Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Ազգային Թաղում` Դպրոցաշէն Բարերար Վահան Շամլեանի
30 օգոստոսին Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ թաղման եկեղեցւոյ կարգը` «Կիլիկեան իշխան» ազգային բարերար, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան հաւատարիմ զօրակից, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Աթոռին հարազատ զաւակ, Արեւմտեան թեմի առաքելութեան հաւատացող եւ հայ դպրոցի ամենաջերմ պաշտպան ու ռահվիրայ եւ գլխաւոր բարերար Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի` Վահան Շամլեանի:
Յուղարկաւորութեան ընթացքին կարդացուեցան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ցաւակցական գիրը, թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի մխիթարական խօսքը եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի յաւուր պատշաճի խօսքը: Ընթերցուած գիրերու ճամբով վեհափառ հայրապետն եւ առաջնորդ սրբազանները արեւշատ եւ առողջ օրեր մաղթեցին հանգուցեալին կնոջ` Անուշ Շամլեանին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն:
Յունաստան
Հայ Երգի Ու Պարի Տպաւորիչ Փառատօն
Իր յղացումով եւ կազմակերպութեամբ եզակի ելոյթ մը եղաւ հայ երգի ու պարի փառատօնը Քոմոթինիի մէջ, որ տեղի ունեցաւ 26 եւ 27 օգոստոսին: Երկու օրերու վրայ ծաւալած ելոյթներուն ընթացքին հայ երգն ու պարը անմահացան բեմին վրայ, պարգեւելով ազգային զգացումներու եւ հայ մշակոյթի վերելքի պահեր` նախ մասնակից երիտասարդութեան, ապա` հայ եւ յոյն բազմութեան, որոնց խանդավառութիւնը աննկարագրելի էր: Իսկապէս հայ
երիտասարդութեան փառատօն մըն էր, հայ նոր սերունդի աւելի քան 200 հայորդիներու մշակութային հաւաք մը` զարդարուած ու լիցքաւորուած երիտասարդական խանդով, ոգեւորութեամբ, ազգային ոգիով ու հայ մշակոյթին նուիրուած յարգանքի խոնարհումով:
Երկօրեայ երգի ու պարի փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաստանէն եւ զանազան գաղութներէն երգչախումբեր եւ պարախումբեր, ինչպէս` Քոմոթինիի «Էրեբունի» երգչախումբը եւ «Ուրարտու» պարախումբը, Յունաստանի Համազգայինի
Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող «Նայիրի» պարախումբը, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի «Երեւան» պարախումբը, Վառնա քաղաքէն «Գայեանէ Մարաշլեան» պարախումբը, Ռումանիոյ Պուքրէշ մայրաքաղաքէն «Վարդավառ» պարախումբը, Կիպրոսի Նիկոսիա մայրաքաղաքի Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը, Լիբանանի Համազգայինի «Քնար» պարախումբը, Իրանէն Սպահան քաղաքի «Էրեբունի» պարախումբը եւ Պոլիսէն «Վարդանանց» երգչախումբը:
Ելոյթներու երկրորդ օրուան երեկոյեան, նախքան յայտագիրի ներկայացումը, բոլոր խումբերը իրենց աւանդական տարազներով տողանցեցին Քոմոթինի քաղաքի կեդրոնական ճամբաներէն, մինչ յոյն ժողովուրդը գնահատանքի բացագանչութիւններով եւ ծափահարութիւններով խրախուսեց հայ երիտասարդները եւ կազմակերպիչները:
Առաջին օրուան ելոյթին բացումը կատարեց Քոմոթինիի մշակութային միութեան անունով Վահէ Կիւմիւշեան, իսկ երկրորդ օրուան ելոյթին յատուկ բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Արտա Ճէլալեան, որ խօսեցաւ հայկական պարերուն մասին` յենած իր հօր` Յակոբ Ճէլալեանի ուսումնասիրութիւններուն վրայ, հայկական պարերու վերաբերեալ: Իր հայրական խօսքը արտասանեց յունահայոց առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ մեծապէս գնահատեց կազմակերպիչները, մասնակցող խումբերը եւ ժողովուրդը, մատնանշելով, որ հայ մշակոյթը պէտք է կանգուն մնայ սփիւռքի տարածքին եւ դառնայ խթան` ազգային ոգիի պահպանման համար հայ երիտասարդութեան մէջ: Նաեւ խօսք առին` առաջնորդական փոխանորդ հայր սուրբը, Թաղային խորհուրդի ատենապետը, Քոմոթինիի քաղաքապետը եւ քաղաքի այլ պաշտօնատարներ: Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն, եւ իւրաքանչիւր խումբ ստացաւ յիշատակի պարգեւ մը:
Նոյն գիշեր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Երկօրեայ փառատօնին յատկանշական եղաւ Համազգայինի Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Նիկոսիոյ եւ Պէյրութի պարային միաւոր խումբերու մասնակցութիւնը, որոնք իրենց փորձառութեամբ եւ անթերի ներկայացումներով մեծապէս գնահատուեցան բոլորին կողմէ: Այս համախմբումին առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան տեսակապով խօսեցաւ չորս խումբերու պարողներուն, պարուսոյցներուն եւ պատասխանատուներուն, շնորհաւորեց անոնց մասնակցութիւնը եւ յորդորեց բոլորին աննկուն կամքով շարունակել հայ պարարուեստի տարածման աշխատանքը գաղութներուն մէջ:
Հայկական այս իւրայատուկ փառատօնը, որ առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ Յունաստանի մէջ, լաւագոյն առիթը եղաւ պանծացնելու հայ պարն ու երգը` իրարու քով բերելով հայ երիտասարդութեան ստուար թիւ մը:
Ատրպատական
Թեմի Առաջնորդի Հանդիպումը Թաւրիզի Քաղաքապետի Եւ Քաղաքային Խորհուրդի Նախագահին Հետ
28 օգոստոսին Թաւրիզի քաղաքապետարանի սրահին մէջ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի անդամներուն, պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Թաւրիզի նորընտիր քաղաքապետ դոկտ. Եաղուպ Հուշեարի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թաւրիզի Քաղաքային խորհուրդի նախագահ հոճ. Պարկի, փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պատասխանատուն, ինչպէս նաեւ Քաղաքային խորհուրդի բարձրաստիճան պատասխանատու անդամներ:
Հանդիպումը սրտբաց զրոյցի վերածուեցաւ կողմերուն միջեւ` Ազգային առաջնորդարանի նախաձեռնած շինարարական շարք մը ծրագիրներու քննարկման առիթ հանդիսանալով:
Սրբազանը հայրը շնորհաւորեց քաղաքապետին ընտրութիւնը եւ սոյն պաշտօնի ստանձնումը` միաժամանակ կարեւո նկատելով հայ համայնքի դարաւոր ներկայութիւնն ու անուրանալի ներդրումը քաղաքի զարգացման աշխատանքներուն մէջ:
Ան Ատրպատականի հայոց թեմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Թաւրիզի կեդրոնական շրջանին մէջ վերանորոգեալ Արամեան փողոցին անունը նոյնը պահպանելու որոշումին համար, որ Թաւրիզի հայոց մայր եկեղեցւոյ փողոցը ըլլալով` տասնամեակներ շարունակ կոչուած է ազգային բարերար Արամեանի անունով, որ նաեւ նոյն թաղամասին մէջ կառուցած է Իրանի առաջին դպրոցը` «Արամեան»-ը, ուր անցեալ դարուն յաճախած են հանրայայտ վիպագիր Րաֆֆի եւ այլ մեծանուն գրողներ:
Քաղաքային խորհուրդի նախագահ հոճ. Պարկի ողջունելով սրբազան հօր եւ Թեմական խորհրդի ներկայութիւնը քաղաքապետարանին մէջ, վեր առաւ հայ համայնքին կարեւոր դերակատարութիւնը Ատրպատականի մէջ` միաժամանակ նշելով իր ունեցած անձնական, եղբայրական հարազատ ծանօթութիւնը սրբազան հօր հետ, որ այնքան կը հեշտացնէ փոխադարձ գործակցութիւնը հայ համայնքին հետ:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ճորճեան խօսք առնելով, ներկայացուց ազգային իշխանութեան դիմաց ծառացած կալուածային եւ շինարարական հարցերը` թուելով համապատասխան համաձայնութիւններու, փոխադարձ զիջումներու եւ քաղաքապետական արտօնագրերու անհրաժեշտութիւնները: Թաւրիզի համար այնքան կարեւոր բնապահպան աշխատանքներուն մէջ հայապատկան կանաչապատ տարածքներու սեփական ուժերու ներած չափով պահպանութեան աշխատանքներուն անդրադառնալով` ան ցոյց տուաւ այն մեծ նպաստը, որ Թեմական խորհուրդը կը բերէ քաղաքի բարեզարդման գործին մէջ:
Քաղաքային խորհուրդին նախագահը եւ յատկապէս քաղաքապետը բարեացակամ վերաբերմունք ցուցաբերեցին արծարծուած հարցերուն եւ խոստացան իրենց ժողովական նիստերու ընթացքին շուտով քննարկման առարկայ դարձնել զանոնք` դիտել տալով, որ իրենց կազմին մէջ նկատի առած են նաեւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ նշանակուած ճարտարագէտը:
Հանդիպման աւարտին սրբազան հայրը յուշանուէր մը յանձնեց նորընտիր քաղաքապետին, իսկ քաղաքապետը սրբազան հօր նուիրեց Թաւրիզի մասին նորագոյն երկհատոր մեծատիպ հրատարակութիւնը:
Քանատա
Քանատայի Հայոց Թեմի Հոգեւորականաց Համախմբում
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս 6-7 սեպտեմբերին Քանատայի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասը, նախագահութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, ունեցաւ երկօրեայ համախմբում, որուն նպատակն էր հոգեպէս վերանորոգուիլ եւ վերալիցքաւորուած լծուիլ հովուական ու եկեղեցական առաքելութեան:
Արդարեւ, 6 սեպտեմբերի առաւօտեան համախմբումը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով: Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր խօսքը` նախ ողջունելով հոգեւոր հայրերը, գնահատելով անոնց նուիրումն ու մատուցած ծառայութիւնը հոգեւոր մարզէն ներս եւ լաւէն լաւագոյնին ձգտելու ու անխոնջ ծառայելու անոնց տենչը: Ան մաղթեց, որ երկօրեայ այս համագումարը բոլորին համար դառնայ ինքնաքննութեան եւ վերանորոգութեան առիթ:
Համագումարը բաղկացած էր երկու նիստերէ, որոնք յագեցած էին` աղօթքի պահերով, աստուածաշնչական խորհրդածութիւններով, ժամերգութիւններով, հոգեւոր մտամփոփման պահերով, կարծիքներու եւ փորձառութեանց փոխանակումով, ինչպէս նաեւ` հովուական, ծիսական եւ վարչական խնդիրներու արծարծումով:
Այս տարի հոգեւորականաց համախմբումին ներկայ էր նաեւ հոգեբան Նորա Շիթիլեանը` Լոս Անճելըսէն, որ հանդէս եկաւ դասախօսութիւն-աշխատանոցով մը` նիւթ ունենալով «Ծառայական կեանքը եւ մենք» թեման, իսկ ազատ զրոյցի ընթացքին արծարծուեցաւ «Թեմական կեանք եւ հոգեւոր ծառայութիւն» նիւթը:
Եզրափակիչ խօսքին մէջ Բաբգէն արք. Չարեան անգամ մը եւս գնահատեց հոգեւոր հայրերը կոչ ուղղելով բոլորին` դրական հոգիով ապրելու եւ բացարձակ բծախնդրութեամբ կատարելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը, շեշտելով, որ ճշմարիտ հոգեւորականի պարտքն ու պարտականութիւնն է, որպէս խոնարհ ծառայ Քրիստոսի, բոլոր մարտահրաւէրները դիմակալել հոգեւոր արթնութեամբ, պատասխանատուութեան խորունկ գիտակցութեամբ եւ անդուլ ու անտրտունջ աշխատանքով:
Փրակա
Լոյս Տեսաւ Չեխ Ճամբորդ Կարել Հանսայի «Արեւելքի Արհաւիրքները» Գիրքը Հայերէնով
Վերջերս Փրակայի մէջ լոյս տեսաւ չեխ գրող ու ճամբորդ Կարէլ Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքին հայերէն քննական թարգմանութիւնը` «ՕՐԵՐ» եւրոպական ամսագիրի կայքէջի գլխաւոր խմբագիր, Կարլի համալսարանի դոկտ. Աննա Կարապետեանի աշխատասիրութեամբ եւ մեկենասութեամբ «Մարլենքա ինթըրնէշընըլ» ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեանի:
Թարգմանիչը գրած է նաեւ գիրքին նախաբանը ու քննական թարգմանութեան հետ առնչուած բացատրական յառաջաբանը, ինչպէս նաեւ` մօտ 500 ծանօթագրութիւններ, որոնք ներկայացուած են գիրքի վերջաւորութեան: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հանսայի ընտանեկան արխիւէն նոր լուսանկարներ, որոնք չկային չեխերէն հրատարակութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Կարել Հանսայի այս գիրքը չեխերէնով առաջին անգամ լոյս տեսած է 1923 թուականին, Չեխիոյ մէջ, իսկ երկրորդ անգամ վերահրատարակուած է 2006 թուականին, Փրակայի մէջ` «Օրեր» ամսագիրին նախաձեռնութեամբ եւ ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանի յառաջաբանով:
Յիշեցնենք, որ գիրքին մէջ Կարել Հանսան ոչ միայն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը մինչեւ 1920-ական թուականներ, այլ նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապաստանած հայ գաղթականներու կեանքն ու հայկական որբանոցները:
Օտարագիր ճամբորդին այս գիրքը առաջին վկայութիւններէն մէկն է Հայոց ցեղասպանութեան: