Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 153-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, 7 հոկտեմբերին «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը` երաժշտագէտ, երգահան, հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր երգեր մշակող, խմբավար ու մանկավարժ, ժամանակակից հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիր, մեծն երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 153-ամեակին առիթով` լուսարձակի տակ առնելով անոր կեանքն ու գործունէութիւնը: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց...




















