադամեանը մասնագիտացած է գործարարական տնտեսութեան, հոգեբանութեան եւ պետական կառավարաման բնագաւառներուն մէջ, որոնցնէ վերջինին պարագային մագիստրոսի վկայական ստացած է «Ճոնզ Հափքինզ» համալսարանէն:
Նշենք, որ Նեւատայի նախնական ընտրութիւնները պիտի կայանան 12 յունիսին:
Լիբանանի Նոր Գլխաւոր Հիւպատոսին Ի Պատիւ Ընդունելութիւն
Հիւրընկալութեամբ Հերի եւ Շերըլ Նաճարեան ամոլին եւ խումբ մը նախկին լիբանանցիներու, վերջերս Լոս Անճելըսի «Քալիֆորնիա քլապ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը` ի պատիւ Լիբանանի նոր գլխաւոր հիւպատոս Միրնա Խաուլիի:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ներկայ եղաւ ընդունելութեան ու անգամ մը եւս առիթ ունեցաւ շնորհաւորելու լիբանանցի դիւանագէտը` յաջողութիւն մաղթելով անոր առաքելութեան:
29 ապրիլին առաջնորդ սրբազանը մասնակցեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութեանց, որոնք նոյն օրը սահմանուած էին արտերկրի լիբանանցիներուն համար: Քուէարկութիւնը առիթ մը եղաւ առաջնորդին` հանդիպում ունենալու գլխաւոր հիւպատոսին ու ընտրական աշխատանքը կազմակերպող յանձնախումբի հայ անդամներուն հետ:
Գէորգ Պետիկեանի «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է» Հատորին Գինեձօնը
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, գործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Լոս Անճելըսի Ճեմարանականներու,ընկերակցութեան վերջերս Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակագիր եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի` «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» նորատիպ հատորին գինեձօնը. գիրքը լուսարձակի տակ կը բերէ Հալէպի հայկական գաղութին պատմական դերը, վերջին տարիներու տագնապալի վիճակն ու մասնաւորաբար Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տեղն ու դերը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ: Արդարեւ, հատորը հեղինակին կողմէ երախտիքի պերճախօս արտայայտութիւն մըն է իր ծննդավայրին ու իր հայեցի աճումին հիմնաքար ծառայած Ճեմարանին, որուն նուիրուած է հատորը` ուսումանարանին 70-ամեակին առիթով:
Մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Հրայր Ճերմակեանը ըսաւ, որ սոյն սրահը անցեալին հիւրընկալած է նոյն հեղինակին այլ գործերու ողջունահանդէսները եւս, ապա հրաւիրեց յանձնախումբի անդամներէն Մուշեղ Պետեւեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը:
Պետեւեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հալէպի հայկական գաղութի պատմականն ու հայութեան դերակատարութիւնը` այդ շրջանի մեր պատմութեան մէջ, անդրադառնալով վերջին տարիներու տագնապալի վիճակին ու վերականգնումի ճիգերուն, նշելով, որ հատորը նուիրուած է Հալէպին:
«Ասպարէզ»-ի խմբագիր Աբօ Պօղիկեանը իր ելոյթին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Պետիկեանին մտաւորական կարգապահութիւնը եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը, որոնք գործնապէս արտայայտուած են մամուլին հետ իր գործակցութեան տասնամեակներուն ու արտայայտութիւն գտած` իր գրական վաստակին մէջ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Հալէպը առանցքային տեղ գրաւած է Պետիկեանի գրականութեան մէջ, իսկ սոյն` եօթներորդ հատորը բացառապէս նուիրուած է Հալէպին ու Ճեմարանին եւ հաւաքագրումն է Հալէպի մէջ կերտուած անհատական ու ազգային արժէքներուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք դաստիարակ եւ մշակութային գործիչ Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանը ներկայացուց հատորը: Ան խօսեցաւ հատորի բովանդակութեան ու հեղինակին կեանքին ու ներաշխարհին մէկ հայելին ըլլալու անոր արժանիքին մասին` կատարելով դիպուկ մէջբերումներ: Ան նշեց, որ հատորը կարելի է ձեւով մը նկատել հեղինակին ինքնակենսագրականը, որովհետեւ ընթերցողը հոն պիտի տեսնէ մանկութեան ու պատանութեան օրերէն սկսեալ յուշեր, զինք շրջապատող միջավայրը` թաղ, դպրոց, ուսուցիչներ, ականաւոր ու պարզ անհատներ, որոնք աղերս ունեցած են հեղինակին հետ, ազդեցութիւն ունեցած` անոր կազմաւորման վրայ: Ան նաեւ ըսաւ, որ հատորը կարելի է նկատել թարգմանը հալէպահայութեան կեանքին ու իրագործումներուն, յոյսերուն:
Ապա սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին հատորի հրատարակութեան, նաեւ` գինեձօնի կազմակերպման: Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ գիրին ու դպրոցին իր մատուցած կէսդարեայ ծառայութիւններուն` շեշտելով, որ մայրենիին հետ իր մտերմութիւնը եղած է մղիչ ուժ ու սեւեռակէտ:
Գինձօնի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ հաստատեց Պետիկեանի կարգապահութեան հաւատարիմ մշակ մը ըլլալը` աւելցնելով, որ առանց կարգապահութեան` կարգ ու կանոն կը կորսուին: Ան գնահատանք արձանագրեց Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանի ներկայացման համար, եւ կանգ առաւ հատորին այն արժանիքին վրայ, որ անիկա երախտիքի արտայայտութիւն մըն է Հալէպին ու անոր ազգային հաստատութեանց ու ստորոգելիներուն նկատմամբ: Սրբազանը յայտնեց, որ Հալէպի թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը վեհափառ հայրապետին ներկայացուցած է Հալէպի վերաշինութեան ամբողջական ծրագիրը` ապացուցելով, որ Հալէպը կը կանգնի յարութեան սեմին եւ մաղթեց, որ գիրքը նոր խթան մը ըլլայ մեր ազգային ու հոգեւոր հարստութեանց պահպանման եւ ուռճացման: