Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ հայ ժողովրդային երգեր հաւաքագրող եւ ազգագրական երգի ու երաժշտութեան մասնագէտ Պետրոս Ալահայտոյեան:
Պետրոս Ալահայտոյեան ծնած էր Լիբանան, 1934-ին, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ուրֆացի ընտանիքի մը մէջ: Ան շրջանաւարտ էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի, իսկ հայ երաժշտութեան հանդէպ անոր սէրը զարգացած էր Բարսեղ Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբին անդամակցելու օրերէն: Ան Պելճիքայի մէջ ստացած էր երաժշտագիտութեան մէջ մագիստրոսի վկայականը, իսկ 1985-1995 տարիներուն ճամբորդած էր հայաշատ երկիրներ` ազգագրական երգեր հաւաքելով: Ալահայտոյեան այս նպատակով այցելած էր` Պելճիքա, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններ` արձանագրելով յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու յուշերը եւ երգերը: 1994-էն ի վեր ան հաստատուած էր Կլենտէյլ: Ան հրատարակած է երկու հատորներ` «Բալուի (եւ տարածաշրջանի) երաժշտական ազգագրական հաւաքածոյ» եւ «Վան-Վասպուրականի ազգագրական բնորոշ երգային նմուշներ»:
70-ականերէն ան Պէյրութի «Ազդակ»-ի, իսկ ապա «Ասպարէզ»-ի եւ այլ թերթերու էջերուն մէջ հետեւողական ներկայութիւն եղած էր երաժշտագիտական իր յօդուածներով ու երաժշտական ձեռնարկներու գնահատական-քննադատական իր սիւնակներով:
«Երաժշտագէտ կամ ազգագրագէտ տիտղոսները չունիմ ակադեմական PhD մակարդակին, թէեւ երաժշտագիտական ուսումս զիս պատրաստած է այդ ճամբուն վրայ: Յայտնի է, որ 4-5 տարի պատմութիւն կամ փիլիսոփայութիւն ուսանող անձ մը, համապատասխան վկայականը ստանալով, ո՛չ պատմաբան, ո՛չ ալ փիլիսոփայ կրնայ կոչուիլ, ինչ որ ալ ըլլան իր կարողականութիւնները եւ ստացած տիտղոսները: Հինգ տարուան ուսումնական ասպարէզէս ետք ստացած վկայականս զիս կոչած է «Licence en Histoire de l’Art et Archéologie, section Musicologie». License կը համապատասխանէ ֆրանսական ուսումնակարգի մէջ MA-ի, թէեւ ընթացաւարտ ճառս (ոչ հայագիտական նիւթ) PhD-ի մակարդակին հասցուցած էի: Այս համակարգը, ի դէպ, կը պատկանի զուտ արեւմտեան աշխարհի երաժշտագիտութեան եւ մեթոտաբանութեան, ուր չկայ որեւէ խօսք հայկական կամ նոյնիսկ արեւելեան աշխարհի երաժշտագիտութեան մասին: «Մասնագիտութիւն»-ս լաւագոյնս կարելի է բնութագրել, այո՛, «երգահաւաք», քանի որ հայ հնագոյն երգեր փնտռած, գտած եւ ձայնագրած եմ: Բայց իմ կոչումին լաւագոյնս կը յարմարի «երաժշտաբան» եզրը, այսինքն` երաժշտութեան տուեալ բնագաւառ մը կամ հեղինակ մը ուսումնասիրող եւ գիտաշխատող երաժշտագիր», ըսած էր Պետրոս Ալահայտոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին: